Խմբագրական. Լիզպոնի Պատգամներուն Դէմ Բացուած Համազարկը (Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակ)
25 Հուլիս 2026
Լիզպոնի գործողութիւնը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կարգախօսով իրականացուած շարքերուն մէջ եզակի էր ոչ միայն իր ոճով, տարողութեամբ եւ անգերազանցելիութեամբ, այլ նաեւ առաջադրանքային յաւելումով: Մինչեւ այդ հիմնականին մէջ միջազգային լռութեան պատը քանդելու միտուած արարքներով կը բնութագրուէին հերոսական առարկայացումները: Լիզպոնի տղոց պարզ, ոչ փողերային եւ համեստ ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնէր իրաւունքներու վերականգնման նպատակը, որ տրամաբանական շարունակութիւնն էր լռութեան պատի քանդումին:
Այդ իրաւունքները ` անհատական, համայնքային թէ տարածքային, հայ ժողովուրդինն էին, որ այդ օրերուն չունէր պետութիւն, անկախ հանրապետութիւն: Այդ իրաւունքները նաեւ անկախ պետականութիւն ունենալու կը վերաբերէին, գերիշխանութիւն վաստակելու եւ բոլոր պետութիւններուն համահաւասար ճանչցուելու, արարելու եւ զարգանալու:
Լիզպոնը ոչ միայն լռութեան պատի քանդումին յաջորդած պատմական արդարութեան վերականգնումն էր: Այդ պատմականութեան մէջ անկախ Հայաստանի վերականգնումը եւս իբրեւ նպատակ առկայ էր:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք իրաւունքներու վերականգնումը, սկսելով Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումէն, սկզբունքով, պիտի ստանձնէր պետութիւնը: Անկախ պետութիւնը: Ժամանակ պէտք էր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ առաջին իշխանութեան օրով դուրս եկած էր արտաքին քաղաքականութենէն, վերադառնար պետական օրակարգ: Ժամանակ պէտք էր, որ պետական բարձրագոյն ամպիոնէն հնչէր Սեւրի եւ Իրաւարար վճիռի այժմէական եւ իրաւական նշանակութեան մասին յայտարարութիւն: Ժամանակ պէտք էր, որ որդեգրուէր հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծող Համահայկական հռչակագիր: Ժամանակ պէտք էր տակաւին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կառոյցը պետական որոշումով սկսէր վերափոխուիլ Համազգային խորհուրդի, որուն առաջին պարտականութիւններէն պիտի ըլլար հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութիւնը:
Այս ժամանակը վերադարձաւ ի շրջանս իւր: Հսկայական նահանջ արձանագրուեցաւ` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը առաջնային օրակարգ չնկատելով, Սեւրն ու Իրաւարար վճիռը հայդատականութիւն եւ առաւելապաշտութիւն համարելով, նոյնիսկ` պատերազմի վտանգը մօտեցնող խօսոյթ նկատելով, հատուցման մասին ոչ թէ ակնարկ չկատարելով, այլ այդ յղացքն անգամ հակապետական դիրքորոշում ընկալելով: Իսկ Համազգային խորհուրդը իրողապէս չեղարկուեցաւ «իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը պետականացնելով:
Լիզպոնի գործողութեամբ հանրահռչակուած ուղենիշերը այս ձեւով ոչ միայն դուրս մղուեցան պետական դաշտէն, այլ նաեւ հսկայական ճիգ գործադրուեցաւ, որ անոնք դուրս մղուին նաեւ հայրենի հասարակութենէն:
Լիզպոնեան ուղերձներուն դուրս մղումի քաղաքականութիւնը բաժանարար էութիւն ունի ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք գիծին, այլ նաեւ ներհայաստանեան եւ ներսփիւռքեան մակարդակներու վրայ: Իրականի եւ վերականգնելիի այս պառակտիչ հակադրումի փորձերը չէզոքացնելու հրամայականին առջեւ կանգնած է ամբողջ ազգը: Կանխարգիլելու` այս ուղեգիծին հասարակական դաշտի գրաւումի հետեւողական փորձերը:
Ճակատագրորոշ ջրբաժան է Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէն: Հո՛ն է, որ ժողովուրդը պէտք է մերժէ պառակտումը, «Ո՛չ»-ին մէջ ամրագրելով պարտադրուող փոփոխութեան մերժումը: Լիզպոնի տղոց պարզունակ եւ ռոմանթիք ոճով փոխանցած պատգամները հասան մինչեւ 1990, Անկախութեան հռչակագիրի տողերուն մէջ իբրեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի սատարում, պատմական արդարութեան վերականգնում եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործում: Անկախութեան հռչակագիրի այդ բաժինները իրաւական բանաձեւումն են եւ պէտք է շարունակեն մնալ Լիզպոնի տղոց ամէնէն համեստ ըսելաձեւերով յայտարարած նպատակներուն: Որոնց համար անոնք զոհաբերեցին իրենց կեանքերը:
Ազդակ
