Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը զգուշացնենք շրջանին մէջ թրքական դերակատարութենէն
24 Դեկտեմբեր 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Ալ Ռաշիտ Նիուզ» կայքի «Ֆաուք Թաուիլա» յայտագիրէն Էլիաս Մըրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով շրջանին մէջ թրքական ազդեցութեան տարածման յայտնեց. «Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը զգուշացնենք շրջանին մէջ թրքական դերակատարութենէն: Անձնաւորութիւններ եւ քաղաքական կարգ մը կողմեր մեր կեցուածքը կը վերագրէին մեր հայ ըլլալուն: Այսօր, սակայն, կը տեսնենք իրողութիւնը, որ շրջանին մէջ թրքական-օսմանական ազդեցութեան տարածումն է` Ափրիկէէն մինչեւ Կովկաս եւ Կազա:
«Պէտք չէ մոռնանք, թէ Թուրքիան տակաւին Իսրայէլի հետ զինուորական ռազմավարական համաձայնութիւն ունի` չմոռնալով առեւտրական համաձայնութիւնը: Այսպէս շարունակելու պարագային կ՛ուղղուինք դէպի նոր-օսմանական պետութեան հաստատում` Իսրայէլի համաձայնութեամբ»:
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններու թղթածրարին` Բագրատունի ըսաւ. «2018-ի եւ 2022 թուականներու ընտրութիւններուն ընթացքին, ներկայ ընտրական օրէնքի լոյսին տակ, տեսանք, թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին քաղաքականութենէն դուրս ընտրական դաշինքներ կազմուեցան»` աւելցնելով. «Այժմ պիտի սերտենք, թէ Մեթնի, Պէյրութի եւ Զահլէի մէջ որո՛ւ հետ կրնանք դաշնակցիլ առաւելագոյն թիւով երեսփոխանական աթոռներ ապահովելու համար»:
Ան յիշեցուց, որ նախկին ընտրութիւններու ընթացքին կոչ ուղղած էր` ՀՅԴ-ին քուէարկել չփափաքելու պարագային հայկական միւս կուսակցութիւններուն քուէարկելու` նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ընտրուող երեսփոխանները հասարակական ընդհանուր հաշուետուութենէն առաջ նախ եւ առաջ ներկուսակցական հաշուետուութեան կ՛ենթարկուին:
Պատասխանելով ՀՅԴ-ի հաւանական ընտրական դաշինքին մասին հարցումի մը` Բագրատունի նշեց. «Անկեղծ ըլլալու համար, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականի ճշդումը եւ հրաւէրը ուղղուիլը, ընտրական համաձայնութիւն եւ վերջնական որոշում գոյութիւն չունի»:
