ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ծանօթ Է Իր Կազմակերպուածութեամբ, Կարգապահութեամբ Եւ Լիբանանի Հանդէպ Յանձնառութեամբ ու Կը Շարունակէ Մնալ Իբրեւ Այդպիսին

10 Դեկտեմբեր 2022

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժուսուր» համացանցային կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ հայութեան, Լիբանանի հայ համայնքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքներուն ու քաղաքականութեան:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ո՞վ է պատասխանատուն հայ-ժողովուրդին ամբողջ աշխարհին մէջ տարածուած ըլլալուն, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Նախ եւ առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը` սկսելով համիտեան ջարդերէն եւ հասնելով մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, որ մարդկութեան դէմ գործուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է: Այսինքն` հայ ժողովուրդը բռնագաղթի ենթարկուեցաւ եւ այդ պատճառով ալ աշխարհացրիւ վիճակ կը պարզէ: 1915-էն ետք աշխարհով մէկ տեղահանուած հայութիւնը իր գտնուած երկրին մէջ փորձեց կազմակերպուիլ` պահպանելու համար իր հայկական ու ազգային ինքնութիւնը: Հայկական բոլոր գաղութները ունին Հայ դատի լուծման նպատակը, որուն ծիրին մէջ անոնք Թուրքիայէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջեն բռնագրաւուած հողերուն վերադարձը»:

ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ գործելաձեւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ կուսակցութեան հիմնադրութեան, գաղափարաբանութեան, ժողովրդավար եւ ընկերվար ըլլալուն, ինչպէս նաեւ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու եղանակին:

Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կուսակցութեան առաջին բջիջը հիմնուած է 1902-ին, որմէ երկու տարի ետք 1904-ին հիմնուած է Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, որ մինչեւ օրս կը գործէ: «Մենք լիբանանեան կուսակցութիւն ենք, սակայն ինքնութեամբ հայ ենք, այնպէս, ինչպէս որ կան լիբանանեան այլ կուսակցութիւններ, որոնց անդամները մեծամասնութեամբ մարոնի են կամ շիի կամ սիւննի: Հետեւաբար պատկանելիութեան իմաստով երկուութեան մասին մեզի դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները անհեթեթ են: Ընդհակառակն` մենք կառչած կը մնանք Լիբանանին, որովհետեւ գիտենք, թէ ի՛նչ ըսել է հայրենիք կորսնցնել, անկախութիւն չունենալ: Մենք ցաւալի շատ փորձառութիւններ ունինք, այդ պատճառով ալ կը գուրգուրանք Լիբանանին: Ճիշդ է, որ մեզի երբեմն տարօրինակ կը նկատեն` լիբանանեան ինքնութեան առումով, սակայն հայ ժողովուրդի զաւակները ըլլալով մենք կը հաստատենք, որ յաւելեալ փորձառութիւն ունինք Թուրքիոյ հետ, քան` լիբանանցիները: Մենք լաւ կը ճանչնանք Թուրքիան, թուրքերը, անոնց տրամաբանութիւնն ու վարուելակերպը եւ այդ պատճառով ալ կը հակադրուինք արաբական երկիրներուն հետ անոնց յարաբերութեան: Մեր արաբ եւ լիբանանցի եղբայրները կը մտածեն, թէ մենք պարզապէս հայ ենք ըսելով կը հակադրուինք անոնց, սակայն իրականութիւնը այն է, որ մենք լիբանանցի ենք, եւ որովհետեւ հայ ենք, գիտենք երկիրը պահպանել, կը պայքարինք Լիբանանի պաշտպանութեան համար, որովհետեւ երբ Լիբանանը հզօր է, մենք հզօր ենք», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Ազրպէյճանէն անկարելի է անջատել Թուրքիան եւ անոր դերակատարութիւնը: Ան հաստատեց, որ փանթուրանականութիւնը զանոնք առաջնորդող ծրագիրն է ու երազը, որուն համար կը պայքարի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որուն ծաւալապաշտական ախորժակները միայն շրջանին մէջ չեն կեդրոնանար այլ` կը դրսեւորուին նաեւ Եւրոպայի մէջ:

Խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կարելիութեան մասին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւն է եւ համաձայն չէ հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու հոլովոյթին, որովհետեւ այդ իշխանութիւնները չկրցան պահել Արցախը, աւելի՛ն` անոնք զիջեցան Արցախը եւ մինչեւ օրս անոնք չեն կրնար դիմադրել ազրպէյճանական այն յարձակումներուն, որոնք կը գործուին Հայաստանի տարածքին:

Ներքին լիբանանեան առումով, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի ինքնագլուխ քայլին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք զարմացած է ի տես այս կեցուածքին, որովհետեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին քաղաքական կեանքին ընթացքին նման նախընթաց չէ ստեղծուած:

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծանօթ է իր կազմակերպուածութեամբ, կարգապահութեամբ եւ Լիբանանի հանդէպ յանձնառութեամբ ու կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին: Ճիշդ է, որ Ճ. Պուչիքեան կուսակցական չէ, սակայն ան մեր թեկնածուն էր Պեքաայի մէջ եւ հայութեան քուէներով ընտրուեցաւ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ շիի երկեակին ընտրացանկին շրջագիծին մէջ, սակայն ան յանձնառու մնաց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին: Այս իմաստով ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ խուսանաւում կատարած է: Մենք ճշմարտութիւնը կ՛ըսենք եւ առանց խուսանաւումի կը յայտարարենք մեր կեցուածքները: Եթէ մեր կեցուածքը եւ տուած որոշումը տարբեր ըլլայ մեր դաշնակիցներէն, մենք չենք վարանիր զայն արտայայտելու, սակայն Ճ. Պուչիքեան անձնական պատճառներով տուած է այդ որոշումը եւ մասնակցած կառավարութեան նիստին», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ժողովուրդին ցաւը, հիւանդանոցներուն կարիքը եւ հիւանդներու բուժման պէտքերը չարաշահելով կարելի չէ սահմանադրութեան խախտում կատարել: «Հիւանդանոցներուն գումարները տալու եւ փոխանցումները կատարելու ձեւերը շատ են ու տարբեր, եւ կարելի էր այդ միջոցներուն դիմել», ըսաւ ան:

«Կը կարծէ՞ք, որ Միքաթի այս քայլով յաղթանակ մը տարաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ» հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա կարելի է մագլցում եւ ընդվզում նկատել եւ ո՛չ յաղթանակ:

Սուրիոյ կողմէ իր անձին զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Մեթնի մէջ նման բան չէ պատահած` հաստատելով, որ իր ստացած քուէներուն 95 առ հարիւրը հայկական քուէներ են:

Իսկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կատարուած շնորհակալական այցելութեան մը մասին այլ հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որուն ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմած է ինք: «Այցելութիւնը կատարուեցաւ Տէր Զօր, որուն հողերուն վրայ հարիւր հազարաւոր հայեր սպաննուած են Ցեղասպանութեան յաջորդող տարագրութեան ընթացքին: Տէր Զօրը մեզի համար սուրբ հող է, եւ նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ը պայթեցուցած էր Տէր Զօրի նահատակներուն աճիւնները բովանդակող հայկական եկեղեցին, ապա վեհափառին այցելութեան նպատակն էր եկեղեցւոյ վերակառուցման հիմնարկէքը կատարել: Այդ շրջագիծին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Սուրիոյ նախագահին, եւ որովհետեւ մաս կը կազմէի պատուիրակութեան, բնականաբար ներկայ էի հանդիպումին, որուն ընթացքին Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուեցաւ», շեշտեց ան:

ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին կանոնագիրի խախտում կատարած եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուած ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ոչ մէկ խախտում կատարած է այդ իմաստով, եւ ՀՅԴ կանոնագիրը կ՛արտօնէ, որ ընտրուողը ստանձնէ պաշտօն եւ ունենայ որոշ լիազօրութիւններ:

Անդրադառնալով Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարաններուն միջեւ նիւթական գործարք մը ծածկելու իմաստով ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ ուղղուած ամբաստանութեան` երեսփոխան Յ. Բագրատունի հերքեց այդ մէկը` հաստատելով, որ երկու քաղաքապետարաններուն միջեւ համաձայնութեան կը հսկէ պետական հաշուեքննիչ դիւանը, որուն մօտ կը գտնուին գանձուած եւ գանձելի գումարներուն մանրամասնութիւնները:

«Ամէն պարագայի այս մասին անճիշդ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լրագրողի մը պատճառով, որուն դէմ դատական հարց յարուցեցինք, եւ որ աւելի ուշ ներում հայցեց իր կատարած պակասաւոր ուսումնասիրութեան ու անոր պատճառով կատարած ապատեղեկատուութեան համար», հաստատեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի օրերուն գոյացած այս համաձայնութեան հիմամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կրցաւ աղբակոյտը հեռացնել եւ Պուրճ Համուտի աղբանոցը վերածել թափօններու թաղման առողջապահական վայրի:

Պուրճ Համուտի մէջ ՀՅԴ-ի կողմէ ապահովական ինքնիշխան գոյացութիւն մը ստեղծելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նման իրավիճակ գոյութիւն չունի, սակայն շրջանին մէջ պահակութիւն կը կատարուի` ժողովուրդը պաշտպանելու գողութենէ եւ ոճիրներէ: «Դժբախտաբար ապահովութեան ուժերու բացակայութեան պատճառով ստիպուած ենք այս քայլին դիմել` օժանդակելով պետութեան` քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու անոր պարտականութեան մէջ», ըսաւ ան:

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարց չունի Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն ընտրելու, եթէ ան նախագահական համախոհական թեկնածու է:

Նորընտիր խորհրդարանը լուծելու եւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու առաջարկին մասին երեսփոխան Բագրատունիի պատասխանը եղաւ բացասական` հաստատելով, որ խորհրդարանը տակաւին նոր ընտրուած է եւ կրնայ իրագործումներ կատարել:

Հարցազրոյցի աւարտին Յ. Բագրատունիի առիթ տրուեցաւ խօսք մը ուղղելու քաղաքական որոշ անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին էին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը:

Իր խօսքը առաջինին ուղղելով Յ. Բագրատունի անոր մաղթեց երկար կեանք` նկատի ունենալով, որ Ասատ Սուրիոյ գոյութեան երաշխիքն է: Իսկ Էրտողանին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Թող ան մտածէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ հայ ժողովուրդէն ներում հայցել, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ եւ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել»:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company