ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

«Ազդակ»-ի Մէջ Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Բացում Եւ Խմբագրասենեակի Անուանակոչում

12 Օգոստոս 2023

9 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Գաղափարի Մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, հայ մամուլի բարեկամներու եւ Սարգիս Զէյթլեանի ընտանեկան պարագաներուն:

Բացման խօսքը «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի մէջ որդեգրուած աւանդութեան ծիրին մէջ խմբագիրներու սենեակներէն մէկը կ՛անուանակոչուի դաշնակցական մամուլի ռահվիրայ համարուած, «Ազդակ»-ի մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած եւ գաղափարական հրապարակագրութեան մէջ առաջնորդի հանգամանք վաստակած Սարգիս Զէյթլեանի անունով:

Ան նշեց, որ Զէյթլեանի ստորագրութիւնը կրող յօդուածները լուսաւոր ուղիներ են, որոնք անցեալէն կու գան, ներկային ուղերձ կը փոխանցեն եւ ապագային կը նային, յատկապէս` ներկայ ճգնաժամին մէջ, երբ ազգային արժեհամակարգը հաստատուն պահելու, հայոց դիմադրողականութիւնը զօրացնելու եւ հայկական արեւելումէն չշեղելու համար Սարգիս Զէյթլեանի հրապարակագրութիւնը կողմնացոյց է բոլորին` համազգային երթը շարունակելու համար:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց կուսակցական, հասարակական գործիչ եւ քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեանի, որ քանդակին հեղինակն է, հաստատելով, որ այսուհետեւ Սարգիս Զէյթլեան, որ արդէն ներկայութիւն է թէ՛ «Ազդակ»-ի արխիւային էջերուն ընդմէջէն, թէ՛ իր յղած պատգամներու այժմէականութեամբ, նաեւ ֆիզիքական ներկայութիւն պիտի դառնայ այդ կիսանդրիով:

«Մամուլի երախտաւորներու յիշատակին յաւերժացման քայլերը պիտի շարունակուին «Ազդակ»-ի կողմէ` ոչ միայն անոնց վաստակին իբրեւ յարգանք, այլ նաեւ իբրեւ ուղեցոյց եւ կոչ` մամուլի գործիչներուն, որպէսզի քար մը աւելցնեն սարգիսզէյթլեաններու կառուցած գաղափարական համալիրներուն», եզրափակեց Վ. Էմմիեան:

Ապա ան հրաւիրեց քանդակագործը, «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն եւ Սարգիս Զէյթլեանի գործակից Երուանդ Փամպուքեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանը` քողազերծելու կիսանդրին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ առաջին հերթին լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանին հետ ունեցած իր կապը` իբրեւ տնօրէն, գաղափարի դաստիարակ, կուսակցական ղեկավար ու գործակից ընկեր, հետագային նաեւ` բարեկամ ու նոյնիսկ մտերիմ, որ շատ մարդկային, ընկերային անձնաւորութիւն մըն էր: Ան դիտել տուաւ, որ Զէյթլեան երբեք չշեղեցաւ իր ազգային ու համամարդկային սկզբունքներէն` միշտ վեր դասելով ազգային ու կուսակցական շահերը անհատական ու հատուածական շահերէն, հաւատալով ազգային ուժ ստեղծելու անհրաժեշտութեան եւ յոյսը դնելով միասնականութեան ու սեփական ուժի վրայ:

Ապա Մ. Հերկելեան խօսեցաւ կիսանդրիի հեղինակ, կերպարուեստագէտ Յակոբ Ճանպազեանին մասին` նշելով, որ ան կեանքին մեծ մասը նուիրած է ազգային, հասարակական գործերու, որովհետեւ անդրադարձած է թէ կերպարուեստի մէջ որքան մեծ տաղանդ ունի, բայց եւ այնպէս, վերջին տարիներուն նուիրուեցաւ արուեստին եւ ստեղծեց այնպիսի վաստակ մը, որ մեր արուեստի պատմութեան մէջ կը մնայ իբրեւ ամէնէն կայացած, ամէնէն տաղանդաւոր արուեստագէտներէն մէկը:
«Յատկապէս անոր վերջին գործերը ցոյց կու տան, որ Ճանպազեան ոչ միայն կրնայ նմանութիւնը տալ, այլ նաեւ կրնայ հոգին ճանչնալ, դրսեւորել զայն եւ վերակենդանացնել այդ անձնաւորութիւնը: Սարգիս Զէյթլեանի այս քանդակը այդ իրականութեան վկայութիւններէն մէկն է», ըսաւ Մ. Հերկելեան` աւելցնելով, որ աչքերուն մէջէն կ՛արտացոլայ այն, ինչ որ Զէյթլեան գրած ու պատգամած է:

Ան ըսաւ, որ Յակոբ Ճանպազեանը յուշարձանի առումով եւս ունեցած է ստեղծագործական բեղուն կեանք, անոր խաչքար-յուշարձաններուն եւ առանձին յուշակոթողներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւն ու յաջողը կը նկատուի Արամ Մանուկեանի մահուան հարիւրամեակին առիթով Սարդարապատի համալիրի ծիրէն ներս զետեղուած յուշակոթողը, որ թէ՛ իր ոճով ու արտայայտչաձեւերով կը մերուի յուշահամալիրին հետ, եւ թէ՛ միաժամանակ կը տարբերի անկէ` իբրեւ ուրոյն յղացք:

«Այնուամենայնիւ, որպէսզի իմ գնահատանքները ազգային սնապարծութիւն չթուին ձեզի. հետեւեալ վկայութիւնը կ՛ուզեմ մէջբերել: 2010-ին քանատական կառավարութիւնը մրցոյթ կը յայտարարէ` յուշարձան զետեղելու Աֆղանիստանի մէջ նահատակուած քանատացի հերոսներու յիշատակին:

«Տեղի ունեցաւ մրցում, Քանատայի տարբեր շրջաններէն մասնակցած բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու ներկայացուցած ստեղծագործութիւններէն լաւագոյնը նկատուեցաւ Յակոբ Ճանպազեանի յղացքը եւ զետեղուեցաւ Թորոնթոյի մէջ: Ընտրողները օտարներ էին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ան համաքանատական այլ յուշարձաններ ալ զետեղէ, ինչ որ կը նշանակէ, որ Յ. Ճանպազեան դուրս եկած է մեր հայկական շրջանակէն եւ հասած է օտարներուն», ըսաւ դոկտ. Հերկելեան` շեշտելով, որ ան երբեք նիւթաբարոյական ակնկալութիւն չէ ունեցած, այլ յաճախ ինք օժանդակող եղած է:

Ան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի ընտանիքը` դիտել տալով, որ այդ քանդակով խմբագրատան մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Սարգիս Զէյթլեան:

Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան, որ յայտնեց, թէ Սարգիս Զէյթլեան գաղափարի մարտիկ էր, որուն մասին շատ բան ըսուած է ու տակաւին պիտի ըսուի, վկայելով, որ ինք Զէյթլեանի մօտիկ ընկերը եղած է, մղիչ ուժը` իր եւ շատ ուրիշներու, լծուելու կուսակցական, ազգային լրջագոյն գործերու, որոնք կը մնան որպէս յուշարձաններ իր ներաշխարհին մէջ:

«Կ՛ապրի մէջս ընկ. Սարգիս Զէյթլեանը ամէն օր, ինչպէս` մեր բազում ղեկավարները, որոնք անցաւորաց փաղանգին կը պատկանին անդենականին մէջ: Ան խրոխտ, խիզախ, բայց նաեւ թաւշային նրբութեամբ իր ծրագիրները եւ իր աշխատանքները նուիրաբերեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` իր շատ համեստ կուսակցականի օրերէն մինչեւ իր ղեկավարի բարձր տրամադրութիւններով ստանձնած պարտականութիւններուն ընդմէջէն: Ես անձնապէս իմ ազգային դաստիարակութիւնս եւ ընկալումներս կը պարտիմ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանին», ըսաւ քանդակագործը:

