Գիտէ, Բայց Չէ Տեսած
15 Հուլիս 2026
Ամէն հինգշաբթի, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպազրոյց կ՛ունենայ լրագրողներու հետ: Հինգշաբթի, 9 յուլիսի ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողները բնականաբար անոր հարցուցին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալման եղանակին մասին: Արդարեւ, մինչ Գագիկ Ծառուկեանը որեւէ ընդդիմութիւն ցոյց չէր տար, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեաները զայն գետին տապալեցին: Փաշինեան յայտնեց, որ չէ տեսած այդ պատկերը, եւ թէ չունի մեկնաբանութիւն: Ան աւելցուց, որ արդարադատութեան մարմինները կը կատարեն իրենց գործը եւ պիտի շարունակեն կատարել: Երբ հարց տրուեցաւ, որ արդեօք իր ցուցմունքով չե՞ն կատարուիր վերջին շաբաթներու հետապնդումները, քանի որ ինք հրապարակաւ սպառնացած էր իր ընդդիմադիրներուն, ան չհերքեց եւ աւելցուց, որ ապահովական մարմինները ուշացումով կը կատարեն իրենցմէ ակնկալուածը:
Բոլոր վտանգաւոր համարուող քաղաքական գործիչներու հետապնդումները կը շարունակուին: Պեղելով անոնց անցեալի գործունէութիւնը, երեւան կը հանուին տարիներ առաջ կատարուած գործողութիւններ, նոյնիսկ ընթացիկ դէպքեր, որոնք կը պիտակաւորուին իբրեւ հակապետական արարքներ, մինչեւ լրտեսութիւն եւ օտար իշխանութեան ծառայութիւն: Ամբաստանութիւններուն փաստարկումը կը տեւէ ամիսներ, կամ նոյնիսկ տարիներ, քանի որ գոյութիւն չունեցող զանցառութիւնը կամ փոքր սխալը փաստելը դժուար է, չըսելու համար անկարելի: Հայաստան դարձած է այն երկիրը, ուր տուեալ անձնաւորութիւն մը չէզոքացնելու համար, գաղտնալսում կը կազմակերպուի եւ երկու անձի միջեւ եղած հեռաձայնային խօսակցութենէ մը կը քաղուի, ընտրողաբար քանի մը նախադասութիւն եւ… ամբաստանութիւնը պատրաստ է: Սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ թէ՛ խօսքի ազատութիւնը եւ թէ՛ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան ազատութիւնը, գաղտնիութեան պահպանումը: Սահմանադրական ազատութիւնը շրջանցելու համար, կը բաւէ վկայակոչել իշխանութիւնը անօրինական միջոցներով սեփականացնելու արգելքը եւ սովորական խօսակցութիւն մը վերածել իշխանութիւնը բռնի փոխելու կոչի:
Սահմանադրութիւն մշակող օրէնսդիրը մտածած է բազմաթիւ միջոցներու մասին ապահովելու համար իշխանութեան երեք մարմիններուն անկախութիւնը եւ փոխադարձ հակակշիռը: Ժողովրդավարական երկրի մը մէջ, իշխանութիւններու փոխադարձ անկախութեան մէջ ամէնէն էականը արդարադատութեան անկախութիւնն է: Արդարադատութիւնը լայն իմաստով կը ներառէ նաեւ ազգային անվտանգութեան, ապահովական մարմինները եւ ոստիկանութիւնը: Եթէ այս վերջին մարմինները գործեն գործադիր կամ օրէնսդիր մարմիններու բացայայտ կամ քօղարկուած հրամաններով, եւ եթէ դատախազութիւնը եւս հետեւի նոյն հրահանգներուն, արդարադատութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալ: Նման իրավիճակ ստեղծելու համար անհրաժեշտ է արդարադատութեան, հսկողական եւ ապահովական մարմիներու ղեկավարները ընտրել գործող իշխանութեան հաւատարիմ տարրերէն: Սահմանադրութիւնը այդ պաշտօնատարներուն ընտրութիւնը վերապահած է Ազգային ժողովին եւ սահմանած երեք հինգերորդի մեծամասնութիւն: Հասկնալի չէ՞ արդեօք նման մեծամասնութիւն անպայման ունենալու համար տարուած պայքարը, որ յանգեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան բացառումին:
Նիկոլ Փաշինեան կը սիրէ կրկնել, որ ընտրութեան միջոցով քաղաքացիները իրեն լիազօրութիւնը (մանտա) տուած են կառավարելու այնպէս, ինչպէս ինք կ՛որոշէ: Սահմանադրութեան բառին առաջին արմատը սահմանն է, եւ պատմականօրէն սահմանադրութիւնները ստեղծուեցան գործող իշխանութիւններու իրաւասութիւններուն սահման որոշելու համար: Սահմանադրութիւնը նաեւ պետութեան կառավարման ոճի մը արտայայտիչն է: Օրինակ, եթէ սահմանադրական օրէնքներու ընդունման եւ պաշտօնատարներու ընտրութեան համար կը պահանջուի երեք հինգերորդ մեծամասնութիւն, նպատակը այդ գործողութիւնները մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան համախոհութեամբ կատարելն է: Նման համախոհութիւնը բացառել կը նշանակէ ժխտել սահմանադրութեան ոգին, որ անկախաբար քաղաքական տարակարծութիւններէ, ազգային միասնականութեան երաշխաւորն է:
Անդադար հանրային քննարկման համար հարցեր, տարակարծութիւններ, վէճեր, ամբաստանութիւններ արծարծելով կը շարունակուի ժողովուրդի պառակտումը: Առանց պառակտումի գործող իշխանութիւնը չի կրնար իրականացնել ապազգային քաղաքականութիւնը, զոր իրական Հայաստանի «գաղափարաբանութիւն» կ՛որակէ: Այդ քաղաքականութեան հակազգային եւ հակասահմանադրական բնոյթը ակներեւ է, կարիք չունի բացատրութեան: Զայն սքօղելու համար ընտրուած գործելակերպը կը կայանայ անդադար իրերայաջորդ տագնապներու արծարծումին մէջ, որ քաղաքացին հեռու կը պահէ հիմնականէն:
Իշխանութիւնները ամէն միջոցի կը դիմեն ընդդիմութիւնը մղելու ծայրայեղ քայլերու, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն` յեղափոխութեան: Եկան «յեղափոխութեամբ», կ՛ուզեն մեկնիլ նոյն ձեւով: Ե՞րբ ժողովուրդի համբերութիւնը պիտի հատնի: Ով կը յարատեւէ, ի վերջոյ կը յաղթէ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
