Յակոբ Բագրատունի. «Այսօր Հայ Ժողովուրդը Արցախի Սահմանին Կը Պայքարի Թուրքիոյ Կողմէ Հովանաւորուող Միջազգային Ահաբեկչութեան Դէմ»
03 Հոկտեմբեր 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի պահուն անդրադարձաւ Արցախի վերանորոգ գոյամարտի ծալքերուն, Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ ընդհանուր իրավիճակին:Նախ եւ առաջ, երեսփոխան Բագրատունի դրուատիքով նշեց, որ նշեալ կայանի տնօրէնութիւնը ի՛նք նախաձեռնած է լրագրող առաքել Արցախ` մօտէն հետեւելու եւ աշխարհին հաղորդելու տիրող իրավիճակին մասին: Ան ողջունեց «Էլ. Պի. Սի.»-ի Արցախի մէջ գտնուող լրագրողները:
Անդրադառնալով Արցախի գոյամարտին` Յակոբ Բագրատունի կատարուող դէպքերը պատերազմ որակեց` հանգամանօրէն հիմնաւորելով անոր պատմական հիմքերը, Արցախի պատմական ու աշխարհագրականօրէն հայկական պատկանելիութիւնը, 1920-ական թուականներուն օրուան Խորհրդային Միութեան ղեկավար Ստալինի կողմէ նորահաստատ Ազրպէյճանին նուէր տրուիլը` հասնելով մինչեւ 1988-ի փետրուարեան ազատամարտը: Ան անհաւանական չնկատեց, որ դէպքերու շարունակումը յանգի նոյնինքն շրջանային պատերազմի: Փաստօրէն քանի մը օրեր առաջ Ազրպէյճան ներքին եւ արտաքին շարժառիթներով սկսաւ հրթիռարձակումի` Արցախի եւ Հայաստանի սահմանագիծին ուղղութեամբ:
Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ գործածուող զինամթերքին 70 առ հարիւրը իսրայէլեան արտադրութիւն է, եւ այս գծով Հայաստանի իշխանութիւնները տուն կանչած են Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Հիմնաւորեալ տեղեկութիւններով Բագրատունի հաստատեց, որ Թուրքիա վարձկան ահաբեկիչներ կ՛ուղարկէ կռուելու համար Արցախի ու Հայաստանի դէմ: Ան նշեց, որ Արցախ աշխարհագրական խոչընդոտ է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացման` թուրանական երազի ճամբուն վրայ: Բագրատունի համոզում յայտնեց, որ շրջանի պետութիւնները տակաւին սպասողական վիճակի մէջ են ստուգելու, թէ կողմերէն ո՛ր մէկը աւելի զօրաւոր է: Բագրատունի ընդգծեց, որ աշխարհասփիւռ հայորդիներ, որոնք կը փութան կամաւոր կերպով կռուելու` մարտիկներ են եւ ոչ անջատողականներ, զուգահեռ բաղդատական մը կատարելով Իսրայէլի դէմ պայքարող պաղեստինցիներուն հետ:
Մէջբերելով Էրտողանի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «Երուսաղէմը թրքական է», երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ համաթուրանական վտանգին դեռեւս առկայութիւնը շրջանին մէջ: Բագրատունի խիստ բարձր գնահատեց Արցախի մէջ պայքարող տղաքը` զանոնք կոչելով հերոսներ, որոնցմէ շատեր տակաւին հերթի կը սպասեն Հայաստանի մէջ ճակատ մեկնելու համար: Բագրատունի մերժեց Ազրպէյճանին այսպէս կոչուած «գրաւեալ» հողեր վերադարձնելու կարելիութիւնը` շեշտելով, որ այդ հողերը ի սկզբանէ հայկական են այլ հողամասերու կողքին: «Այդ հողերը իրենց չեն, որպէսզի վերադարձնենք», ընդգծեց Բագրատունի: «Այսօր հայ ժողովուրդը Արցախի սահմանին կը պայքարի Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող ու անոր զօրակցութիւնը վայելող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
aztagdaily.com
