ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Մինչեւ Ե՞րբ Այսպէս

30 Հունիս 2026

Հայկական նորագոյն մղձաւանջին սկիզբը յայտնի է, իսկ վերջը դեռ նախատեսելի չէ: Բայց ժողովրդային տրամաբանութիւնը կ’ուսուցանէ, թէ ինչ որ ատենին օր մը սկսած է, օր մըն ալ պարտադրաբար վերջ պիտի գտնէ. գէթ՝ մակերեսային բաժինը:

Ամէն ինչ սկսաւ դատարաններով, զանոնք հակակշիռի տակ առնելու փորձերով: Նախ՝ անոնց գործունէութիւնը առժամաբար խանգարելով: Մէկ օր բաւարար եղաւ անոնց աչքը վախցնելու համար. կամաց-կամաց տկար օղակները հակակշիռի տակ առնուեցան. կարծր ու արժէքաւոր կորիզը դիմադրեց, պատժուեցաւ, չէզոքացուեցաւ: Շուտով հասանք հանրապետութեան գերագոյնին՝ Սահմանադրական դատարանին, աւելի ճիշդ՝ անոր նախագահին, որ համարձակած էր ժողովուրդին վարչապետը ամբողջ հասարակութեան առջեւ վերջինիս բառերով՝ կաշառել բոլորին հայեացքներուն դիմաց, անոր նուիրելով իր ձեռքի գրիչը: Սահմանադրական դատարանի նախագահը անցնելով շնորհազրկումի մէկէ աւելի փուլերէ եւ կարեւոր ու նուազ կարեւոր օրէնքներու ոտնակոխումով օր մը վերջապէս դուրս եկաւ իր բարձրաստիճան պաշտօնէն վերածուելով Հայաստանի Հանրապետութեան անվնաս քաղաքացիի:

Հետագային վարչապետի հակակշիռին տակ անցան պետական կարեւոր բոլոր կառոյցները՝ կատարելագործելով Եւրոպական Միութեան վայել ժողովրդավարութիւնը:

Այսպէս, Սահմանադրական դատարանի անդամները, որոնք նշանակուած էին տարբեր նախագահներու եւ յաջորդական Ազգային ժողովներու կողմէ, անոնք գրեթէ ամբողջութեամբ դարձան միագոյն՝ ժողովուրդի վարչապետին ճաշակին յարմարելով: Անոնք տրամաբանօրէն իրենց նստած հանգիստ աթոռներուն վրայ օր մը պէտք պիտի ըլլային իրենց երկնընծայ բարերարին: Օրինակի համար՝ հիմա, երբ նոյն վարչապետը խայտառակ ընտրապայքարէ եւ նոյնքան խայտառակ ընտրական աճպարարական փուլերէ ետք ինքզինք, յուսանք միայն առժամաբար, վերահաստատած է վարչապետական բազկաթոռին վրայ: Իր եւ իր կուսակիցներուն դէմ կը գանգատին թեկնածու հոսանքներէն եօթը՝ լուրջ ամբաստանութիւններով եւ զանոնք հիմնաւորելու համար Սահմանադրական դատարանին ներկայացնելով պարտն ու պատշաճը: Բնական է, միակողմանի դատարանէ մը արդարութիւն ստանալու հաւանականութիւնը աւելի ցած է, քան Սահարայի կեդրոնը տեղատարափ անձրեւի մը հաճոյքը ըմբոշխնելը. նոյն ատեն սակայն՝ սկիզբէն դատելը շիտակ չէ: Սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ութամեակին տեւաբար ունեցած ենք օրինազանց իշխանութիւն եւ օրինապահ ընդդիմութիւն: Յունիս 7-ի ընտրութիւնները նախորդող եւ յաջորդող օրերու իշխանութիւններու քաջագործութիւններուն մօտէն հետեւողները ըմբոշխնեցին իշխանութիւններու աճպարարութիւններու այլազանութիւնը եւ անոնց չափերու անսահմանութիւնը: Վստահաբար բողոքողները մանրակրկիտ ներկայացուցած են ընտրութենէն շատ առաջ սկսած հալածանքները ընդդիմադիր ուժերուն դէմ, ընտրութեան օրը տեղ-տեղ ստեղծուած սարսափի մթնոլորտը եւ ընտրութենէն վերջ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի «սրբագրութիւններ»-ը եւ մեծ հաւանականութեամբ ընտրութեան շեմը անցած կուսակցութեան շնորհազրկումը, ինչ որ նպաստաւոր էր իշխանական կուսակցութեան համար. ան այդ ձեւով գողցուած յաւելեալ պատգամաւորական աթոռներով կ’երաշխաւորէր յաջողութիւնը հետագայ իր կործանարար աշխատանքներուն, որոնք կը միտին աւելիով տկարացնել հայոց արդէն իսկ խարխլած պետականութիւնը:

