ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ձայնը

23 Դեկտեմբեր 2023

(Ընկեր Նուպար Տեմիրճեանի Յիշատակին)

– Բարե՛ւ, ընկեր, ինչպէ՞ս ես. ի՞նչ նորութիւններ ունիս…

Այսպէ՛ս պիտի սկսէր ընկեր Նուպար Տեմիրճեանի հետ մեր հերթական զրոյցը՝ հեռաձայնի ճամբով, Պսակաւորին բերած համաճարակէն շատ առաջ ալ, որովհետեւ ինք էր Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչ, իսկ ես՝ Լոս Անճելըսի: Կարծէք թէ լուռ համաձայնութիւն մը կար. նոյն հարցումները կ՛ուղղուէին՝ ո՛վ որ ալ ըլլար հեռաձայնողը: Իսկ փնտռուած նորութիւննե՞րը… Բազմագոյն էին եւ բազմաբեւեռ, Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Լիբանան, մինչեւ ամերիկեան ափեր. առանցքը՝ հայ կեանքն էր, մեր ժողովուրդին դիմագրաւած լաւ ու անախորժ վիճակները, ինչո՞ւ չէ նաեւ աշխարհը յուզող այլ փոթորիկներ, ընկերային հարցեր:

Կը խօսէր հանդարտ. մասնաւորաբար վերջին տարիներուն, այսինքն՝ 44օրեայ պատերազմէն ասդին, ձայնը կը մատնէր ապրած տագնապն ու ցասումը: Լիբանանը՝ ուր անցուցած էր մանկութիւնն ու երիտասարդութեան առաջին շրջանը, նմանապէս տագնապեցնող ալիքներ կը բերէին մեր զրոյցներուն: Մեր գաղութին ապրած վերիվայրումները, մանաւանդ հայապահպանումի «թնճուկ»ը, նոր սերունդին անտարբերութիւնը՝ ազգային աւանդներու եւ արժէքներու նկատմամբ, այլ երանգ կու տային դառն ապրումներուն: Միւս կողմէ, սակայն, թէ՛ Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական ընտանիքին եւ թէ սեփական յարկին տակ արձանագրուած յաջողութիւնները, զաւակներուն ու թոռներուն բերած ժպիտները «տեսանելի» կ՛ըլլային լսափողէն:

Հիմա, երբ Պսակաւորին ստեղծած «մթնոլորտին» մէջ, շատերու պէս ես ալ կորսնցուցած եմ օրերու, ամիսներու եւ տարիներու հաշիւը, վստահ չեմ կրնար ըսել, թէ այդ ե՞րբ էր, որ ձայնին մէջ զգացի մտահոգութեան նոր շեշտ մը: Հարց ու փորձիս եւ պնդումներուս վրայ, քանի մը բառով յայտնեց, որ անակնկալ ախտաճանաչումի մը պատճառով, ստիպուած պիտի ըլլայ դարմանումի արտակարգ միջոցներու ենթարկուելու: «Ինչ որ հասկացայ բժիշկներուն ըսածներէն, գողը շուտ բռնած ենք: Պիտի պայքարիմ եւ յոյս ունիմ, որ պիտի յաղթեմ», ըսաւ այնպիսի պարզութեամբ մը, որ կարծէք թէ կը պատմէր իր լուսանկարչատան մէջ նոր սարքեր տեղաւորելու եւ արդի արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները յաղթահարելու մասին…

Պայքարեցաւ եւ երկար ատեն պայքարը շարունակեց յաղթականօրէն: Յաճախ աւետեց, որ վիճակը բարելաւուած է, իբրեւ ապացոյց՝ կը յիշատակէր համակարգիչին վերադառնալն ու գրելու վերսկսիլը: Բաւական յետոյ էր, որ օր մը ըսաւ, թէ վիճակը որոշ նահանջ արձանագրած է, սակայն այդ նահանջը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ իր կամքին ու կորովին վրայ: «Բարե՛ւ, ընկե՛ր, ինչպէ՞ս ես. ի՞նչ նորութիւններ ունիս»ները կրկնուեցան յաճախ: Եւ օր մըն ալ եկաւ անսպասելին. զաւակը՝ Վարդանը հաղորդեց տխուր լուրը: «Քիչ առաջ…»:

Գուժին իմաստը այն էր, որ Սան Ֆրանսիսքոյի ձայնը մարած էր…

Անկէ ի վեր, ներսիդիս վերածնաւ հին մանուկը: Տարօրինակ սպասում մը՝ հեռաձայնի զանգին եւ «Բարե՛ւ, ընկե՛ր»ին հետեւող հարցումներուն: Այն մանուկին պէս՝ որ գիտէ, թէ սպասածը պիտի չըլլայ այլեւս, սակայն չի հրաժարիր սպասելէ, կը փորձէ ինքզինք համոզել, որ երբեմնի խօսակիցին յաղթելու կամքը ձեւով մը պիտի վերականգնի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի ձայնը պիտի չմարի…:

***

Ընկեր Նուպարին հետ ծանօթութիւնս հիմա ունի մօտաւորապէս քառորդ դարու կեանք: Ազգային առաջնորդարանի (Լոս Անճելըս) յարկին տակ աշխատանքի կոչումէս մօտաւորապէս տարի մը ետք ընտրուած էր Ազգային վարչութեան անդամ: Շաբաթական հերթականութեամբ տեղի ունեցող ժողովներուն՝ ինքզինք կը հարկադրէր ըստ կարելւոյն ներկայ ըլլալ, գալով Սան Ֆրանսիսքոյէն: Պարտաճանաչութիւնը իրեն կը թելադրէր, որ նուազագոյն բացակայութիւնները արձանագրէր, մինչդեռ հեռու քաղաքէ մը ժողովի եկող մը կրնար աւելի յաճախ բացակայիլ եւ ի հարկին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով լրացնել բացը: Այն օրերուն, երբ ստիպուած էր բացակայիլ, պիտի հեռաձայնէր հարց տալու. «Ինչպէ՞ս ես, ընկե՛ր, ի՞նչ նորութիւն ունիս ժողովէն…»:

Հեռաձայնային կարճ խօսակցութիւններէն աւելի, մեր միջեւ բարեկամութիւն մը զարգացաւ իր… հանգուցեալ եղբօր՝ Սարգիսին շնորհիւ: Մեր առաջին հանդիպումէն քանի՞ շաբաթ ետք էր՝ չեմ յիշեր. այդ օրը ժողովի համար կանուխ հասած էր Սան Ֆրանսիսքոյէն (ընդհանրապէս ինքնաշարժը վարելով կու գար…): Հանգիստի պահ մը ունէինք. «Ըսին, որ Պէյրութի մէջ «Ազդակ» աշխատած ես», ըսաւ հարցումի ոճով: Հաստատական պատասխանիս վրայ՝ «Սարգիս Տեմիրճեանը կը ճանչնայի՞ր», հարցուց:

Ինչպէ՞ս չճանչնայի Սարգիս Տեմիրճեանը, տասնամեակներ շարունակ «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամը, որ բծախնդիր սրբագրող մը ըլլալուն կողքին, որոշ էջերու խմբագիրն էր, նաեւ հայութեան կեանքը լուսարձակի տակ առնող նիւթերու յօդուածագիր, լուսաւորող սիւնակներու հեղինակ: «Ազդակ» մուտքիս, տեղացիներէն առաջիններէն էր, որուն ծանօթացայ: Սկզբնական աշխատանքս պիտի ըլլար իր կատարածին մէկ բաժինը՝ սրբագրութիւն, ու հերթաբար զիրար պիտի փոխարինէինք: Պատերազմ էր. Պէյրութի երկու «շերտեր»ուն միջեւ երթեւեկը վտանգալից էր, յաճախ՝ անկարելի։ Խմբագրատունը «արեւմտեան» գօտիին մէջ ըլլալով, «արեւելքցի»ները ստիպուած էին շաբաթը քանի մը օր մնալ խմբագրատուն, այսինքն՝ հեռու մնալ տունէ եւ ընտանիքէ: Տնօրէնութիւնը դասաւորած էր, որ անձնակազմը աճի, ստեղծուի զիրար փոխարինող խումբերու դրութիւն, որպէսզի այլապէս տաժանքի վերածուած աշխատանքին վրայ չգումարուի շաբաթներ շարունակ տունէ-ընտանիքէ զրկուած մնալու վիճակը: Սարգիսը, իր բարեհամբոյր եւ հաղորդական բնաւորութեամբ, եղաւ գործի ուղեցոյցներէս մէկը: Ու թէեւ քանի մը ամիս ետք հեռացաւ Պէյրութէն, սակայն պատերազմի օրերուն, դժուարին պայմաններու մէջ ստեղծուած բարեկամութիւնը մնաց մեր կեանքին մէջ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ճամբորդութեան մը պահուն ստեղծուած բարեկամութիւնն ու ընկերականութիւնը ընդմիշտ կ՛ապրին մարդոց մէջ: Բախտը ունեցայ 21 տարի ետք դարձեալ հանդիպելու իրեն, Լոս Անճելըսի մէջ…

