ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան

26 Ապրիլ 2022

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր ու վճռական շարքերով քալեց Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս` հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթով հաստատելով, որ տակաւին տէրը կը մնայ իր սրբազան Դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն կտակին եւ մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր:

Բազմամարդ ու կարգապահ քայլարշաւով 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը փաստեց, որ հակառակ իր դիմագրաւած բազում հարցերուն ու տակաւին տիրող մեծ դժուարութիւններուն` տակաւին ինք կը մնայ գիտակից ազգային իր ինքնութեան, արժէքներուն եւ պարտականութեան, կառչած` հայութեան իրաւունքներուն, որոնցմէ որեւէ զիջում անընդունելի է իրեն համար: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս քալեց տարեցով ու երիտասարդով, մանուկով ու պատանիով, քալեց նահատակներուն ուղիով, վերապրողի եւ պայքարողի վճռակամութեամբ եւ հաւատքով, քալեց, որովհետեւ հայը չի յանձնուիր, չի յուսահատիր եւ չի նահանջեր իր պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ:

Համաժողովրդային Նշում Անթիլիասի Մէջ

– «Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը: Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը: Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը: Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը»:

– «Համահայկական խնդիրներու, ծրագիրներու եւ տագնապներու գծով համահայկական մակարդակով խորհրդակցութիւն ու գործակցութիւն ունենալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը` ազգային խորհուրդի մը ծիրին մէջ, կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն»:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

Կիրակի, ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Պուրճ Համուտէն քայլարշաւով մայրավանք հաւաքուած մեր ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն ներկայութեան, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ հայրապետական իր պատգամը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումները կատարելով.

«Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը: Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը: Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը: Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը»:

Ան դիտել տուաւ, որ իր կատարած հաստատումները` «Տեսական յղացքներ չեն, յուսահատութեամբ ու յոռետեսութեամբ պարուրուած զգացական արտայայտութիւններ չեն, այլ ներկայ հայ կեանքի իրապաշտ արժեւորումէն թելադրուող խորապէս մտահոգիչ իրականութիւններ են, որոնց նկատմամբ իրաւունք չունինք անտարբեր ըլլալու եւ լուռ մնալու: Արդ, հարկ է ըլլալ արթուն ու մանաւանդ` միակամ, եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան վտանգող մօտեցումներն ու քայլերը»:

Վեհափառ հայրապետը վեց կէտերու մէջ ամփոփելով իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները` միասնականութեան ու արթնութեան հետեւեալ կոչը ուղղեց համայն հայութեան.

«Առաջին` հարկ է համախմբուիլ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն, շահերուն ու արժէքներուն շուրջ, ի՛նչ ալ ըլլան մեզ իրարմէ հեռացնող պատճառները եւ մեզ շրջապատող վտանգները: Հայութիւն ու Հայաստան պէտք է դաւանիլ ամէն բանէ վե՛ր` ոչ թէ սոսկ խօսքով, այլ` գործով ու ամբողջական յանձնառութեամբ: Արդարեւ, լոզունգներ կրկնելով ու զիրար անգոսնելով կարելի չէ իրաւունք պաշտպանել, հայրենիք կառուցել ու պետութիւն հզօրացնել: Հարկ է ազգին ողջ մարդուժը եւ ներուժը համախմբել ու գործի մղել` բոլոր բնագաւառներէն ներս, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, մեզ շրջապատող տագնապներուն դիմաց ու ապագայի տեսլականներուն շուրջ:

