ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Պիտի Շարունակենք Մեզի Յանձնուած Գործը. Մեր Ժողովուրդին Վստահութիւնը Այնքա՛Ն Թանկ Է Եւ Արժէքաւոր

19 Նոյեմբեր 2022

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻՆ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ` ՀՅԴ 132-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-րդ ամեակի այս տօնակատարութիւնը կը կատարուի մեր ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան ամենաճգնաժամային մէկ փուլին։

Առանց բառերը ծամծմելու եւ առանց կեղծիքի ըսենք, որ յանձնուեցաւ Արցախը, վտանգուած է Հայաստանի գոյութիւնը, վտանգուած են Միջին Արեւելքի գաղութները, հողմահար եղած է Լիբանանը, յատուկ ջանք կը թափուի կացինահարելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, հիասթափութեան ամպերը տարածուած են ամէնուրեք, հայը հայ պահելու տասնամեակներու ճիգերը կը բախին օտարացումի, արժէքներու եւ աւանդութիւններու քանդումի, խորթ մօտեցումներու, տեսակէտներու, դրսեւորումներու եւ կասկածելի թափանցումներու։

Մինչ մեր թշնամի Թուրքիան ոգի ի բռին, ամէնօրեայ կշռոյթով, ծրագրուած ձեւով եւ բծախնդիր գործադրութեամբ կը շարունակէ իրականացնել համաթուրանական իր ծրագիրն ու հայաջինջ իր մոլուցքը, մենք կը շարունակենք գերադասել անհատական գագաթներ բարձրանալու մեր հեւքը, կը հարուածենք հաւաքականը, յանուն կեղծ իրատեսութեան կամ քաղաքական իրապաշտութեան ապազգային դիրքորոշումներով զիջումէ զիջում կը նահանջենք՝ առանց իսկ մտածելու, որ աւարտը անխուսափելի անձնատուութիւնն է եւ բազմահազար նահատակներով կերտուած Հայաստանի թրքացումը, անվերադարձ կորուստն ու հայկականութեան խորտակումը։

Ու մինչ Թուրքիան ամէնօրեայ հեւքով Արցախէն ու Հայաստանէն անդին ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ արաբական երկիրներէն Եւրոպա, Հարաւային թէ Հիւսիսային Ամերիկա, Աւստրալիա, Ասիական ցամաքամաս թէ ափրիկեան երկիրներ տարածուած իր սփիւռքը կազմակերպելու, ֆինանսաւորելու, իւրաքանչիւր թրքական համախմբում Թուրքիոյ տարածքային շրջան եւ գերագոյն շահ նկատելու, մենք ձեռնածալ նստած, առաւելագոյն պարագային ամօթխած հակազդեցութեամբ կը դիտենք, սփիւռքը կը պառակտենք, կը մասնատենք, գագաթներ կը փնտռենք, գագաթաժողովներ կը կազմակերպենք, շօ պիզնեսը կը շարունակենք՝ կարծելով, թէ այդպէս կրնանք գրաւը շահիլ ու պահել հաւաքականութիւն ըլլալու մեր գոյութիւնը։

Այո՛, աներկբայօրէն, սակայն խոր ընդվզումով, ցասումով, ցաւով, խոր մտահոգութեամբ կը տեսնենք այս իրավիճակը եւ կը նախատեսենք ներկայի կացութենէն աւելի վտանգաւոր փուլ թեւակոխել։

Ու պիտի շարունակենք տուայտիլ վտանգաւոր կացութիւններու մէջ, ականատես պիտի ըլլանք աննախատեսելի գործընթացներու եւ հաւաքաբար պիտի պարտուինք, եթէ երբեք կորսնցնենք յոյսը, տկարանանք մեր հաւատքին մէջ, դադրինք հպարտանալ հայու մեր ինքնութեամբ ու մոռնանք հայու բազուկը, կամքի խիզախութիւնը ու թշնամիին հետ առճակատելու առհաւական մեր Հայկեան աւանդը։

ՀՅ Դաշնակցութեան տօնն է այսօր։ Ու եթէ երբեք սովոր ենք Դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան առիթ նկատել ու հաշիւ տալ մեր ժողովուրդին, խօսիլ անցնող ժամանակին կատարուած աշխատանքին մասին, միաժամանակ սակայն ու աւելի՛ն օրն է վերզգաստացման, վերաբռնցքումի, ցաւէն, ընկճուածութենէն, հիասթափութենէն ու յուսախաբ վիճակէն դուրս ելլելու, որպէսզի կարենանք վեհօրէն ապրիլ, բարձրանալ գետնաքարշ կեանքէն, տեսնելով իրականութիւններն ու մեզ շրջապատող պայմանները՝ համապատասխան սրբագրումներով յառաջ ընթանալ, դարձեալ մէկ ու միակ տեսլականի՝ ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան գաղափարին շուրջ համախմբուելու, մեր հոգիին պարտութիւնը թօթափելու եւ հպարտ ու մարտունակ հայու կերպարը վերակերտելու համար։

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը ու Լիբանանի հայութիւնը այսօր կը տօնէ Դաշնակցութեան 132-րդ տարեդարձը ու Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 120-ամեակը, դարձեալ ոչ սովորական պայմաններու մէջ։

Անբացատրելի եւ անընդունելի են այն քաղաքական, ընկերային, ելեւմտատնտեսական եւ կենցաղային պայմանները, որոնց մէջ կþապրին լիբանանցի քաղաքացին ու մեր ժողովուրդը։

Տարիներու թաւալումով կուտակուած սխալները, բացթողումները, փտածութիւնը, պետական գանձի շահագործումը, դասակարգային խրամատի խորացումը, մենաշնորհները, համայնքային դրութեան շահագործումը երկիրը հասցուցին այս կացութեան։

Լիբանանով շահագրգռուած պետութիւններ եւ անոնց շրջանային գործակատարներ, հակառակ բազում փորձերու, երբ չկրցան քանդել լիբանանցի ժողովուրդին դիմադրականութիւնը, դիմեցին փափուկ քաղաքականութեան ու աստիճանաբար, խորապէս ուսումնասիրուած ծրագրով եւ հետեւողական բծախնդիր քայլերով հարուածեցին լիբանանցին ու Լիբանանի հայ քաղաքացին, առօրեայ թոյն սրսկեցին անոր մտքին մէջ, ստրկացուցին անոր հոգին, զրկեցին զայն նոյնիսկ ազատ շնչելու կարելիութենէն ու վերջապէս ծունկի բերին զայն, որպէսզի կարենան իրականացնել իրենց մեծապետական քաղաքականութիւնը եւ հարուածել ընդհանրապէս փոքր եւ իրաւազուրկ ժողովուրդներու ազատ ու անկախ կամքի եւ ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման բնական իրաւունքը։

Փաստօրէն բոլորիս կողմէ սպասուած ու մեր իսկ կողմէ ցանկացուած ժողովրդային ցասումը վիժեցաւ, ու ժողովուրդին ցաւը շահագործող կամ զայն դարմանելու քարոզչութեամբ յանուն փոփոխութեան աթոռ ապահոված տարրեր սկսան աթոռամարտի ու անմիաբան գործունէութեան, փոփոխութեան յոյսն անգամ իր սաղմին մէջ խեղդելով։

Որոմ սերմանուեցաւ ներհայկական մեր իրականութեան մէջ եւս։ Սուտն ու կեղծիքը դարձան առօրեայ հռետորաբանութիւն։ Իրականութեանց նենգափոխումը վերածուեցաւ, այսպէս ասած, ազատ կարծիքի։ Հայհոյանքը, զրպարտութիւնը, անուանարկումը, վարկաբեկումը վերածուեցան ընդունուած վարքագիծի։ Հայու եւ լիբանանցիի միջեւ վաղուց արդէն վերացուած պատկանելիութեան երկուութիւնը վերարտադրուեցաւ՝ հրապարակային ձեւով բռնադատելով հայուն պատկանելիութիւնը, անտեղի բաղդատականներով եւ անմակարդակ ամբոխավարութեամբ։
Իբր թէ արդիականութեան եւ ներկային հետ քայլ պահելու նախանձախնդրութեամբ, յանուն ազատ կարծիքի եւ մարդու իրաւունքներու, մեր մէջ ներմուծուեցան հայկական արժէքներու խոտոր համեմատող այլ երեւոյթներ, որոնք պարզապէս անուշով պատուած թոյն են մեր ժողովուրդը մոլորեցնելու, մեր երիտասարդութիւնը իր բնական պարունակէն եւ միջավայրէն դուրս բերելու, ժողովուրդը հայ եկեղեցիէն, հայ դպրոցէն, հայ ակումբէն, հայկական աւանդներէն հեռացնելու ու վերջապէս մեզ բոլորս ստրկացնելու եւ մեր իսկական դատը հետապնդելու վճռակամութիւնը քանդելու համար։

Կասկածելի քայլերով եւ բացառաբար ոչ հայկական կողմերու օգուտ բերող միջոցներով, հարուածելու համար հայութիւնը, պայքար շղթայազերծուեցաւ հայկական կուսակցութիւններու դէմ։ Կը համարձակինք ըսել, հակադաշնակցական պայքար շղթայազերծուեցաւ մեր դէմ, ձեր դէմ, կարելի բոլոր միջոցներով, անխնայ եւ ամէնօրեայ պայքար, հարուածելու Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ գիտե՛ն, թէ Դաշնակցութիւնը հարուածելով կը հարուածեն Լիբանանի հայութիւնը, Միջին Արեւելքի հայութիւնը, կը հարուածեն սփիւռքը եւ սփիւռք-Հայաստան միասնութիւնը։

Եւ հիմա հարց տա՞նք, թէ ինչո՛ւ այս բոլորը, եւ ո՛վ է գլխաւոր օգտուողը այս յարձակումներէն։ Պէտք է ճշդենք անունն ու հասցէն կամ հասցէները, թէ՝ հասկացողած շա՜տ բարեւ…

Հակառակ մեր դէմ ցցուած բոլոր խոչընդոտներուն ու պայքարի բազմապիսի ձեւերու, փաստօրէն, սիրելի՛ ժողովուրդ, մենք միասնաբար յաղթեցինք։ Մինչ մեզմէ աւելի զօրաւոր քաղաքական ուժեր եւ քաղաքական պատմական դէմքեր դուրս մնացին խորհրդարանէն, մենք պահեցինք մեր ներկայացուցչութիւնը։

Այո՛, ցաւալի է քուէարկողներու թիւի նուազումը։ Ցաւալի է այն պատկերը, որ բազմացած է ոչ հայ թեկնածուներու քուէարկողներու թիւը։ Շահագործելով ժողովուրդին անմիջական ցաւը, յաջողեցան թերեւս տեղ մը, ելեկտրականութիւնը, ջուրը, նաւահանգիստի պայթումը, աղբը, դրամատնային տագնապը եւ նմանօրինակ հարցեր աւելի գերակշռող դարձնել, քան համայնքը պահպանելու, երկրի անկախութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդելու, ժողովուրդին տեւաբար ծառայելու, անոր կողքին կանգնելու, հայկական ուրոյն դիմագիծ կռանելու մեր վարքագիծը։

Այո՛, գնեցին, կաշառեցին, ստեցին, բամբասեցին, սուտը իրականութեան պէս տարածեցին, հսկայական գումարներ ծախսեցին։ Ու շատե՜ր ծախեցին իրենց քուէն, հաւատացին, մոլորեցան, եւ կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ ժողովուրդի զաւակները իրարմէ հեռացնելու ձգտող ազգավնաս քաղաքականութեան ջաղացքին ջուր լեցուցին։

Ու երբ յաղթեցինք, դարձեալ մեր մօտ եկան, զղջացին, ընդունեցին սխալը։

Իսկ մենք չենք նեղուիր մեր ժողովուրդէն։

Այս ժողովուրդին համար արիւն թափած կուսակցութիւնը եւ տեւաբար անոր ծառայութեան նուիրուած Դաշնակցութիւնը քուէով չþարժեւորեր իր զաւակները, ո՛չ ալ քուէի համար կը կատարէ իր պարտականութիւնը։

Մենք մեր ժողովուրդին ծառայած ենք ու պիտի ծառայենք։ Մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ մեր ժողովուրդին կարիքներուն։ Ժողովուրդն ալ պարտի գիտակցիլ ու չշահագործել այդ ծառայութիւնը, այլ առիթը տալ նուազ բախտաւոր եւ աւելիով կարիքը ունեցող հայրենակիցներուն։ Մեզի համար զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը քաղաքական շահագործումի միտումով գործածուող զէնքեր չեն, այլ ռազմավարական ընտրանք՝ ամուր պահելու մեր ժողովուրդը եւ Լիբանանի հայութիւնը։

Մենք պիտի շարունակենք մեզի յանձնուած գործը։ Մեր ժողովուրդին վստահութիւնը այնքա՛ն թանկ է եւ արժէքաւոր, որ մենք չենք կքիր չարախօսութեան, բամբասանքի, սուտի եւ չարամտութեան դիմաց։ Իր կեանքի գնով ժողովուրդին ծառայելու երդումը կատարող դաշնակցական մարդը չի վախնար անձնական վիրաւորանքէն, հայհոյանքէն կամ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններէն։

132-րդ այս տարեդարձին, մեր կողքին են ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մշակութային եւ կրթական, կեդրոնական վարչութիւնները, մեզի հետ են Արցախէն Հարաւային Ամերիկա, Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, Մոսկուայէն Իրան ու միջինարեւելեան եւ Ծոցի երկիրներ, Եւրոպա եւ Աւստրալիա մեր դաշնակցական կառոյցներու ներկայացուցիչները, որոնք մեր դժուարին օրերուն անվերապահ կերպով կանգնեցան Լիբանանի հայութեան կողքին։ Լիբանանի հայութեան անվերապահ եւ մնայուն նեցուկ կանգնեցաւ մեր բոլորին սիրելի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ առանց խտրութեան հասաւ ու կը շարունակէ հասնիլ բոլորին։ Ահա անգամ մը եւս կու տանք փաստը, որ Լիբանանն ու Լիբանանի հայութիւնը ոչ միայն առանձին չեն, այլ միաժամանակ կարեւորագոյն օղակներէն մէկը համահայկական միասնութեան եւ համազգային դիմադրութեան՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանի յաւերժութեան։ Երախտապա՛րտ ենք բոլորին։

Այս պահուս, կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ մեզմէ բաժնուած բոլոր այն ընկերներուն եւ համակիրներուն, որոնք ամուր պահեցին աւանդը եւ ամրացուցին մեզ։

Վարձքը կատա՛ր մեր երէց ընկերներուն, որոնք տարբեր ժամանակներուն յանձն առած էին Դաշնակցութեան Լիբանանի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ հասցնելու պարտականութիւնը։

Ու կոչ կþուղղեմ մեր երիտասարդութեան, Լիբանանի հայ երիտասարդութեան։ Մնացէ՛ք ամուր, մի՛ վհատիք, մի՛ մոլորիք, ամո՛ւր պահեցէք ձեր հաւատքը, մեր ժողովուրդը կարիքը ունի ձեր հեւքին, ձեր բազուկին, կարիքը ունի ձեր նորարար, բայց ազգայնաշունչ մտածումներուն։ Իմաստութիւնը ունեցէք ճի՛շդ ուղին ընտրելու, հայն ու հայկականութիւնը ձեր կիզակէտը դարձնելու, մեր ազգային, հասարակական կեանքը ձեր գործադաշտը ընկալելու։ Դռները բաց են, մշակելի շատ բան կայ, հողը տարածուն է, եկէք եւ աշխատեցէք, ապագան ձե՛րն է։

Իսկ Դաշնակցական իմ ընկերներուս՝ շնորհաւոր ձեր տօնը։ Միասին զօրաւոր ենք։ Ընկերներ ենք վստահաբար, նոյն ընտանիքին զաւակները։ Միասնաբար ուխտած ենք ծառայել Դաշնակցութեան ճամբով մեր ժողովուրդին. Դաշնակցականի մեր երդումը պարտաւորեցնող է եւ մեր ուսերուն յաւելեալ պատասխանատուութիւն դնող, ժողովուրդը կարիքը ունի մեզի, Լիբանանը կարիքը ունի մեզի, հայրենիքը կարիքը ունի մեզի, ով որ քաջ է՝ ինչ կը սպասէ։

Ու վերջապէս, 132 տարեկան մեր կուսակցութեան ժառանգորդներս, այս տօնին կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ հաւաքական ճիգով, հաւաքական պայքարով, եսի ոտնակոխումով եւ մեր տեսլականի իրագործումը կիզակէտ դարձնելով, միասնաբար յաղթելու։

Այլ ելք չունինք։ Պարտաւո՛ր ենք շարունակել գոյութենական այս կռիւը եւս։

Պիտի չտկարանանք, պիտի չընկրկինք, պիտի յաղթենք։ Պիտի յաղթենք մեր ձեւով, Դաշնակցականի խիզախութեամբ, դաշնակցականի ոճով, եւ ոչ թէ պարտութեան եւ յանձնատուութեան տանող «յաղթելու ենք»-ի կեղծիքով։

Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը։

Կեցցէ՛ ամբողջական Հայաստանն ու ողջ հայութիւնը։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company