ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Կարելի Չէ Ընդունիլ, Որ Վարչապետը Նշանակուի Միայն Մեծ Պետութիւններուն Հաւանութեամբ. Բագրատունի

27 Հուլիս 2021

«Կարելի Չէ Ընդունիլ, Որ Վարչապետը Նշանակուի Միայն Մեծ Պետութիւններուն Հաւանութեամբ, Որովհետեւ Այդ Կը Նշանակէ, Թէ Մենք Մեր Իսկ Ձեռքով Կը Հարուածենք Երկրին Գերիշխանութիւնը» «Պիտի Քուէարկենք Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Առաջարկին» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող քաղաքական տագնապալի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած շարք մը տագնապներուն, որոնք ահռելի կը դարձնեն քաղաքացիին կենցաղային պայմանները:

Պատասխանելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումին եւ հրաժարականին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ իմաստով մեղադրած են զինք, երբ հանրապետութեան նախագահէն խնդրած է երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները որոշ ժամանակով յետաձգել` Հարիրիի անձին շուրջ յաւելեալ զօրակցութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան լայն խորագիրներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:

Ան նշեց, որ Հարիրիի հրաժարականը նախատեսուած էր` աւելցնելով, որ նախորդ ինը ամսուան ընթացքին` օրին նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւն չկրցաւ կազմել` արտաքին շարք մը խոչընդոտներու պատճառով: «Դժբախտաբար այս է իրականութիւնը, Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերիշխանութիւնը խոցելի դարձած է, որովհետեւ պէտք է արտաքին ուժեր եւ պետութիւններ հաւանութիւն ընծայեն նշանակուելիք վարչապետի անձին նկատմամբ: Այսինքն` մենք ստիպուած ենք արտաքին աշխարհը գոհացնել եւ ընդունիլ այն անձնաւորութիւնը` ըլլայ ան վարչապետ թէ հանրապետութեան նախագահ, պարզապէս, որովհետեւ արտաքին ուժեր համաձայն են անոր անձին շուրջ», հաստատեց ան:

Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ տարակարծութիւններուն մասին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր անձնական կառավարութիւնը չի կրնար կազմել, իսկ Հարիրի չի կրնար նախագահին պարտադրել իր անձնական կառավարութիւնը: «Կառավարութիւնները կը կազմուին վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ խորհրդակցաբար», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը չի զղջար իբրեւ վարչապետ Հարիրիի թեկնածութեան զօրակցելու առումով, որովհետեւ օրին բոլոր տուեալները առկայ էին, թէ ան կրնայ կառավարութիւն մը կազմել: «Այսինքն` նոյնիսկ առանց մեր զօրակցութեան ան վարչապետ կրնար նշանակուիլ», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եղած են Պըրրիի հետ, նոյնիսկ երբ ան տակաւին խորհրդարանի նախագահ չէր:

«Իսկ կառավարութեան կազմութեան մասին Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը փաթեթային էր եւ կարելի չէր կէտ մը լրացնել, իսկ այլ կէտ մը բաց թողել», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ երեք ութերու տարազը համայնքային ըմբռնողութեամբ` սիւննի-շիի-քրիստոնեայ երրորդութիւն չէ, սակայն քաղաքական ըմբռնողութեամբ` այդպիսի երրորդութիւն է», ըսաւ ան:

Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմին մէջ հայ նախարարին անուան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան լուրջ կազմ մը ներկայացնելու պարագային անպայման ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ խորհրդակցութիւն կը կատարուէր, սակայն այդ մէկը չեղաւ, հետեւաբար Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմը «հրաժարականի կազմ» էր:

Ան աւելցուց, որ Հարիրիի հրաժարականը Լիբանանի համար պարտութիւն էր, իսկ Լիբանանի թշնամիներուն համար` յաղթանակ, «իսկ վերջին փուլին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններուն առած քայլերէն` Ռիատ այցելութիւն եւ ապա նախագահ Աունի հետ հանդիպում, կարելի էր եզրակացնել, թէ Փարիզ եւ Ուաշինկթըն վերջ տուած են Հարիրիի զօրակցութեան», յայտնեց ան:

Վարչապետի նշանակման երէկուան պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգելու պահանջին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պիտի չպահանջէ յետաձգել խորհրդակցութիւնները եւ ոչինչ որոշած է` վարչապետի թեկնածութեան առաջադրման առումով:

«Այսօր պէտք է կազմել կարելի կառավարութիւն, ոչ` քաղաքական, ոչ` մասնագէտներու: Կարելի կառավարութիւն, որովհետեւ սպասումի առիթ չունինք այլեւս, այլ` պէտք է կազմենք կառավարութիւն մը: Ամէն ինչ քանդուած է. պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ցաւերը ամոքելու սկսի, տառապանքը մեղմացնէ եւ յառաջ երթայ դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպում», շեշտեց ան:

Նոր վարչապետը նշանակելու պարտադիր խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ով որ ալ ըլլայ վարչապետի թեկնածուն, ստիպուած է խորհրդակցելու խորհրդարանը ներկայացնող բոլոր երեսփոխանական պլոքներուն հետ, որպէսզի անոնք իմանան, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ կառավարութեան ուղղուածութիւնը, պլոքներուն ներկայացուցչութիւնը եւ այլն: Կարելի չէ ընդունիլ, որ վարչապետը նշանակուի միայն մեծ պետութիւններուն հաւանութեամբ. եթէ ընդունինք այս իրականութիւնը, ապա մենք մեր գերիշխանութիւնը մեր իսկ ձեռքով կը հարուածենք:

«Ինծի համար շատ նեղացուցիչ է այն իրականութիւնը, որ նախկին վարչապետներու համախմբում գոյութիւն ունի եւ հանրապետութեան նախկին նախագահներու համախմբում գոյութիւն չունի: Թէեւ ամօթխածութեամբ կ՛ըսեմ այս խօսքը, սակայն քրիստոնեայ համայնքի իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ քրիստոնեայ համայնքի ուժեղացման համար կ՛ենթադրեմ, որ ասիկա կարեւոր է` պահպանելու համար քրիստոնեայ ներկայութիւնը ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ այս կամ այն երեսփոխանական պլոքին կամ համախմբումին կողմէ վարչապետի տուեալ թեկնածուի մը չզօրակցիլը չի նշանակեր, որ անոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Եթէ չեմ սխալիր, մենք տակաւին ժողովրդավարական երկրի մը մէջ կ՛ապրինք, այսինքն` երեսփոխանական պլոքներուն իրաւունքն է տալ այնպիսի որոշումներ, որոնք կը համընկնին իրենց պատասխանատուութեան: Լիբանանցին, որ իր օրուան հացին, ուաթսափի 6 սենթին եւ այլ կենցաղային տագնապներու համար բարկութեան եւ ցասումի ալիքներ կը յառաջացնէ, իր արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան համար ոչի՞նչ կը կատարէ: Միայն բանաստեղծութիւններուն մէ՞ջ պէտք է գովերգել Լիբանանը: Եթէ մեծ պետութիւնները շատ կը փափաքին Լիբանանի ու լիբանանցիին բարօրութիւնը, թող օժանդակեն, որ Լիբանանի վրայ պարտադրուած շրջափակումը վերանայ, թող Լիբանանին վերադարձնեն այն գումարները, որոնք լիբանանեան պետական գանձարկղէն իւրացուած են եւ իրենց երկիրներուն դրամատուներուն մէջ զետեղուած:

Մեծ պետութիւններուն նպատակը Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնել չէ, այլ` Լիբանանը ծունկի բերել, Դիմադրութիւնը հարուածել եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր պարտադրել: Իսկ լիբանանցիները կը գտնուին այն կացութեան մէջ, որ տեղի տան այդ ճնշումներուն տակ` օրուան հաց ապահովելու համար, մինչդեռ արտերկրի լիբանանցիները կրնան օժանդակել իրենց հարազատներուն, եւ լիբանանցիները իրերօգնութեամբ կրնան դիմագրաւել այս փուլը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանան այսօր արտակարգ պայմաններ կը դիմագրաւէ, հետեւաբար կարիքը կայ արտակարգ որոշումներու: «Մենք կը զօրակցինք ծրագիրին եւ այն անձնաւորութեան, որ լիբանանցիին համոզիչ ծրագիր մը կը ներկայացնէ», ըսաւ ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները բնական են եւ լաւ վիճակի մէջ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ ոմանք կը փորձեն հարցեր որոնել երկու կուսակցութիւններուն միջեւ:

«Մեր յարաբերութիւնները փոխադարձ յարգանքի եւ հանրային շահերու վրայ հիմնուած են: Ոչ ոք իր կարծիքը միւսին վրայ կը պարտադրէ, հետեւաբար երբեմն նոյն որոշումները կու տանք, որովհետեւ նոյն կեցուածքները կը բաժնենք, իսկ երբեմն ալ իւրաքանչիւրը իր կեցուածքը կը ներկայացնէ իր իւրայատկութեամբ», շեշտեց ան:

Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն եւ վարչապետի նշանակումէն ետք կառավարութեան կազմութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իր տրամադրութիւնը զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կարելի է բնորոշել,

«կարելի է նաեւ ըսել, որ տրամադրութիւնս յոռետեսութեան թեքում մը ընդունի, այն իմաստով, որ նախ եւ առաջ թող նշանակումը կատարուի եւ աւելի ուշ կը տեսնենք: Այդ պատճառով ալ, անհրաժեշտ կը գտնեմ, որ նշանակումը կատարուի ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելով: Կը մաղթեմ, որ նախքան 4 օգոստոսը կառավարութիւն կը կազմուի», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ այդ իմաստով ընթացք առած դատական հոլովոյթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը բացարձակապէս կը մերժէ անձեռնմխելիութիւնը, որ խորքին մէջ ճշդուած է ապահովելու համար երեսփոխանին ազատութիւնը` քաղաքական իր կեցուածքները արտայայտելու իմաստով, եւ ոչ թէ ծածկելու համար անոր կողմէ գործուելիք քրէական որեւէ ոճիր կամ օրինազանցութիւն:

«Կը մերժեմ խորհրդարանին մէջ կամ այլ պաշտօններու պարագային անձեռնմխելիութեան գոյութեան սկզբունքը: Մէկ նահատակի թափած արիւնը ինծի համար աւելի կարեւոր է, քան երկրին ամէնէն կարեւոր անձնաւորութիւնը: Այս վայրկեանէս կը հաստատեմ, որ խորհրդարանին մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքը թեր պիտի քուէարկէ անձնաւորութիւնները անձեռնմխելիութիւններէ զրկելու առաջարկին», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք հայ համայնքին կատարուած օժանդակութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ լիբանանահայ համայնքը կը նախընտրեն իրենց աշխատանքը կեդրոնացնել ժողովուրդին կատարուելիք օժանդակութիւններուն վրայ եւ ոչ թէ օժանդակութիւնը ծանուցելու արշաւներուն վրայ:

«Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը աւարտեց իր աշխատանքը` նորոգելով 1951 հայու բնակարան, որ քանդուած էր նաւահանգիստի պայթումին պատճառով: Վերականգնումի մարմինը, որուն ատենապետը ներկայիս երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեանն է, երէկ յայտարարեց այն աշխատանքներուն մասին, որոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կատարուեցան: 1951 բնակարանի նորոգութիւն, անկախ նահատակներուն ընտանիքներուն տրուած նիւթական օժանդակութիւններէն, նահատակներուն ընտանիքներուն կատարելիք կտակի եւ ժառանգի պետական գործառնութեան օժանդակութենէն, պայթումէն ցնցուած հայորդիներու հոգեբանական օժանդակութիւն, նաեւ այլ տեսակի օժանդակութիւններ` սննդեղէն, դեղորայք, բժշկական եւ այլ օժանդակութիւններ, որոնք հաւաքական գործ են: Ասիկա մեր պարտականութիւնն է, պիտի շարունակենք օժանդակութիւնները եւ պիտի դիմենք արտաքին նախաձեռնութիւններու` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել այս դժուար փուլը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերի 2-ը Արցախի ժողովրդի սեփական

1991 թվականի սեպտեմբերի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի և Շահումյանի շրջ

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2 Եւ Անյետաձգելի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին փաստաթուղթը այսօր կը ստանայ քա

02 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբեր 2. Արցախի Հանրապետության հռչ

1991 թ․ սեպտեմբերի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) մարզային և Շահ

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company