Չեմ կրնար գիտնալ, թէ ինչքանո՛վ հետեւեցաք ընտրութիւններու ընթացքին, յատկապէս՝ ընտրական կեդրոններու փակումէն ետք: Նախ ըսենք, որ կրկնուեցաւ նոյն երեւոյթը, ինչ որ կը պատահի ընդհանրապէս ներկայ իշխանութիւններուն կազմակերպած բոլոր ընտրութիւններուն պարագային. այսինքն՝ որոշ ընտրական կեդրոններու մէջ ելեկտրականութիւնը դաւաճանեց ընտրական պարկեշտութեան՝ դժուարացնելով որոշ կեդրոններու մէջ քուէներու հաշուարկը եւ դիւրացնելով սեւ ձեռքերու աշխատանքը: Կեդրոնական յանձնաժողովը կէս գիշերէն շուրջ երկու ժամ վերջ ընդհատեց իր աշխատանքը եւ գնաց … քնանալու՝ իր գործը յաջորդ առաւօտ արեւու լոյսով շարունակելու համար: Իսկ մինչ այդ ամէն ինչ կատարուած էր:

Առիթը ունեցա՞ք տեսնելու եւ լսելու հինցած վարչապետի յայտարարութիւնը յունիս 8-ի առաջին ժամերուն: Ան շրջապատուած էր իր անմիջական գործընկերներով: Ան, ստանձնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը, ըրաւ կարճ յայտարարութիւն մը՝ հաղորդելու համար, որ մինչեւ այդ վայրկեանը հրապարակուած քուէներու թիւերուն տուեալներով իր կուսակցութիւնը յաղթական է եւ հետեւաբար ան առանձին պիտի կազմէ կառավարութիւնը եւ թէ վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին առաւօտուն: Կ’արժէ անգամ մը դիտել համապատասխան տեսանիւթը մէկ-մէկ դիտելով իւրաքանչիւրին դէմքը, բռնազբօսիկ ժպիտները, կանխորոշուած ծափողջիւններն ու աջ-ձախ նայուածքները: Դէմքերը, ի դէպ, շատ խօսուն էին: Զաւեշտը ցարդ կատարեալ է: Յուսանք, որ ողբերգութեան չվերածուի յաջորդ շաբաթներուն եւ մինչ այդ կ’իմանանք ամբողջ իրականութիւնը եւ միայն իրականութիւնը, որ վերջին 8 տարիներուն գրեթէ ամբողջութեամբ թաքնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն: Սահմանադրական դատարանի եզրակացութիւնը ընտրութիւններու արդիւնքին կողքին միաժամանակ վկայականը պիտի ըլլայ իր՝ Սահմանադրական դատարանին համար: Անիկա ցոյց պիտի տայ, թէ բարձրագոյն դատարանը որքա՛ն կառչած է Սահմանադրութեան տառին ու ոգիին, քանի սահմանումով իսկ բարձրագոյն դատարանը գերագոյն պահապանը կը հանդիսանայ սահմանադրութեամբ արտայայտուող Հայաստանի Հանրապետութեան դաւանած արժէքներուն: Իսկ նկատի ունենալով վերջին տարիներու փորձառութիւնը՝ Սահմանադրական դատարանի որոշումները մեկնաբանելը շատ դժուար պիտի չըլլայ: Իշխանութիւններու պառակտիչ արտայայտութիւնները գործածելով շատ դժուար պիտի չըլլայ սեւը ճերմակէն զանազանելը:

Արժանապատւութիւն ունեցող ոեւէ անհատի կամ խմբակի համար, որ ժողովուրդի քուէներուն հետ կը վերաբերի այնպէս, ինչպէս ըրին տակաւին իրենց իշխանութիւնը անամօթաբար պահողները, պետական աշխատանքը շարունակելու թէական հեռանկարն իսկ սրբապղծութեան ոլորտին ծիրին մէջ կը գտնուի: Դեռ առանց նկատի ունենալու այն վիճակը, որուն մէջ կը գտնուի այսօր հանրապետութիւնը եւ որուն միակ պատասխանատուն շրջանաւարտ իշխանութիւնն է իր ամբողջ կազմով:

Ո՞ւր հասցուցած են երկիրը այս իշխանութիւնները, որոնք կը յաւակնին շարունակել կործանարար աշխատանքը: Իրենց կառավարմամբ երկիրը դատապարտուած պիտի ըլլայ շարունակելու իր վայրէջքը մինչեւ անխուսափելի վերջնական անկում: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է դիմանալ այսպէս:

