ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Հայաստան
  • Հոդվածներ

«Գիտական Ռազմավարութիւն»-ը Եւ Դաշնակցական Երիտասարդը

07 Մարտ 2019 ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Սոյն յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ երկու հիմնական կէտերու, որոնք կը վերաբերին այժմու դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին: Յօդուածը որոշ չափով արձագանգ պիտի ըլլայ նաեւ քանի մը օր առաջ Թունուզի մէջ կայացած Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) համագումարին եւ ազրպէյճանական-թրքական պատմական անհիմն պնդումներուն դէմ գիտական ռազմավարութեան մը մշակումին անհրաժեշտութեան:

21-24 փետրուար 2019-ին Թունուզի Սուսա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԸԵՄՄ-ի խորհուրդի ժողովը, որուն մասնակցած էին ՀՅԴ երիտասարդականէն երկու ներկայացուցիչներ` Անահիտ Յակոբեանը (Ֆրանսա) եւ Եղիա Թաշճեանը (Լիբանան): Ժողովին ներկայ էին մօտ ընկերվարական, յառաջդիմական եւ աշխատաւորական 50 կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Հակառակ անոր որ ժողովին նիւթը զուտ բնապահպանական եւ կենսոլորտի հետ կապուած էր, սակայն պաղեստինեան հարցը եւ Վենեզուելայի տագնապը աշխուժ ներկայութիւն ունէին քննարկումներուն ընթացքին: Պաղեստինեան երիտասարդականը իր բոլոր կազմակերպութիւններով քննադատեց իսրայէլեան քաղաքականութիւնը, որ ներկայիս կը կիրարկուի Պաղեստինի մէջ: Հոս կարելի է ըսել, որ իրենց երիտասարդութիւնը բաւական քաղաքականացած էր եւ` յստակ հիմնաւորւմներով պատրաստուած: Ինչ կը վերաբերի Վենեզուելայի տագնապին, այս մասին քննարկումը բաւական բարդ էր, թեր եւ դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան, եւ խօսքեր առին Արժանթինի, Չիլիի, Ուրուկուէյի եւ Վենեզուելայի երիտասարդները: Այստեղ պէտք է նշել, որ խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչը եւ զգուշացուց ներկաները` սուրիական տագնապէն դասեր քաղելու իմաստով, ինչպէս նաեւ` գաղթականներու «ռումբ»-էն: Մասնակիցները կոչ ուղղեցին մեծ պետութիւններուն` միջամուխ չըլլալու Վենեզուելայի ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին տագնապի խաղաղ լուծման եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

Բնապահպանման հարցը, կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարը, կայուն զարգացման ծրագիրները եւ ընկերային արդարութեան համար պայքարը հիմնական նիւթերն էին խորհուրդի այս ժողովին: Այս նիւթերուն շուրջ ծաւալեցան կարեւոր քննարկումներ, որոնց ընթացքին ժողովին մասնակիցները քննադատեցին մեծ պետութիւններու անտարբերութիւնը այս հարցին առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին, որ այլ երկիրներ ջանք թափեն միացնելու իրենց ճիգերը, որպէսզի կանխեն բնապահպանական աղէտը: Մասնակիցները նաեւ պահանջեցին, որ ընկերվարական կուսակցութիւնները բնապահպանութեան հարցը առաջնահերթութիւն նկատեն իրենց քաղաքական եւ ընտրական ծրագիրներուն մէջ: Այսինքն` «կանաչ»-ը (բնապահպանական շարժումը) կարելի եղածին չափ «կարմիր» դարձնել, այլ խօսքով` ընկերվարականացնել բնապահպանական շարժումները: Ըստ ժողովին մասնակիցներուն, պէտք է որդեգրուին կայուն զարգացման ծրագիրներ, այդ պայքարին մէջ նաեւ կը մտնէ ընկերային արդարութիւնը, որպէսզի չվնասէ աղքատ եւ բանուոր դասակարգի շահերուն` ի նպաստ մեծ ընկերութիւններու եւ նոր-ազատական քաղաքականութեան:

Վերջապէս, բանաձեւը, որ ներկայացուած էր Դաշնակցութեան երիտասարդականին կողմէ` «Հանքագործութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը բնութեան վրայ» խորագիրով, ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ եւ արժանացաւ շատերու գնահատանքին: Բանաձեւին ի նպաստ խօսք առին նաեւ այլ կազմակերպութիւններ: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէր, որ հանքագործութեան աշխատանքները աւելի թափանցիկ ըլլան եւ հեռու` ազատական ու դրամատիրական մենաշնորհներէ, որոնք վնաս կը հասցնեն բնութեան:

Ասիկա յաղթանակ մըն էր մեզի համար, յաղթանակ մը, որ պէտք է շարունակական ըլլայ, իսկ անոր արդիւնքները հայրենիքին մէջ քաղենք: Բայց այստեղ կը ծագի հարցադրում մը. արդեօք պէ՞տք է դաշնակցական երիտասարդը եւ ուսանողը ընդգրկել գիտական ռազմավարութեան մը մէջ:

