ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Արեւմուտք թէ Ռուսիա՞. սխալ հարցում մը

05 Հունիս 2026

Յստակ է, ոդ Հայաստանի այժմու խորհրդարանական ընտրապայքարը ներքաղաքական սովորական մրցակցութիւն մը չէ։ Ան վերածուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան, անվտանգութեան եւ պետականութեան կայացման վերաբերող խորքային ու գոյութենական ընտրութեան։ Տասնամեակներ շարունակ արտաքին քաղաքականութիւնը առանցքային դեր ունեցած է Հայաստանի ընտրական գործընթացներուն մէջ՝ պայմանաւորուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ շարունակուող հակամարտութեամբ, Արցախեան հիմնահարցով, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի միջեւ ընթացող աշխարհաքաղաքական մրցակցութեամբ։ Այսօր, սակայն, այդ բոլոր հարցերը հասած են այնպիսի հանգրուանի մը, ուր անոնց հետեւանքները կրնան ուղղակիօրէն որոշել Հայաստանի ապագայ տասնամեակներու ճակատագիրը։

Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ հանրութիւնը համոզել, թէ Արցախեան հակամարտութիւնը «փակուած» է, եւ հետեւաբար Հայաստանը այլեւս կաշկանդուած չէ Ռուսիոյ հետ ունեցած իր պատմական, ռազմավարական եւ անվտանգային կապերով։ Իր «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան ծիրին մէջ ան Արեւմուտք կատարուող շրջադարձը կը ներկայացնէ որպէս բնական, անխուսափելի եւ գրեթէ առանց գին վճարելու իրականացուելիք գործընթաց։ Սակայն արտաքին քաղաքականութիւնը երբեք պէտք չէ կառուցուի ցանկութիւններու կամ զգացական մղումներու հիման վրայ։ Մանաւանդ փոքր պետութիւններու պարագային ան պէտք է հիմնուի սառն դատողութեան, ուժերու հաւասարակշռութեան, տնտեսական իրողութիւններու եւ աշխարհագրութեան անողոք տրամաբանութեան վրայ։

Ռուսիան այսօր անկասկած թուլցած է՝ Ուքրանիոյ պատերազմին, տնտեսական ճնշումներուն եւ միջազգային մեկուսացման հետեւանքով։ Սակայն քաղաքական միամտութիւն պիտի ըլլար ենթադրել, թէ դարաւոր կայսերական մտածողութեամբ առաջնորդուող համաշխարհային դերակատար մը պիտի հեռանայ իր անմիջական ազդեցութեան գօտի համարուող տարածաշրջանէն եւ պիտի չփորձէ վերականգնել իր երբեմնի ազդեցութիւնը։ Հայաստանի նման փոքր եւ խոցելի երկիր մը չի կրնար իր ապագան կառուցել այնպիսի ենթադրութիւններով, որոնք հիմնուած են մեծ ուժի մը վերջնական նահանջին կամ անհետացման վրայ։

Բնական է, որ Արեւմուտքն ալ, իր կարգին, Հայաստանի նկատմամբ չ՚առաջնորդուիր զգացական կամ բարոյական մղումներով։ Միջազգային քաղաքականութեան մէջ մշտական բարեկամութիւններ չկան, կան միայն շահեր։

Բարձր մակարդակի գանատացի դիւանագէտ մը, որ 2023-ի պատերազմի օրերուն միջազգային դիւանագիտութեան առաջնագիծին վրայ կը գտնուէր, մասնաւոր զրոյցի մը ընթացքին բացայայտ կերպով խոստովանած էր, թէ հաւաքական Արեւմուտքին համար Հայաստանը արժէք ունի այնքանով, որքանով կրնայ խնդիր ստեղծել Ռուսիոյ համար։ Դաժան, բայց քաղաքականապէս չափազանց իրապաշտ գնահատական մըն է։ Այդ պայմաններուն մէջ Փաշինեանը շատերու աչքին կը ներկայանայ ոչ թէ որպէս ինքնուրոյն ռազմավար, այլ որպէս աւելի լայն աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու օգտակար գործիք (useful idiot)։

