ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Խոչընդոտ Ստեղծող Ցեղասպանութեան Ճանաչում Մը

03 Հուլիս 2026 «Աշխարհը չափազանց շփոթեցուցիչ վայր մըն է։ Եթէ պատրաստ չես զարմանալու եւ տարակուսելու, կը վերածուիս ուրիշին մտածողութեան պարզ կրկնօրինակին»։

Նոամ Չոմսքի (ծագումով հրեայ ամերիկացի մտաւորական, փիլիսոփայ, լեզուաբան, քաղաքական գործիչ եւ հասարակական քննադատ)։

Ահաւասիկ այլ գլխացաւ (դժբախտաբար) մը Հ․Հ․ ներկայ իշխանութիւններուն համար։ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը քանի մը օր առաջ միաձայնութեամբ հաստատեց 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Այս քայլը պատմական շրջադարձ մըն է, որ վերջ կը դնէ տասնամեակներ շարունակ որդեգրուած այն լուսանցքի տակ առնելու, հարցը ծածկելու եւ մոռացութեան մատնելու քաղաքականութեան։

Նման որոշում հեռու է զգացական եւ հոգեբանական ապրումներէ։ Մութ հաշիւներ, որոնք արդէն իսկ ցայտուն եւ ակներեւ են, պատճառ հանդիսացան, որպէսզի այս որոշումը առնուի։

Իսրայէլեան տարբեր կուսակցութիւններէ քաղաքական գործիչներ տարիներ շարունակ կը պնդէին, թէ ողջակիզումէն ետք հիմնադրուած պետութիւնը ունի առանձնայատուկ բարոյական պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն՝ ճանչնալու նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնները։

Շատեր կը շեշտէին, թէ այս լռութեամբ՝ կրաւորական հնազանդութեամբ (passive obedience), հակասութեան մէջ էր Իսրայէլը՝ պատմական յիշողութեան պահպանման հռչակուած սկզբունքներուն հետ։

Սակայն, առ հասարակ քաղաքականութեան մէջ, եւ յատկապէս Իսրայէլի պարագային, արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր որոշումները շարժառիթներ են եւ հազուադէպօրէն միայն բարոյական նկատառումներէ կը բխին։

Իսրայէլի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, նախագահ Էրտողան դատապարտեց որոշումը՝ մեղադրելով Իսրայէլը պատմութիւնը քաղաքական նպատակներով շահագործելու մէջ։ Թրքական իշխանութիւնները նաեւ պնդեցին, թէ Կազայի պատերազմին պատճառով միջազգային քննադատութեան ենթարկուող Իսրայէլը բարոյական իրաւունք չունի Թուրքիոյ պատմութեան մասին դատողութիւններ կատարելու։

Էրտողան քաջատեղեակ է, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար վատթարացած են։ Յատկապէս Կազայի շուրջ տարակարծութիւնները, Էրտողանի հետզհետէ սրացող հակաիսրայէլեան յայտարարութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ տարածաշրջանային մրցակցութիւնը արմատապէս փոխած են նախկին ռազմավարական համագործակցութիւնը։

Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու այս «փլուզումը» ջնջեց գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը, որ տասնամեակներ շարունակ արգելք հանդիսացած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման։ Հետեւաբար, անակնկալ մը չէր, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը որոշումը բնորոշեց որպէս պատմական եւ բարոյական պարտաւորութիւն՝ ընդգծելով, որ պատմական ճշմարտութիւնը արդէն վաղուց ժամանակավրէպ չէր, այլ յապաղած անհրաժեշտութիւն։

Այս սուր վիճաբանութիւններու լոյսին տակ, երբ մէկը միւսին կը քննադատէ եւ թերութիւններ կը մատնանշէ, առանց ենթագիտակցելու, թէ ինք նոյն թերութիւնը ունի կամ նոյն հակասող կեցուածքը կը ցուցաբերէ, անվարան տեղին է շէյքսփիրեան լեզուով յաճախ արձագանգուող եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող․- «Look who’s talking!» («Տե՛ս, ո՛վ է խօսողը») արտայայտութիւնը նշել եւ ընդգծել։

Ակներեւ է, թէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հասած են վերջին տասնամեակներու ամենացած մակարդակներէն մէկուն։
Այս պրիսմակէն դիտուած ճանաչումը ոչ միայն բարոյական յայտարարութիւն է, այլ նաեւ դիւանագիտական ազդեցիկ ազդանշան՝ ուղղուած Անգարային։

Նորութիւն չէր, որ Էրտողան վերահաստատեց Անգարայի վաղեմի տեսակէտը, թէ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն գոյութիւն չունի։ Ան նաեւ շարունակեց պնդել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւները պատմական ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաստատումներ չեն, այլ քաղաքական ճնշում բանեցնելու փորձեր՝ ուղղուած Թուրքիոյ դէմ։

Այս դիրքորոշումը տարիներու ընթացքին ոչ մէկ էական փոփոխութիւն կրած էր։ Միւս կողմէն, թէեւ Ատրպէյճանը պատմականօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քննարկումներուն գլխաւոր դերակատարը չէ եղած, սակայն իսրայէլեան այս որոշումը անխուսափելիօրէն ազդեցութիւն ունի նաեւ Պաքուի վրայ։ Լափալիսեան իրականութիւն մըն է, որ Թուրքիան կը մնայ Ատրպէյճանի ամենամօտ ռազմավարական դաշնակիցը։ Երկու երկիրներն ալ իրենց յարաբերութիւնները յաճախ կը բնորոշեն «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» բանաձեւով։ Բնականաբար Անգարայի պատմական դիրքորոշումները հետեւողականօրէն կը պաշտպանուին Պաքուի կողմէ։

