Ակնարկ. Մշուշ, Ժամկէտ Եւ Մինչ Այդ
11 Մայիս 2026
Տարածաշրջանին վրայ այնքան քաղաքական մշուշ պատած է, որ իրադարձութիւններու ընթացքին տեսանելիութիւնը փակուած է: Միեւնոյն օրուան մէջ Ուաշինկթընէն կը հնչեն ոչ թէ իրարմէ անջատ ուղղութիւններ պարփակող, այլ ուղղակի զիրար հակասող յայտարարութիւններ: Քանի մը անգամ միջազգային հանրութիւնը իմացաւ, որ պատերազմը աւարտած է: Յետոյ կողմերը մօտ են հիմնարար լուծումի, աւելի ուշ, վերադարձան Իրանը քարտէսէն ջնջելու սպառնալիքները, մինչ շարունակուեցան բանակցային գործընթացի հիմնական կէտերու Թեհրան-Իսլամապատ-Ուաշինկթըն եւ փոխադարձաբար նոյն ուղիով ուղեւորութիւնները: Հիմա, Ուաշինկթըն իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ իրանեան վերջին տարբերակին:
Նոյնը կը պատահի ռազմական հարթութեան վրայ: Նաւագնացութիւնը կ՛արտօնուի, կ՛արգելակուի, ռազմանաւերու ուղղութեամբ յարձակում կ՛ըլլայ. Հորմուզը մասնակի կը բացուի, կը վերափակուի, մինչ ծովային ընդհանուր պաշարումը վերցնելու համար նոր առաջարկներու մասին ակնարկներ կ՛ըլլան, մերթ կը խօսուի Հորմուզի կառավարման միջազգային ձեւաչափի մասին, մերթ ալ Իրան-Միացեալ Նահանգներ գործարքով նոր կանոններու ճշդումի մասին:
Ձգձգումի, լաւատեսութիւն-յոռետեսութիւն փոխանցելով մէկ քայլ առջեւ, երկու քայլ ետեւ այս վարքագիծը իրավիճակի մը ձեւաւորման մասին կը յուշեն: Կիսապատերազմական կամ կիսազինադուլային: Պատճառը` հաւանաբար գործարքի կամ ընդհանուր համաձայնութեան նախապատրաստութիւնն է, իւրաքանչիւր կողմ առաւելներ ձեռք ձգելու համար կէտեր ապահովելու քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի: Մինչ այդ, սակայն, պարզ է, որ մեծ ցնցումներ կը բացառուին, լայնածաւալ պատերազմի վերաձեռնարկելու մասին սպառնալիքներ կը հնչեն, սակայն գործողութիւնները կը մնան սահմանափակ:
Ծովային բախումներուն մասնակիութիւնը եւ չտարածուիլը մտածել կու տան, որ կողմերը ընդհանուր զինադուլը մեծ հաշուով չխախտելու ուղղութեամբ կը շարժին: Անկախ հրապարակուած տարակարծութիւններէն, մէկ կողմէ Իրանի համար կը թուի, որ հրամայական դարձած է իր նաւթարդիւնաբերութեան շարունակումը: Ծովային պաշարումը ծանրագոյն հարուած հասցուցած է իրանեան տնտեսութեան, եւ այս առումով ապաշրջափակումը կենսական է: Մինչ, Ուաշինկթընի համար ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ վառելանիւթի գիներու կտրուկ նուազումը անհրաժեշտ է: Ժամկէտի առումով աննկատ պէտք չէ ձգել նախագահ Թրամփի Չինաստան տալիք պաշտօնական այցելութիւնը: Համաձայնելէ ետք Իրանի հետ, հորմուզեան որոշ խաղաթուղթերով Փեքին մեկնիլը յայտնաբար կարեւոր է:
Հիմա, հայեացքները ուղղենք դէպի Լիբանան: Զինադուլը չի յարգուիր լիբանանեան ուղղութեամբ: Իսրայէլ իր առաջադրած գօտին կը համահարթեցնէ եւ հարաւէն մերթ ընդ մերթ դուրս կու գայ հարուածելու համար արտահարաւեան թիրախներ:
Իսրայէլ գիտակից է, որ ի վերջոյ կնքուելիք է գործարքը: Մինչ այդ կ՛աճապարէ իր առաջադրանքները իրականացնելու եւ առօրեայ, անընդմէջ կը հրթիռակոծէ: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առաջարկուած համաձայնութիւնը իրանեան վարչակարգին համար «փրկութեան լաստ» մը պիտի ըլլայ եւ իրանեան հրթիռային զինանոցը անվնաս կրնայ ձգել:
Իսրայէլացի պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ առաջարկուող համաձայնութիւնը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի աշխատանքի ազատութիւնը պիտի սահմանափակէ: Իսրայէլեան անհանգստութիւնը ակներեւ է: Այստեղ եւս աճապարանք կայ մինչեւ համաձայնութիւն հարցերը լուծելու: Զուգահեռ, Պէյրութ-Թել Աւիւ ուղիղ բանակցութիւններու օրակարգը, նոյնքան մշուշոտ, կը շարունակէ լարել լիբանանեան քաղաքական դաշտն ու հասարակութիւնը:
Մշուշի մէջ երեւցող ձգձգումները, առկախումները, սահմանափակ գործողութիւններն ու մեծ հաշուով զինադուլը պահպանելը ընթացք մըն է, որ ունի որոշակի ժամկէտ: Այս առումով Պէյրութը նախքան բանակցութիւններու մեկնիլը ազգային, պետական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ իրաւունքը ունի Ուաշինկթըն բանագնաց ուղարկելէ առաջ պահանջելու Իսրայէլի կողմէ զինուորական բոլոր յարձակումները դադրեցնել եւ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւն կատարած իր թափանցումներէն ետ քաշուիլ:
Ազդակ
«Ա.»