Մինչ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը շարունակէ սրել հակառուսական տրամադրութիւնները, իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի տնտեսական եւ համակարգային կախուածութիւնը Ռուսիայէն հասած է աննախադէպ մակարդակի։ Հայաստանը տակաւին ԵԱՏՄ-ի անդամ է, ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը միայն սառեցուած վիճակի մէջ է, ռուսական ռազմակայանը կը շարունակէ տեղակայուած մնալ Հայաստանի մէջ, Մեծամորի աթոմակայանը կը գործէ ռուսական անմիջական համագործակցութեամբ եւ շատ մը այլ օրինակներ։ Ռուսիան կը մնայ Հայաստանի գլխաւոր առեւտրային գործընկերը եւ տնտեսութեան կենսական ոլորտներու հիմնական դերակատարը՝ հակառակ վերջին օրերուն Մոսկուայէն հնչած սպառնալիքներուն, որոնք անկասկած ընտրութիւններուն միջամտելու ակնյայտ փորձեր են։

Պահ մը մէկդի ձգելով վերջին օրերու զարգացումները, եկէք անդրադառնանք գետնի վրայ առկայ իրականութիւններուն։

Թիւերը խիստ խօսուն են։ Հայաստանի արտաքին առեւտուրին մօտ մէկ երրորդը ուղղակիօրէն կապուած է Ռուսիոյ հետ, իսկ վերարտահանման գործօնը հաշուի առնելու պարագային այդ կախուածութիւնը, ըստ որոշ գնահատումներու, կրնայ հասնիլ մինչեւ վաթսուն առ հարիւրի։ Ամսական հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու դրամական փոխանցումներ Ռուսիայէն կը հասնին հայաստանի ժողովուրդին։ Գիւղատնտեսական արտածումներու զգալի մասը ռուսական շուկայ կ՚ուղղուի, մինչ Եւրոպայի հետ առեւտրական փոխանակումները տակաւին սահմանափակ ծաւալներու մէջ կը մնան։ Հայկական քոնեաքը, սննդարդիւնաբերութիւնը եւ արտադրական բազմաթիւ ճիւղեր տարիներ շարունակ կախուած մնացած են ռուսական շուկայէն։

Ռուս պաշտօնատարներու վերջին զգայացունց յայտարարութիւնները եւս դիւանագիտական պարզ ակնարկներ կամ սովորական զգուշացումներ չեն։ Փութին սկսաւ խօսիլ «ամուսնալուծութեան» մասին, Զախարովան հրապարակաւ զգուշացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքական ընթացքին հարցով, իսկ Ռուսիոյ պետական Տումայի նախագահը բացէիբաց յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ ալ ամէն ինչ այսպէս սկսաւ»։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքանով այդ յայտարարութիւնները գործնական քայլերու պիտի վերածուին, անոնք կը մնան ուժի, ճնշման եւ հնարաւոր պատժամիջոցներու մասին քաղաքական ծանրակշիռ սպառնալիքներ։

Միեւնոյն ժամանակ ռուսական կողմէ ներկայացուած տնտեսական կանխատեսումները, որքան ալ քաղաքական նպատակներով չափազանցուած ըլլան, ամբողջութեամբ անտեսելի չեն։ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու պարագային կը խօսուի համախառն ներքին արդիւնքի (GDP) զգալի անկման, արդիւնաբերական արտադրութեան նահանջի, կազի սակագիներու կտրուկ աճի, գործազրկութեան եւ սղաճի սրման մասին։ Հարցը այն չէ, թէ պէտք է կուրօրէն հաւատալ Մոսկուայի ամէն յայտարարութեան։ Հարցը այն է, թէ վերընտրուելու ձգտող Նիկոլ Փաշինեանը արդեօք ունի՞ յստակ եւ գործնական ռազմավարութիւն այն պարագային, երբ Ռուսիան որոշէ լրջօրէն եւ վերջնականապէս կիրառել իր քաղաքական եւ տնտեսական լծակները։ Այս բոլորը՝ անկախ վերջին օրերուն Եւրոպայի կողմէ տրամադրուած օժանդակութենէն եւ շտապ դասաւորումներէն, որոնք նոյնպէս սերտօրէն առնչուած են ընթացող ընտրապայքարին։

