Ոչ Յաղթական, Ոչ Պարտեալ
20 Մայիս 2026
Երկար ժամանակէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ կը փնտռէր միջոց մը Իրանի դէմ պատերազմին վերջ դնելու: Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ պատերազմ շղթայազերծած էին, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները ընթացքի մէջ էին, եւ կողմերը կատարուող յառաջդիմութիւններուն համար գոհունակութիւն կը յայտնէին: Իսրայէլի պահանջները համապարփակ էին. Իրանի զինուորական կարողականութեան բնաջնջում, հիւլէական ծրագիրի խափանում, մինչեւ վարչաձեւի փոփոխութիւն: Միացեալ Նահանգներ գէթ հրապարակայնօրէն կը գոհանային հիւլէական ռումբի արտադրութեան արգելքով: Շուրջ 40 օր տեւած ռազմական գործողութիւնները քանդումներ յառաջացուցին, առանց նշուած նպատակներու իրագործումին: Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցին փակումով եւ իբրեւ պատասխան` Ամերիկայի կողմէ Իրանի ծովային շրջափակումով, հարցերը աւելի բարդացան: Իրան ճիշդ է, որ ենթարկուեցաւ ծանր զրկանքներու, սակայն միջազգային տնտեսութիւնը մեծ վնասներ կրեց: Երկու կողմերուն վրայ ճնշումներ բանեցուեցան: Միացեալ Նահանգները իրենց բոլոր պահանջներուն գոհացումով լուծում կ՛ակնկալէին, այլապէս սպառնալով քարուքանդ ընել Իրանը: Իրան զիջումներ կը կատարէր, սակայն կ՛ուզէր պահպանել միջազգային օրէնքներով ամրագրուած իր գերիշխան իրաւունքները:
Վերջին շաբաթներուն Փաքիստան արտակարգօրէն աշխուժ միջնորդութիւն կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ: Քանի մը անգամ մէկուն պահանջներու ծրագիրը մերժուեցաւ միւսին կողմէ եւ փոխադարձաբար: Ի՞նչ կ՛առաջարկէր Իրան համաձայնութիւն կնքելու համար. վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը եւ վերացնել Իրանի ծովային շրջափակումը, Հորմուզի նեղուցի գործածութեան համար տուրք վճարել, պատերազմական տուգանք վճարել, Ծոցի երկիրներու ամերիկեան ռազմակայանները փակել, իւրանիոմի հարստացման եւ պահեստաւորուած հարստացած իւրանիոմի հարցը յետաձգել, պատերազմի վերջնական դադրեցման երաշխիքներ տալ, պատերազմական բոլոր գործողութիւնները (Լիբանանը ներառեալ) դադրեցնել: Այս պայմանները անընդունելի էին Միացեալ Նահանգներուն համար: Պայմանները ընդունելի դարձնելու համար հարկ էր, որ Իրան հրաժարէր կարգ մը պայմաններէ, որոնց գլխաւորը հիւլէական զէնք ունենալու կարելիութեան արգելքն էր:
Երկուշաբթի, 18 մայիսին նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարները իրմէ խնդրած են յետաձգել յաջորդ օրուան համար նախատեսուած քանդիչ յարձակումը Իրանի վրայ: Յայտնի դարձաւ, որ Իրան Փաքիստանի միջոցով 14 կէտնոց նոր ծրագիր մը փոխանցած է, որ իբրեւ բանակցութեան հիմք ընդունելի նկատուեցաւ նախագահ Թրամփի կողմէ: Իրան յայտնապէս կարեւոր զիջումներ կատարած է. Հորմուզի նեղուցէն անցքի տուրքը վերացած է, 60 առ հարիւր հարստացուած իւրանիոմի պահեստը պատրաստակամ է փոխանցելու Ռուսիոյ, իւրանիոմի հարստացման ծրագիրը պատրաստ է խափանել 20 տարի եւ պատերազմական տուգանքի պահանջէն կը հրաժարի: Այս նախապայմաններով բանակցութիւնները ըստ Թրամփի պիտի յանգին կարեւոր արդիւնքներու, որոնք գոհ պիտի ձգեն Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները, Ծոցի երկիրները եւ… ամբողջ աշխարհը:
Նոր գործընթաց մը կը սկսի, որ անպայման աղերս պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Իսրայէլ գոհ պիտի չմնայ շուրջ 80 օր տեւած պատերազմին նման աւարտէն: Իր նպատակները չեն իրագործուիր ու լիբանանեան ճակատը իրանեանէն անջատելու փորձերը աննպատակ պիտի դառնան: Հըզպալլա բնականաբար պիտի ենթարկուի Իրանի կողմէ պատերազմի դադրեցման որոշումին: Լիբանանի կը մնայ օգտուիլ ստեղծուող առիթէն եւ իր անվիճելի իրաւունքները ապահովել արդէն սկսած բանակցութիւններուն:
Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմի դադրեցումը Մերձաւոր Արեւելքի համար խաղաղութեան դարաշրջանի մը յայտարար կրնայ ըլլալ: Ո՞վ յաղթեց եւ ո՞վ պարտուեցաւ: Կողմերը կը ձեւացնեն, որ յաղթած են: Մինչդեռ յաղթական չկայ: Բոլորը պարտուած են, որովհետեւ կռուած են բանի մը համար, զոր խաղաղութեամբ կրնային ապահովել, եթէ անոր կամքը ունենային:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ
