Ակնարկ. Լիբանանի Մէջ Թրքական Խաղեր` Մրցակցութեան Տեսարաններով
03 Հուլիս 2026
Լիբանան-Իսրայէլ ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի նկատմամբ կան ուշագրաւ մեկնաբանային հրապարակումներ` Թուրքիոյ անհանգստութեան մասին: Այդ նիւթերը կը խօսին Անգարայի խոր մտահոգութիւններուն մասին, Իսրայէլի Լիբանանի մէջ դերակատարութեան աշխուժացման եւ ազդեցութեան նոր տարածքի գրաւման մասին:
Թրքական այս մտահոգութիւնը անմիջականօրէն կը կապուի նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն, որ Կազան, Սուրիան եւ Լիբանանը Թուրքիոյ անվտանգային համակարգի կարեւոր կէտեր են, եւ թէ իրենք չեն արտօներ այնտեղ կատարուող որեւէ ոտնձգութիւն` զայն նկատելով ուղիղ սպառնալիք:
Հրապարակումները կ՛ակնարկեն ամսավերջին Լիբանանի վարչապետին Անգարա տալիք այցելութեան, այս հարցերու քննարկման նպատակով: Կայ նաեւ յորդոր խորքային դիտարկելու Սուրիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները եւ դասեր վերցնելու այդ բոլորէն:
Թրքական այս դիրքորոշումը առաջին հայեացքով կը կապուի Իսրայէլի հետ տարածաշրջանին մէջ հետզհետէ սրացող մրցակցային պայքարին: Ճիշդ է, որ սուրիական տարածքներու վրայ այս երկու երկիրներու շահերը բախեցան իրար, տեղի ունեցան միջնորդաւորուած զինեալ ընդհարումներ` Դամասկոսի ուժերուն եւ տիւրզիներուն միջեւ: Առաջինը` թրքական հովանաւորչութիւնը վայելող, երկրորդը` իսրայէլեան:
Հիմա լիբանանեան տարածքի վրայ շահերու բախումի մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին: Ստորագրուած համաձայնութիւնը կը մերժուի Անգարայի կողմէ:
Այս քայլով Անգարան նաեւ ներլիբանանեան հատուածի, այս պարագային սիւննի բնակչութեան իր ազդեցութեան տակ գտնուող զանգուածին ուղերձ կը յղէ մերժելու համաձայնագիրը: Անշուշտ ուղերձը միայն այդ թիրախով չի սահմանափակուիր:
Զուգահեռ, այս բոլորին կապուող տեղեկատուութիւն առկայ է, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին զէնքի մենաշնորհման օրակարգով թղթածրար փոխանցած է պաշտօնական Պէյրութին:
Այս ենթադրեալ եղելութիւնը անմիջապէս կը յիշեցնէ նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը առ այն, որ Դիմադրութեան զէնքի խնդիրի լուծումը պէտք է փոխանցել Սուրիոյ, մանաւանդ որ Իսրայէլ միայն աւերումներով չի յաջողիր լուծել խնդիրը:
Խճանկարի բաղադրիչները ճիշդ շարելու փորձ մը կ՛ուրուագծէ ամերիկեան-թրքական համակարգուած ծրագիր մը: Լիբանանի մէջ թրքական դերակատարութեան աշխուժացումը, առ երեւոյթ ի հակակշիռ Իսրայէլին, բայց նաեւ ցոյց կու տայ իրանեան ազդեցութեան ձգելիք բացը լրացնելու պատրաստակամութիւն:
Պէտք չէ անտեսել այն հաւանականութիւնը, որ ի վերջոյ հեռահար նպատակը` Դիմադրութեան զինաթափումը Իսրայէլի առաջադրանքն է: Այս առաջադրանքին գծով հիմա թղթածրարի տեսքով, ապառազմական տարազով, առաջարկի շղարշով Դամասկոսի ճամբով Անգարան է, որ դեր կը վերցնէ: Այս դերի ստանձնումը Դամասկոսին յղուած ամերիկեան ակնարկով սակայն ըստ էութեան Անգարան նկատի ունենալով Ուաշինկթընը կը կատարէր:
Լիբանանի մէջ Թուրքիան իր ազդեցութեան գօտին` մշակութային, կրթական, ժողովրդագրական, բայց յատկապէս տնտեսական, երկար ատենէ ի վեր կը ձեւաւորէր: Տեսանելի թիրախը հիւսիսային շրջանն էր: Հիմա, իր անվտանգային համակարգին սպառնալիք նկատելով Անգարան Իսրայէլի դէմ յայտարարողական մակարդակի վրայ թէժացումը բարձրակէտին կը հասցնէ` ուղերձ յղելով Իսրայէլին, որ իրեն համար կարմիր գիծ նկատուող սահմանները չհատէ, Իրանին, որ կը մերժէ Լիբանան-Իսրայէլ շրջանակային համաձայնագիրը, Լիբանանի սիւննի զանգուածին, որ դիրքորոշուի համաձայնագիրին դէմ եւ Միացեալ Նահանգներուն, որ պատրաստ է Դամասկոսի ճամբով զէնքի մենաշնորհման օրակարգը ստանձնելու, ոչ ռազմական ճանապարհով:
Եթէ այս նախադրեալները սկսին հետզհետէ իրականանալ, ապա ականատես կը դառնանք Լիբանանի եւ տարածաշրջանին մէջ Անգարայի նոր դերակատարութեան առարկայացման քաղաքականութեան:
Այս բեմագրութիւնը սակայն չ՛ենթադրեր Իսրայէլի առկայութեան չէզոքացում եւ իսրայէլեան ուժերու հեռացում լիբանանեան ինքնիշխան տարածքներէն: Խաղը կը շարունակէ վարել Ուաշինկթընը, իրար հակակշռող եւ իրար լրացնող դերերու մէջ տեղադրելով Թուրքիան եւ Իսրայէլը: Հիւսիսի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը եւ հարաւի մէջ Իսրայէլի ներկայութիւնը այդ ընդհանուր միտումին դրսեւորումներն են:
Իսկ այս պատկերը կը յիշեցնէ Սուրիոյ այսօրուան վիճակը: Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութեան գօտիները փոխարինուած են Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ոչ միայն ազդեցութեան, այլ նաեւ ուղղակի անվտանգութեան գօտիներով, ռազմական ներկայութիւններով:
Այս հանգամանքները կրնան աւելիով պարզաբանել Իսրայէլ-Թուրքիա ցեղասպանութեան յանցանքներով զիրար ամբաստանելու եւ ցեղասպանութեան ճանաչումներու երեւոյթները:
«Ա.»
«Ազդակ»
