ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Ստանձնէ Զոհ Գացած Հայերու Բնակարաններու Վերանորոգութիւնը
18 Օգոստոս 2020
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով, նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերու բնակարաններու վերանորոգումը պիտի ստանձնէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
Արդէն իսկ կազմուած է գնահատումի յատուկ յանձնախումբ` անմիջական կերպով աշխատանքը կատարելու համար:
aztagdaily.com
