ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Փարիզէն զգաստութեան (հերթական) հրաւէր կազմակերպուած Սփիւռքին

09 Մայիս 2026 Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին պատահածը զգաստութեան հրաւէր է ամբողջ Սփիւռքին։ Արցախը յանձնած իշխանութիւններէն սպասելի էր, որ Արցախի ներկայացուցիչը չհրաւիրէին միջոցառման։ Բայց Թեմի Առաջնորդն ու ֆրանսահայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը հրաւիրեալներու ցանկէն դուրս ձգելը համայնքի՛ն նկատմամբ անարգանք է։ Միաժամանակ, անիկա այս իշխանութիւններուն ապերախտութեան եւ ոխակալութեան ցուցանիշն է։

Ապերախտութիւն՝ որովհետեւ մինչեւ այս նոր կառոյցի ձեռքբերումը, դեսպանատունը գործած է Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ՝ համայնքին կողմէ Հայաստանի պետութեան տրամադրուած շէնքի մը մէջ։ Անցեալ դարու վերջին տասնամեակին անկախացած Հայաստանը շատ շուտով միջազգային ներկայութիւն դարձաւ՝ շնորհիւ առաջին հերթին տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած, եւ իրենց ազգային յանձնառութիւնը երբեք խնդրոյ առարկայ չդարձուցած համայնքներու ու բարերարներու նուիրումով բացուած դեսպանատուներու ցանցին։ Այդ եղաւ անկախութեան ամէնէն սկիզբէն Սփիւռքի ներդրումը հայկական պետականաշինութեան մէջ, որ կարծես Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը ընդհանրապէս հարկ եղած ձեւով չգնահատեց։ Խօսքը հոս կը վերաբերի Սփիւռքի հետ ռազմավարական գործընկերութեան, որ այդպէս ալ երբեք խօսքի սահմաններէն անդին չանցաւ։ Ան եղաւ պատահական, ըստ կարիքի, միշտ սահմանափակ, առանց հայեցակարգման, եւ ոչ ալ քաղաքական օրակարգի մաս կազմող նպատակադրում մը։

Ոխակալութիւն՝ որովհետեւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ մարմինի ղեկավարին՝ Հայաստան մուտքի արգելքը, իր ժամանակին կրկնակի պախարակում մը եղաւ Փաշինեանի կառավարութեան եւ անձամբ իրեն։ Յստակ դարձաւ, որ Հայաստանի ամէնէն աւելի զօրակից Ֆրանսայի նախագահին համար անհասկնալի ու անընդունելի էր նման չհիմնաւորուած եւ էապէս հակաժողովրդավար որոշում մը, զոր իշխանութիւնները ի վերջոյ ստիպուեցան ետ կոչել։ Աւելին, ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ կազմակերպութիւնը միահամուռ կեցուածքով անընդունելի նկատեց այդ խտրական քայլը։

Հայաստանի իշխանութիւնները վստահաբար պիտի արդարանան՝ ըսելով, թէ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ հրաւիրուած էին։ Բայց իրողութիւն է, որ հակառակ իրենց բազմաթիւ ճիգերուն՝ «այլընտրանքային» ներկայացուցչութիւն ստեղծելու, ֆրանսահայութիւնը իր վստահութիւնը տուաւ այն մարմնին, զոր ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չուզեց հրաւիրել միջոցառման։

Եւ փաստը կը մնայ, որ այս իշխանութիւնները ամէնէն խտրական վերաբերմունքը ցուցաբերած են սփիւռքեան կազմակերպուած համայնքներուն նկատմամբ՝ տարբեր այցելութիւններու ընթացքին հանդիպման հրաւիրելով տուեալ համայնքի այն անդամները, որոնց մէջ, ընդհանրապէս, կը բացառուին ներկայացուցչական հանգամանք ունեցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Անոնք կամ Սփիւռքի մէջ իրենց «թմբուկը զարնողներն» են, կամ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրգանական մտաւորականները՝ վարձատրուող կամ կամաւոր։ Կամ ալ անհատներ, որոնք պատրաստ են լսելու ամէն յիմարութիւն, որ իրենց կը հրամցուի, եւ լուռ մնալու, երբ Սփիւռքը, այսինքն՝ իրենք, կը նսեմացուի, չըսելու համար՝ կը նախատուի։

