ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Մեր ուղեցոյցը միշտ եղած է յարատեւ կռիւը

12 Հունվար 2023

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի հարցազրոյցը Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի հետ

Հորիզոն.- ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 17-18 Նոյեմբեր 2022-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Գանատայի շրջանը. համակուսակցական ի՞նչ գլխաւոր առաջադրանքներ բխեցան այս խորհրդաժողովէն:

Մ.Գ.- Այս մարմիններու խորհրդաժողովը ՀՅԴ վերջին ընդհանուր ժողովէն ետք առաջինն էր, որ տարեկան դրութեամբ կը կատարուի ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով: Նկատի առած որ հայրենիքի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը շատ արագընթաց զարգացումներ կ’արձանագրէ, հետեւաբար գլխաւոր օրակարգերը Հայաստանն ու Արցախն էին: Բնականաբար Դաշնակցութեան կիզակէտին մէջ բոլոր համահայկական հարցերը կը համախմբուին, եւ օրակարգը յագեցած էր կազմակերպական, երիտասարդական, ուղեկից միութիւններ, սփիւռքի իրավիճակ եւ այլ թեմաներով, բայց ընդհանրապէս կեդրոնացումը եղաւ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող զարգացումներուն վրայ: Իրավիճակին ծալքերը բոլորին առջեւ պարզուած են՝ թէ քաղաքական ինչպիսի՛ անցուդարձերու նաեւ հաշուարկներու կեդրոնին մէջ է մեր հայրենիքը (երբ հայրենիք կ’ըսեմ բնականաբար կը հասկնանք Հայաստանն ու Արցախը), ուրեմն այս ժողովը առիթ էր, որ գնահատենք մեր կտրած ճանապարհը անցնող տարուան ընթացքին՝ մեր թերիներն ու սխալները տեսնենք, ապա դէպի ձեռքբերում առաջնորդող քայլերը աւելի զօրացնենք ու ամրապնդենք:

Այդ ընդհանուր գնահատականն է, որ ըրաւ այս խորհրդաժողովը: Բնականաբար որոշում կայացնող ժողով չէ այս, այլ Բիւրոյի եւ Դաշնակցութեան բոլոր շրջաններէն եկած կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներու միջեւ խորհրդակցական հաւաք է, ուր տեղի կ’ունենան առաջարկներ, գնահատանքներ, քննարկումներ եւայլն: Այլ խօսքով ձեւով մը ընդհանուր ժողովին առնուած որոշումները, Հայաստանի եւ Արցախի գծով, լուսարձակի տակ առնուեցան:

Չափազանց վճռորոշ պահ է համայն հայութեան համար, որովհետեւ հայրենիքի վիճակ կը նշանակէ համայն հայութեան հարց. այսօր արդէն իսկ թշնամիին ոտքը հայրենիքի սահմաններուն է, Արցախը կը մնայ նոյն իրավիճակին մէջ պատերազմէն ի վեր, ներքին քաղաքական առումով կրկի՛ն լարուած իրավիճակ կը տիրէ, աշխարհաքաղաքական ուժերը, շրջանային թէ գերպետութիւններու, ամէն մէկը իր հարթակը ստեղծած է, Պրիւքսէլէն Մոսկուա երթեւեկութիւն կայ, որոնց իբրեւ արդիւնք մտահոգիչ ձայներ կը լսէինք վերջին շրջանին՝ թէ Արցախի ինքնորոշումը արդէն զոհաբերման ճամբուն վրան է, եւ թէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը պարզապէս կ’ուզէ անվտանգութիւնը ապահովել Արցախի ժողովուրդին: Ես կ’ենթադրեմ, որ այդ կարգավիճակի խնդիրը բոլորովին մէկ կողմ նետուած է այս կամ այն ճնշումին պատճառով, իսկ թշնամին օրէ օր աւելի կը լկտիանայ… ուրեմն այս ուղղութեամբ Դաշնակցութեան ընելիքը ի՛նչ պիտի ըլլար եւ ըլլայ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի՝ բոլորը քննարկուեցան, եւ մենք վերադարձանք մեր շրջանները մտքերու վերաթարմացումէ ետք, ստեղծուած այս նոր կացութեան համեմատ եւ արագընթաց փոփոխութիւնները նկատի առած՝ գործը առաջ մղելու նոր թափով եւ նոր նկատառումներով:

Հորիզոն.- Ամփոփ գիծերու մէջ կարելի՞ է ներկայացնել ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական միութիւններու այս տարեշրջանի գործունէութիւնը:

Մ.Գ.- Մեր կարեւորագոյն օղակը կը սեպենք պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական մեր միաւորները, որովհետեւ առանց այդ օղակին մէջ եղած մեր ներդրումներուն՝ գոյատեւութիւն չենք կրնար ապահովել, եւ մեր շարքերը բնականաբար այս սերունդէն կամ իրենց յաջորդող սերունդէն է, որ շարունակաբար պիտի համալրուին եւ գործը առաջ տանին: Ամէն տարեշրջանի կարելի է մի քանի անփոփոխ կէտերու վրայ կանգ առնել, որոնցմէ հիմնականը դաստիարակչականն է. այս ափերուն ըլլա՛յ պատանեկանը, ըլլա՛յ երիտասարդականը կամ ուսանողականը իրենց ազգային-կազմակերպական առումով դաշնակցական մարդու դաստիարակութիւնը կը ստանան շաբաթական դրութեամբ իրենց ժողովներուն ընթացքին: Հոս հարկ է նշել, որ պատերազմէն ետք պէտք էր քննարկէինք այդ ընդհանուր բեկումը, որ բոլորիս հոգիներէն ներս սողոսկած էր եւ անշուշտ հասած երիտասարդականին. տարօրինակ կերպով պատանեկանը այդքան ալ չէր ազդուած, այլ ընդհակառակը՝ աւելի՛ աշխուժացած էր, եւ շարքերը այս տարի՝ բաւական խտացած:

Ուսանողականը իր կարգին կը փորձէր ամէն ձեւով տեղւոյն (Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի) համալսարանական հայ ուսանողական միութիւններուն հետ կապ հաստատել, որպէսզի քաղաքական կարգ մը միջոցառումներուն իրենք եւս միանային, բայց ըսեմ, որ այս մէկը ինքնին դժուարագոյն ոլորտն է մեր ուսանողական միութեան համար, որովհետեւ հայ ուսանողութեանց մէջ որոշ մտածողութիւն առկայ է, թէ իրենք ապաքաղաքական են, եւ թէ համալսարանի օրէնքով արգիլուած է նման մասնակցութիւն: Անկեղծօրէն ես գոնէ շատ չեմ հաւատար այդ երեւոյթին, որովհետեւ այսօր ամէն ինչ քաղաքականացուած է, յատկապէս համալսարաններէն ներս. հոն են բոլոր ազգութիւնները իրենց միութիւններով, հոն են տարբեր տեսակի թեքում ունեցող կազմակերպութիւնները, հոն են զանազան տեսակի համախմբումներ եւ այլն: Ուրեմն այս բովէն ներս զիրենք առաջնորդելը դէպի քաղաքական դաշտ բացարձակապէս հեշտ չէ, հակառակ անոր որ այդքան ալ քաղաքական չէ ոլորտը. այսօրուան դրութեամբ, ինչպէս ըսի, գլխաւոր օրակարգը այլեւս հայրենիքի կորուստ է, ազգային լուրջ տագնապ է, ահազանգային է, եւ մենք կը փորձենք բացատրել, թէ անպայմանօրէն քաղաքական կողմնակցութեան խնդիր չկայ հոս, այլ պէտք է մեր ուժերը կեդրոնացնենք այդ ուղղութեամբ, որպէսզի մեր ձայնը լսելի դարձնենք:

Վերադառնալով դաստիարակչականին ըսեմ, որ մեծ մարտահրաւէր է այս երեք միաւորներուն գաղափարական, գաղափարապաշտական դաստիարակութիւն տալ, որովհետեւ այս երկրին մէջ կամ հիւսիսային ամերիկայի ցամաքամասին վրայ կամ ընդհանրապէս այսօրուան աշխարհին մէջ ահաւոր դժուար բան է այս մէկը, երբ անհատապաշտութիւնը կը քաջալերուի, երբ հազար ու մէկ տարբեր տեսակի ազդեցութիւններ կան, յատկապէս ընկերային ցանցերու միջոցաւ, եւ այս բովին մէջ երիտասարդին փոխանցել զոհողութեան եւ նուիրուածութեան ոգին՝ հանդէպ հայրենիքին եւ համայնքին, լուրջ խոչընդոտներու հանդիպիլ կու տայ: Հակառակ այս բոլորին անցնող տարուան ընթացքին ըլլա՛յ ուսանողականը, ըլլա՛յ երիտասարդականը, ըլլա՛յ պատանեկանը ամէն կերպ իրենց ներդրումը ունեցան դիմադրութեան շարժումի առաջին հանգրուանին. անոնք ժողովրդային հաւաքներ, քայլերթներ, բողոքի եւ զօրակցական հաւաքներ կազմակերպեցին եւ իրենց ձայնը լսելի դարձուցին ամէնուրեք:

Միւս կողմէ, նկատի առած վերջին տասը տարուան ընթացքին գաղութի թուական աճը, երբ սուրիահայ մեր քոյրերու եւ եղբայրներու պատուաստումը յաւելեալ աշխուժութիւն բերաւ արդէն իսկ հաստատուած գաղութին, մենք պէտք է մտածենք ապագայի առումով, թէ ինչպիսի՛ գանատահայութիւն կ’ուզենք ունենալ հինգ, տասը կամ յիսուն տարի ետք:

Տակաւին շատ բան կայ ընելիք, տարիքային հարցեր կան, որոնք լուրջ մանկավարժական մօտեցման կարիքը ունին, կազմակերպական բաւական բարդ գործընթաց է, որ ի պատիւ մեր մարմիններուն՝ Կեդրոնական վարչութեան, Ընդհանուր Վարիչ մարմնին եւ Ուսանողականի կոմիտէութեան, բոլորն ալ իրենց պարտականութեան գիտակցութեամբ պատնէշի վրայ են միշտ:

Հորիզոն.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր բազմաբեւեռ գործունէութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը. Գանատայի դաշնակցային, նահանգային կամ տեղական մակարդակներու վրայ ի՞նչ իրագործումներ կայցան:

Մ.Գ.- Անցնող տարուան վրայ եթէ պահ մը կանգ առնենք պիտի տեսնենք, որ արդէն մեր Հայ Դատի նուիրեալներուն աշխատանքը շօշափելի արդիւնքներու հասած է, որուն մեծագոյն օրինակն է Գանատայի որոշումը Հայաստանի մէջ դեսպանատուն ունենալու: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր լուրջ աշխատանք կը տարուէր այս ուղղութեամբ, բայց բացարձակ մերժումներու կը հանդիպէինք այլազան պատճառաբանութիւններով: Արցախի պատերազմին ընթացքին հսկայական ճնշում բանեցուց Հայ Դատի յանձնախումբը պետական մարմիններու վրայ, թէ համայնքը դժգոհ է, Գանատան պէտք եղածը չ’ըսեր, չի դատապարտեր նախայարձակ Ատրպէյճանի արարքները եւայլն… եւ այդ ճնշումին որպէս արդիւնք Գանատան դադրեցուց զէնքերու եւ նկահարանող սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ: Հայ Դատի մեր ընկերները հասան մինչեւ Արտաքին Գործոց նախարարութիւն, որուն համոզիչ թղթածրարներ փոխանցելէ ետք, ի վերջոյ Գանատայի այսօրուան Արտաքին Գործոց նախարարուհիին ճիգերով դեսպանատուն հիմնելու որոշումը կայացաւ: Խոստացած են յառաջիկայ Նոյեմբերին մեկնարկը կատարել դեսպանատան գործունէութեան:

Շատ մեծ ձեռքբերում էր այս մէկը, որուն շնորհիւ կ’ակնկալենք, որ Հայաստան-Գանատա բարեկամական կապերը առաւել եւս կը զարգանան եւ իրենց դրական ազդեցութիւնը կ’ունենան տնտեսութեան վրայ, ինչու չէ նաեւ գանատական կառավարութեան ժողովրդավարութեան օրինակը ձեւով մը կը փոխանցուի Հայաստանի:

Երկրորդ կարեւոր ձեռքբերում կարելի է համարել նահանգային մակարդակի վրայ Քեպէգի ազգային ժողովին մէջ երեք հայուհիներու ընտրութիւնը, որուն սատարման ի խնդիր ճիգ չխնայուեցաւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: Նաեւ օրակարգի կէտ է գալիք սերունդներուն մէջ սերմանել տեղւոյն քաղաքական դաշտ նետուիլ, որպէսզի մէկ-երկու տասնամեակ ետք այս թիւերը բազմացնելով մենք յենինք մե՛ր ձայներուն վրայ եւ մե՛ր ներկայացուցիչները ունենանք քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Հորիզոն.- 2022-ին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները թիրախ դարձան ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան. ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայրենիքի եւ Արցախի այսօրուան իրավիճակը այս պրիսմակէն:

Մ.Գ.- Նախ որ իսկապէս պատերազմէն ետք օրհասական իրավիճակ պարզուած էր. որքան ալ փորձեն պարտութիւնը հրամցնել մեզի որպէս խաղաղութեան դարաշրջան՝ բարեկամութեան կեղծ կոչերով, մենք պէտք է ընդունինք եւ բացատրենք մեր ժողովուրդին, թէ թուրքը նոյն թուրքն է, պարզապէս փոխուած են իր խարդաւանքները, եւ իր հրամցուցած խաղաղութեան դարաշրջանն ու սահմանները բանալու երազանքը ինքնին մեզի համար, գոնէ դաշնակցական անհատին համար, յստակ է, որ Հայաստանի դէմ ծառացող մեծագոյն վտանգն է: Մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու ստեղծման բայց ոչ այս պայմաններով, երբ անդին դանակը մեր վզին դրած են… Այսօր այն ինչ որ Ատրպէյճանը կ’ընէ լկտիօրէն Ալիեւի եւ իր կառավարութեան ճամբով, Թուրքիան կ’ընէ «թաւշեայ ձեռնոց»ներով, բայց ի վերջոյ նպատակը նոյնն է… Չմոռնանք նաեւ, որ աշխարհաքաղաքական կտրուածքով մեծ-մեծ հաշուարկներ կան, որոնց մէջ մեր բոլոր հարեւանները ներքաշուած են, Իրանէն Թուրքիա, Վրաստան, բնականաբար Ռուսաստան եւ Արեւմուտք:

Ցաւ ի սիրտ կ’ըսեմ, որ այն ուղեղալուացումին, որ կազմակերպուած ձեւով կը կատարուի կամ կատարուեցաւ պատերազմէն առաջ, ճամբայ բանալով կեղծ թաւիշով յեղափոխութեան, նպատակը այս էր վերջաւորութեան. մեզի համար յստակ էր այդ օրերէն, մենք կը գիտակցէինք այս բոլորին եւ կը մեղադրուէինք… Անոնք այսօր եւս ամէն ճիգ կը թափեն եղածը արդարացնելու, պարտութիւնը յանկարծ յաղթանակի վերածելու, ինչպէս Փաշինեան յայտարարեց, թէ ինք 25000 մարդու կեանք փրկած է, պահ մը մոռնալով որ անդին մենք ունեցանք արդէն 5000-էն աւելի զոհ:

Այս կատակերգական ողբերգութիւնը ցաւօք սրտի մահացու է մեզի համար, եւ մենք կը փորձենք ազդարարել ու ահազանգել ամէն վայրկեան: Բնականաբար շատ դժուար ճամբայ է ասիկա, այսինքն հոսանքին դէմ թիավարել չէ, այլ ալիքներուն դէմ կռուիլ է, եւ կը յուսանք որ անդառնալի կէտի չենք հասնիր: Այսօր մեր թշնամիները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, կը փորձեն կարելի եղած չափով նախ արնաքամ ընել Հայաստանը, որ վերջ ի վերջոյ իրենց պարտադրած պայմաններուն ենթարկուի:

Եթէ նայինք բանակցութիւններու հոլովոյթին պրիւքսէլեան տարբերակին, ընդհանրապէս յիշատակում չկայ Արցախի ինքնորոշման, ռուսական տարբերակը շատ մը գիծերու մէջ նոյնն է, կարծես ամբողջ աշխարհը համաձայնած է, որ այս բոլորը տեղի ունենային, իւրաքանչիւրը անշուշտ իր շահերէն մղուած: Միակ յուսադրիչ գործօնը ռուսական առաջարկներուն մէջ այն է, որ ինքնորոշման հարցը կը յետաձգուի, ինչ որ ինքնին կ’ենթադրէ, թէ ապագայի առումով տակաւին կարելի է գործ տանիլ, ինչքան ալ ըլլան դժուարութիւններ, ինչքան ալ անյաղթարելի թուին վտանգները, եւ ահա այդ արձագանգը եկաւ Արցախէն, Վերածնունդի հրապարակի հաւաքով:

Հիմա մեզի կը մնայ գործածել հայ մտքի դիւանագիտական ճարտարութիւնը, նաեւ լքուած հայկական բանակի վերականգնումն ու վերահզօրացումը, որպէսզի կարենանք քիչ-քիչ մենք զմեզ հաւաքել եւ յետպատերազմեան այս խայտառակ եւ պարտուողական վիճակէն դուրս գալ, նուազագոյն վնասով: Այսօր կարելի չէ հաշտուիլ այն իրականութեան հետ, որ Արցախը ձգուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ արցախցիները ունենան ատրպէյճանական քաղաքացիութիւն. այս մէկը կը նշանակէ, որ թշնամիին երախին մէջ պիտի նետուի 125-130 հազար հայութիւն:

Միւս կողմէ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային յստակ օրէնքով անօտարելի իրաւունք է, որուն առընչութեամբ մինչեւ առտու ալ Ալիեւը յոխորտայ, որ ինքը Արցախի հարցը պատերազմով լուծած է, ես համոզուած չեմ տակաւին, որ արցախցին պատրաստ է, նոյնիսկ իր վիրաւոր վիճակին, իր դարաւոր հայրենիքը արծաթէ ափսէի վրայ տալու թշնամիին: Եթէ այսօրուան վարչախումբը այդպէս կը մտածէ եւ կը թեքի միշտ զիջումնային տարբերակին, չենք բացառեր նաեւ օտարամուտ գործակալութիւններու միջամտութիւնը՝ Հայաստանին պարտադրելու նման օրակարգ, ապա այս բոլորին դէմ առաջին ծառացողը բնականաբար պիտի ըլլայ Դաշնակցութիւնը: Հաւանաբար ծայրագոյն հարուածները պիտի հասնին մեզի, բայց մեր 132 տարուան պատմութեան ընթացքին մեզի համար ասոնցմէ ոչ մէկը նորութիւն է, մեզի կը մնայ մեր ակռաները սեղմել, պատրաստուիլ գալիքի մարտերուն, գալիքի պայքարին:

Մեր ուղեցոյցը միշտ եղած է յարատեւ կռիւը դարձնել մեր ուղենիշը, ոչ թէ անոր համար որ խաղաղութեան չենք հաւատար, այլ ինչպէս կ’ըսէ դարերու իմաստութիւնը, թէ խաղաղութիւն չես կրնար մուրալ, խաղաղութիւնը վերջ ի վերջոյ կը պարտադրես: Ժամանակը միայն կրնայ ցոյց տալ, թէ ինչքանով մենք պիտի յաջողինք, բայց մեր մօտ ընդհանրապէս կազմակերպականօրէն այդ տրամադրուածութիւնը կայ, որ կացութիւնը պիտի չընդունինք, պիտի յեղաշրջենք զայն եւ մեր հետագայի բոլոր ընելիքները այս կռուանէն յառաջ պիտի մղենք:

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի ամանորի բացառիկ
Հարցազրոյցը վարեց՝ Սոնա Թիթիզեան

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company