Շարունակե՞լ Գոյութիւն Ունեցածը, Թէ՞ Անպայման Փոխել
06 Օգոստոս 2026
Խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կատարուին իշխանութեան փոփոխութիւնը կարելի դարձնելու համար: Երբ իշխանութեան տիրացած քաղաքական ուժ մը չի գոհանար միայն արդիւնաւոր կառավարում իրագործելէ, այլ կը յաւակնի երկրի արժէքային համակարգը շրջել եւ «իրական Հայաստան» անունին տակ անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան նորահնար սահմանում պարտադրել ժողովուրդին, պարտադրաբար ժողովրդավարութենէն կը շեղի ու կ՛իյնայ ամբողջատիրութեան խորխորատին մէջ: Պատմականօրէն բոլոր ամբողջատիրութիւններն ալ ժողովրդավարական արդար կարգերու շղարշով պարուրուած կը ներկայանան: Տեղի կ՛ունենան ընտրութիւններ, կը գումարուին ժողովներ, կը խօսուին ճառեր, կը նշանակուին պատասխանատուներ: Միաժամանակ, խեղաթիւրուած օրէնքին ուժով, ձերբակալութիւններ, ունեզրկումներ, հալածանքներ, բանտարկութիւններ սովորական կը դառնան, եւ մարդիկ կը վարժուին զանոնք բնական ու արդար համարել:
Այս մտորումները կ՛ունենայ մարդ հետեւելով 2 օգոստոսին սկսած Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերուն: Առաջին նստաշրջանը յատկացուած է բնականաբար Ազգային ժողովի ղեկավարութեան կազմաւորման: Ընտրութիւն Ազգային ժողովի նախագահին եւ իր երեք տեղակալներուն (որոնցմէ մէկը ընդդիմութեան շարքերէն) կազմաւորում տասներկու մնայուն յանձնաժողովներու եւ ընտրութիւն անոնց նախագահներուն: Այս բոլորը կանոնակարգուած են Ազգային ժողովի սահմանադրական կանոնակարգ օրէնքին միջոցով: Այս տողերը գրուած ատեն, ընտրուած է Ազգային ժողովի նախագահը եւ գրեթէ աւարտին հասած տեղակալներէն մէկուն ընտրութիւնը: Տրամաբանօրէն խօսակցութիւնները պէտք է կեդրոնանային առաջադրուած թեկնածուներու կողմէ ներկայացուած աշխատանքային ծրագիրներուն վրայ: Սակայն իշխանութեան կողմնակիցները կը յոխորտան իրենց ստացած ժողովրդային իրաւազօրութեամբ եւ կը ցուցաբերեն ամբարտաւան ու ինքնագոհ վերաբերում: Խորհրդարանը ընտրուած է բազում իրաւախախտումներով. Ազգային ժողովի օրինականութիւնը խստօրէն կասկածելի է: Օրինականութիւնը ձեւական է, որովհետեւ հաստատուած է ամբողջատիրական պետութիւններուն յատուկ իշխանութեան հրահանգները յօժարակամօրէն գործադրող մարմիններու կողմէ` կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի եւ… Սահմանադրական դատարան: Երբ օրինականութիւնը կը բացակայի, կը փոխարինէ կամայականութիւնը:
Օգոստոս 2-ին կառավարութիւնը հրաժարեցաւ: Նոյն օրը հանրապետութեան նախագահը Նիկոլ Փաշինեանը վերանշանակեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր, ըստ օրէնքի, խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ: Օր մը ետք վերանշանակուած էին փոխվարչապետները եւ նախարարները, բացառութեամբ մէկ նախարարի, որ փափաքած էր չշարունակել պաշտօնավարել:
Իր թեկնածութեան առաջադրումէն ետք խօսք առնելով, Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ուշագրաւ առաջարկ մը ըրաւ ընդդիմութեան: Ռուբէն Ռուբինեան խոստացաւ դառնալ առանց բացառութեան բոլորին` մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան, նախագահը եւ առաջարկեց, քաղաքական համոզումները պահպանելով հանդերձ, որդեգրել բարեկիրթ վարուելակերպ: Բարեկիրթ վարուելակերպը կ՛ենթադրէ հրաժարում հայհոյանքէ եւ վիրաւորական բնորոշումներէ: Առաջարկին խորքը հետեւեալն է. ընդունեցէ՛ք եղածը, կո՛ւլ տուէք անարդարութիւնները, մի՛ բողոքէք, մեղմութեամբ քննադատեցէք. իսկ մենք կը շարունակենք արդարադատութիւնը եւ ապահովական մարմինները` օգտագործելով մեր սկսած աշխատանքը, բայց կը դադրինք մեր սխալներուն համար ձեզ ամբաստանելէ եւ անուանարկելէ: Ընդդիմութիւնը ցարդ չէ պատասխանած առաջարկին:
Նախորդ խորհրդարանին մէջ ամէնէն աւելի յախուռն, նոյնիսկ լպիրշ բամբասկոտ հայհոյողները հիմա մաս կը կազմեն նոր խորհրդարանի դիւանին: Անոնք պիտի կարենա՞ն զսպել իրենց մոլուցքը: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ վարմունքը վարչապետ վերանշանակուած Նիկոլ Փաշինեանի, որ հետզհետէ որդեգրած է գերագոյն ղեկավարի, բացառիկ գաղափարախօսի, պետութեան անառարկելի առաջնորդի գործելակերպ: Սպասենք հասկնալու համար:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք բազմաթիւ կայսրութիւններ քայքայուեցան եւ ստեղծուեցան ազգ-պետութիւններ: Երկրորդ պատերազմը արմատացուց այս ընթացքը, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք երեւան եկան նոր ազգ-պետութիւններ: Սակայն համաշխարհայնացումը, որ արդիւնք էր արհեստագիտական մեծ յառաջդիմութեան, ստեղծեց գաղթականական մեծ հոսանքներ, որոնք խաթարեցին շատ մը պետութիւններու ազգային կազմաւորուած դիմագիծը: Այժմ նախկին կայսերապաշտ պետութիւններ իբրեւ պետականութեան չափանիշ կ՛ընդունին քաղաքացիութիւնը: Ազգ հասկացողութիւնը անցեալին կը պատկանի: Հայրենիքը եւ պետութիւնը շփոթուած են: Ազգ-պետութիւնը մեռած է: Այս ձեւաչափը փորձ կը կատարուի ներարկել ու գործարկել ամէնուրեք: Նաե՛ւ Հայաստանի մէջ:
Երկիր, պետութիւն, հայրենիք, երբեմն նոյնիսկ իշխանութիւն յղացքներու շփոթը կը փորձէ հայ ազգին, որ սփռուած է աշխարհի չորս ծագերուն, դուրս ձգել Հայաստան հայրենիքի զաւակ ըլլալու իրողութենէն, Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը դաւանիլ իբրեւ միակ ու յաւերժական հայրենիք եւ այնտեղ հաստատուած պետութիւնը` միակ ու վերջնական:
Ա՞զգ ենք, թէ՞ հայկական ծագումով քաղաքացիներ զանազան պետութիւններու եւ անոնց կարգին` նաեւ Հայաստանի:
Ընդունելի է՞. բնականաբար` ոչ: Փոփոխելի՞ է. բնականաբար` այո՛: Անհրաժե՞շտ է փոխել. բնականաբար` այո՛:
Յառաջիկայ պայքարը այդ փոփոխութեան համար է:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
