ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-Ամեակի Տօնակատարութիւն Լիբանանում

30 Մայիս 2023

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ռուբէն» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 105-ամեակի տօնակատարութիւն:

«Ռուբէն» կոմիտէի անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Մամիկոնեան, որ ըսաւ, թէ փառաւոր յաղթանակի եւ հպարտութեան օր է մայիս 28-ը, իսկ 1918-ն թուական մըն է, երբ մոխրացած հայրենիք մը յանկարծ շունչ առաւ եւ 600 տարուան ստրկութենէն ետք դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ, կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ մայիս 28-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններու, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը` ղեկավարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկուկէս միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:

«Սակայն կարեւորը այսօր է: Նոյնքան ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ հայութիւնը այսօր` Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Այսօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը պարտի ազգովին համախմբուիլ, միանալ, պայքարիլ` յանուն Արցախի գոյութեան, մեր արցախահայ քոյր-եղբայրներու ապահովութեան, Հայաստանի անկախութեան պահպանման եւ սփիւռքի մէջ հայկականութեան շարունակութեան», եզրափակեց Մամիկոնեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն միեւնոյն հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ միասնական ոգիով շարունակելու պայքարը` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պահպանման եւ գոյատեւման:

Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն, թէ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը կը տօնենք մեր անմիջական պատմութեան մէջ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ: Արդարեւ, ունինք` բռնագրաւուած արցախեան տարածքներ, ներխուժուած հայրենիք, բազմահազար զոհեր, հաշմանդամներ, պարտադրուող համաձայնութիւններ, տկար դիրքերէ ընթացող բանակցութիւններ եւ միակողմանի զիջումներ, բայց եւ այնպէս 105 տարի առաջ շատ աւելի ծանր էին պայմանները` ցեղասպանութիւն, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւում, ամայացում, միլիոնաւոր զոհեր: Հայութիւնը սակայն մղեց իր գոյամարտը եւ յաղթեց, մայիսեան ճակատամարտերով արգելակեց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, կասեցուց համաթուրանական յառաջխաղացքը, հռչակեց անկախութիւն, կերտեց պետականութիւն, հայկական պահեց Սիւնիքը եւ այդպիսով փրկեց հայրենիքը, որովհետեւ կա՛ր իր ժողովուրդի ուժին հաւատացող կառավարութիւն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդ:

Անդրադառնալով ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէի կազմակերպած սոյն տօնակատարութեան, ան նկատել տուաւ, որ այդ մէկը յատուկ խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կոմիտէն կը կրէ անունը Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր սերունդին մաս կազմած, անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ ընտրուած, ապա ներքին գործոց նախարարի եւ աւելի ուշ զինուորական նախարարի պաշտօնները ստանձնած մեր ազատագրական պայքարի ամենափայլուն դէմքերէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի, որուն դերը մեծ է պետականակերտման եւ հայրենակերտման, հայրենիքի հայացման մէջ: «Այդ գործին ետին կանգնած էր Ռուբէնը թէ՛ ծրագրումի եւ թէ՛ իրականացման առումներով», հաստատեց Գանտահարեան` ըսելով, որ այս ճակատագրորոշ գործողութիւններուն կը պարտինք այսօրուան Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը եւ հարց տալով, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր երկրի ճակատագիրը, եթէ Ռուբէնն ու անոր ընկերները Ա. Հանրապետութեան կերտման առաջին գործերէն չհամարէին ժողովրդագրական պատկերի հայացումը: Ներքին հսկայական ական տրամադրած պիտի ըլլայինք թշնամիին, որ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Արցախի հետեւողութեամբ ցեղային զտումի պիտի ձեռնարկէր նաեւ մեր սահմաններուն մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը հաստատուի, որ վերանկախացած Հայաստանը պէտք է զարգացնէ 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, աւելցնելով, որ անկախութեան հռչակագրով եւ, հետեւաբար, սահմանադրութեամբ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդը կը համարուի 1918-ի մայիս 28-ի Հայաստանին եւ իբրեւ իրաւաժառանգորդ` պարտաւոր է ոչ միայն պահպանելու, այլ զարգացնելու մայիս 28-եան աւանդութիւնները: Ան շեշտեց, որ այսօր այդ աւանդութիւններու օտարում կը նկատուի այդ ժառանգի արժանաւորութենէն հեռացած գործող իշխանութիւններուն մօտ, հետեւաբար հայ ժողովուրդը, յարգելու համար Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը, Ա. Հանրապետութեան արժանի իրաւաժառանգորդ իշխանութիւն պէտք է ձեւաւորէ անյետաձգելիօրէն: «Մենք պարտաւո՛ր ենք յարգելու Անկախութեան հռչակագիրը եւ ատով իսկ վերակերտելու մայիս 28-եան աւանդներուն հարազատ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ազգային պետականութիւն, որուն ընդառաջ Սարդարապատի ղօղանջները արդէն կը լսուին միաւորուած եւ համախմբուած Արցախի մէջ», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան` Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, որոնք մեկնաբանեցին ազգային երգերու փունջ մը, Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները, Հրակ Մամիկոնեան` ասմունք, իսկ Հրաչ Կայծակեան եւ Լոռի Կիւլիւմեան, ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի, ներկայացուցին ազգային երգերու փունջ մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Ստորեւ՝Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին օրուան բանախօս Շահան Գանտահարեանի արտասանած խօսքը.

Պարտաւոր Ենք Շարունակելու Մայիս 28-եան Աւանդութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը կը նշենք մեր անմիջական պատմութեան մէջ ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ: Բռնագրաւուած արցախեան տարածքներ, ներխուժուած հայրենիք, բազմահազար զոհեր, հաշմանդամներ, պարտադրուող համաձայնութիւններ, տկար դիրքերէ ընթացող բանակցութիւններ եւ միակողմանի զիջումներ:

105 տարի առաջ, սակայն, շատ աւելի ծանր էին պայմանները: Ցեղասպանութիւն, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւում ամայացում, միլիոնաւոր զոհեր: Հայութիւնը սակայն մղեց իր գոյամարտը եւ յաղթեց մայիսեան գոյակռիւներով հայ ժողովուրդը

արգելակեց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, կասեցուց համաթուրանական յառաջխաղացքը, հռչակեց անկախութիւն եւ կերտեց պետականութիւն:

Հայկական պահեց Սիւնիքը եւ այդպիսով փրկեց հայրենիքը:

Այս բոլորին աւելցնել դիւանագիտական գործուղումներ, համալսարանի հիմնադրում, դպրոցական համակարգի կայացում, մշակոյթի ծաղկում, խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպում` նշելու համար ռազմավարական կարեւորագոյն իրագործումները:

Այս բոլորը կ՛իրականանային, որովհետեւ կա՛ր իր ժողովուրդի ուժին հաւատացող կառավարութիւն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սերունդ, որ սեւ ու սպիտակի չբաժնեց ժողովուրդը, այլ համախմբեց բոլորը առանց խտրութեան, զիջողական խաղաղութեան մասին չխօսեցաւ պատերազմի թէժ օրերուն, այլ մայիսեան հերոսամարտերով կասեցուց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը: Թէ՛ պահեց Արագածը եւ թէ՛ որոշեց ազատագրել Արարատ լեռը, մութ ու տժգոյն Երեւանը վերածեց լուսաւոր քաղաքի, չհեղինակազրկեց իր զինեալ ուժերու հրամանատարները, այլ հերոսացուց զանոնք: Ոչ թէ թաւիշով ու դուխով, այլ Սարդարապատով եւ Լեռնահայաստանի գոյամարտով ստեղծեց նոր Հայաստանը եւ պաշտպանեց անոր սահմանները:

Եւ նենգափոխուած է ու կեղծ նոյեմբերեան հրադադարի ստորագրութեան համեմատութիւնը Պաթումի կամ Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրներուն հետ: Պաթումի օրերուն չկային սահմաններ, չկային յստակ տարածքներ: Փրկուած հողատարածքի վրայ անկախ պետութիւն ունենալու եւ զայն պահելու առաջադրանքն էր գերական, մինչ Ալեքսանդրապոլի օրերուն բռնի ուժով պարտադրուած ստորագրութեան պահուն Դաշնակցութիւնը արդէն յանձնած էր իշխանութիւնը համայնավար կարգերուն:

Իշխանութիւն յանձնելը, իշխանութենէն հրաժարիլը ստորադաս էր հայրենիքը փրկելու առաջադրանքէն: Մուրճին եւ սալին միջեւ ճիշդ ընտրութիւն կատարելը եւ կամովին իշխանութիւն յանձնելը առաջին հանրապետութեան ղեկավարներու որդեգրած աւանդութիւններէն եւ դաւանած սկզբունքներէն կը բխէին: Իշխանութենէն հրաժարումը եւ իշխանութեան խաղաղ յանձնումը փրկեցին հայրենիքը: Դասեր չեն քաղուած այսօր ճիշդ պահուն, ատենին հայրենիք փրկելու առաջադրանքի գերադասումով իշխանութենէն հրաժարելու եւ իշխանութիւն յանձնելու հանրապետութիւն կերտած սերունդէն:

Դասեր չեն քաղուած յայտնապէս հայրենիք փրկելու համար մուրճին եւ սալին միջեւ ճիշդ ընտրութինը կատարելու:

ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին կողմէ մայիս 28-ը տօնակատարելը յատուկ խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունի: Կոմիտէն կը կրէ առաջին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդին մաս կազմած, անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ ընտրուած, ապա ներքին գործոց նախարարի եւ աւելի ուշ զինուորական նախարարի պաշտօնները ստանձնած մեր ազատագրական պայքարի ամենափայլուն դէմքերէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի անունը:

Պետականակերտման եւ հայրենակերտման մէջ անգնահատելի է դերը հայրենիքի հայացման գործողութեան: Այդ գործին ետին կանգնած էր Ռուբէնը թէ՛ ծրագրումի եւ թէ՛ իրականացման առումներով:

Այս ճակատագրորոշ գործողութիւններուն կը պարտինք այսօրուան Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը: Եւ մտածել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար մեր երկրի ճակատագիրը, եթէ Ռուբէնն ու իր ընկերները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման առաջին գործերէն չհամարէին ժողովրդագրական պատկերի հայացումը: Ներքին հսկայական ական տրամադրած պիտի ըլլայինք թշնամիին, որ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Արցախի հետեւողութեամբ ցեղային զտումի պիտի ձեռնարկէր նաեւ մեր սահմաններուն մէջ:

Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը նշելը այժմէական շատ ուղերձներ կը պարփակէ տակաւին: Ցեղասպանութիւն իրականացուցած Թուրքիան եթէ Հայաստանի վրայով քալէր միանալու համար թրքացեղ ժողովուրդներուն, այդ պարագային կ՛իրականանար համաթուրանական ծրագիրը: Այդ սերունդը, Արամին ղեկավարութեամբ համախմբուած ժողովուրդը ոչ միայն ուրեմն ձախողցուցին ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ կասեցուցին համաթուրանական յառաջխաղացքը:

Ծրագիրը չէ փոխուած այսօր եւս: Հայաստանի կառավարութեան ղեկին նստածները չեն իւրացուցած 1918-ի դասը: Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելով` անոնք կը վտանգեն առաջին հերթին Սիւնիքը եւ անշուշտ` ամբողջ Հայաստանը: Սիւնիքը գոյամարտ մղեց Նժդեհի ղեկավարութեամբ, որպէսզի չկառուցուի թուրանական կամուրջը, որպէսզի փրկուի Հայաստանը:

Առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին կը կապուի Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովի կայացումը, որ մեր համազգային երթին նոր հունաւորում տուաւ` ազատ ու անկախին առընթեր առաջադրելով միացեալ Հայաստանը: Միացեալ Հայաստանի սահմանները ճշդուեցան Սեւրի համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով, որ ճշդեց Արեւմտահայաստանի սահմանները:

Իրաւարար վճիռի այժմէական նշանակութիւնը տասնամեակներ ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդունուած համահայկական հռչակագիրով համազգային առաջադրանքի վերածուեցաւ: Պետական բարձրագոյն ամպիոններէն հնչեցին Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին այժմէական եւ իրաւական նշանակութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւններ:

Այդ բոլորի ծնունդը, արմատը առաջին հանրապետութեան նուաճումներն են: Այսօր սակայն ոչ միայն Համահայկական հռչակագիրը դուրս եկած է կառավարութեան օրակարգերէն, այլ կառավարական ուժի ներկայացուցիչները Սեւրն ու Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութիւնը կ՛որակեն հայդատականութիւն, ծովից ծով Հայաստան երազելու ռոմանթիզմ:

Կարելի չէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին ակնարկել եւ «Նեմեսիս»-ի որոշումին չանդրադառնալ: Ցեղասպանութեան շարունակութիւնը մայիս 28-ով կանխած սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչները կը շարունակէին վերականգնել հայութեան արժանապատուութիւնը:

Այդ հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողը կանգնած է այսօր այն մայրաքաղաքին մէջ, ուր 106 տարի առաջ կը կայացուէր պատմական որոշումը. պատժե՛լ ցեղասպանները:

Ցեղասպան ուղեղները հերոսացուցած նոյն Թուրքիան, դպրոց ու պողոտայ ցեղասպաններու անունով կոչած նոյն Թուրքիան «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողի կանգնեցման դիմաց կը փակէ օդային տարածքը, աւելի՛ն, կը պահանջէ կազմաքանդել յուշակոթողը: Խռպոտ արձագանգներ կը լսուին Երեւանէն, պետական բարձրագոյն ամպիոններէն, թէ ի՞նչ շահեցաւ Հայաստանը «Նեմեսիս»-ի արձան կանգնեցնելով. թէ` «Նեմեսիս»-ի հերոսներուն յուշակոթող նուիրելը գործադիր իշխանութեան օրակարգը չէր, թէ` համապատասխան քաղաքային իշխանութիւնը սխալ ըրած է նման քայլի դիմելով:

Ցեղասպանութիւնը ժխտող եւ ցեղասպանական արարքները շարունակող Ազրպէյճանին աջակցող Թուրքիոյ պահանջներուն դիմաց նման զիջողական եւ չքմեղանքի ձայներ կը լսուին հայրենի պետութիւնը ներկայացնող ամպիոններէն: Նման զիջողական ափսոսանքներ յայտնողները պիտի գիտակցին, որ «Նեմեսիս»-ի արձանը պարզապէս պատրուակներէն մէկն է Հայաստանի դէմ ճնշումի քաղաքականութիւնը շարունակելու եւ անվերջ զիջումներ պահանջելու:

«Նեմեսիս»-ը մայիս 28-ով մեր ազգային արժանապատուութեան վերականգման երթին կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է, եւ ոչ մէկ իշխանութիւն չի՛ կրնար, իրաւունք չունի՛, «Նեմեսիս»-ի հերոսներուն յիշատակին ստուեր բերելու: «Նեմեսիս»-ը յուշարար է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի, որ հայ ժողովուրդը պատժել գիտէ իր թշնամիները:

Ցեղասպանն ու ոճրագործը հերոսացնելը հարազատ վարքագիծ է նաեւ Ազրպէյճանի մօտ: Այդպէս էր, երբ հայ սպան կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովը ոչ միայն իր պատիժը չշարունակեց Պաքուի բանտերուն մէջ, այլ արժանացաւ հերոսի կոչումին:

Թալէաթներն ու սաֆարովները հերոսացուցած Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը միշտ պիտի իմանան, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ պիտի շարունակէ փայփայել թեհլիրեաններու աւանդը եւ կազմաւորէ «Նեմեսիս»-ի սերունդին հարազատ ժառանգորդները, թշնամին պատժելու պատրաստ նոր հերոսները:

Եւ այդ ոգին յաւերժ կը մնայ, որովհետեւ անոր արմատները խարսխուած են մայիս 28-ի խորհուրդին մէջ: «Նեմեսիս»-ը այդ ոգիի յուշարարն է, թշնամիին սարսափը:

Մայիսեան հերոսամարտերու եւ յաղթանակի տօնի նշումի այս օրերուն Երեւանէն կը կատարուէին յայտարարութիւններ` Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու: Այս յայտարարութեան ենթահողը կը պատրաստուէր վերջին տարիներուն, երբ`

– Արցախի Հանրապետութիւն եզրը չէր օգտագործուեր,

– Դէպի Արցախ կատարուող պետական այցելութիւնները կը դադրէին,

– Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կը հեռանային Արցախէն,

– Նշաձողի իջեցման յորդորներ կը հնչէին խորհրդարանին մէջ,

– Ինքնորոշման իրաւունք բառակապակցութիւնը դուրս կը մղուէր պաշտօնական հռետորաբանութենէն,