«Երկրորդ` հարկ է մերժել որեւէ առաջարկ կամ համաձայնագիր, ներսէն թէ դուրսէն, որ կրնայ վտանգել Հայաստանի անկախութիւնը: Գիտե՛նք` աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ մեզի չեն: Տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. սակայն` ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի անվտանգութեան, հողային ամբողջականութեան ու անկախութեան. ո՛չ զիջումներ միայն կատարելով եւ թոյլ դիրքերէ բանակցելով: Կը յուսանք, որ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը տարածաշրջանէն ներս Հայաստանը կը նկատէ փոխադարձ ամուր վստահութեան ու սերտ բարեկամութեան վրայ հիմնուած իր մնայուն ու վստահելի դաշնակիցը: Նաեւ կը յուսանք, որ Հայաստանի նո՛յն գործընկերը եւ Հայաստանի անմիջական դրացիները կ՛անդրադառնան, որ տկար Հայաստանի մը դիմաց զօրեղ Ազրպէյճան մը եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը անպայման փորձանք կրնայ դառնալ ողջ տարածաշրջանին համար: Ներկայ հանգրուանին, երբ Հայաստան տկար կացութեան մէջ կը գտնուի, զգուշ պէտք է ըլլայ ստորագրելու այսպէս կոչուած խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր, որ հետագային կրնայ աղէտալի դառնալ Հայաստանին համար: Բոլոր պայմաններուն մէջ հարկ է հեռու մնալ պարտուողական մօտեցումներէ եւ մեր իրաւունքներէն նահանջելէ: Հայաստանը ինքնահզօրացման ազդու միջոցներու պէտք է դիմէ այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ: Կենսական է միաժամանակ, որ Հայաստանը միշտ հետամուտ ըլլայ ընդլայնելու ծիրը իր ռազմավարական գործընկերներուն` բնականաբար մեկնելով իր ազգային շահերէն եւ աշխարհաքաղաքական տուեալ պայմաններէն: Անհրաժեշտ է, որ ազգին երկու թեւերը` Հայաստանը եւ սփիւռքը, տարբեր շեշտաւորումներով հաւաքական նո՛յն մօտեցումը ունենան ու կեցուածքը որդեգրեն Հայաստանի դիմաց ծառացող մարտահրաւէրներու ու տագնապներու գծով:

«Երրորդ` հարկ է քաջութիւնը ունենալ, եւ Արցախի ժողովուրդը ունի՛ այդ քաջութիւնը, մերժելու որեւէ առաջարկ, պարտադրանք կամ համաձայնագիր, որ կրնայ սպառնալ Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ հարցականի տակ առնել իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը: Ժողովուրդին կամքը գերիվեր է բոլոր նկատումներէ: Ոչ ոք իրաւունք ունի անտեսելու իր պատմական հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, որ յստակօրէն ընդգծուած է Մարդկային իրաւանց հռչակագրին մէջ: Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է եւ կարելի չէ զայն սակարկութեան նիւթ դարձնել: Արցախի ժողովուրդը իր կամքը օրինական ճամբով արտայայտած է. եւ վերջակէտ: Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Արցախի անկախութեան կորուստը պիտի վտանգէ Հայաստանի անվտանգութիւնը ու նաեւ անկախութիւնը: Արդ, հաւաքական ամուր կեցուածքով պէտք է դիմագրաւենք «զիջում կամ պատերազմ» լոզունգներով վախի ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծելու փորձերը: Արցախի ժողովուրդը իրաւունքը ունի անտեղիտալի վճռակամութեամբ պաշտպանելու երեսուն տարիներէ ի վեր արեան գնով հաստատած իր անկախութիւնը` ի պահանջել հարկին դիմելով ազգային դիմադրութեան: Եթէ մեր կեանքի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին չկարենանք ժողովրդային ընդվզում, քաղաքական ամուր կամք ու մարտունակ դիւանագիտութիւն ցուցաբերել, այսօր Արցախը, վաղը Հայաստանը կրնան ուղղուիլ դէպի անդունդ: Հետեւաբար արթո՛ւն եղիր, պի՛նդ կեցիր Արցախի հայութիւն. մենք քեզի հետ ենք:

«Չորրորդ` վերջին շրջանին դարձեալ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան բնականոնացման մասին եւ նախնական որոշ քայլեր սկսած են առնուիլ այս ուղղութեամբ: Հայաստանի ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛ողջունեն այս երեւոյթը, եւ արեւմտեան պետութիւնները դրական կը նկատեն զայն: Վստահ ենք, որ նահատակներու արիւնը կրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հարազատ կեցուածքին թարգմանը կ՛ըլլանք` կարեւորութեամբ յիշեցնելով, թէ Մեզի համար անընդունելի է որեւէ քայլ, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութեան պատմական, իրաւական ու քաղաքական հիմքերը: Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը: Թուրքիա-Ազրպէյճան սերտ գործակցութեամբ նոր համաթուրանիզմ մը սկսած է ձեւաւորուիլ Կովկասէն, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհէն ներս: Արդարեւ, վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ յատկապէս Հայաստանի ուղղութեամբ: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը շրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատուած տեսնելու յոյսէն եւ տնտեսական շահերէ մղուած` կ՛ուզէ դիւանագիտական յարաբերութիւն մշակել Թուրքիոյ հետ, անհրաժեշտ է, որ ի յառաջագունէ յստակօրէն ճշդէ իր յարաբերութեան բնոյթն ու սահմանները` հաւատարիմ մնալով Հայաստանի սահմանադրութեան հիմքը կազմող Անկախութեան հռչակագրին, ինչպէս նաեւ 100-ամեակի հռչակագրին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման գծով շեշտուած Հայաստանի պետութեան յանձնառութեան: Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջը պէտք է մնայուն տեղ գրաւէ Հայաստանի պետութեան օրակարգին մէջ:

«Հինգերորդ` հարկ է որ մեր պահանջատիրական պայքարը նոր շեշտ ու ծաւալ ստանայ` համահունչ ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն: Թուրքիան պետութեան լայն կարելիութիւններու օգտագործումով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը աւելի կազմակերպ կերպով կը շարունակէ` արեւմտեան համալսարաններէն ներս թրքագիտութեան ամպիոններ հաստատելով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող տեղեկատուական կեդրոններ հիմնելով եւ այլ միջոցներով: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին եւ Հայ դատի մարմինները, աշխատանքի բաժանումով ու ներդաշնակ գործակցութեամբ, առաւել թափով շարունակեն հետապնդել մեր նուիրական Դատը: Սա համազգային պարտաւորութիւն է:

«Վեցերորդ` յաճախ յիշեցուցած ենք, որ հրամայական է ազգին ու հայրենիքին ճգնաժամային պահերը, դիմագրաւել միա՛սնաբար: Արդարեւ, Արցախի կարգավիճակին, Հայաստանի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան առնչուած եւ ողջ հայութեան համար ճակատագրական նկատուող հիմնահարցերու գծով Հայաստանի իշխանութիւնը պարտաւոր պէտք է զգայ հաւաքական գործընթացով ու համահայկական մասնակցութեամբ որոշումներ գոյացնելու` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ղեկավարութեան հետ միատեղ: Այս ծիրէն ներս էական է քաղաքական ու յարաբերական հարուստ կենսափորձ ունեցող սփիւռքին դերը: Հետեւաբար սփիւռքի գլխաւոր կառոյցներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը կը նկատենք կարեւոր ու անյետաձգելի: Կը կրկնենք. համահայկական խնդիրներու, ծրագիրներու եւ տագնապներու գծով համահայկական մակարդակով խորհրդակցութիւն ունենալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը` ազգային խորհուրդի մը ճամբով, հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ա՛յս է ազգն ու հայրենիքը բարգաւաճման ու հզօրութեան առաջնորդող ապահով ճամբան»:

Իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնելէ ետք այն բոլոր երկիրներուն, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումին ու սպառնալիքին` ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշեցուց Թուրքիոյ, որ` «Ապրիլ 24-ը մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու օր է բոլոր անոնց, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ նոյնիսկ սպառնալիքներուն` պաշտօնապէս ճանչցան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ապրիլ 24-ը նաեւ նոր սերունդին յիշեցնելու օր է, թէ ինք կոչուած է, որպէս սրբազան պարտաւորութիւն, վառ պահելու ջահը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Ապրիլ 24-ը յիշեցնելու օր է մանաւանդ Թուրքիոյ, որ 107 տարիներ հայ ժողովուրդին զաւակները աշխարհի բոլոր ծագերուն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները պահանջեցին եւ պիտի շարունակեն պահանջել` վերանորոգ վճռակամութեամբ ու աննահանջ ոգիով»:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Սա կարող է հնարավորություն ընձեռել ընդ

«Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցության ղեկավար Գագիկ Ծառուկյանի գործով դատական նիստ

04 Նոյեմբեր 2026
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company