Արտածման ճգնաժամը
07 Օգոստոս 2026
«Աշխարհագրութիւնը մեզ դրացիներ դարձուց։ Պատմութիւնը՝ բարեկամներ։ Տնտեսութիւնը՝ գործընկերներ։ Իսկ անհրաժեշտութիւնը՝ դաշնակիցներ։ Անոնք, զորս Աստուած այսպէս միացուցած է, թող ոչ ոք բաժնէ»։
Ճոն Ֆ․ Քենետի (Ա․Մ․Ն․ նախագահ, 1917-1963)
Նորընդիր Ազգային Ժողովի լայնածաւալ օրակարգերէն մէկն է Ռուսիոյ կողմէ հայկական ապրանքներու համատարած ներմուծման արգելքները եւ այդ պատճառով ալ՝ նոր շուկաներու որոնումը։
Մինչ այդ, նախքան հրաժարիլն ու ապա վերստին ընտրուիլը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ կողմէ մերժուած հայկական ապրանքներու առաջին բաժինը արդէն իսկ հասած է եւրոպական շուկայ, եւ թէ կառավարութիւնը գործի լծուած է արտածողներու հետ՝ փնտռելու նոր յաճախորդներ եւ այլընտրանքային շուկաներ։
Երկար տարիներ շարունակ Ռուսիան եղած էր Հայաստանի թարմ արտադրութիւններու գլխաւոր յաճախորդը։ Հետեւաբար, այդ շուկան փոխարինելը կը պահանջէ երկարաժամկէտ գործընթաց։
Սահմանափակումներու թուականը՝ 7 Յունիսի Հայաստանի խորհրդարանականի ընտրութիւններէն քանի մը օր ետք, արդէն իսկ կը բացատրէ դրդապատճառը։ Անշուշտ մէկ անգամէն, կայծակնային ոճով չգործադրուեցաւ, այլ փուլ առ փուլ, քանի մը շաբաթներու ընթացքին։
Առաջին «կարմիր քարտ»-ը տրուեցաւ Ռուսիոյ գիւղատնտեսական վերահսկիչ մարմինին կողմէ, կասեցուեցաւ հայկական ծաղիկներու մուտքը՝ առարկելով, թէ անոնք չեն լրացնէր ներածման պայմանները։ Ապա, նոյնպէս կարճ ժամանակի ընթացին թառամող կանաչեղէնի եւ պտուղներու երկար շարք մը՝ սկսելով գետնախնձորէն մինչեւ խնձոր, միացան «նոն կրաթա»-ի շարքին, եւ ի վերջոյ կարգը եկաւ ըմպելիներուն, պարզապէս անգոյն, անհոտ եւ անհամ ջուրէն մինչեւ ոգելից գինին եւ քոնեակը։
Այս ճգնաժամը բացայայտեց Հայաստանի առաջնահերթ թերութիւններէն մէկը՝ արտածման կախեալութիւնը միայն ու միայն մէկ շուկայէ։
Դեռ աւելի՛ն. հարցը առաւել բարդացաւ, երբ Մոսկուան ոչ միայն արգիլեց այս ապրանքներու ներածումը, այլ նաեւ դէմ հանդիսացաւ անոնց տարանցման՝ ռուսական տարածքով դէպի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան այլ անդամ երկիրներ։ Այս քայլը կասեցուց Հայաստանի տարածաշրջանային արտահանման ուղիներու առիւծի բաժինը։
Դիւրին լուծուելիք եւ ընթանալիք գործընթաց մը չէ։ Մէկ-երկու օրէն լուծուելիք հարց չէ այս արտածումներուն ուղղութիւնը դէպի Եւրոպա տանիլը։
Այո՛, Եւրոպան բացած է իր դռները հայկական արտադրութիւններու առջեւ, սակայն գործարկութիւնը շատ աւելի բարդ եւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրուելիք է, որ կը կարօտի նոր յաճախորդներու հետ երկարաժամկէտ համաձայնութիւններու, արդի պարենաւորման սարքերու, լաւապէս կազմակերպուած փոխադրամիջոցի եւ ամէնէն կարեւորը՝ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխանեցումը։
Աւելի մանրամասնելու համար, եւրոպական շուկան կը պահանջէ սննդային ապահովութեան խիստ չափանիշներ, որոնց համապատասխանելու համար բազմաթիւ արտադրողներ պէտք է նոր ներդրումներ կատարեն։ Նաեւ թարմ եւ փճացող ապրանքներու տեղափոխութիւնը՝ դէպի եւրոպական շուկաներ, կը պահանջէ նոր ճամբաներ, սառնարանային փոխադրամիջոցներ, նաեւ՝ աւելի մեծ ծախսեր։ Հայաստանը ծովային ելք չունի, իսկ Եւրոպա արտահանումը աւելի երկար եւ թանկ է, քան Ռուսիա ուղարկելը։
Իսկ, այլ կարեւոր թնճուկ մը՝ որոշ աւանդական հայկական արտադրութիւններ, մասնաւորապէս հայկական քոնեակը, դէմ յանդիման կը գտնուին լուրջ հարցերու, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին եւրոպական տարածաշրջանային եւ շուկայի կանոններուն հետ։ Մեծապէս մտահոգիչ է ձկնաբուծութեան պարագան մանաւանդ, երբ նոյնիսկ իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարութեան համար զարմանալի կը թուի, թէ ծովերով շրջապատուած երկիրներ կը ներածեն բուծուած ձուկ:
Ռուսիոյ հաստատած արգելքները այլեւս միայն առեւտրական վէճ չեն։ Անոնք դարձած են Հայաստանի տնտեսական դիմադրողականութեան եւ աշխարհաքաղաքական ուղղութեան կարեւոր փորձաքար մը։ Այս սահմանափակումները ցոյց կու տան այն զգալի տնտեսական ազդեցութիւնը, զոր տակաւին ունի Մոսկուան՝ Հայաստանի վրայ։
Յստակ է, թէ այս ճգնաժամը Հայաստանին համար միայն առեւտրական խնդիր չէ։ Անիկա նաեւ կը բացայայտէ երկրի երկարատեւ տնտեսական կախեալութիւնը մէկ շուկայէ եւ կ՛արագացնէ նոր արտահանման ուղղութիւններու որոնման անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս Եւրոպական Միութեան, Միջին Արեւելքի եւ այլ միջազգային շուկաներու մէջ։
Այսուամենայնիւ, թէեւ Հայաստանը ընդլայնած է իր առեւտրական կապերը Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ որոշ շրջաններու հետ, սակայն հիւսիսի, այսինքն Ռուսիոյ շուկան փոխարինելը դիւրին գործընթաց մը չէ։ Շատ են խոչընդոտները, որոնց կարգին՝ արտադրողները ստիպուած պիտի ըլլան մրցիլ արդէն իսկ հաստատուած եւրոպական մատակարարներու հետ, փոխադրութեան ծախսերը զգալիօրէն աւելի պիտի բարձրանան, եւ անգամ մը եւս պէտք է կրկնել ամենէն դժուարն ու խրթինը՝ եւրոպական շուկան կը պահանջէ, աւելի՛ն, կը պարտադրէ տարբեր տեսակի մանրամասնօրէն սերտուած եւ ուսումնասիրուած որակի չափանիշներ։
Հուսկ, վերադառնալով, Քենետիի իմաստուն խօսքին, դժբախտաբար քաղաքականութիւնը ո՛չ աշխարհագրութիւն, ո՛չ պատմութիւն, ո՛չ տնտեսութիւն եւ դաշնակից․․․ո՛չ ալ Աստուած կը ճանչնայ։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
