ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ
11 Հուլիս 2024
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեցին կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք-կաթողիկոսին։
Հոգեւոր Տիրոջ եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին հայրենական վերջին իրադարձութիւններուն, Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրավիճակին, Արցախի ռազմաքաղաքական գերիներու ազատ արձակման հնարաւորութիւններուն եւ երկու կողմերու համահայկական նախաձեռնութիւններուն մասին։
Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու նաեւ Լիբանանի ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական կացութիւններուն մասին։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, շեշտելով միջյարանուանական եւ համահամայնքային համակարգումով աշխատանքներ ծրագրելու եւ իրականացնելու հրամայականը։
