Հալէպահայութիւնը հոծ շարքերով մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ջահերով երթին
24 Ապրիլ 2023
Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդր. Վարչութեան, Կիրակի, 23 Ապրիլին հալէպահայութիւնը կուռ շարքերով վերանորոգեց իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու ուխտը եւ մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ջահերով երթին։
Երթը կը խորհրդանշէր հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու 108 տարիներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու վառ մնացած յիշողութիւնը, եւ վերջապէս անպատիժ մնացած համամարդկային ողբերգութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Երթը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 7։15-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն։
Երթը Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ դրօշներով առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի փողերախումբը։
Ջահերթին մասնակցեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ մարդասիրական խումբի հրամանատար, փոխգնդապետ Վահան Թադեւոսեանն ու մարդասիրական խումբի սակրաւորները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեանն ու դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանը, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու փողերախումբը եւ ժողովրդային լայն զանգուած մը։
Շրջանի բնակիչները իրենց պատշգամներէն մոմեր բռնած կը զօրակցէին տողանցողներուն։
Մասնակիցները ջահերով, մոմերով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներով ուղղուեցան Ազգ. գերեզմանատուն:
Գերզմանատան սեմին տեղադրուած էին 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերներ։
Հալէպահայ երեք համայնքապետներն ու երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ մարդասիրական խումբի հրամանատար, փոխգնդապետը եւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանները իրենց ջահերը միացնելով բոցավառեցին Ցեղասպանութեան յուշաքարին ջահը։
Ապա անոնք ծաղիկներ խոնարհեցուցին յուշաքարին դիմաց։
Այնուհետեւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ յուշաքարին դիմաց։

Ջահերով երթի աւարտին, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը։
Ներկաները նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։
Հայերէն բացման խօսքով Մարմանդ Աշոտեան-Շահինեան ըսաւ. «Ընդունուած իրականութիւն է, որ այն ժողովուրդները, որոնք չունին ազգային ինքնագիտակցութեան բարձր ըմբռնում, դատապարտուած են ձուլման եւ մոռացութեան։ Մենք՝ հայերս, վերջին 150 տարիներու ընթացքին այնքան արիւն ու ջարդ տեսանք, այնքան կրակներու ճամբաներով անցանք, որ իրաւունք չունինք թիզ մ՚անգամ ետքայլ կատարելու մեր պահանջատիրութեան ուղիէն»:
Արաբերէն բացման խօսքով Յարութ Սունպուլեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը իրագործելով Օսմանեան Կայսրութեան պարագլուխները կը միտէին հայրենազուրկ ու բնաջինջ ընել ողջ ազգ մը։ Սուրիա ապաստանած հայութիւնը, սակայն, գրկաբաց ընդունուեցաւ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին կողմէ։ Սուրիական հայրենիքին մէջ ան կարելիութիւն եւ առիթ ունեցաւ պահպանելու իր ինքնութիւնը, եւ ինչպէս նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ըսաւ. «Սուրիահայութիւնը, պահելով իր իւրայատկութիւնը, դարձաւ սուրիական գունեղ ընկերութեան անքակտելի մէկ մասնիկը»։
Այնուհետեւ Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն Սրտով» բանաստեղծութիւնը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Արինա Պօշկեզէնեան։
Աւարտին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. եպս. Աշգարեան, յայտնելով որ ջահերուն բոցը կը խորհրդանշէ մեր նահատակներուն արեան կանչը, որ արդարութիւն կը պահանջէ։ Օրուան երթը կը խորհրդանշէ մեր պահանջատիրութիւնը, իսկ բոցավառող կրակը յաւիտենական կեանքի վկայութիւնն է։
«Մահը, ջարդը, տանջանքը, նահատակութիւնը չկրցան ընկճել մեզ ու վերջ դնել մեր կեանքին։ Սպանեցին մեր պապերը, սակայն չկրցան սպանել հայու ճախրող ոգին։ Կրակը կը խորհրդանշէ նաեւ դատաստանը, որ հեռու չի թուիր մեզի։ Ու թէեւ աշխարհը կառավարողները յանդգնութիւն չունեցան ու չունին արդարութիւն հաստատելու, սակայն մենք մեր հաւատքին մէջ հաստատ ենք ու մեր հայեացքը կ՚ուղղենք արդարութեան եւ իրաւունքի նուաճման հորիզոններ», ըսաւ սրբազան հայրը: Ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին եւ անոր միջոցաւ իր նախնիներուն, որոնք ապաստան տուին Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ու դատապարտած երկիրներուն։