«Սարգիսը եղբայրս էր», ըսաւ ընկեր Նուպարը՝ լակոնական ոճով, ու մեր միջեւ կամուրջը ամրացաւ ակնթարթօրէն: Սարգիսը, Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուելէն ետք, տարիներ շարունակ եղած էր այդ գաղութին ձայնը, այն իմաստով, որ «Ասպարէզ»ի այդ քաղաքին աշխատակիցն էր եւ ընթերցողին կը հասցնէր գաղութին սրտի բաբախումներուն զարկերը:

Սարգիսին անակնկալ մահէն ետք, Սան Ֆրանսիսքոյի ձայնը մարեցաւ որոշ չափով: Նուպարը կարճ ատեն մը ետք ինքն իրեն պարտականութիւն մը տուաւ դրօշարշաւը շարունակելու: Մեր զրոյցներուն ընդմէջէն, զգացեր էի, որ կրկնակի երախտիք «կը քաւէր»: Չէր ուզեր շրջանի հայկական կեանքը քողարկեալ մնայ, կար նաեւ եղբօր տարիներու վաստակը անհատոյց չձգելու կամքը, ձեւով մը՝ լուռ աւանդապահութիւն:

***

Տարիները իրարու ուս ելան: Ընկեր Նուպարը ամբողջացուց Ազգային վարչութեան անդամակցութեան շրջանը, սակայն մնաց աշխատանքի դաշտին մէջ: Քանի մը շրջան ընտրուեցաւ Ազգային երեսփոխան: Մեր հանդիպումները նուազեցան, սակայն հեռաձայնային կապերը մնացին աշխուժ: Իսկ կը համարձակէի՞ Սան Ֆրանսիսքօ այցելել՝ առանց իր ասպնջականութիւնը վայելելու (եւ ես այդ կալուածին մէջ միայն նորելուկ մըն էի: Սան Ֆրանսիսքոյի իր բնակարանն ու աշխատանոցը ժամադրավայր էին շատերու համար):