– Ընդհանուր իրաւունքներու եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցերու մասին անորոշ նշումներ կը կատարուէին,

– Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. քմ տարածքի սահմանը կը բացարձակացուէր` զիջելով նաեւ անքլաւները,

– Կ՛արդարացուէր, որ վաղուց հայկական կողմը Արցախը համարած է Ազրպէյճան:

Վերանկախացման ամբողջ ժամանակաշրջանին ոեւէ պետական պաշտօնեայ թուանշաններով չէր ընդունած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախը չէր համարած Ազրպէյճանի մաս: Աւելի՛ն. միշտ յայտարարուած էր, որ ո՛չ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ ո՛չ ալ Ալմա Աթայի հռչակագիրով Արցախը կարելի է համարել Ազրպէյճան. կը յայտարարուէր հակառակը` Արցախը չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին:

Այո՛, Արցախը չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին: Չկայ որեւէ միջազգային թէ միջպետական փաստաթուղթ, որ Արցախին նման ճակատագիր կը նախատեսէ. չի՛ կրնար ըլլալ նաեւ, որովհետեւ թէ՛ Անկախութեան հռչակագիրը եւ թէ՛ 1992-ի Գերագոյն խորհուրդի համապատասխան որոշումը թոյլ չեն տար նման իրաւապայմանագիր կնքելու: Այդ փաստաթուղթերը կ՛առաջադրեն Հայաստան-Արցախ վերամիաւորումը:

Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կը հաստատուի, որ վերանկախացած Հայաստանը պէտք է զարգացնէ 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները:

Անկախութեան հռչակագրով եւ հետեւաբար Սահմանադրութեամբ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը իրաւաժառանգորդը կը համարուի 1918-ի մայիս 28-ի Հայաստանին:

Եւ իբրեւ իրաւաժառանգորդ` պարտաւոր է ոչ միայն պահպանելու, այլ զարգացնելու մայիս 28-եան աւանդութիւնները:

Այսօր այդ աւանդութիւններու օտարում կը նկատուի այդ ժառանգի արժանաւորութենէն հեռացած գործող իշխանութիւններուն մօտ:

Հայ ժողովուրդը, յարգելու համար Անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը, առաջին հանրապետութեան արժանի իրաւաժառանգորդ իշխանութիւն պէտք է ձեւաւորէ անյետաձգելիօրէն: Բայց ոչ միայն պետութիւնը ներկայացնողները, այլ նաեւ համայն հայութիւնը ժառանգորդ է առաջին հանրապետութեան օրերու ժողովուրդին, որ մայիսեան օրերուն համախմբուեցաւ եւ կերտեց նոր Սարդարապատ ու փրկեց հայրենիքը: Ժողովրդային ժառանգորդութեան վերագիտակցում մը, որ պիտի չարտօնէ, որ`

– Որեւէ իշխանութիւն ընդունի Արցախը Ազրպէյճանին կազմին մէջ,

– Թոյլ չտայ, որ կառուցուի համաթուրանական կամուրջը,

– Յաջողի վերականգնել հայոց բանակին հեղինակութիւնը,

– Դո՛ւրս շպրտէ Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժած ազրպէյճանական զօրքերը,

– Հպարտանայ «Նեմեսիս»-ի հերոսներով,

– Համախմբէ հայկական աշխարհը,

– Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ վարէ արժանապատիւ բանակցութիւններ,

– Հետամուտ ըլլայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման եւ հայոց պատմական բոլոր տեսակի իրաւունքներու հետապնդման:

Ահաւասիկ` մայիս 28-ի խորհուրդով մարմնաւորուած աւանդական ուղիները, որոնց պիտի հետեւի ժողովուրդը` կերտելու համար նոր Սարդարապատը, նոր մայիս 28-ը եւ, այո՛, իրաւա՛մբ նոր Հայաստանը:

Մենք պարտաւո՛ր ենք յարգելու Անկախութեան հռչակագիրը եւ ատով իսկ վերակերտելու մայիս 28-եան աւանդներուն հարազատ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ազգային պետականութիւն, որուն ընդառաջ Սարդարապատի ղօղանջները արդէն կը լսուին միաւորուած եւ համախմբուած Արցախի մէջ:

Համոզուա՛ծ ենք, որ պիտի վերակերտուի՛ ազգային պետականութիւնը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company