ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Շնորհահանդէս` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի Եւ Նիկոլ Դումանի Նամակներու Հատորներուն

05 Հուլիս 2022

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան եւ մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Ռոստոմի անտիպ նամակները», «Նիկոլ Դումանի նամականի» եւ «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները» հատորներուն, որոնք «Վէմ» մատենաշարին մաս կը կազմեն, շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց Լենա Արապողլեան, որ դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի ապրած այս տագնապալի օրերուն, երբ մէկ կողմէ հացի ապահովման հեւքն ու ապագայի անորոշութիւնը յաճախ կլանած են մեր առօրեան, միւս կողմէ հսկայական աշխատանք կը տարուի հոգեւոր սնունդ ու հաց ներկայացնող եւ մեր առօրեան լուսաւորող նոր գիրքերու հրատարակութեան ուղղութեամբ: Ան նշեց, որ այս ծիրին մէջ կը տեղաւորուին վաստակաւոր երէց մտաւորական, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի բծախնդիր ու մանրազնին աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս երեք հատորները, որոնք եկան հարստացնելու մեր յեղափոխական գրականութիւնը:

Լ. Արապողլեան երախտագիտութեամբ յիշեց, որ «Քրիստափորի անտիպ նամակներ»-ու հատորին հովանաւորութիւնը ստանձնած է Ալիս Պօղոսեան` ի յիշատակ իր մեծ հօր եւ մօր` Արամ Սահակեանին եւ Կասիա Թիւթէլեանին, «Նիկոլ Դումանի նամականի»-ին` Նազարէթ Պարսումեան` ի յիշատակ Հրայր Մարուխեանին, «Ռոստոմի անտիպ նամակներ»-ունը` Յակոբ Խաչերեան` ի յիշատակ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին դաշնակցական նահատակներուն ու հայ զոհուածներուն:

Ապա Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց հատորները եւ կատարեց անոնց ընդհանուր արժեւորումը` շեշտելով, որ այս հատորները հիմնականին մէջ կը շահագրգռեն պատմաբանները, որոնց համար շատ կարեւոր ատաղձ կը հայթայթեն: Ան անդրադարձաւ իւրաքանչիւր հատորի մէջ տեղ գտած նամակներուն մեզի հասնելու ընթացքին, նշեց այն հանգամանքը, որ իւրաքանչիւրը իր ժամանակաշրջանին լաւագոյն թարգմանը կը հանդիսանայ, հոն ամբողջ մթնոլորտ մը, պատմական տուեալներ, ամէն մէկ գործիչի աշխատելադաշտը կ՛ամփոփուին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ նամակները փոխանակելու յատուկ ձեւ, ոճ եւ գաղտնապահութիւն գոյութիւն ունէր, ինչ որ առաւել կը դժուարացնէր անոնց վերծանումը: Այդ նամակներուն մէջ կան նաեւ բնութագրումներ եւ նկարագրութիւններ` գործիչներու եւ այդ ժամանակներուն աշխատանքի պատասխանատուութիւնը ստանձնածներուն կապուած:

Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ Քրիստափորի անտիպ նամակներուն մէջ կան նամակներ «Փոթորիկ»-ի գործին առնչուած, Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան հետ կապերու, սուլթանին հետ բանակցութիւններու, դիւանագիտական աշխատանքի, «Դրօշակ»-ի եւ անոր կից «Փրօ Արմենիա»-ի հրատարակութեան վերաբերող, օտար մամուլին տեղեկութիւններ հայթայթելու կապուած գրութիւններ եւ այլն:

Նիկոլ Դումանի նամակներ գրեթէ չենք գտներ նախապէս, ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան` աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ մտաւորականներէ գրութիւններ ու նամակներ կը բացայայտուին եւ հանրութեան սեփականութիւնը կը դառնան: Նամակներուն մէջ կ՛արտացոլան տարբեր շրջաններ Դումանի տուած այցելութիւններն ու կատարած աշխատանքները, կամաւորական գունդերու պարզած պատկերը, առկայ մտահոգութիւնները եւ այլն: Հիմնականին մէջ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան ուղղուած նամակներ են անոնք` ներկուսակցական եւ միջկուսակցական անհաշտութիւններու վերաբերող, որոնց մասին յաճախ տեսակէտներ կը յայտնէ Դուման, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, Խանասորի արշաւանքին, Պարսկական սահմանադրական շարժման արդարացիութեան առնչուող նամակներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ կան յաւելուածներ, որոնց մէջ տեղ գտած են ցարդ կորսուած նկատուող զուտ անձնական բնոյթի նամակներ: Տիգրան Ճինպաշեան դիտել տուաւ, որ Դումանի նամակներուն հիմնական սկզբունքներէն մէկը այն է, որ այն գործերը, որոնց Նիկոլ Դուման անձնական մասնակցութիւն ունի, եւ որոնց մէջ անոր սխրագործութիւններուն եւ դերակատարութեան մասին ուրիշներ գրած են, ընդհանրապէս ինք կ՛անտեսէ, կը խուսափի իր գործին մասին խօսելէ, այլ կը գրէ այլոց գործերուն, աշխատանքներուն մասին:

Խօսելով Ռոստոմի անտիպ նամակներուն մասին` Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ անոնք բազմաթիւ հարցերու, որոնք ցարդ պղտոր էին, յստակութիւն եւ պարզաբանում կը բերեն, նոյնիսկ կրնան պատճառ դառնալ, որ Դաշնակցութեան պատմութեան կապուած որոշ հարցեր վերատեսութեան ենթարկենք: Ան անդրադարձաւ Ռոստոմի անձին ու գործին իւրայատուկ կէտերուն:

Սրտի խօսք արտասանեց «Քրիստափորի անտիպ նամակներ»-ու հատորին մեկենաս Ալիս Պօղոսեան, որ յիշեց, թէ այս հովանաւորութիւնը կատարած է ի յիշատակ իր մեծ հօր եւ մօր` Արամ Սահակեանին եւ Կասիա Թիւթէլեանին, որոնք եղած են նուիրեալ եւ հաւատաւոր դաշնակցականներ: Ան այս առիթով յիշեց մեծ հօր կողմէ փոխանցուած պատգամը, որուն մէջ ան կ՛ըսէր, թէ Դաշնակցութիւնը նման է հաստատութեան մը, ուր երկու տեսակ մարդ կայ` մարդ, որ դաշնակցական կ՛ըլլայ տեղ հասնելու համար, եւ մարդ, որ դաշնակցական կ՛ըլլայ կուսակցութիւնը տեղ հասցնելու համար: Արամ Սահակեան միշտ կոչ ուղղած է երբեք առաջինին չցանկալու, այլ մաս կազմելու երկրորդ խումբին, ուր կայ ազնուութիւն, նուիրում եւ զոհողութիւն:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ուրախութիւն յայտնեց նման ձեռնարկի մը մասնակից ըլլալու առիթին համար` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր զինուորագրեալներուն, որոնք` Երուանդ Փամպուքեանի գլխաւորութեամբ, այս աշխատանքին լծուեցան ու զայն իրականութեան վերածեցին: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ի արխիւները կանոնաւորելու ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի եւ կարելի եղած է որոշ տեղ հասցնել այս շատ կարեւոր գործը` նշելով, որ այսօր Դաշնակցութեան արխիւները յատուկ արտօնութեամբ տրամադրելի են ակադեմականներուն, ուսումնասիրողներուն, նոյնիսկ` ոչ հայ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ շատ են այս գործին նկատմամբ թերահաւատները, որոնք ի զուր ու աննպատակ կը տեսնեն նման հատորներու հրատարակութիւնը, բայց եւ այնպէս Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ այս հատորներն ու արխիւները պատմութեան ողն ու ծուծն են, զուտ արխիւային, վաւերագրական նիւթեր են եւ էական են ՀՅԴ-ին եւ համայն հայութեան համար: Ան հաստատեց, որ «Նիւթեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» շարքը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած եւ ընդունելութիւն գտած է Հայաստանի մէջ յատկապէս, ուր հետազօտողներու եւ գիտաշխատողներու համար այս հատորները ո՛չ միայն նիւթեր կը տրամադրեն Դաշնակցութեան մասին, այլ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան, որովհետեւ կուսակցութեան եւ ազգին պատմութիւնները ամբողջովին ընդելուզուած են իրարու հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ այս հատորներուն ճամբով ժողովուրդը առիթ ունի իր պատմական յիշողութիւնները վերականգնելու, անոնցմով ամրապնդուելու եւ դասեր քաղելու, ինչ որ իսկական հարստութիւն է: Ան հաստատեց, որ շատ կարեւոր ու էական է տարուած գործը, Երուանդ Փամպուքեանի ու անոր աշխատակիցներուն բծախնդիր ու համբերատար հետեւողական գործունէութիւնը, որուն արգասիքն են այս հատորները:

Աւարտին այս երեք հատորներուն եւ անոնց իրականացման աշխատանքին ընդհանուր ակնարկ կատարեց հատորներու խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, խօսք առնողներուն` Տիգրան Ճինպաշեանին եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` տարիներու իր աշխատակիցին, քարտուղարուհիին` Թամար Սնապեան-Սուրճեանին, որ այսքան տարիներ իր կողքին գործած է, բաւական բան սորված է` մաս կազմելով խմբագրութեան եւ հմտանալով այս բնագաւառին մէջ:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ նամակագրութիւնը հաղորդակցութեան գլխաւոր եւ միակ միջոցը եղած է հին ժամանակներուն, ատոր համար ալ այդ նամակները մեծ կարեւորութիւն ունին իբրեւ արխիւ, տեղեկութեան աղբիւր, եւ, թէեւ անոնց հեղինակները Դաշնակցութեան հիմնադիրներն ու գործիչներն են, սակայն խորքին մէջ հոն կայ հայոց ընդհանուր պատմութեան ատաղձ, փաստաթուղթ, որովհետեւ հոն կայ անմիջականութիւն` գործերու, հրահանգներու, կացութիւններու մասին խօսելու, հոն կայ անկեղծութիւն, ընդունուած կարգերէ դուրս ու անկաշկանդ: Այդ պատճառով ալ, ան անհրաժեշտ նկատեց, որ պատմաբանը ուշադրութիւն դարձնէ նաեւ նամակներուն, ուր կան տուեալներ ու տեղեկութիւններ, որոնք կը բացակային պաշտօնական տեղեկագրութիւններուն մասին:

Երուանդ Փամպուքեան անդրադարձ կատարեց նաեւ ՀՅԴ-ի արխիւներուն, որոնք ո՛չ միայն կուսակցութեան, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի հիմնական գանձերէն են, որոնք ներկայիս կը գտնուին Պոսթընի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան արխիւներու պահպանման կազմակերպման մէջ մեծ վաստակ ունի Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը, որուն տուած ուղղութեան վրայ շարունակուած է գործը տարիներ շարունակ, մինչեւ որ այդ արխիւները մասամբ միայն կանոնաւորուած, ցուցակագրուած են, եւ որոնցմէ կարելի է օգտուիլ: Պատմաբանը շեշտեց, որ այսքան հսկայական արխիւներ պահել-պահպանելը հսկայական գործ է` շեշտելով, որ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող ՀՅԴ-ի արխիւները կանոնաւորելը եւս շատ կարեւոր գործ է:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Սա կարող է հնարավորություն ընձեռել ընդ

«Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցության ղեկավար Գագիկ Ծառուկյանի գործով դատական նիստ

04 Նոյեմբեր 2026
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company