Սա բնականաբար չի նշանակեր, թէ Հայաստանը պէտք է ըլլայ ռուսական լիակատար ենթակայութեան տակ։ Ռուսիան բազմիցս ապացուցած է, թէ իր «դաշնակցային» քաղաքականութիւնը յաճախ առաջնորդուած է բացառապէս սեփական շահերով։ Սակայն նոյնքան վտանգաւոր է Արեւմուտքի խոստումներուն եւ երկակի չափանիշներուն կուրօրէն վստահիլը։ Արեւմտեան մայրաքաղաքները այսօր մեծ մասամբ աչք կը փակեն Հայաստանի մէջ նկատուող իշխանութեան գերկեդրոնացման, պետական կառոյցներու քաղաքականացման եւ ժողովրդավարական նահանջի երեւոյթներուն, որովհետեւ Փաշինեանի կառավարութիւնը ներկայիս կը ծառայէ իրենց աշխարհաքաղաքական առաջնահերթութիւններուն։

Հայաստանը արկածախնդիր փորձարկումներու տարողութիւնը չունի։ Ան պէտք ունի հաւասարակշռուած, ճկուն եւ նոյնքանով սկզբունքային արտաքին քաղաքականութեան. այնպիսի քաղաքականութեան, որ կը բխի ոչ միայն մեծ ուժերու օրակարգերէն, այլ Հայաստանի ազգային շահերէն եւս։ Փոքր պետութիւններու գոյատեւման գաղտնիքը ճամբարափոխութեան մէջ չէ, այլ հակադիր շահերու միջեւ հաւասարակշռութիւն պահպանելու, սեփական շահերը սառնասրտօրէն պաշտպանելու եւ արտաքին կախուածութիւնները խոհեմօրէն կառավարելու կարողութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդը տակաւին ունի այդ քաղաքականութեամբ առաջնորդուելու կարելիութիւնը։ Սակայն այդ ընտրութիւնը պէտք է կատարուի ոչ թէ զգացական քարոզչութեան, անձնակեդրոն պաշտամունքի կամ արտաքին ուժերու խոստումներուն ազդեցութեան տակ, այլ պատմական փորձառութեան, ազգային շահի եւ սթափ դատողութեան հիման վրայ։ Այս ընտրութիւնը «արեւմտամէտ» կամ «ռուսամէտ» ըլլալու մասին չէ։ Ան նախ եւ առաջ հայամէտ, պետականամէտ եւ իրապաշտ ու սկզբունքային մտածողութեան ընտրութիւն է։

Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդական իշխանութիւնները մերժած են կազմակերպուած Սփիւռքին որեւէ իմաստալից մասնակցութիւն ապահովել ընտրական գործընթացին մէջ, վերջնական որոշումը, անշուշտ, Հայաստանի ժողովուրդինն է։ Սակայն իւրաքանչիւր ընտրութիւն իր հետ կը բերէ պատասխանատուութիւն։ Եւ եթէ սխալ որոշում կայացուի, անոր հետեւանքները պիտի չկրեն ո՛չ արտաքին ուժերը, ո՛չ ալ անոնց տեղական ներկայացուցիչները, այլ՝ հայ ժողովուրդը, ինչպէս արդէն բազմիցս պատահած է մեր նորագոյն պատմութեան ընթացքին։

ՍԵՒԱԿ ՊԷԼԵԱՆ
Հորիզոն

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company