Ակնարկ. Հիմա, 60 Օր Եւ Հարաւի Ազատագրութեան Օրը
25 Մայիս 2026
Շաբաթ օրէն սկսեալ միջազգային լրատուադաշտը կը խօսի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան բարձր հաւանականութեան մասին: Հետզհետէ կը յստականայ, որ համաձայնութիւնը 60-օրեայ ժամկէտով է եւ ունի փոխըմբռնման յուշագիրի տեսք:
Համաձայնելի կէտերը կը վերաբերին`
– Հորմուզի միջանցքի բացումին,
– Բոլոր արտաքին ճակատներու պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումին,
– Իրանեան ուժանիւթի արտահանման,
– Իրանի ծովային պաշարումի վերացումին,
– Իրանի դէմ պարտադրուած պատժամիջոցներու վերացման,
– Իւրանիոմի հարստացման դադրեցումին,
– Հարստացուած իւրանիոմի պաշարներու Իրանէն դուրս տեղափոխման:
60 օրուան ժամկէտի նշանակութիւնը այն է, որ այս կէտերէն մաս մը հիմա կը գործադրուի, մնացեալը կը ձգուի բանակցութիւններուն, որոնց շուրջ սկզբունքով համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ 60 օրուան ընթացքին: Անմիջականօրէն գործադրելիները կը վերաբերին Հորմուզի միջանցքի բացումին, Իրանի ծովային պաշարումի վերացումին, արտաքին ճակատներու պատերազմական գործողութիւններու դադրեցման, Իրանի քարիւղի արտահանման եւ կարգ մը պատժամիջոցներու վերացման:
Եթէ կայանայ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւնը, ապա կը մնան հիւլէական թղթածրարը, իրանապատկան գումարներու ապասառեցումը եւ պատժամիջոցներու վերացումը:
Արտաքին ճակատներու պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումի հանգոյցը կը վերաբերի Լիբանանին: Իսրայէլ անհանգիստ է այս համաձայնութեամբ: Անպայման կ՛ուզէ ներառել կէտ, որ եթէ Հըզպալլան վերազինումի քայլերու դիմէ, ապա Իսրայէլ իրաւունք կ՛ունենայ վերսկսելու պատերազմական գործողութիւնները:
Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ Լիբանան կը նշէ Հարաւի ազատագրութեան եւ դիմադրութեան տօնը, որ կառավարութեան վերաձեւակերպումով դարձած է Հարաւի նահատակ ընտանիքներու եւ անոնց դիմակայութեան զօրակցութեան օրուան:
Եթէ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրուի, եւ կողմերը երթան բանակցութեան` առաջադրանք ունենալով խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը, պատերազմի արդիւնքներուն հանրագումարը կազմելու հաշուեկշիռը կը ներկայացուի համակողմանիօրէն:
Իրան իր գործող վարչակարգի ներկայացուցիչներով կը ներկայանայ բանակցութիւններուն, կը վերսկսի իր քարիւղի արտահանման եւ կ՛ապահովէ իր պատժամիջոցներու վերացման գործընթացը: Լիբանանեան մասով կը խօսուի վերազինումը բացառելու եւ ոչ թէ զինաթափուելու մասին:
Առարկայական ամբողջական գնահատականը անշուշտ կարելի է կատարել խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք: Մինչ այդ, սակայն, այս հանգամանքները կ՛արձանագրուին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեամբ:
«Ա.»
«Ազդակ»
