ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

ԹՐԻՓՓ՝ Միգապատ Ճամբան

24 Հուլիս 2026

Շփումներն ու հանդիպումները աւելի յաճախականութեամբ կը շարունակուին եւ ըստ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, «Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճամբայ» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին շուրջ ռազմավարական համագործակցութիւնն ու համաձայնագիրը ամբողջացնելու եւ վաւերացնելու հոլովոյթը՝ գէթ քարտէսի վրայ, հասած է իր աւարտին։

Լափալիսեան իրականութիւն է նշելը, թէ կովկասեան բարձրաւանդակը, անկասկած, խաղաղութեան կարիք ունի։ Այնպիսի խաղաղութիւն, որ ազատ բանակցութիւններու արդիւնք ըլլայ, լայն հասարակական աջակցութիւն վայելէ, թափանցիկ ըլլայ իր բոլոր դրութիւններով, եւ դեռ աւելին՝ յարգէ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, պատշաճօրէն ուշադրութիւն դարձնէ խնդրոյ առարկայ ազգերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան։

Այս նախաձեռնութիւնը չծնաւ տարիներու վստահութեան ամրապնդման գործընթացէն։ Այլ, ընդհակառակը, ձեւաւորուեցաւ այն աշխարհաքաղաքական իրականութեան մէջ, ուր Ատրպէյճանը բանակցութիւններուն մուտք գործեց Արցախի իր ամբողջական ռազմական յաղթանակէն տոգորուած։ Փոխարէն, Հայաստանը, ընդհակառակը, բանակցեցաւ քաղաքականապէս տկարացած, ռազմականօրէն յոգնած, տնտեսական դժուարութիւններու մէջ գտնուող եւ միջազգային առումով, արեւմտեան աշխարհի մութ հաշիւներով առաջնորդուող, աւելի մեկուսացած վիճակի մէջ։ Այս մէկը յստակ էր, գրեթէ տարի մը առաջ՝ Օգոստոս 9-ին, երբ Ուաշինկթընի մէջ յայտարարուեցաւ ԹՐԻՓՓ-ի ծննդոցը։

Ամէն խաղաղութեան համաձայնագիր փոխզիջում կը պահանջէ։ Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ պատերազմները հազուադէպօրէն կ’աւարտին այնպէս, որ կողմերէն մէկը իրականացնէ իր բոլոր նպատակները։ Սակայն տեւական խաղաղութիւնը սովորաբար կը հիմնուի կամաւոր բանակցութիւններու, փոխադարձ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ համաչափ զիջումներու վրայ։

Այսպիսի պայմաններու մէջ շատ մը դէտեր կը հարցադրեն, թէ կարելի՞ է արդեօք նման անհաւասար պայմաններու տակ կայացած բանակցութիւնները իսկապէս ազատ կամքով գոյացած խաղաղութիւն համարել։ Երբ մէկ կողմը գրեթէ բոլոր բանակցային լծակները իր տրամադրութեան տակ ունի, համաձայնութիւնները կրնան պարզ ու մեկին պարտադրուած կարգաւորումներու նմանիլ, քան՝ հաւասարակշռուած դիւանագիտութեան արդիւնքի։

Պատմութեան մէջ, շատ են պարագաները, ուր նմանօրինակ փոխադրութեան համաձայնութիւնները ժամանակի ընթացքին վերածուած են մշտական աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան լծակներու։

Իսկ, եթէ միջանցքի գործնական կառավարումը, մաքսային ընթացակարգերն ու անվտանգութեան համակարգերը ենթարկուին արտաքին վերահսկողութեան կամ միջազգային այնպիսի երաշխիքներու, որոնք Հայաստանը կը վերածեն շահագործուողի եւ օգտագործուողի, ապա այդ պարագային ինքնաբերաբար ինքնիշխանութիւնը կրնայ դառնալ պարզապէս կեղծ ու խորհրդանշական։

Միւս կողմէն, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վաշխառու առեւտրական մըն է, սկսելով Իրանի պատերազմէն ստեղծուած իրավիճակէն մինչեւ Ալպանիոյ մէկ ծովափին վրայ արդի զբօսավայրի մը կառուցման ծրագիրը, որ կրնայ լուրջ վնասներ հասցնել շրջանի բնութեան եւ կենսոլորտին։

