Հայկական երեսփոխանական պլոքը ընդունեց բարեկարգչական երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը
12 Սեպտեմբեր 2022
Այսօր, 12 սեպտեմբերին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ներկայութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ ընդունեց բարեկարգչական երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին բարեկարգչական երեսփոխանները ներկայացուցին նախագահական ընտրութեան վերաբերող իրենց պատրաստած փրկութեան նախաձեռնութիւնը։
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ երկիրը իսկապէս փրկութեան նախաձեռնութիւններու կարիք ունի։
Ան աւելցուց որ «Իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ անհրաժեշտ կը նկատենք նախագահական ընտրութիւնը կատարել՝ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին։
Կարեւոր կը նկատենք նաեւ, որ վարչապետը յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական ժամկէտի աւարտէն առաջ կազմել նոր կառավարութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ այդ ժամկէտին մէկ շաբաթ մնայ՝ երկիրը կարիք ունի նոր կառավարութեան։ Նոր կառավարութեան մը կազմելու իմաստով արձանագրուած զլացումը պատճառ կը դառնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան բարդացումին», ըսաւ ան։
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս բոլոր հարցերէն խուսափելու համար պէտք է կազմել կառավարութիւն եւ նախքան 31 հոկտեմբեր 2022-ը՝ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ»։
Ան աւելցուց՝ «Եթէ կարենանք առաջին անգամ ըլլալով ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը՝ հեռու արտաքին միջամտութիւններէն, ապա իրագործած կ՛ըլլանք նուաճում մը, որուն իրագործումը անկարելի կը նկատէինք»։


