Ակնարկ. Փեքինը` Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Միջեւ
21 Մայիս 2026
Միացեալ Նահանգներու նախագահին չինաստանեան այցելութենէն անմիջապէս ետք Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին Փեքին ժամանելը առաջին տպաւորութեամբ մէկ հանգամանքի վրայ կը կեդրոնանայ: Իրազեկուիլ Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ կայացած (եւ չկայացած) համաձայնութիւններուն մասին:
Բացառապէս այդպէս չէ սակայն: Այցելութեան ժամանակացոյցը նախօրօք ճշդուած էր, որքան որ ալ այս յաջորդականութիւնը քաղաքական մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ: Աւելի հիմնական է երկու գերտէրութիւններուն Փեքին ժամանումը, ինչ որ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Չինաստանին կ՛ապահովէ համընդհանուր միջնորդի դերակատարութիւն:
Մոսկուայի առաջադրանքը «Սիպերիա ուժ 2» նախագիծի գործարկման համար Չինաստանի հետ աշխատանքներու համակարգումն է: Կայ այդտեղ ռուսական աճապարանք: Ուժանիւթի այս նոր ուղեծիրը Մոսկուայի համար կը թուի ըլլալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ նպատակներէն մէկը: Իր ուժանիւթային աղբիւրներու արտահանման լրջագոյն խոչընդոտներ դիմագրաւող Ռուսիոյ համար այս նոր կարելիութիւնը ապամեկուսացման հիմնական կարելիութիւն է:
Սկզբունքով «Սիպերիա ուժ 2»-ը լրիւ կը տեղաւորուի Ռուսիա-Չինաստան ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագիրի սահմաններուն մէջ: Հիմա մանաւանդ, անիկա երկուստեք կրնայ ստանալ անյետաձգելի անհրաժեշտութեան հրամայական: Սակայն կան երանգային խնդիրներ, որոնք պէտք է տեսնել քաղաքական ակնոցով:
Հորմուզի ամբողջական վերաբացումին շուրջ ամերիկեան եւ չինական կողմերը յայտնեցին իրենց համաձայնութիւնը: Չինաստանը հիմնական գնողն է իրանեան ուժանիւթին եւ Իրանի նաւթարդիւնաբերութեան կասեցման ընթացքը բնականաբար անհանգստացուցած էր Փեքինը:
Հորմուզի փակ մնալէն Մոսկուան առաւելներ ձեռք կը բերէր. միջանկեալ արտօնութիւններով ուժանիւթի արտահանում կատարելով, ապամեկուսացման քայլեր կ՛առնէր: Հորմուզի այս վիճակով մնալը Ռուսիոյ համար առաւելութիւն կը համարուէր «Սիպերիա ուժ 2» նախագիծը իրականացնելու:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք յստակացուա՞ծ են այս նախագիծի իրագործման ժամկէտները, Քրեմլինի բանբերը պարզաբանած է, որ յստակ ժամանակացոյց չկայ տակաւին:
Եթէ պահ մը այս յայտարարութիւնը ընկալենք այնպէս, որ անիկա չի ծածկեր իրականութիւնը, ապա կը տարուինք մտածելու, որ ռուսական աճապարանքը «Սիպերիա ուժ 2»-ը գործարկելու, օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն, չէ հանդիպած չինական արագ արձագանգումին: Այս կը նշանակէ, որ Փեքինը կը շարունակէ պահել հաւասարակշռողի իր կարգավիճակը: Այլ խօսքով` շարունակել իր ռազմավարական գործընկերութիւնը, բաց պահելով կամուրջները Ուաշինկթընի հետ:
Այս շրջածիրին մէջ ալ դիտարկենք Չինաստանի այցելութենէն ետք Թրամփի յայտարարութիւնները Իրանի ուղղութեամբ, թէ բանակցութիւնները չափազանց դրական փուլի մէջ են:
Դէպի Չինաստան կատարուած Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահներու այցելութիւններէն անմիջապէս ետք, կը թուի, որ պատահական չէ Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը Մոսկուայի հետ վերաբանակցելու: Զուգահեռ բանակցելու ծրագիրին նկատմամբ դրական արձագանգած է Ուաշինկթընը:
Երեւանը բոլոր պատճառները ունէր այս բոլոր իրադարձութիւններուն միջեւ առկայ կապը նկատելու եւ տեսնելու վերաձեւաւորուող աշխարհակարգի գունաւոր ներկապնակը: Ըստ այնմ նաեւ խուսափելու միջճամբարային կտրուկ անցումներու բերելիք ցնցումներէն:
«Ա.»
«Ազդակ»