Ուստի Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ պատմական տեսակէտին հակասող որոշումը բնականաբար դիւանագիտական անյարմարութիւն կը ստեղծէ Պաքուի համար, որ տարածաշրջանէն ներս, Իսրայէլի ամենասերտ ռազմավարական գործընկերն է։

Այս բոլորին կողքին, սակայն հայորդիին համար մտահոգիչն ու զարմանալին Երեւանի կեցուածքն է, որ փոխանակ այս ոսկի առիթը օգտագործելու, իր կիզակէտը սեւեռած է Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ամէն գնով «դասաւորելու» եւ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կուրօրէն կառչած մնալով, ստեղծելիք իր «երազային խաղաղութեան», յայտարարեց, թէ Հայաստանը երբեք չի ցանկար «զէնքի վերածել» Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ զայն օգտագործել ներկայ աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններուն մէջ։ Ան աւելցուց, որ պատմական ճանաչումը պէտք չէ վերածուի երրորդ երկիրներու դէմ ուղղուած քաղաքական գործիքի։

Հայ ժողովուրդին համար այս քայլը ունի բացառիկ բարոյական եւ խորհրդանշական արժէք, նոյնիսկ եթէ շատեր կը գիտակցին, որ անոր ժամանակաւորումը նաեւ աշխարհաքաղաքական նկատառումներու արդիւնք էր։

Անընդունելի եւ բռնօրէն քննադատելի են Փաշինեանի անտեղի հաստատումներն ու կրաւորական դիմադրութիւնը (passive resistance) եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան լռութիւնը։

Յամենայնդէպս, Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի այս որոշումը տակաւին պէտք է վաւերացուի երկրի գերագոյն օրէնսդիր մարմինին` Քնեսէթին կողմէ, որպէսզի դառնայ պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը։

Նոամ Չոմսքի իմաստուն այլ խօսք մըն ալ ունի,- «Ընդհանրապէս ժողովուրդը չի գիտեր, թէ ի՞նչ կը պատահի, եւ նոյնիսկ չի գիտեր, որ ինք չի գիտեր…»։ Հասկցողին շատ բարեւ։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իսրայելի հետ մեր շահերի համընկնումից պ

Իսրայելի կողմից Հայոց ցեղասպանության ճանաչման նախաձեռնությունը պետք է դիտարկել

03 Հուլիս 2026
Խոչընդոտ Ստեղծող Ցեղասպանութեան Ճանաչո

Նման որոշում հեռու է զգացական եւ հոգեբանական ապրումներէ։ Մութ հաշիւներ, որոնք

03 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մր

Լիբանան-Իսրայէլ ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի նկատմամբ կան ուշագրաւ մե

03 Հուլիս 2026
Ռուսական էներգակիրների փոխարինումը տեխ

Եվրահանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն դեր Լայենի՝ հայկական արտահանումը եվրոպակ

02 Հուլիս 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Աﬔրիկայի 60-րդ Շրջանային ժողովը գումար

02 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Պատմութեան ուրացումը եւ վստահո

Էրդողանի այս յայտարարութիւնը ոչ միայն պատմական փաստերի բացայայտ խեղաթիւրում է,

02 Հուլիս 2026
Երբ Կը Պոկուի Դրօշը, Կը Փորձուի Պոկել

Վերջին օրերուն Երեւանի փողոցներուն վրայ զարգացող Արցախի դրօշակին հանդէպ անհեթե

01 Հուլիս 2026
Եռակողմ Յուշագիրը Գործադրելի՞ Է

26 յունիս 2026-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կո

01 Հուլիս 2026
Խախտումները եղել են համակարգված՝ ուղղ

Այսօր՝ վեցերորդ օրն է, ինչ Սահմանադրական դատարանը քննում է յոթ քաղաքական ուժեր

01 Հուլիս 2026
Լիբանանում հրադադարը դեռևս չի նշանակու

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Արեւելքի հարցերով պ

01 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Ցեղասպանութիւն, Ռազմավարական Ե

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իսրայէլի կառավարութեան որոշումին շարժառիթները յս

01 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Ազատ կամք եւ ընտրութեան պատրան

Ինչպէս է հասարակութեանը յուզող խնդիրը դառնում քաղաքականութիւն, կամ՝ քաղաքականո

30 Հունիս 2026
Ալիևը հարցը հասցրել է ՄԱԿ՝ պահանջելով

Ադրբեջանցիների վերաբնակեցումն իրականացնելու նպատակով Ալիևը մի շարք կարևոր քայլ

30 Հունիս 2026
Մինչեւ Ե՞րբ Այսպէս

Հայկական նորագոյն մղձաւանջին սկիզբը յայտնի է, իսկ վերջը դեռ նախատեսելի չէ: Բայ

30 Հունիս 2026
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներու աշխոյժ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքը աշխոյժ եռուզեռի մէջ է։ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա,

29 Հունիս 2026
Ակնարկ. 14+1 Կէտեր

Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ե

29 Հունիս 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի յայտ

Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութի

28 Հունիս 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը միացե

Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը միացել է հունա-ամերիկյան կազմակերպությունների

28 Հունիս 2026
Տեղի ունեցավ «Եղիշե Չարենցի գրական-քա

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի և ՀՀ ԳԱԱ պատմո

27 Հունիս 2026
Բողոքի ցույց՝ Սահմանադրական դատարանի ա

Այսօր՝ հունիսի 26-ին, Սահմանադրական դատարանը քննում էր հունիսի 7-ի խորհրդարանա

26 Հունիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company