Մեր ծանօթանալէն ատեն մը ետք, աւելի՛ հաղորդ եղայ իր ազգանուէր գործերուն: Անոր համար կարելի էր ըսել, որ զինք կրնայիր գտնել Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական կեանքի գրեթէ բոլոր քարերուն տակ (ծանօթ խօսք է, չէ. ո՛ր քարն ալ վերցնես, տակէն ան կ՛ելլէ): Ան վաստակ կերտած էր ՀՅԴի, Համազգայինի եւ գաղութային տարբեր դաշտերու մէջ: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ, ինչպէս կը վկայէ ի՛նք՝ իր հպանցիկ յուշերուն մէջ (լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի մէջ), ունէր հայութեան եւ հայ հողին հանդէպ ընդոծին հաւատարմութիւն մը: Կանուխ մանկութեան, հազիւ 3-4 տարեկանին, ծնողքին հետ գաղթական դարձած էր ծննդավայր Ալեքսանտրէթէն, հաստատուած էր Սփիւռքի առաջին «մայրաքաղաք»ներէն՝ Պէյրութի մէջ. այդ «մայրաքաղաք»ը ունէր ներքին հայակեդրոններ, որոնցմէ մէկն ալ Սիս թաղամասն էր, որուն Ազգային վարժարանն ու եկեղեցին եղած էին զինք հայ կոփող յարկերը՝ հօրենական երթիքին կողքին: Թէեւ ստիպուած էր ուսումը կիսաւարտ ձգելու եւ մտնելու լուսանկարչութեան աշխարհ, սակայն ուսումնատենչութիւնը ներքին մագնիս մը տեղաւորած էր իր հոգիին ու կեանքին մէջ: Թերթի ու գիրքերու աշխարհը հմայած էին զինք ու ազնիւ գերեվարութիւն մը ստեղծած իրեն համար: Ցեղասպանութենէն ու բռնագաղթերէ փրկուած սերունդներուն համար, սա սովորական վիճակ էր: Ու երբ վերջին տարիներուն արցախահայութեան ալ վիճակուեցաւ քանի մը փուլով հեռանալ սեփական հողէն ու տունէն, բռնել գաղթի ճամբան, կարելի է երեւակայել, որ Նուպարները ոեւէ այլ մահկանացու հայէ որքա՛ն աւելի խորը զգացին այս ողբերգութեան տարողութիւնը, որուն տարբերակը բաժին հանուած էր իրենց՝ տասնամեակներ առաջ, աւելի քան դար մը առաջ…

***

Ընկեր Նուպարի վաստակին ու անոր ծալքերուն մասին կարելի է երկար խօսիլ, սակայն ես այստեղ կ՛ուզեմ յատուկ կարեւորութեամբ կեդրոնանալ ԹԵՐԹԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑին վրայ: Երկար ատենէ ի վեր, անոր անունը կը մնայ «Ասպարէզ»ի աշխատակիցներուն ցանկին վրայ, 2րդ էջ:

Յուշերուն մէջ, համեստօրէն եւ իրեն յատուկ լակոնականութեամբ գրած է. «70 տարեկանիս՝ համակարգիչի վրայ հայերէն գրելու տաժանքը յաղթահարած եմ ու հաւատարմօրէն շարունակած՝ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի տարեգիրի իմ առաքելութիւնը»: Այդ «տաժանք»ը ունի իր երկա՜ր պատմութիւնը, որ այլապէս վկայութիւն է կեանքին բերած դժուարութիւնները յաղթահարելու այս հայուն անվհատ կամքին:

Պատմութիւնը կը սկսի այն օրերէն, երբ ընկեր Նուպար նոր սկսած էր թղթակցութիւններ հասցնել Սան Ֆրանսիսքոյէն: Այդ շրջանին, գրածները կը ղրկէր ձեռագիր, անոնց ընկերացնելով լուսանկարներ, մէկ խօսքով՝ ձեւով մը արհեստավարժ թղթակիցի մը պարտականութիւնը կ՛ընէր լիակատար: Լուսանկարիչ ըլլալը այլ թղթակիցներու վրայ այս առաւելութիւնը կու տար իրեն: Յետոյ, եկան համակարգիչի տիրապետութեան օրերը: Հայկական մամուլի բոլոր անդամներն ալ սկսան իրենց աշխատակիցներէն սպասել, որ յօդուածներ, թղթակցութիւններ եւ այլ նիւթեր խմբագրատուն հասցնեն համակարգիչի մէջ շարուած վիճակով: Սա, անշուշտ, մեծ առաւելութիւն է, գրութիւն մը եւ լուսանկարներ կարելի է ակնթարթի մը մէջ տեղ հասցնել, սակայն եթէ աշխատակիցը չէ մտած համակարգիչի աշխարհը, արդէն կը բացուի «տաժանք»ի դուռը:

Ընկեր Նուպար կրնար խղճի ամենայն հանգստութեամբ ըսել, որ ինք վարժ չէր համակարգիչի գործածութեան, չի ցանկար մտնել այդ տաժանքի ճամբան: Սակայն նոյն այդ խիղճը եւ ներսէն եկող ձայները նման վերաբերմունք պիտի չարտօնէին իրեն, ու ան նման «պերճանք» չարտօնեց ինքն իրեն: Ունեցաւ համակարգիչ մը, որուն ստեղնաշարին վրայ հայերէն տառերով գրելը եղաւ իր առաջին մրցակիցը: Չվարանեցաւ բարեկամներու եւ խմբագիր-աշխատակիցներու օգնութեան դիմելու, որպէսզի «70 տարեկանէն ետք» սորվի համակարգիչ-հրաշալիքին այս կամ այն գաղտնիքը: Ատեն մը ետք, տաժանքը վերածուեցաւ… հաճոյքի: Թղթակցութիւն մը, այլ բնոյթի յօդուածներ, իր կողմէ առնուած կամ գիրքերէ քաղուած նկարներու ընկերակցութեամբ, համացանցին ընձեռած բարիքներուն ճամբով հասցուց «Ասպարէզ»ին, աւելի ուշ՝ նաեւ դաշնակցական մամուլի ընտանիքին այլ անդամներու:

Մամուլի աշխատակից Նուպար Տեմիրճեանի ասպարէզը այլապէս զարգացում ապրեցաւ: Եթէ նախապէս կը բաւականանար ձեռնարկներու մասին լրատուական թղթակցութիւններով, ատեն մը ետք, երբ անձնական ասպարէզի բեռը որոշ չափով թեթեւցուցած էր ուսերէն, ան դարձաւ գաղութին բազմաձայն մէկ բանբերը: Անոր համակարգիչին մէջ տեղ գտան հարցազրոյցներ, գաղութի միաւորներուն մասին տեղեկագրութիւն, սակայն նաեւ պատմութեան պեղումի արգասիքներ: Հայուն ու իր կուսակցութեան պատմութիւնը մանկուց ներգրաւած էր զինք: Գիտէր, որ իր սերունդը եւ յաջորդները որոշ ծանօթութիւն ունէին, սակայն նորե՞րը: Կիլիկիան ու գրաւեալ հայկական հողերը՝ խլուած աւաններով, ազգային ու յեղափոխական տիպարներ՝ իրենց օրինակելի վարքով ու աւանդ թողած գործերով, պէտք էր ծանօթացնել նորերուն: Ու ան սկսաւ պարբերաբար վերապրեցնել այդ աշխարհէն պատառիկներ, իր կարգին վերապրելով մանկութեան ու երիտասարդութեան տարիները:

***

Ընկեր Նուպարի մեկնումով, յօդուածագրութեան կալուածին մէջ մեծ բաց պիտի չստեղծուի, որովհետեւ նման սիւնակներ գրողներ եղած են ու պիտի ըլլան միշտ: Մեծագոյն բացը պիտի զգայ Սան Ֆրանսիսքոն, որուն հարազատ ձայնն էր ինք տասնամեակներ շարունակ, գաղութի կեանքը տեղեկագրող իր սիւնակներով եւ լուսանկարներով:

Վերջի տարիներուն, ան կ՛ապրէր տագնապ մը: Կը զգար, թէ անկախ առողջական հարցերէն՝ այլեւս նախկին թափով չի կրնար հետեւիլ շրջանի բաբախումներուն: Քանի մը առիթով արտայայտած էր թաքուն մտահոգութիւնը: «Օգնականի պէտք ունիմ… առաջուան պէս ամէն տեղ չեմ կրնար հասնիլ այլեւս… պէտք է երիտասարդ մը օգնութեան հասնի ինծի, յանձն առնէ այս գաղութին կեանքին արձագանգները հասցնել թերթին»: Իսկ ամէնէն ցաւալին՝ «Նորերուն մէջ քիչ թէ շատ հայերէն գրող չեմ տեսներ…» (սա մէկ անձի տագնապը չէ):

Վաստակաւոր ընկեր մը կորսնցուցինք, վաստակ՝ որուն էջերը կերտուած էին սեփական յարկէն մինչեւ ազգային ընտանիքներու պողոտաները: Այդ վաստակը կերտուեցաւ խիղճով, ազգէն ու կուսակցութենէն իր ճիտին դրուած պարտք մը կատարողի յանձնառութեամբ: Անոր համար ալ, անոր կեանքը եղաւ լեցուն: Հիմա, կը մնայ, որ Սան Ֆրանսիսքոյի ձայնը չմարի, դրօշը բարձրացնող մը ըլլայ, ինչպէս որ ինք տարինե՜ր առաջ ձեւով մը բարձրացուց երէց եղբօր թողած դրօշը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. ­Լիզպոնի կտակը՝ ուղերձ ժա

­Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րու ող­ջա­կիզ­ման յու­շը ան­ցած է ժա­մա­նա­կի թա­ւա­

27 Հուլիս 2026
Լիզբոնի ոգին. պատմական պատասխանատվությ

«Մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ հաւատ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ գործեր

27 Հուլիս 2026
Ի Յիշատակ Լիզպոնի «Խենթեր»-ուն

Ո՛չ․․․դժբախտաբար մենք երիտասարդներս, մեր սերնդակիցները այդ օր՝ 23 Յուլիս 1983-

27 Հուլիս 2026
Խմբագրական. Լիզպոնի Պատգամներուն Դէմ Բ

Լիզպոնի գործողութիւնը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կարգախօսով իրականացուա

27 Հուլիս 2026
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի մասնակիցնե

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին երկրորդ օրը, Շաբաթ, 25 Յուլիսին, 900 բանակողներ հ

26 Հուլիս 2026
ՀամաՀՄԸՄական 13րդ Բանակումը Ընթացք Առա

Ուրբաթ, 24 Յուլիսի երեկոյեան, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավա

25 Հուլիս 2026
Հայ պատանդների ազատ արձակումը իրական խ

Միացյալ Նահանգների Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին հարաբերությունների հանձնաժ

25 Հուլիս 2026
Խանասորի Արշաւանքը՝ Հայութեան Պատժող Բ

Յուլիս 25-ը միայն տարեդարձ մը չի՛ խորհրդանշեր, այլ անկիւնադարձ մը, որ կը վերակ

25 Հուլիս 2026
Իշխանությունները փորձում են ծնկի բերել

Ավելի քան ակնհայտ է, որ Գագիկ Ծառուկյանի նկատմամբ, ինչպես նաև բազմաթիվ քաղաքակ

24 Հուլիս 2026
ԹՐԻՓՓ՝ Միգապատ Ճամբան

Շփումներն ու հանդիպումները աւելի յաճախականութեամբ կը շարունակուին եւ ըստ Հ․Հ․

24 Հուլիս 2026
Պայքարը խորհրդարանում պետք է շարունակե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանը հարցազր

24 Հուլիս 2026
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական աշխուժութեամբ եռուն

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական աշխուժութեամբ եռուն օրերը կը շարունակուին Հայաստանի մէջ, ու

23 Հուլիս 2026
Տեղի ունեցաւ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի

18 Յուլիս 2026-ին Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕ նախաձեռնութեամ

23 Հուլիս 2026
Ընտրվել է «Հայաստան» խմբակցության ղեկա

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոբերտ Քոչարյանի գլխավորությամբ տեղի է ունեցել «Հա

23 Հուլիս 2026
ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի հանձնաժող

ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին գործերի հանձնաժողովը կոչ է արել Ադրբեջանի

23 Հուլիս 2026
Իսրայելը Հայոց ցեղասպանության հարցն օգ

Գործնականում մենք մեծ ակնկալիքներ չունեինք, որ Իսրայելի խորհրդարանը՝ Քնեսեթը,

23 Հուլիս 2026
Քնեսէթի իսկական դերը ներկայ խաղին մէջ

Յուլիս 6, 2026 թուակիր իմ յօդուածով («Ռէալփոլիթիքը Իր Իսկական Դիմագծով») հարցա

23 Հուլիս 2026
«Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մա

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-

22 Հուլիս 2026
«Թաւշեայ» թալանչիները…

Հայաստանի յետընտրական շրջանից սկսեալ ամենօրեայ լուրեր տարածւեցին առ այն, որ նի

22 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Լեգիտիմության ճգնաժամի մեջ հայտնված ՀՀ գործող իշխանությունը նոր մակարդակի է հա

22 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company