Աշխարհի ներկայ վիճակը կը յիշեցնէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակը: Ատենին Ժան Ժորեսը պատերազմը կանխարգիլելու ճիգեր թափեց, սակայն իր ճիգը յաջողութեան չառաջնորդեց: Պատերազմը տեղի ունեցաւ: Հայութիւնը ունեցաւ ահաւոր կորուստներ, բայց նաեւ՝ հիմեր դրուեցան ապագայի կեանքի վերակազմակերպման համար: Այսօր կայ առաջինի կրկնութեան վտանգը՝ կեղծ «խաղաղութիւն» վերնագրով, բայց չկայ ապագայի պատրաստութիւնը: Աշխատող ղեկավար ուղեղը մէկ է, ատիկա ալ՝ բացայայտօրէն հիւանդ: Անմիջական փոփոխութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է: Ահազանգ հնչեցնողները կան, բայց դժբախտաբար մտիկ ընող չկայ:

2018-ի մայիսին իշխանութեան ղեկը խլողները չարաչար ձախողած են: Երկիրը բերած են անդունդի եզրին: Աշխարհը կ’ուղղուի դէպի քաոս, իսկ երկիրը ինքզինք զրկած է իր դաշնակիցներէն: Ներկայի անուանական դաշնակիցի դերը ժառանգելու կարողական թեկնածուները հայութեան ցեղասպանները կամ անոնց ժառանգորդներն են: Աւելի՛ն՝ անոնց դաստիարակութիւնը զիրենք կ’առաջնորդէ դէպի Հայաստանի վերացումը տարածաշրջանի քարտէսներէն: Ի մտի բերելով ներկայ իշխանութիւններու գործունէութեան հոլովոյթը, կը տեսնենք, որ անոնց համար կարեւոր է կարողական դաշնակիցներու փափաքներու անմիջական գոհացում տալը: Ասիկա՛ ցոյց կու տայ իրենց վարկը առաջին օրէն՝ ցայսօր: Ասիկա ցոյց կու տայ Արցախի բանակցային աշխատանքներու տապալումը, 44-օրեայ պատերազմի հրահրումը, մեծ հաւանականութեամբ կամաւոր հայկական պարտութիւնը, պատերազմը որոշ փուլի կեցնելու ռուսական առաջարկի մերժումը, պատերազմի աւարտին համաձայնութեան կէտերուն գետնի վրայ իրականացման հետապնդումի չկամութիւնը, անհրապոյր Շուշիի յանձնումը թշնամիին, երբ ան նիւթ չէր դարձած բանակցութիւններու ընթացքին. եւ դեռ Հայաստանի սահմանային կարգ մը կարեւոր շրջաններու կամաւոր յանձնումը, դէպի հարաւային սահման առաջնորդող ճամբուն բաւական երկար հատուած մը թշնամիին տրուած նուէրը, նոր՝ թշնամիին ճաշակին յարմարելով սահմանադրութիւն մը որդեգրելու խոստումը, «իրական»՝ բաճկոնի օձիքին վրայ անցուած Հայաստանը ազերի բնակչութեամբ ողողելու ծրագիրներու դիմաց պահուող քար լռութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ լաւագոյն պարագային չէզոք վերաբերումը եւ հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման ուղղութեամբ նուազագոյն կամքի, ուր մնաց՝ ճիգին պակասը: Այս բոլորը կը փաստեն օգոստոս 2-ին իր պաշտօնավարութիւնը վերջնականօրէն աւարտող կառավարութեան սնանկութիւնը:

Յաջորդ կառավարութիւնը չի կրնար նոյնը ըլլալ, մանաւանդ որ ընտրութիւններու արդիւնքը հեռու է ըլլալու այն, ինչ որ կանխահասօրէն չամչցաւ յայտարարելու շրջանաւարտ վարչապետը եւ յետ ընտրութեան կատարուած գեղագիտական խորունկ փոփոխութիւններով գործադրեց իր նշանակած (… ի՜նչ տիպար ժողովրդավարութիւն) Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անջիղ ղեկավարը:

Ալ կը բաւէ՛. մինչեւ ե՞րբ այսպէս: Յաջորդ ամիսներու օրակարգը վճռորոշ պիտի ըլլայ հայոց վտանգուած պետականութեան ճակատագրին համար: Դուք վարժուած էք մեր իրաւունքները ուրիշին զիջելու: Ճամբան ազատեցէ՛ք զանոնք պաշտպանել գիտցողներուն առջեւ:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պոսթըն, 30 յունիս 2026

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company