Եռակողմ Յուշագիրը Գործադրելի՞ Է
01 Հուլիս 2026
26 յունիս 2026-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստորագրուեցաւ եռակողմ յուշագիր մը, որուն կը տրուի շրջագծային համաձայնագիր անուանումը: Այս յուշագիրով կ՛եզրափակուի շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Ուաշինկթընի մէջ նոյն երեք պետութիւններու մասնակցութեամբ բանակցային հինգ նստաշրջաններու շարքը:
Փետրուարի աւարտին սկսած պատերազմը` մէկ կողմէ Իրանի եւ միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ, յայտնապէս առնչուած չէր Լիբանանին: Սակայն Հըզպալլա, որուն հանգրուանային զինաթափման ձեռնարկած էր Լիբանանի կառավարութիւնը, որոշեց մասնակցիլ պատերազմին օժանդակելու համար Իրանին: Հակազդեցութիւնը չուշացաւ. Իսրայէլ, որ սահմանին վրայ դիտարկման կէտեր պահած էր, գրաւեց սահմանային գօտիին մէջ ընդարձակ տարածութիւններ, եւ իր հիւսիսը պաշտպանական գօտի ստեղծելու պատրուակով, քանդեց ամբողջ գիւղեր եւ թաղամասեր: Այս քանդումները բացայայտեցին պաշտպանական ենթակառոյցներու եւ յատկապէս փապուղիներու ծաւալուն ցանցի մը գոյութիւնը: Անցեալին Հըզպալլայի գործողութիւնները կ՛արդարանային իսրայէլեան բռնագրաւումներու դէմ դիմադրութեամբ. այս անգամ սակայն այլ պետութիւն մը` Իրանին, օժանդակելու քայլը, շատ հաւանաբար նաեւ Իրանի պահանջով ընդհարումներուն մասնակցութիւնը, կարելի չէր դասել դիմադրութիւն դասակարգումին մէջ: Ոտնահարուած էր լիբանանեան պետութեան ինքնիշխանութիւնը, խաղաղութիւն կամ պատերազմ որոշելու իրաւունքը: Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի առաջին կէտին մէջ, որ զինադադարին կը վերաբերի, լիբանանեան ճակատին յատուկ յիշատակումը` Իրանի պահանջով, կրկին Լիբանանի գերիշխանութեան անտեսում համարուեցաւ: Իսրայէլ մերժեց ենթարկուիլ, Լիբանան լուռ մնաց. ստեղծուեցաւ անել վիճակ Լիբանանի համար:
Ստորագրուած յուշագիրը կը յիշատակէ ո՛չ զինադադար, ո՛չ զինադուլ: Պայմաժամեր եւ ժամկէտներ չկան: Գլխաւոր մեխը ոչ պետական զինեալ կազմաւորումներու լուծումը եւ անոնց պատկանող ենթակառոյցներու քանդումն է: Այս գործողութիւնը պէտք է կատարուի Լիբանանի ամբողջ տարածքին, պէտք է ըլլայ թափանցիկ, տեսանելի եւ ստուգելի: Միջանկեալ փոքր շրջաններու մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ կատարուած հսկողութիւնը ցոյց պիտի տայ համաձայնեցուած լուծումին գործնականացումը: Երբ ոչ պետական ուժերը չէզոքացուած ըլլան, լիբանանեան բանակը ստանձնած կ՛ըլլայ Լիբանանի ամբողջ տարածքին ապահովութեան հսկողութիւնը եւ Լիբանանի կառավարութիւնը` իր լիազօրութիւններու ամբողջական կիրարկումը:
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս: Տիտանեան այս գործողութիւնը պիտի կատարուի ստորադիր երեք երկիրներու մասնագիտական յանձնախումբի մը հսկողութեամբ, հետեւողութեամբ յուշագիրին կցուած յաւելուածի մը, որուն բովանդակութիւնը չէ բացայայտուած: Ամբողջ գործընթացը կը հովանաւորուի եւ կը ղեկավարուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Երբ յուշագիրով նախանշուած գործընթացը աւարտի, Իսրայէլ պիտի հեռանայ լիբանանեան հողերէն եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը տարածուի միջազգայնօրէն ընդունուած ամբողջ երկրին մէջ: Գաղթականները պիտի վերադառնան, վերաշինութիւնը խթանուի, տնտեսութիւնը բարելաւուի, բարգաւաճումը ապահովուի երկրին մէջ:
Հըզպալլա եւ իր դաշնակիցները այս համաձայնագիրը կը մերժեն: Հեռանկարը լաւ է, սակայն ծրագիրին գործադրութեան պայմանները անորոշ են եւ կ՛ենթադրեն Լիբանանի կողմէ (իրողապէս` Հըզպալլայի կողմէ) մեծ զիջումներ: Գործարքի աւարտին, Հըզպալլա կամ պիտի չքանայ, կա՛մ, լաւագոյն պարագային, վերածուի քաղաքական կազմակերպութեան մը` նոր ծրագիրով, նոր առաջադրանքներով: Լիբանանցիները արդարօրէն Հըզպալլային շնորհակալ ըլլալու շատ պատճառներ ունին. անթիւ նահատակներու, զոհաբերութեան, ծառայութեան դիմաց տարբեր ճակատագիր պէտք է ունենար այս կուռ կազմակերպութիւնը: Սակայն Հըզպալլայի տեսակը զայն կը մղէ առաւելապաշտութեան, զայն կը վերածէ պետութեան` պետութեան մէջ, ու կը հակասէ Թաէֆի համաձայնութեամբ ընդունուած սկզբունքին, որ կ՛ենթադրէ լուծումը բոլոր զինեալ կազմաւորումներուն եւ չքացումը պետութեան դերը յափշտակած խմբաւորումներուն:
Լիբանանին կը սպասեն դժուար ժամանակներ: Յուսանք` կարճատեւ: Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը իմաստութիւնը պէտք է ունենայ առարկայական բանականութեամբ դիմաւորելու յաջորդ փուլը, որ պիտի առաջնորդէ կուտակուած առկախ հարցերու լուծման եւ Լիբանանին վերադարձնէ իր հարազատ դիմագիծը` մշակոյթներու հանդիպման օրրանի եւ մերձաւորարեւելեան խաղաղ ովասիսի:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
