Պատնէշել Գահավիժումը
08 Հուլիս 2026
Ներելի՞ էր պատրանք ունենալ, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը օրէնքներու ճշգրիտ գործադրութեամբ արդար որոշում կը կայացնէ: Առնուազն կը վերահաստատէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ստացած բովանդակ ձայները եւ անոր վերադարձնէ Ազգային ժողովի հինգ պատգամաւորի իրաւունքը: Պատրանքը չիրականացաւ. Սահմանադրական դատարանը լակոնական որոշումով մը վերահաստատեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի բաշխումը: Իններորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կ՛ունենայ 64 պատգամաւոր, «Ուժեղ Հայաստան»-ը 29, եւ «Հայաստան» դաշինքը` 12: «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը ապահովեց սահմանադրական որակուած օրէնքներու եւ կարեւոր պաշտօններու համար անհրաժեշտ երեք հինգերորդ մեծամասնութիւնը, որ 63 է: Առկախ մնաց սահմանադրութեան փոփոխութեան համար անհրաժեշտ երկու երրորդը, որ 70 ձայն կը պահանջէ:
Ըսած էինք արդէն, իսկ այժմ կը վերահաստատենք, որ հանրային կարծիքը Նիկոլ Փաշինեանն ու իր «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը օրինաւորապէս յաղթական չի նկատեր: Կազմաւորուող Ազգային ժողովը օրինական չէ. այս ժողովը պիտի ըլլայ իրողական (տը ֆաքթօ) խորհրդարան, իսկ անկէ ծնած կառավարութիւնը` նոյնպէս իրողական կառավարութիւն:
Խորհրդարանական ընտրութիւնը հազիւ աւարտած, յստակ դարձաւ, որ իշխանութիւնները միջոց պիտի չխնայեն մեծամասնութիւն, նախընտրաբար` երկու երրորդի սահմանադրական մեծամասնութիւն, ապահովելու համար: Հապճեպօրէն ձեռնարկուած միջոցառումները կրցան միայն երեք հինգերորդը ապահովել: Պէ՞տք էր համակերպիլ ապօրինաբար ձեւաւորուած խորհրդարանին եւ ընդունիլ 29 եւ 12 պատգամաւորական տեղերը: Երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան» դաշինքը, համարեցին, որ իրենց բացակայութիւնը խորհրդարանէն զիրենք պիտի զրկէ իշխանութեան քայլերը քննադատելու եւ հանրութիւնը իրազեկելու կարեւոր բեմէ մը: Ընդդիմադիրներու մասնակցութեամբ Ազգային ժողովը օրինական չի դառնար, ինչպէս իրենց բացակայութեամբ անօրինական եւս չի դառնար: Որոշեցին ուրեմն մաս կազմել խորհրդարանին, յստակօրէն ճշդելէ ետք պայքարի գլխաւոր նիւթերը: Պայքարի նիւթերէն գլխաւորը կը շարունակէ մնալ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր համախոհներու հեռացումը իշխանութենէն: Այս հրամայականը կ՛ենթադրէ խորհրդարանէն ներս ընդդիմութեան կողքին արտաքին պայքար, զոր խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական բազմաթիւ ուժեր կը խոստանան տանիլ միասնականօրէն:
Անօրինական իշխանութիւնները կը կառավարեն անօրինական եղանակներով: Կառավարման բռնատիրական եղանակը, զոր իշխանութիւնը կը փորձէր քողարկուած ձեւով կիրարկել, այժմ արդէն բացայայտ է ու հրապարակային: Իր վերջին նստաշրջանը աւարտելէ ետք, տակաւին գործող Ազգային ժողովը գումարեց արտակարգ նստաշրջան մը եւ արագացուած գործընթացով փոփոխութիւն կատարեց… ընտրական օրէնքին մէջ: Փոփոխութիւնը կը վերաբերի արտասահմանի մէջ բնակող քաղաքացիներուն, որոնք ընտրութեան մը կամ հանրաքուէի մը չեն կրնար մասնակցիլ, եթէ առնուազն վեց ամիս չեն գտնուած Հայաստանի մէջ: Մօտերս քուէարկութի՞ւն նախատեսուած է, թէ սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէն մօտալուտ է: Այս օրէնքը դիւրաւ պիտի կարենար որոշել նորընտիր խորհրդարանը: Ի՞նչ է հապճեպ ու անժամանակ որոշման դրդապատճառը. հանելուկը դուք կռահեցէք:
Ընտրապայքարի օրերուն եւ ընտրութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեան բացայայտ ու կոպիտ սպառնալիքներ հնչեցուցած էր իր հակառակորդներուն հասցէին: Սովորական դարձած գետին փռելու, պատին փակցնելու ու նման գռեհկութիւններուն աւելցան նաեւ ունեզրկելու սպառնալիքները: Ահա արդէն սպառնալիքներուն գործադրութիւնը սկսաւ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն 36 ժամ ետք միայն: Երկուշաբթի, 6 յուլիսի վաղ առաւօտուն Ազգային Անվտանգութեան դիմակաւոր գործակալները խուժեցին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ եւ գործատէր Գագիկ Ծառուկեանի բնակարանը եւ 12 ժամ խուզարկութիւն կատարեցին: Միաժամանակ, Գագիկ Ծառուկեանին առնչուած 70 վայրերու մէջ խուզարկութիւններ կատարուեցան` գինիի, օղիի եւ սիմենթի գործարաններ, մարզական կեդրոններ, պանդոկներ, հաստատութիւններու տնօրէններու բնակարաններ խուզարկուեցան ամբողջ օրուան ընթացքին: Երեկոյեան Գագիկ Ծառուկեան եւ այլ անձ մը ձերբակալուեցան. անոնք պիտի ներկայացուին դատարանին` կալանքի պահանջով:
Հայաստանի Հանրապետութեան ընդդիմադիր ուժերը վճռականօրէն դատապարտեցին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումները: Համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած են. Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, «Հայաքուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորումը, Հայ ազգային կոնգրէսը, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Մայր Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ իր անմիջական շրջապատը լաւ գիտեն, որ չեն վայելեր Հայաստանի քաղաքացիներու վստահութիւնը: Ճնշումներով եւ պետական միջոցներու բացայայտ օգտագործմամբ ձեռք բերուած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը երաշխիք չէ կայուն կառավարման համար: Փաշինեանի կուսակցութիւնը յիսուն առ հարիւրէն նուազ մեծամասնութիւն ստացած է 7 յունիսի ընտրութեան: Ասիկա կը նշանակէ, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չի բաժներ իր ապազգային քաղաքականութիւնը եւ կրնայ ընդվզիլ մօտիկ ապագային: Փաշինեանի վերաբերմունքը խուճապի կը մատնէ: Խուճապահար վարչապետը կը փորձէ վերահսկելի դարձնել քաղաքական դաշտը, սակայն, անոր գործադրած միջոցները աւելի պիտի խորացնեն իրեն նկատմամբ ահագնացող անվստահութիւնը:
Միացեալ ընդդիմութիւնը պէտք է կանխէ Հայաստանի գոհավիժումը դէպի բռնատիրութիւն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»
