ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ
29 Հունիս 2022
Երէկ յետմիջօրէին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` տեսակցելու համար հայ կաթողիկէ համայնքի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հոգեւոր տիրոջ հետ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները զրուցեցին հայաստանեան իրավիճակին, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերին եւ լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած խնդիրներուն մասին:
Տարբեր ուղղութիւններու վրայ պարզուած այսօրուան դժուար պայմանները նկատի ունենալով զրուցակիցները վերահաստատեցին հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ համակարգուած աշխատանք իրականացնելու հրամայականը:
aztagdaily.com