Անդրադառնալով մերօրեայ կացութեան եւ մարտահրաւէրներուն` Ճանպազեան նշեց, որ եթէ մեր երիտասարդները իրենց առօրեային մէջ կարենան կենսագործել Սարգիս Զէյթլեանի եւ նմաններու անմար ոգին, մեր ժողովուրդը, մեր կուսակցութիւնը չի կրնար ընկրկիլ կամ դանդաղիլ` հաստատելով, որ սփիւռքի գաղութներու սարգիսներու նման տաղանդաւոր եւ հեռանկար ունեցող ղեկավարներու շնորհիւ է, որ կերտուեցան: Խօսելով կիսանդրիին մասին` ան ըսաւ, որ իր ամբողջ տաղանդը ներդրած է Զէյթլեանի աչքերուն մէջ: «Երբ կը նայիմ այս աչքերուն խորը, կը տեսնեմ իր ներկայութիւնը այսօր այս սենեակին մէջ: Եւ թող որ այս կիսանդրին միայն պատահական կիսանդրի չմնայ: Անոր դիմացէն անցնողները թող զայն լուսաճաճանչ փարոս նկատեն եւ իր ձգած յիշատակներուն ընդմէջէն նուիրաբերուին այս տունէն արձագանգող իւրաքանչիւր բառի, նախադասութեան, գաղափարի շուրջ: Մնացէք առողջ, զգօն եւ ապահով: Մենք կը դիտենք այս սենեակը հեռուէն, ինչպէս ըսի, որպէս փարոս, եւ փարոսի ներկայութիւնը այսուհետեւ նաեւ պիտի զգենու ընկ. Սարգիսի այս կիսանդրին», եզրափակեց Յ. Ճանպազեան:

Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ Սարգիս Զէյթլեանի նկարագրային հիմնական գիծերը` գաղափարի մարտիկ, բազմակողմանի յատկանիշներու տէր, գաղափարական, քաղաքական, կազմակերպական կարողութիւններ ունեցող անհատականութիւն, խմբագիր, հրապարակագիր եւ վերլուծող: «Եւ տարօրինակ չէ, որ հոս ըլլայ այդ մէկը` «Ազդակ»-ի մէջ: Դաշնակցութեան մամուլի պատմութեան մէջ, թէ առ հասարակ հայկական հրապարակագրութեան մէջ յստակ եւ նշանակելի է Սարգիսի գրիչը, որ կը փայլի առաջին հերթին, բացառիկ անկեղծութեամբ, բծախնդրութեամբ, տրամաբանութեան ճշգրիտ մտաշարով, ճիշդ արեւմտահայերէնով, խօսքի ուղիղ ճակտէն ճիշդ ուղղուածութեամբ, աւելորդաբանութիւններէ զերծ, խիզախ արտայայտութեամբ, դիւանագէտի հմտութեամբ, բայց` ոչ դարձդարձիկ ճոռոմաբանութեամբ, վարքագիծի ուղղութեամբ, գաղափարի թէ գաղափարական սկզբունքներու անզիջող ու յատուկ պաշտպանութեամբ, անվախ համարձակութեամբ, յանդգնութեամբ, եւ միշտ իր մտասեւեռումը ունենալով համահայկական հորիզոնները ու ազատ, անկախ եւ ամբողջական ժողովրդավար Հայաստանը», ըսաւ ան:

Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Սարգիս Զէյթլեանը ուզեցին լռեցնել, որպէսզի անոր գրիչի մելանը դադրի հոսելէ, բայց ձախողեցան կասեցնել ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի մտքի թռիչքը, սաւառնումը` Լիբանանէն Երեւան, Արցախ եւ ամէն տեղ, ուր շնչող հայ կայ եւ մտածող հայ միտք:

«Այսօր այս խորհուրդով կ՛անուանակոչենք «Ազդակ»-ի այս խմբագրասենեակը` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի ներկայութեան: Ասիկա օրինակ է հոս, ներշնչումի աղբիւր, թռիչքի ուղղութիւն եւ ընդհանրապէս դպրոց` մամուլի մեր բոլոր ծառաներուն: Այդպէս եղած էր ընկ. Սարգիս մեր սերունդին համար, եւ հպարտ ենք ես եւ իմ նմանները, որ մամուլի մեր աշխատանքներուն մէջ աշակերտած ենք ընկ. Սարգիսի նման հսկայի մը հովանիին ներքեւ: Այսպէս պէտք է ըլլայ հոս, այս խմբագրասենեակին մէջ, կամ ընդհանրապէս «Ազդակ»-ի տարածքին ներկայ խմբագիրներուն համար եւ այսպէս պէտք է ըլլայ մեր սիրելի ապագայ լրագրողներուն համար», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` յոյս յայտնելով, որ կիսանդրին` իբրեւ փարոսը, շողայ, շարունակէ ճառագայթել գալիք սերունդներուն համար, որպէսզի ընկ. Սարգիսի յիշատակը չէ, որ թարմ մնայ, այլ ընկ. Սարգիսի մտքերը, թռիչքը, հոգին շարունակեն մնալ մեր, մեզմէ ետք գալիք եւ ատկէ ետք գալիք բոլոր սերունդներուն, մինչեւ որ ընկ. Սարգիսի բոլոր երազները իրականանան:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company