ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ

Լիբանանահայութիւնն ու Դաշնակցութեան Մեծ Ընտանիքը Միշտ Երախտապարտ Կը Մնան Ընկեր Անդոյին

07 Հուլիս 2023

Անդրանիկ Մսըրլեանի Յուղարկաւորութեան Առիթով Արտասանուած Դամբանական


ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
(Յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան)

«Տեսայ լաւ ու վատ, ահաւոր զրկանք,
Տեսայ շատ կարիք, տեսայ համբերանք,
Տեսայ լաւ մարդիկ, բարի աշխատանք,
Բարեւս տուի, անցայ գնացի»:

Տխուր է այսօր Պուրճ Համուտը, տխուր են 17 տարի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին հետ գործակցած իրերայաջորդ խորհուրդներու անդամները, պաշտօնակիցները, սրճեփն ու մայրիկը:

Տխուր են աղքատութեան մէջ իրենց կեանքը քարշ տուող եւ ամէն օր ընկեր Անդոյին հանդիպող, բարեւ տուող ու աղօթող մայրիկներն ու հայրիկները: Տխուր են Համազգայինի մեծ ընտանիքը եւ իր հարազատները:

Սուգը պատած է ամէն կողմ:

Եւ վերջապէս տխուր է Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը եւ կը սգայ կորուստը առաքինի, ազնիւ, համեստ ու անկեղծ ընկերոջ, լուռ ու անխոնջ աշխատող, կազմակերպչական հարուստ փորձառութեան տէր` ընկեր Անդոյին:

Դժուար է հաւատալ եւ համոզուիլ, որ այլեւս բոլորս զրկուած պիտի ըլլանք դէմքին վրայ միշտ անպակաս ժպիտով ու ամչկոտ հայեացքով մը փոխանցած բարեւէն, դժուար պիտի ըլլայ հաշտուիլ, որ մեր ժողովներուն պիտի չվայելենք իր ներկայութիւնը եւ հարցերը նոյն ժպիտով ու ազնուութեամբ բիւրեղացնելու իր շնորհը, դժուար պիտի ըլլայ համոզուիլ, որ ընկերական սեղաններուն շուրջ պիտի պակսի իր լուռ, ու սակայն ջերմ ներկայութիւնը:

Ընկեր Անդոն իր կեանքի ամբողջ ընթացքին մնաց բոլորին ընկերը: Դաշնակցական անբիծ ընկերականութեամբ փորձեց լուծել ամէն տեսակի տարակարծութիւն ու խնդիր: Վիրաւորանքը դիմաւորեց վեհանձնութեամբ եւ համբերատարութեամբ, բայց ամրօրէն կառչած մնաց իր դաւանած սկզբունքներուն, զորս սորված էր Դաշնակցութեան մեծ դպրոցին մէջ: Կեանքի դժնդակ պայմանները առիթ չընձեռեցին իրեն շարունակելու ուսումը, եւ սակայն իր իւրայատուկ ինքնաշխատութեամբ յաջողեցաւ կերտել ինքզինք, նաեւ մնաց հայ մշակոյթի ու գրականութեան մօտիկ անձ` մի՛շտ քաջալերելով բարձրորակը եւ վաւերականը:

Ընկեր Անդոյի կազմակերպական տաղանդը ճառագայթող դարձաւ ամէնուրեք, ջանասիրութեամբ ու բծախնդրութեամբ վարեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կառոյցին մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը, եւ ԼԵՄ-ի սերունդներու կազմաւորման, անոր գործունէութեան ընդարձակման մէջ տիրական դարձաւ ներդրումը: Նոյն բծախնդրութեամբ ստանձնեց իրերայաջորդ Կեդրոնական կոմիտէներու գանձապահի ծանր եւ պատասխանատու պարտականութիւնը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի` յատկապէս ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը վայելեց ընկեր Անդոյի ամբողջական հոգատարութիւնը: Քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն շտապ օգնութեան բաժանմունքը գործեց իր անմիջական հսկողութեամբ: Ընկեր Անդոյին տունը դարձաւ ԼՕԽ-ի կեդրոնը, եւ ան հոն գիշերեց շաբաթներ եւ ամիսներ:

Համազգայինի հանդէպ տածեց յատուկ սէր ու գուրգուրանք: Մասնաճիւղի վարչութենէն մինչեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ մի՛շտ մնաց տագնապող համազգայնական: Անոր վարչական հմտութիւնը` հիմնական որոշումներու մէջ եւ նոր ծրագիրներու ընթացքին ցուցաբերած քաջութիւնը նպաստեցին ընդհանուր գործի յաջողութեան:

Քաղաքապետ ընկերը ՀՄԸՄ-ի եւ այլ միութիւններու, ընկերային, առողջապահական կառոյցներու գործունէութեան` ոչ միայն մնայուն սատար հանդիսացաւ, այլ նաեւ մնաց խորհրդատու անոնց ծրագիրներու հունաւորման ու իրականացման աշխատանքին մէջ:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորած կառոյցները` Ազգային խորհուրդ, ԱՖԷՏ, ԱՖՀԻԼ, մի՛շտ ալ վայելեցին ընկեր Անդոյին եզակի ներդրումը, նաեւ կարգ մը կառոյցներու հիմնադրութեան ու գործունէութեան ծաւալման մէջ ան ունեցաւ վճռորոշ եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն:

Կուսակցութեան եկամտաբեր եւ շինարարական աշխատանքները յանձանձեց ամենայն բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ եւ այդ բոլորին մէջ փորձեց գտնել իր կեանքի գոհունակութիւնը:

Ընկեր Անդոն միշտ խուսափողն էր իր անձին մասին կատարուող գովասանքէն, նոյնիսկ երբ սեղանի շուրջ կենաց պիտի խմուէր, ամէն մարդ արդէն իսկ վարժ էր բաժակը բարձրացնելու եւ սակայն բան մը չըսելու, որովհետեւ այդ մշակոյթը հեռու մնաց իր նկարագիրէն ու կեանքէն: Փոխադարձաբար, ինք ալ մնաց կեանքի ամբողջ ընթացքին ժուժկալ գնահատող եւ իրմէ եկած գնահատանքի խօսք մը մի՛շտ ալ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ շրջապատին կողմէ:

Տերեւաթափը ամէն օր կը խոցէ լիբանանահայ հաւաքական կեանքը. վերջին տարիներուն մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցան այն սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք Լիբանանի ապրած քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ պայմաններուն մէջ, երբ արտագաղթը, յուսահատութիւնը, թերահաւատութիւնը դարձած էին տիրական` այդ սերունդը քաջութիւն ունեցաւ ինքզինք դնելու պատասխանատուութեան ամենաբարձր աստիճանի դիմաց եւ երաշխաւորեց կեդրոնական այս գաղութի երթի շարունակականութիւնը ու անոր համահայկական դերակատարութիւնը:

Ընկեր Անդոն սիրեց Լիբանանը եւ լիբանանահայութեան բոլոր հայահոծ շրջանները, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու առաքելութիւնը գործնապէս բարձր գնահատեց, որովհետեւ հաւատաց, որ գաղութի անխափան երթի շարունակականութեան յենասիւները կը հանդիսանան հայկական վարժարանները:

Ընկեր Անդոն իր ստանձնած քաղաքապետական թէ հասարակական այլ պարտականութիւններուն մէջ լիբանանահայ բոլոր համայնքներու նկատմամբ տածեց համահաւասար սէր ու գուրգուրանք եւ իր գործնական ներդրումը բերաւ համայնքային կեանքի բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Ընկեր Անդօ հրաժեշտ կու տայ այնպիսի պահու մը, երբ լիբանանահայութեան կարեւոր զանգուած մը դարձեալ կը տուայտի անորոշութեան ու յուսաբեկման մէջ, երբ հայկականութենէն հեռացումը օրէ օր քիչ մը աւելի կ՛արմատանայ մեր իրականութեան մէջ ու մեր կեանքը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ: Այս օրերուն որքան կարիքը ունինք ընկեր Անդոյին հանդարտ, զգաստ, շրջահայեաց, անանձնական, անշահախնդիր, ինքնավստահ ու բիւրեղ տիպարային ներկայութեան, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար յաղթահարել մեր հաւաքական կեանքին ուղղուած բոլոր սպառնալիքները, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար խօսքը գործի վերածելու քաջութիւնը եւ վճռակամութիւնը աւելի արմատացնել, որպէսզի կարենանք դրական լիցք եւ յոյս ներշնչել մեր միջավայրին մէջ, եւ որպէսզի յաջողինք կենարար, ազգօգուտ գործը գերադասել ամէն տեսակի ճղճիմ, մանր ու ինքնամաշումի տանող հաշիւներէ:

Կարիքը ունինք ընկեր Անդոյին, որպէսզի ամէն օր ունենանք անկեղծ յուշարար, որ մեզի յիշեցնէ, թէ դրական մօտեցումը, համբերատարութիւնը մեր միջավայրին մէջ անպայմանօրէն չի թարգմանուիր իբրեւ կացութիւններու համակերպուելու եւ սկզբունքներէ զիջելու երեւոյթ, այլ` կը շարունակէ մնալ լուծման առաջնորդող առաջնային ընտրանք:

Ընկեր Անդոն իր կեանքին ընթացքին ընտանիք չկազմեց, բայց հայրական մօտեցումը իր կեանքի նշանաբանը դարձուց եւ լիբանանահայ համայնքը ամբողջ իր ընտանեկան հարազատ օճախին վերածեց:

Եկէք ըլլանք անկեղծ եւ արդար հաստատելու համար, որ հազուագիւտ են մեր միջավայրին մէջ այն անհատները, որոնք առանց վիրաւորելու, առանց կամայ թէ ակամայ բանսարկելու, առանց հեգնանքի կը յաջողին անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ իրենց կեանքը հունաւորել: Հազուագիւտ են այն անհատները, որոնք առանց հեղինակութիւն պարտադրելու` բարին բովանդակ առումով կը դառնան հեղինակաւոր եւ իրենց հեղինակութեամբ դիմագիծ կու տան իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան ու կը դառնան համակող մեր միջավայրին մէջ: Այդ հազուագիւտ տիպարներէն մէկն է ընկեր Անդոն:

Վարձքդ կատար ընկեր, լիբանանահայութիւնը եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը մի՛շտ կը մնան երախտապարտ քեզի: Այո՛. դաշնակցականը իր աչքերը կը փակէ «Վէրքերով լի»¬ով: Այդ վէրքերը ան կը ստանայ պատերազմի դաշտին վրայ կամ հաւաքական կեանքին մէջ կատարած իր ծառայութեան ընթացքին: Եւ սակա՛յն հանգիստ կը հանգչի: Ա՛յս է դաշնակցականին իւրայատուկ արժանիքը:

Հանգչի՛ր խաղաղ, հանգիստ, սիրելի՛ ընկեր Անդօ. Դաշնակցութեան գործը պիտի շարունակուի ու դաշնակցականներու հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր առաքելութիւնը պիտի ընթանայ քու եւ քեզի նման նուիրեալներու փոխանցած շունչով ու պատգամով:

Անողոք հիւանդութիւնը նաեւ դիմաւորեցիր դաշնակցականի արիութեամբ: Մերժեցիր ընկրկիլ, յանձնուիլ: Շարունակեցիր այդ վիճակիդ մէջ անգամ տագնապիլ հայրենիքով, Արցախով ու Լիբանանով: Եւ սակայն մի՛շտ փորձեցիր ներշնչել վաղուան պայծառ արշալոյսի յոյսը:

Այո՛, պիտի յիշենք քեզի մի՛շտ ու վաղուան վարդահեղեղ արշալոյսին համար շարունակենք Դաշնակցութեան սուրբ գործը:

Այս տխուր առիթով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ինչպէս նաեւ «Ն. Աղբալեան» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններուն ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք ընկեր Անդրանիկ Մսըրլեանի հարազատներուն, գործակիցներուն եւ ընկերներուն:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
44-օրյա պատերազմի հանգամանքներն ուսում

«44-օրյա պատերազմի զեկույց գոյություն չունի. պատերազմի հանգամանքներն ուսումնաս

14 Փետրվար 2026
Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը, Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խորհուրդի անդա

14 Փետրվար 2026
Սոցիալիստական ինտերնացիոնալի հայտարարո

Սոցիալիստական ինտերնացիոնալն իր վրդովմունքն ու խոր մտահոգությունն է արտահայտու

13 Փետրվար 2026
Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը ե

Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հար­ցին շուրջ կա­րե­լի

13 Փետրվար 2026
Մենք մեր 135 տարվա տերն ենք, դուք ձեր

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արմեն Ռուստամյա

12 Փետրվար 2026
Վենսի Այցելութիւնը Հայաստան՝ Երկիր Դր

«Այս երկիրը շատ գեղեցիկ է։ Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար՝ ոչ միայն ան

12 Փետրվար 2026
Խախտել եք օրենքի պահանջը, տարածել եք ս

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելույթ

12 Փետրվար 2026
Յիշողութիւնը Ջնջելու Դիւանագիտութիւնը-

Ահարոն Շխրտըմեան Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի Ծիծեռնակաբերդի

12 Փետրվար 2026
Ճէյ․Տի․ Վենսի Ջնջուած Գրառումը Հայոց Ց

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճա

12 Փետրվար 2026
Խմբագրական. Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարս

Խորհուրդը այժմէականացման կարգով կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: Ղեւոնդեանք եւ

12 Փետրվար 2026
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը պահանջում

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հեղինակել է Հեռուստատեսության եւ ռադիոյի հանձնաժո

11 Փետրվար 2026
Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

Ե՞րբ Հայ եկեղեցին 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափերուն տեղի

11 Փետրվար 2026
Չպայքարելը Նշանակում է Հաշտուել Չլինել

ՀՅԴ կառոյցի Գերագոյն ժողովի որոշումը միանշանակ էր․ քաղաքական ներկայ միջավայրը

11 Փետրվար 2026
Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մ

Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթեր

11 Փետրվար 2026
Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանաց

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցելութեան օրակարգերէն պահ մը կեդրոնանանք Երե

11 Փետրվար 2026
Գոյժ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ցաւով կը

11 Փետրվար 2026
Ինչո՞ւ է Փաշինյանը դարձել Ադրբեջանի և

Այս տխուր իրավիճակի վերջին ապացույցը YouTube-ում տեղադրված թուրքերեն 8.5 րոպեա

10 Փետրվար 2026
Պատրաստ ենք համագործակցել ընդդիմադիր ո

«Հայաստան» դաշինքի ձևաչափը պահպանելու ցանկություն կա. այսօր՝ փետրվարի 10-ին, Ա

10 Փետրվար 2026
Վենսի այցից պետք էր ստանալ լավագույնը

«Չմոռանանք, որ Դավոսում Թրամփը հանդիպել էր Ալիևի հետ, Փաշինյանի հետ՝ ոչ։ Այսին

10 Փետրվար 2026
Այսօր պահն է համազգային դիմադրութեամբ

Յանուն արդիականութեան, այլանդակութիւններու պարարտ հող կը պատրաստուի, կ՛ոտնակոխ

10 Փետրվար 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company