Դարը փոխուած է, գաղափարները կը զարգանան, եւ մենք կարելի եղածին չափ պէտք է հաւասարակշռութիւն հաստատենք մեր ազգային հարցերուն եւ ընկերվար-ժողովրդավարական սկզբունքներուն միջեւ: Չեմ ուզեր ըսել` «հաւասարակշռութիւնը պահել», որովհետեւ այդ հաւասարակշռութիւնը չէ պահուած, եւ անոր վնասները կրեցինք Հայաստանի Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններուն:

Երկրորդ կէտը, որուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ, մեր երիտասարդութեան այսօրուան իրավիճակին մասին է, մասնաւորապէս իր դերը` մեր ազգային եւ ընկերային գաղափարական կեանքին մէջ: Երիտասարդութիւնը միշտ ալ սիւնը եղած է Դաշնակցութեան, ըլլայ ատիկա ֆետայական շարժումներուն ընթացքին, լիբանանեան եւ սուրիական ներքին պատերազմներուն, արցախեան ազատագրական պայքարին եւ, վերջապէս, հակաթուրք պայքարին մէջ: Սակայն ժամանակը եկած է, որ նայինք երիտասարդութեան իր պատմական մարտական-ֆիզիքական դերակատարութենէն անդին:

Քանի մը օր առաջ Դիմատետրի էջիս վրայ կատարեցի հետեւեալ գրառումը. «Այսօր ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը հսկայ արշաւ մը տարին ընկերային ցանցերուն վրայ` ի յիշատակ «Խոջալուի դէպքերուն»: Արդեօք քանի՞ հայ երիտասարդ կամ ուսանող կրնայ պաշտպանել հայկական թեզը կամ պատմական ճշմարտութիւնը կամ գոնէ վիճաբանիլ անոնց հետ` իրենց պնդումներուն դէմ: Քանի՞ հոգի` 10՞, 20՞ , 50՞: Տեսա՞ք, թէ ո՛ւր է մեր ազգին դժբախտութիւնը: Հակաթուրք պայքարը միայն ցոյցերով չէ, այլ գիտական ռազմավարութիւն մըն է, որուն պակասէն կը տառապին այսօր մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը: Գիտական ռազմավարութիւնը նախ դաստիարակութիւն է եւ ապա` քարոզչութիւն»:

Նշեալ գրառումին մէջ բարձրացուցած հարցիս շուրջ կային տարբեր կարծիքներ, թէ արդեօք հայ երիտասարդը պէ՞տք է մասնագիտանայ, եւ եթէ այո, ապա ո՞ր ոլորտներուն մէջ, իսկ եթէ ոչ, ապա ինչո՞ւ: Այս հարցումներուն պատասխանելու համար կ՛ուզեմ ամփոփել առաջարկներս երեք կէտերու մէջ.

Ա.- Հաւաքականութիւնը եւ անհատականութեան դէմ պայքարը, ուր հայ կամ դաշնակցական երիտասարդը, իր կուսակցական դաստիարակութէնէն անդին, նաեւ որոշ չափով պէտք է տեղեակ ըլլայ իր շուրջի քաղաքական եւ ընկերային անցուդարձերէն: Դաշնակցական երիտասարդը մեկուսացուած պէտք չէ ըլլայ իր միջավայրէն: Ան պէտք է իր ժողովուրդին հետ մասնակից դառնայ ամէն տեսակի անարդարութեանց դէմ պայքարին եւ` ոչ միայն ազգային հարցերուն մէջ: Այսօր համաշխարհային գետնի վրայ ազատականութիւնը եւ համաշխարհայնացումը հայ երիտասարդը վերածեցին սոսկական անհատի եւ ստրուկի: Մոռցանք հաւաքականութիւնը եւ այսօր դարձանք նիւթապաշտ անհատներ, երեւոյթ մը, որ ունի մէկ «աստուած», այդ ալ դրամատիրութիւնն է: Մոռցանք հաւաքականութիւնը եւ մոռցանք միաժամանակ, որ մեր ազգային շահերը միայն հաւաքականութեամբ եւ խմբային ճիգերով ու աշխատանքով է, որ կարելի է հետապնդել: Այսօր անհատականութիւնը համաշխարհայնացումին հետ կը քանդէ մեր ընտանիքները, եկեղեցիները եւ ազգային արժէքները, եւ այս բոլոր հոսանքներուն հայ երիտասարդը մինակը դէմ չի կրնար դնել, այլ կարիքը ունի հաւաքական աշխատանքի:

Բ.- Պէտք է ստեղծել «գիտական ռազմավարութիւն» մը. շատերը մասնագիտացած են տարբեր ճիւղերու մէջ, եւ հոս չեմ խօսիր համալսարանական վկայականի մը մասին, այլ` մասնագիտական աշխատանքի: Այսօր ժամանակն է, որ հիմնենք մասնագիտացած հետազօտական կեդրոններ, որոնք գրեթէ բացակայ են սփիւռքի տարածքին: Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակին բացուեցան հսկայ հետազօտական «միտքի կեդրոններ» (Think Tank), որոնք ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին եւ ուսանողներ կ՛ուղարկեն բարձրագոյն հիմնարկներ ու համալսարաններ` պատրաստելու համար ապագայ դասախօսներ եւ քաղաքագէտներ: Իբրեւ երիտասարդներու` կարեւոր է մեզի համար անմիջական կապեր հաստատել երիտասարդ տնտեսագէտներու, քաղաքական վերլուծաբաններու եւ պատմաբաններու միջեւ, որովհետեւ միշտ ալ կարեւոր է զիրար լսելը, խնդիրներ քննարկելը եւ լուծումներու հասնիլը: Ինչպէս որ հայ միջնադարեան մատենագիր Եզնիկ Կողբացին կ՛ըսէ` «Գոհունակութեամբ աշխատիլը առանց պսակի չի մնար»:

Միւս կողմէ` կարելի չէ Հայկական հարցի հետապնդումը սահմանափակել միայն Հայ դատի յանձնախումբերով, որովհետեւ Հայ դատը եւ անոր հետապնդումը բոլորիս պարտականութիւնն է եւ ոչ թէ` քանի մը անձերու: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սադրանքներուն դէմ դնելը բոլորիս պարտականութիւնն է եւ ոչ միայն` կուսակցական կամ կառավարական մարմիններուն: Այս հարցին շուրջ պէտք է վերապատրաստել մեր երիտասարդութիւնը` գործակցաբար ուսանող տարրին հետ: Այսօր չենք կրնար տեսնել հայ երիտասարդներ, որոնք դժուարութիւն կը գտնեն դէմ դնելու հակահայ քարոզչութեան: Հոս մեր հայկական վարժարանները հսկայ ընելիք ունին: Այո՛, պէտք է ուսումնասիրենք թշնամիին պատմութիւնը, անոր քարոզչութիւնը, անոր տնտեսութիւնը, բանակը, անոր դաշնակիցները` գետնի վրայ: Այո՛, եթէ կ՛ուզենք հակահարուած տալ թշնամիին, նախ պէտք է գիտնալ, թէ ո՛վ է մեր թշնամին եւ ուսումնասիրել զայն: Եւ ուսումնասիրելու համար մենք ենք, որ պէտք է թափանցենք իրենց ընկերութեան մէջ եւ ոչ թէ հակառակը, ինչպէս որ ներկայիս կ՛ըլլայ:

Գ.- ԸԵՄՄ-ի խորհուրդի նիստը, մասնակցութեան իմաստով, իր տեսակին մէջ առաջինը չէր դաշնակցական երիտասարդականին համար եւ վստահաբար ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Մեր երիտասարդ ընկերները տարիներ աշխատեցան, որ միջազգային ամպիոններէ մեր ժողովուրդին ձայնը լսելի դառնայ, ինչպէս` Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի վեհաժողովները եւ հետագային` Սեւրը: Այսպիսի խորհրդաժողովներ միշտ ալ պատմական եւ կարեւոր եղած են մեզի համար: Նախ իբրեւ փորձառութիւն եւ ապա յարաբերական աշխատանքի իմաստով բաւական արդիւնաւէտ են: Սակայն այսպիսի յաջողութիւնները պէտք է թարգմանուին մեր հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Տարբեր կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնը մեզի համար հսկայ փորձառութիւն մըն է, որ պէտք է օգտագործենք` լայնցնելու մեր կարկինը եւ հորիզոնը: Այսօր, 21-րդ դարու դաշնակցական երիտասարդը չի կրնար լուռ մնալ իր միջավայրին մէջ բնապահպանութեան, ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, նոր-ազատականութեան, կիներու դէմ բռնութեան, ցեղապաշտութեան եւ բռնատիրութեան նկատմամբ:

Այսօր Հայաստանի մէջ կարիքը կայ վերանորոգելու մեր սրբազան ուխտը, եւ հո՛ս է դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին դերը: Ըլլալ հայ ժողովուրդին վահանը, սուրը, բահը եւ գրիչը` միաժամանակ: Ճիշդ է եւ կարեւոր, որ յիշենք մեր նահատակները եւ քալենք անոնց ճամբէն, սակայն կարեւոր է նաեւ ամրացնել երիտասարդ-ժողովուրդ կապը, մօտէն հետեւիլ ժողովուրդին դժգոհութեան պատճառներուն եւ մասնաւորապէս աղքատ ու բանուոր դասակարգին եւ գիւղացիին հարցերուն: Այսօր պէտք է ըլլանք պայքարի առաջնագիծին վրայ` ընդդէմ ընտանեկան բռնութեան, բնութեան քայքայման եւ ազգային արժէքներու ոտնակոխման բոլոր սադրանքներուն: Դաշնակցական երիտասարդին պայքարը երկար է, դաժան եւ երբեմն` արիւնոտ, սակայն Սիամանթոն կը վկայէ, որ մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company