Այցելութիւն «Գանձասար»ի խմբագրատուն
20 Ապրիլ 2023
19 ապրիլի երեկոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց «Գանձասար»ի խմբագրատուն։
Խմբագրակազմին հետ հանդիպումին ու մտերմիկ զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ «Գանձասար»-ի 30-ամեայ երթին, անոր կարեւոր դերին՝ համայնքի կեանքի պատկերն ու առօրեան արտացոլացնելու եւ գրողներու բեմը հանդիսանալու առումով։
Այս առիթով «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանը Բիւրոյի ներկայացուցիչին նուիրեց «Գանձասար»-ի տարեկան բացառիկ հատորէն օրինակ մը։
Աւարտին «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ, զոր կը հրատարակենք յառաջիկայ օրերուն։