Դիմատետրի վրայ քիչ չեղան այս առիթով Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէագրուած «ամօթ»ի բառացի պատգամները, ինչ որ ցուցանիշ է պատահածին արձագանգին՝ ֆրանսահայութենէն անդին, սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մօտ։ Ճիշդ է, որ նման պարագաներու առանցքային կը դառնայ տուեալ երկրի մօտ ՀՀ դեսպանին վարքագիծը տեղւոյն հայ համայնքին հետ, թէկուզ եւ որպէս պետական պաշտօնեայ ան այլընտրանք չունենայ՝ բացի Երեւանէն եկած ցուցմունքներուն հետեւելէ։ Ամէն պարագայի, եւ բարեբախտաբար, կան բազմաթիւ օրինակներ, որոնք կը բացայայտեն հայ դիւանագէտներու բարձր վարքը, ուր իրենց մասնագիտութիւնն ու հայու յանձնառութիւնը զիրար կ՚ամբողջացնեն։

Կը մնայ, որ մարտահրաւէրը համասփիւռքեան կազմակերպական ցանց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կառոյցներու ղեկավարութիւններո՛ւն է։ Իրե՛նք են, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցածին հետեւող՝ կազմակերպուած Սփիւռքի չեղարկման ամէն դէպքէ ետք, պարտին գիտակցիլ տեղի ունեցածին խորքային պատճառներուն: Այսինքն՝ եթէ մէկ կողմէ կասկած չկայ, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու յոռեգոյն օրինակն է, միւս կողմէ հարկ է վերջապէս հասկնալ եւ ընդունիլ, որ այդ յոռեգոյնի այլընտրանքը կրնայ նաեւ ըլլալ նուազ վատ, ընդունելի, բայց ոչ անպայմանօրէն բաւարարութիւն պատճառելու չափ լաւ, կամ իտէալական ու լաւագոյն։ Փաստօրէն, անկախութենէն ի վեր Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները եղած են, լաւագոյն պարագային, ընդունելի՝ մասնաւորաբար իրենց ձեւաչափով, բայց երբեք այնքան լաւ չեն եղած, որ հայեցակարգուին «ռազմավարական գործակցութեան» մակարդակով, ինչպէս բանաձեւուած է բաժակաճառերու եւ հանրային ճառերու ուռճացուած խօսոյթին մէջ։

Առ այդ, Փարիզի մէջ պատահածը՝ կազմակերպուած Սփիւռքի հերթական անտեսումը, առիթ է կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւններուն եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ սփիւռքահայ մտաւորականներուն՝ իրենց մտահոգութեան կիզակէտին բերելու Սփիւռքի օրակարգը՝ առանց ոչ մէկ պայմանաւորումի կամ պարտաւորումի: Փոխանակ, կրկին անգամ, հայրենիք–Սփիւռք յարաբերութիւններու բարելաւումը կապելու Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան, այսինքն՝ այդ յարաբերութիւններու նախկին «ընդունելի» ձեւաչափին վերադարձին։

Հակառակ ընտրարշաւային մթնոլորտին մէջ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու խոստումներուն, ոչ մէկ մեքանիզմ գոյութիւն ունի, որ կազմակերպուած Սփիւռքին դոյզն իսկ պատեհութիւնը տայ՝ որեւէ ձեւով ազդելու Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութեան կողմէ առնուած որոշումներուն վրայ, կամ նոյնիսկ մասնակցելու իշխանութեան ընտրութեան։ Ոչ ալ յստակ է, թէ հակառակ ամէն փափաքին, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւնները յունիս 7-էն ետք պիտի չմնան իրենց ներկայ յոռեգոյն մակարդակին։

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հորիզոն

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company