Խմբագրական. Լիզպոնի կտակը՝ ուղերձ ժամանակէն անդին
27 Հուլիս 2026
Լիզպոնի հինգ հերոսներու ողջակիզման յուշը անցած է ժամանակի թաւալումին մէջ։ Աւելի քան չորս տասնամեակ յետոյ, մարդկային պատմութեան հոլովոյթը փոխած է իրողութիւնները, հայ ժողովուրդին համար ստեղծած է աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութիւններ, սերունդները եւս փոխուած ու իրար յաջորդած են, սակայն չէ նուազած Լիզպոնի զոհաբերութեան քաղաքական ու բարոյական արժէքը։ Ընդհակառակը, հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացած նորագոյն մարտահրաւէրները Լիզպոնի պատգամը կը դարձնեն աւելի այժմէական ու առաւել հրամայական։
Փորթուկալի մայրաքաղաքին մէջ ծայր առած աննախադէպ գործողութիւնը ծնունդ էր հայ երիտասարդ սերունդի ազգային արժանապատուութեան ու պատմական արդարութեան վերահաստատման կամքին։ Ան ինքնանպատակ քայլ մը չեղաւ, այլ քաղաքական ուղերձ՝ ուղղուած աշխարհին, բայց նախ եւ առաջ՝ հայ ժողովուրդին։ Ուղերձ մը, որ կը յիշեցնէր, թէ ազգային իրաւունքները կը պահպանուին միայն այն պարագային, երբ գոյութիւն ունի գաղափարականօրէն զինուած, ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ առաջնորդուող եւ անձնազոհութեան պատրաստ սերունդ։
Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի պետականութեան, անվտանգութեան եւ ազգային ինքնութեան հետ առնչուող ծանր փորձութիւններու առջեւ։ Միեւնոյն ժամանակ, Սփիւռքը կը դիմագրաւէ ոչ նուազ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ՝ ձուլում, ազգային կեանքի թուլացում, հայրենի հողէն օտարացում, քաղաքական անտարբերութիւն եւ կազմակերպական նահանջ։ Այս պայմաններուն մէջ, ազգային գոյատեւման պայքարը այլեւս չի կրնար հիմնուիլ յուշերու կամ խորհրդանիշերու վրայ միայն։ Ան պէտք է վերածուի գիտակից ազգային կեցուածքի, գաղափարական պատրաստութեան եւ համակարգուած զօրաշարժի։
Ներկայ ժամանակներու գլխաւոր պահանջներէն մէկը գաղափարական երիտասարդութեան կազմաւորումն է։ Սերունդ մը, որ ազգային պատկանելիութիւնը պիտի չընկալէ որպէս ազգի սոսկ ժառանգական ինքնութիւն, այլ որպէս պատասխանատուութեան, կամաւոր ծառայութեան եւ պայքարի մշտական պարտաւորութիւն։
Երիտասարդութիւն մը, որ միաժամանակ տէր պիտի կանգնի հերոսներու պայքարով կերտուած Հայաստանի պետականութեան, այլ նաեւ Արցախի ինքնորոշման վերակենսաւորման, Հայ դատի ու համազգային անվիճելի իղձերուն։
Լիզպոնի հերոսներուն յիշատակը արժեւորելը կը նշանակէ վերանորոգել ազգային կամքը։
Հինգ անձնազոհ տղոց կտակը պէտք չէ սահմանափակուի պատմական յիշողութեան արտայայտութիւններով, այլ պէտք է վերածուի քաղաքական ու բարոյական յանձնառութեան։
Լիզպոնի տղոց զոհաբերութիւնը կը պարտաւորեցնէ բովանդակ հայութիւնը, որպէսզի հետագայ սերունդներուն մէջ մշտավառ պահուի ազգի եւ հայրենիքի անսակարկելի ու անվիճելի խորհուրդը՝ որպէս գոյատեւման, ազգային ինքնութեան պահպանման, պետականութեան ամրապնդման եւ ապագայի նկատմամբ անխախտ հաւատքի կենարար աղբիւր։
Այդ գաղափարական ժառանգութեան շարունակականութիւնն է, որ պիտի ապահովէ հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ անոր յաղթական երթը՝ պատմութեան բոլոր փորձութիւններուն դիմաց։
Ազատ օր
