ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Պիտի Վերակերտուի՛ Ազգային Պետականութիւնը

24 Փետրվար 2023

Այնճարի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ օրուան առիթով Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի խօսքը.

Դաշնակցութեան օրուան նշումը ընդհանրապէս տարեվերջին կը գումարուի. ժամանակի այս ճշդումը ունի անշուշտ իր տրամաբանութիւնը: Տարեկան կտրուածքով ընդհանուր գործունէութիւն, մեր բառապաշարին մէջ հաշուետուութիւն ըսելաձեւով բանաձեւուած, կը միտի կուսակցութեան համակիր զանգուածին ներկայացնել աշխատանքի հանրագումարը` ընդգծելով հիմնական առանցքները:

Դրական շեղում մը կը նկատուի այսօր այս ընդհանուր ընկալումէն եւ մօտեցումէն: Դաշնակցութեան օրը Այնճարի մէջ կը նշուի ոչ թէ տարեվերջին, այլ տարեսկիզբին: Եւ ասիկա շատ հաւանաբար խորհուրդ մը կը ներառէ: Այն, որ անցեալ ուղիի գնահատումէն աւելի, բացուող տարուան կը նայի` ամփոփելու, քննարկելու, եւ մանաւանդ դէպի յառաջ նայելու, դէպի գալիքը ծրագրելու եւ հեռանկարին ընդառաջ աշխատելու:

Դաշնակցութեան օրուան այսօրուան նշումը ամէնէն առաջ մեր հայեացքները կ՛ուղղէ գրեթէ քառասուն օրուան շրջափակման մէջ եղող Արցախին վրայ: Իսկ քառասուն օրուան ժամանակի խորհուրդը այս միջավայրին մէջ անմիջապէս բոլորիս մտաբերել կու տայ Մուսա Լերան աւելի քան քառասնօրեայ հերոսամարտը, դարձեալ շրջափակուած, դարձեալ թուրանական սուրին տակ մաքառող, վերապրող եւ շրջափակումը մերժելու եւ չյանձնուելու համար լեռ բարձրացած հերոսական ժողովուրդի մը ապստամբական գործողութիւնը:

Այս զուգահեռը, սակայն, միայն քառասնօրեայ հերոսապատումի ժամանակի խորհուրդին չի վերաբերիր: Հայ ռազմարուեստի պատմութիւնը ուսումնասիրողը անպայման գեղեցիկ զուգահեռներ պիտի նկատէ Արցախի եւ Մուսա Լերան ինքնապաշտպանական ջոկատներու կազմաւորման, կազմութեան, տեղաբաշխման եւ որդեգրած ռազմական մարտավարութիւններուն միջեւ:

Երկուքին պարագային ինքնաշէն հրացաններու սկզբնական սարքումն ու զէնքի ժողովրդականացումը, արդիւնք` ցեղային զտման կամ ցեղասպանութեան ենթարկուելու անմիջական վտանգին:

Եթէ Մուսա Լերան պարագային Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ ցեղասպանական արարքներուն հերթական արարը ձախողեցաւ, ապա Արցախի պարագային կասեցուեցաւ նոյն թուրանական ձեռագիրով սարքուած Սումկայիթով, Կիրովապատով շարունակուող հայութեան ցեղային զտումի ռազմաքաղաքական հանգրուանի իրացումը:

Խորհուրդներու զուգահեռը կը շարունակուի` ապստամբութեան ոգիի զարթնումի գեղեցիկ դրսեւորումներով, դիմադրելով, թշնամին հարուածելով եւ հայրենիքն ու բնօրրանը չյանձնելու հաւաքական կամքի զինական դրսեւորումներով:

Արցախի գոյամարտին եւ Մուսա Լերան հերոսամարտին միջեւ ամէնէն ուշագրաւ խորհուրդը կը կայանայ համահայկական միասնականութեան մէջ: Երկու պարագային ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնները յաջողեցան միաւորել բոլոր հատուածները, ուժերը, յաջողեցան համախմբել ժողովուրդը, ստեղծել միասնականութիւնը եւ կերտել յաղթանակը: Յարանուանականէն կուսակցական եւ կուսակցականէն համաշրջանային եւ համագիւղացիական թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Մուսա Լերան պարագաներուն ժողովուրդի ծառացումն ու ղեկավարութեան ընդհանուր հրամանատարութեան շուրջ միաւորումը կարծէք նոյն ներշնչումները ունին, նոյն նպատակները կը հետապնդեն եւ ռազմական առումով միեւնոյն առաջադրանքները կ՛իրականացնեն:

Քաղաքական առումով եւս երեւոյթի մը կրկնումը կը պատկերուի մեր մտապաստառին վրայ: Շրջափակուած եւ ցեղասպանուելու ընտրանքին դէմ ապստամբած մուսալեռցիներուն օժանդակութեան հասնելու, միջամտելու քայլ կ՛առնէր Ֆրանսան. այն Ֆրանսան, որ այսօր կը գրաւէ Ազրպէյճանը մեղադրող եւ հասցէական յայտարարութիւն կատարող երկիրներու առաջին հորիզոնականները: Ֆրանսան, որ նախաձեռնութիւն կ՛առնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ եւ Արցախի ապաշրջափակումը կը պահանջէ` հնչեցնելով մարդասիրական աղէտի վտանգը: Դէպի Հայաստան եւ Արցախ ամէնէն շատ դիւանագիտական աշխուժութիւն ցոյց տուող երկիրն է Ֆրանսան, եւ պատահական չէ, որ Ազրպէյճանը կտրականապէս դէմ է Փարիզի միջնորդի կարգավիճակ ստանձնելուն` հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն:

Այս զուգահեռը` այսօրուան Արցախին եւ երէկուան Մուսա Լերան միջեւ, գծեց նոյնինքն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, երբ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն վերաբերող «ի՞նչ քայլեր կ՛առնէ Ֆրանսան» հարցումին, յիշեց ֆրանսական նաւերու միջոցով Մուսա Լերան ժողովուրդի տեղափոխութիւնն ու փրկութիւնը:

Այո՛, վերստին փրկութեան մասին է խօսքը: Պաշարուած եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած 120.000 ժողովուրդ մարդասիրական աղէտի մէջ, ենթակայ` ցեղային զտումի անմիջական վտանգին:

Հիմա տխուր զուգահեռ կայ նաեւ Մուսա Լերան եւ Արցախի տարածքային կորուստներու առումով: Մուսա Լեռէն հայկական մնացած է այսօր Վագըֆը, մինչ Արցախի ազատագրուած տարածքներէն բացի զիջած ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն Շուշին եւ Հադրութը:

Յուսադրող լուրեր կը ստացուին սակայն Մուսա Լեռէն: Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը այս ամսուան սկիզբը կը մերժէր Վագըֆի հայկական եկեղեցին պետութեան սեփականութիւնը դարձնելու որոշումը: Եկեղեցին, փաստօրէն, 6 յունուարին հրապարակուած որոշումով, կը մնար համայնքապատկան: Իրաւական յաղթանակ մըն է, որ կ՛արձանագրէր Վագըֆի հայութիւնը` փրկելով իր եկեղեցին եւ եկեղեցապատկան կալուածները:

Եթէ հողին վրայ մնացած չըլլար մուսալեռցիներու վագըֆեան մնացորդացը, հայկական բնօրրանին մէջ պիտի չղօղանջէին եկեղեցւոյ զանգերը, եկեղեցին պիտի պետականացուէր, պիտի ընդմիշտ դադրէին մեր արարողութիւնները այնտեղ: Բնակչութիւնն է, որ փրկեց հայկական գիւղն ու համայնքապատկան կալուածները: Իրաւական այս պայքարը կը շարունակուի. հայկական հիմնարկները Թուրքիոյ բարձր դատարանէն կը պահանջեն ընդհանուր առմամբ 41 գոյքերու եւ կալուածներու վերադարձը հայութեան: Փաստօրէն, այս ծիրին մէջ որոշումը ո՛չ միայն Վագըֆի եկեղեցւոյ կը վերաբերի, այլ նաեւ Մուսա Լերան հայկական գիւղերու շարք մը կալուածներուն: Առաջադրանքը 27 կալուածի վերադարձն է:

Այստեղ է ուրեմն նաեւ գալիք զուգահեռը: Արցախի մնացորդացն է այսօր եւ այնտեղ ապրող հայութիւնը, որ փուլ առ փուլ անպայման պիտի վերականգնէ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ վերստին ղօղանջել տայ Շուշիի թէ Քարվաճառի վանքերուն զանգերը:

Մուսա Լեռէն Արցախ, անցնելով հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, կան նոյն ոգիով առաջնորդուած ըլլալու զուգահեռներ եւս: Շարունակենք սքանչանալ եւրոպական քաղաքներու մէջ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուողներու զուգահեռով: Պուտափեշտի մէջ հայրենի սահմաններու պաշտպանութեան գործին լծուած, ազրպէյճանական կացինին զոհ գացած հայկական սպայակազմի անդամ Գուրգէն Մարգարեանը եւ Փարիզի մէջ միացեալ Հայաստանի կերտման պայքարին նահատակուած Դաշնակցութեան Այնճարի հնոցի շրջանաւարտ Պետիկ Ինճէեանը: Վարանգաթաղի բարձունքները ազատագրելէ ետք կողք-կողքի նահատակուած, կամաւորական Արշակ Մելիքեանն ու Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդի շառաւիղ Գէորգ Հաճեանը:

Հայկական լեռնաշխարհի վրայ սաւառնող այս արծիւներու ոգին է, որ վերստին պիտի յաջողի Արցախեան եւ Մուսա Լերան զուգահեռ խորհուրդները առկայծել, թուլացած եւ անտարբեր զանգուածներու հոգիներուն մէջ վերստին կերտելու համար նոր հերոսամարտեր: Նոր ազատագրումներ: Նոր հայրենակերտումներ:

Դաշնակցութեան օրն է այսօր, եւ մենք կ՛անդրադառնանք ամէնէն ցաւոտ խնդրին: Թշնամին ներխուժած է հայաստանեան գերիշխան տարածքներ, բռնագրաւած է Արցախի կարեւորագոյն մասը եւ կը սպառնայ նոր Կարսի պայմանագիրներ կնքել տալ հայկական կողմին:

Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրնար կայացնել համազգային համախմբումը, կազմակերպել համաժողովրդային դիմադրութիւնը, մերժել միակողմանի պարտադրուող զիջումները: Ընդհակառակը. կը շրջանցեն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, կը բաժնեն հասարակութիւնը, կը ջլատեն սփիւռքը: Հայկական դիւանագիտութիւնը չի յաջողիր կիրարկել հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւն, եւ մեր երկիրը կը տուայտի մէկ ռուսական գործօնի դէմ յայտարարութիւններով եւ հակառուս ալիքի բարձրացումով, մէկ դէպի Արեւմուտք անիրատեսական ակնկալութիւններ բարձրաձայնելով:

Կողմնացոյցի որոնման եւ տագնապի այս օրերուն կը թուի, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի մենք պէտք ունինք նայելու մուսալեռցի տեսաբան, հրապարակախօս Սարգիս Զէյթլեանի բանաձեւին` հայկակա՛ն արեւելումին, որ հետեւորդ է ո՛չ ռուսին, ո՛չ ալ ամերիկացիին կամ ընդհանրապէս Արեւմուտքին, որ գիտէ ազգային շահերու համատեղման կէտեր գտնել թէ՛ ռուսականին ու թէ՛ արեւմտեանին, եւ որ ունի՛ հմտութիւնն ու դիւանագիտական արուեստը` յառաջ տանելու հայկական արեւելումի վրայ հիմնուած եւ ազգային շահերը գերադասող ուղեգիծը:

Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին դիմադրելու համար անհրաժեշտ են սակայն կամք եւ քաղաքական գրագիտութիւն, տարածաշրջանի իրողութիւններու սթափ իմացութիւն եւ հմուտ դիւանագիտութիւն վարելու ունակ մարդուժ: Անհրաժեշտ է իրադարձութիւններու ճիշդ ըմբռնում հայկական արեւելում որդեգրելու համար:

Ահա թէ ինչո՛ւ աւելի քան հրամայական է ազգային հենքի վրայ նոր իշխանութիւններու կազմութիւնը:

Հայկական արեւելումի եւ համազգային արժէքաբանութենէն հեռացումի պատճառով է, որ այսօր մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, ականատես եղանք գաղափարական նահանջներու:

Դաշնակցութեան առաջադրած սփիւռքահայը հայրենիքին կապելու երկքաղաքացիութեան օրէնքը կը վերափոխուի ներդրումային չափանիշներով:

Դաշնակցութեան բանաձեւած ազգ-բանակը հետզհետէ կը դառնայ արհեստավարժի անուան տակ ասպարէզային-պայմանագրային կամ վճարումի դիմաց բանակի պարտաւորութենէն ազատ կացուցուելու հնարաւորութիւն տուող հաստատութեան:

Դաշնակցութեան հետեւողական աշխատանքով, պահանջատիրութեան պետականացումը այսօր տեղի տուած է ընդհանրապէս հատուցման մասին նոյնիսկ ակնարկութիւն չկատարող պետական հայեցակարգերու:

Մեր ծրագիրով բանաձեւուած եւ պետական մակարդակով նախապէս հնչած Սեւրի այժմէականութիւնն ու իրաւարար վճիռի իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը այսօր նոյն ամպիոններէն կը նկատուի ցնորաբանութիւն:

Տասնամեակներու վրայ երկարող Դաշնակցութեան աշխատանքը` խորհրդարանական համակարգի անցնելու, ներօրէնսդրական եւ օրէնսդիր-գործադիր-դատական համակարգերու միջեւ փոխհակակշռումի յարաբերակցութիւններ ստեղծելու, այսօր վերածուած է գերվարչապետական, միակուսակցական դրութեան. կը նախապատրաստուի վարչակարգի վերադարձ կատարել` դէպի կիսանախագահական:

Դաշնակցութեան անդուլ աշխատանքները ամբողջ ազգի ներկայացուցչութիւնը Համահայկական հռչակագրի հիմնադրոյթներուն շուրջ համախմբելու եւ եզակի ու աննախադէպ փաստաթուղթ մշակելու` այսօր իրողապէս չեղարկուած են: Յղում չի կատարուիր ներազգային առումով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այդ փաստաթուղթի որեւէ հիմնադրոյթին:

Շարքը կարելի է երկարել: Դաշնակցութիւնը նախապէս ալ ընտրական շռնդալից յաջողութիւններով չէր յատկանշուեր: Բայց քայլ առ քայլ կ՛արձանագրէր գաղափարական նման յաղթանակներ: Այսօր տեղի կ՛ունենայ Դաշնակցութեան գրանցած գաղափարական յաղթանակներու իւրաքանչիւր կէտի թիրախաւորում եւ հարուածում:

Գաղափարական արժէքներու այս ձեւափոխումի գործընթացը երբեմն ուղղակի բախումնային է, երբեմն անուղղակի, երբեմն կոշտ, յաճախ` փափուկ ու նուրբ: Անիկա տեղի կ՛ունենայ վաղեմի խնդիրներ վերարծարծելով եւ քրէական գործեր բանալով. մինչեւ իսկ նոյնիսկ հայութեան արժանապատուութիւնը վերականգնած Նեմեսիս գործողութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով. տակաւին չենք խօսիր Դաշնակցութեան առաջադրած պահանջատիրութեան նկատմամբ ծրագրուած հեգնանքին մասին` Հայ դատականութիւն, ոչ մէկ թիզականութիւն, Ստամպուլը արեան ծով դարձնողներու երազանք, ծովից ծով Հայաստանի կերտիչներ եւ այլն: Այս բոլորը ոչ թէ Դաշնակցութեան հարուած են միայն, այլ նաեւ կ՛ամլացնեն ժողովուրդին դիմադրութեան հաւաքական ոգին:

Դաշնակցութեան օրուան Այնճարի մէջ նշումը չի կրնար աննկատ ձգել Մուսա Լերան շարունակութիւնը հանդիսացող այս եզակի միջավայրին` սփիւռքի միակ եւ բացառապէս հայատարր գիւղին դերը:

Այնճարը մեր ազգային արժեհամակարգի պահպանման գործին մէջ քաղաքականէն կազմակերպական, կրթականէն մշակութային, կը շարունակէ պահպանել իր, առանց գերագնահատելու` ռազմավարական դիրքը, սփիւռքի հայկական քարտէսին վրայ:

Հայկական արեւելումի տեսութեան կրող այս հայկական գիւղի բնակչութիւնը օրինա՛կ է համախմբումի, միասնականութեան եւ հայկական անխորտակելի դիմադրողականութեան. եւ իբրեւ այդպիսին բոլոր նախադրեալները վաստակած է համահայկական կեդրոններու ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կիզակէտին վրայ յայտնուելու:

Արժէքներու այս ամբողջութեան վրայ լուսարձակներ բանալը աւելի քան անհրաժեշտ է, մանաւանդ դժուարագոյն այս օրերուն: Որպէսզի վերստին համընդհանուր համոզումի վերածուի հայկակա՛ն արեւելումը եւ անոր հիման վրայ վերակերտուի մեր հայրենիքը: Հայկակա՛ն արեւելումի վրայ խարսխուած քաղաքականութիւնն է`

որ պիտի յաջողի բանալ Բերձորի միջանցքը,
որ պիտի կասեցնէ Զանգեզուրի վրայ համաթուրանական կամուրջի կառուցումը,
որ պիտի վերականգնէ Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը,
որ ճանչցնել պիտի տայ հայկական երկրորդ Հանրապետութիւնը,
որ պիտի համախմբէ սփիւռքը, եւ պիտի ընդարձակէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները:

Մեզի պէտք են ուրեմն բացառապէս հայկական արեւելումի համոզուած մարդուժ եւ Մուսա Լերան ու արցախեան ոգին իւրացուցած նոր Սարդարապատ կերտելու եւ միասնականութիւն յառաջացնելու ատակ պետականութիւն:

Համոզուա՛ծ ենք, որ կը վերակերտուի ազգային պետականութիւնը:

22 յունուար 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company