Ան միշտ ալ առաջնահերթութիւն տուած է գործարքային դիւանագիտութեան՝ գաղափարախօսական արտաքին քաղաքականութեան փոխարէն։ Անոր վարչակազմը յաճախ իր յաջողութիւնը կը պարտի կնքուած համաձայնագիրներով, ստեղծուած առեւտրական հնարաւորութիւններով եւ ըստ իր վարչակարգին, տեսանելի դիւանագիտական ձեռքբերումներով։

Բնականաբար եւ դժբախտաբար այս մօտեցման ծիրին մէջ կը տեղաւորուի ԹՐԻՓՓ-ը։ Նախաձեռնութիւնը Ուաշինկթընին կու տայ առիթ՝ ներկայացնելու հակամարտութիւններու կարգաւորման յաջող օրինակ, ամրապնդելու Արեւելք-Արեւմուտք հաղորդակցական կապերը, նուազեցնելու ռուսական ազդեցութիւնը եւ աւելցնելու ամերիկեան ռազմավարական ներկայութիւնը Կովկասի մէջ։ Թրամփին համար ի՜նչ կարեւորութիւն ունի համաթուրանականութիւն կամ համաթուրանական ճանապարհ։ Այս համաձայնութիւնը, Սպիտակ Տան վարձակալին տրամաբանութեամբ կը նախատեսէ Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը՝ Նախիջեւանին կապող միջանցք մը, որ միաժամանակ կրնայ փոխադրութեան, տնտեսական եւ նոյնիսկ զբօսաշրջութեան շահեր ապահովել Հայաստանին։

Թուղթի վրայ մրոտուած պատկերը յստակ է։ Կրկին պէտք է վերյիշեցնել, թէ այս ԹՐԻՓՓ զարգացման ընկերութիւնը, Զանգեզուրէն անցնող 27 մղոն (43 քլմ․) տարածաշրջանին մէջ հողի օգտագործման եւ կառուցման իրաւասութիւն պիտի ունենայ, որուն ժամանակաշրջանն է նախնական 49 տարի: Բաժնետոմսերը պիտի բաշխուին տարօրինակ ձեւով` Միացեալ Նահանգներուն պիտի պատկանի 74 առ հարիւրը, Հայաստանի Հանրապետութեան` 26 առ հարիւրը: Այս նախնական ժամկէտի` այսինքն 49 տարին աւարտելէն ետք, կարելի պիտի ըլլայ կողմերու համախոհութեամբ երկարաձգել համաձայնութիւնն ու ժամկէտը յաւելեալ 50 տարիով, եւ այդ պարագային պիտի ապահովուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունենայ բաժնեմասերու 49 առ հարիւրը։

Այս գործընթացին ամենամտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը Հայաստանի մէջ լայն ազգային համաձայնութեան բացակայութիւնն է։ Ըստ երեւոյթին, ճակատագրական որոշումներ կը բանակցուին փակ դռներու ետին՝ սահմանափակ հանրային մասնակցութեամբ եւ անբաւարար տեղեկատուութեամբ։ Սահմաններուն, ինքնիշխանութեան եւ սահմանադրական լիազօրութիւններուն վերաբերող համաձայնութիւնները սովորաբար կը պահանջեն խորհրդարանական լայն քննարկումներ, մասնագիտական խորհրդակցութիւններ, հանրային թափանցիկութիւն եւ համազգային երկխօսութիւն, որոնք դժբախտաբար ԲԱՑԱԿԱՅ են։

ԹՐԻՓՓ-ը ինքնին պղտոր, մշուշոտ ու միգապատ Ճամբայ մըն է ։

Ազգի ապագան չի կրնար հիմնուիլ միայն գործադիր իշխանութեան բանակցութիւններուն վրայ։ Անիկա ամէնայն թափանցիկութեամբ կը պահանջէ ամբողջ ժողովուրդին մասնակցութիւնն ու սեփականութիւնը։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company