Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակի մեծ բացական՝ նոր սերունդը
31 Հուլիս 2026
Խօսքը յատուկ այն երիտասարդ սերունդին մասին է, որ ցնցեց եւ դեռ ալ կը շարունակէ ցնցել աշխարհը, զանազան երկիրներու մէջ կացութիւններ ստեղծելով, յեղափոխութիւններ կատարելով եւ շռնդալից յաղթանակներ կերտելով։
Շարքը երկար է…սկսելով Հունգարիայէն (ուր երիտասարդներ դուրս շպրտեցին տարիներ շարունակ վարչապետի աթոռին կառչած Օրպանը) մինչեւ Նեփալ, Պենկլա Տէշ եւ դեռ վերջերս Հնդկաստան (ուր երիտասարդներու առաջնորդած բողոքի շարժումը քանի մը օրուան ընթացքին պարտադրեց կրթութեան նախարար Փրատհանի հրաժարականը)։
Խնդրոյ առարկայ երտասարդութիւնը 1997-էն 2012 թուականներուն միջեւ ծնած «Զ» Սերունդն է, Generation Z (կրճատուած՝ Gen Z), որ նաեւ ճանչցուած է «Զումըրզ» (Zoomers)։ Այսօր հազիւ երեսուն տարիքի դռները թակած, այս երիտասարդութիւնը, այդ անդրանիկ սերունդն է, որ որ մանկութենէն ի վեր մեծցած է համացանցի, բջիջայիններու, ընկերային ցանցերու եւ թուայնացման աշխարհին մէջ։ Լսատեսողական արդի դրութեամբ դաստիարակուած, անոնց արեան մէջ մուտք գործած են առցանց խաղերն ու հաղորդակցութիւնը, համաշխարհային տեղեկատուական ցանցերը, YouTube-եան ունկնդրութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը։
Այս ազդեցիկ սերուդին՝ թուային աշխարհի բնիկներուն (Digital Natives) մասին է, որ վերջերս մելան կը հոսի։ Բացատրողական եզրոյթ մը, որ խոտոր կարելի է նկատել, մանաւանդ երբ այս օրերուն համակարգիչն ու ստեղնաշարը, փոխարինած են թուղթը, մելանն ու գրիչը։
Կարկինը սեղմելով, տեղին է հարցադրել, թէ ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէ այս երիտասարդ սերունդը՝ Հայաստանի մէջ։ Համեմատած նախորդ սերունդներուն, բոլորովին տարբեր պէտք է, որ ըլլայ անոնց մտածելակերպը։ Անոնք առաջին սերունդն են, որոնց աշխարհայեացքը ձեւաւորուած է ոչ միայն իրենց հայրենիքի, այլեւ ամբողջ աշխարհի հետ մշտական հաղորդակցութեան պայմաններուն մէջ։
Նախորդ սերունդներուն համեմատած՝ Հայաստանի այս երիտասարդ Զ Սերունդը բնականաբար ունի համաշխարհային գիտելիքի անմիջական հասանելիութիւն, զարգացած թուային գրագիտութիւն, սուր մտածողութիւն, միջազգային ոլորտներէն ներս ծանօթութիւն եւ տեսիլք։
Ի տարբերութիւն այլ երկիրներու, ուր երիտասարդ բնակչութեան մեծ թիւը հզօր եւ գործօն ուժ կը կազմէ, Հայաստանի այս սերունդը համեմատաբար սահմանափակ մարդկային ներուժ մըն է մանաւանդ, որ Սփիւռքի ներդրումը այդչափ ալ զգալի չէ, ստեղծուած ներկայ անել կացութեան պատճառաւ։
Հայաստանի արագ զարգացող բարձր ճարտարարուեստի ոլորտը՝ ներառեալ արհեստական բանականութիւնն ու ծրագրային ճարտարագիտութիւնը, հայ երիտասարդին առջեւ բացած է բազմաթիւ կարելիութիւններ, որոնք քսան տարի առաջ գրեթէ անհաւատալի կը թուէին։
Համաշխարհային համալսարաններ առցանց կրթական ծրագիրներ կը տրամադրեն, իսկ հայ ուսանողները կանոնաւոր կերպով կը մասնակցին ծրագիրներու եւ հարթակներու, անշուշտ առանց մոռնալու միջազգային հռչակ սփռած ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնը կամ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ)։
Հեռակայ աշխատանքը հիմնովին փոխած է տնտեսական աշխարհագրութիւնը։ Այն երկիրները, որոնք ժամանակին իրենց աշխարհագրական դիրքին պատճառով ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ կը գտնուէին, այսօր մրցակցելու կարողութիւն ունին իրենց մարդկային տաղանդով եւ կարողականութեամբ։
Հայաստանի համար այս փոփոխութիւնը հսկայական հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ։ Երկիրը այլեւս միայն մարդուժ արտահանելու կարիք չունի. ան կրնայ դիւրութեամբ արտածել իր ծառայութիւնները, գիտելիքն ու նորարարութիւնը։ Եթէ ենթակառոյցները, հարկային համակարգը եւ կրթական քաղաքականութիւնը շարունակեն բարելաւուիլ, Հայաստանը կրնայ վերածուիլ բարձր արժէք ստեղծող թուային ճիւղերու տարածաշրջանային կեդրոնի։
Հայ երիտասարդներ ստեղծած են նորարար ընկերութիւններ՝ ծրագրաւորման, ֆինանսական արհեստագիտութիւններու (fintech), կրթական արհեստագիտութիւններու եւ այլն։ Այսպէս, Երեւանը, վերածուած ու «խճողուած» է աշխուժ նորաստեղծ ընկերութիւններու կեդրոնի եւ այդ գծով, ան այս ձեռնարկները համաշխարհային մակարդակի հասցուցած է։
Սակայն Հայաստանի «Զ» Սերունդը ունի նաեւ իր թոյլ ու խոցելի կողմը՝ «Աքիլլեսի կրունկը»։ Արդարեւ, դժբախտաբար քաղաքական բեմահարթակէն գրեթէ բացակայ է այս սերունդը, որ կրնայ Հունգարիոյ կամ Նեփալի օրինակով, նոր աւիշ ստեղծել եւ մոռցնել տալ երկրէն ներս տիրող ներկայ ահաւոր իրավիճակը։
Հայաստանի ապագան միայն չորոշուիր կառավարութիւններու, աշխարհաքաղաքական դաշինքներու կամ զինուորական հզօրութեան միջոցով։
Սակայն այս սերունդը միաժամանակ կը դիմագրաւէ բացառիկ ճնշումներ՝ ժողովրդավարական նահանջ, տարածաշրջանային անապահովութիւն, տնտեսական մրցակցութիւն, արտասահման գաղթ եւ աւելի լաւ հնարաւորութիւններու որոնում։
Երիտասարդութիւնը շատ լայն ու ծանր պատասխանատուութիւն կը կրէ, ներգրաւելու համար թէ՛ իշխանութեան վրայ գտնուող եւ թէ՛ ընդդիմադիր ճակատի ուժեր, շարժումներ, դաշինքներ եւ կուսակցութիւններ։
Դժբախտաբար յարմար պայմանները չեն ստեղծուած, որոնք կ՛ապահովեն հնարաւորութիւն, անվտանգութիւն եւ բովանդակալից մասնակցութիւն։
Հայաստանի «Զ» Սերունդը կրնայ դառնալ այն ներուժը, որ ոչ միայն կրնայ պահպանել Հայաստանը, այլ նաեւ պիտի վերասահմանել անոր տեղն ու դերը, դուրս գալու համար այս յորձանուտէն։
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
