Կրկին հաւատալ՛
07 Սեպտեմբեր 2023
Չարասէր խաղը, որով Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ նոյնիսկ Հայաստանի կառավարութիւնները խորտակած են հայ ժողովուրդին, յաւելեալ միջազգային անտարբերութիւնը, գրեթէ շնչարգելքման մատնած են հազարամեայ ազգի մը:
Այս երկիրներու իշխանութիւնները շատ արդիւնաւէտ կերպով կը կիրարկեն ռազմավարութիւն մը, որու հետեւանքները կը հարուածեն եւ կը շփոթեն թէ իրենց եւ թէ օտարներուն, որով ծրագիրը շատ պարզ եւ միեւնոյն ժամանակ չարամիտ է:
Սա ճշմարտութեան եւ կեղծիքի խաղ է, դատապարտման եւ ոտնձգութեան, դահիճի ու զոհի, ահաբեկչութեան եւ կանոնակարգման, տանջանքի եւ պաշտպանութեան, համբերութեան եւ անհանդուրժողականութեան, բանակցութիւններու եւ սպառնալիքներու, ատելութեան եւ խաղաղութեան:
Այս ձեւով, ուր որ ալ ըլլայ, ամբողջ ժողովուրդ մը, ազգ մը, ամենադժուար պահերուն գլխաւոր դերակատարն է, որով կը հարուածուի ու տանջուի եւ իւրաքանչիւր որոշում կամ բացթողում կոտրուածքներ պիտի ձգէ:
Այսպէս պիտի ըլլայ բոլորին համար, ըլլան անոնք Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի որեւէ կէտի վրայ՝ սակայն յստակ գիտակցելով իրենց վրայ ազդող տարբեր իրավիճակներն ու հարուածի եւ տառապանքի աստիճանները:
Շատ բարձր գին վճառելով, Արցախի ժողովուրդը կը պայքարի անհետացմանը դիմադրելու, կամ ցեղասպան եւ օտարատեաց պետութեան մը մէջ ենթարկուող փոքրամասնութիւն դառնալու միջեւ, որը հայերու հետ ապրելու նուազագոյն մտադրութիւն չունի:
Հայաստանի ժողովուրդը, յաճախ անշարժացուած կամ հալածուած իշխանութիւններուն կողմէ, պարտադրուած է լռութեան կամ ենթադրեալ մահուան միջեւ ընտրութիւն կատարելու:
Որը 2020-էն ի վեր կ՛առաջարկէ աչքերը փակել տղամարդկանց եւ կանանց կորուստին առջեւ, առանց իմանալու իրավունքի թէ ինչպէ՞ս, ու՞ր եւ ին՞չ ճակատագիր ունեցան անհետացածները կամ առեւանգուածները։
Որը կ՛առաչարկէ աչք գոցել Արցախի ներկայ իրավիճակին, անոր շրջապատմանը, անօթութեան եւ մահին: Աչք գոցել մայրենի հողի իւրաքանչիւր մետրի կորուստին: Փակել աչքերը իշխող կուսակցութեան հարցերուն, մինչեւ ազատութեան, ինքնիշխանութեանն եւ անկախութեան արտայայտութիւններուն:
Որը կ՛առաջարկէ աչքերնին փակել հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը ժխտողներու մեղսակիցn դառնալու հնարաւորութեան առջեւ, եւ դադրեցնել ճանաչումը ու հատուցումը որպէս անհրաժարելի իրաւունք ընկալելէ:
Աչք փակել Արցախի նման ժողովուրդի մը արժանի ինքնորոշման իրավունքին: Փակել աչքերը եւ քալել դէպի անդունդ՛ առաջնորդուած իրեն այլ շահերու յանձնած եւ հայութենէ հեռու իշխանութեան մը կողմէ:
Միւս կողմէ, սփիւռք մը, որ իր մէջ գոյացող բոլոր տարբեր իրողութիւններով հանդերձ, կը շարունակէ առանց արդիւնաւէտ հակազդեցութեան, վիրաւորուած 2020-ի պատերազմէն, մինչեւ օրս կը տատանի յուսահատութեան եւ անհաւատութեան միջեւ:
Սփյիւռք մը, որը քնացած վիճակի մէջ է եւ անբացատրելի դիրք բռնած է այն սարսափ հմայողներու արտայայտութիւններուն, որոնց համար Հայաստանը եւ միայն Հայաստանը կը որոշէ իրենց ճակատագիրը՛ առանց Սփիւռքի մասնակցութեանը:
Որ Արցախը Հայաստան չէ, որ Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս է, որ հայ ժողովուրդի տուժած ցեղասպանութիւնը անցեալին էր, որ պահանջներ չկան, եւ որ այսօր ան միայն Սփիւռքի հարցն է։
Որ այժմ ժամանակներ են վերանայելու, վերատեսութեան ենթարկելու մեր ազգային պետութեան կառուցումը, բանակցելու եւ անկախ թէ ինչ գինով, ընտրել առաջընթաց եւ տարածաշրջանային ինտեգրումը:
Ապակայունացումը, որուն պատճառ կը դառնայ այս գաղափարներուն իւրաքանչիւրը, այն վնասը որ հայութեան կը պատճառէ ամէն մէկ այսպիսի արտայայտութիւն, ոչինչ է իրականութեան փախտատմամբ, որով կայ աւելի շատ մահ, աւելի շատ ատելութիւն, աւելի նուազ խաղաղութիւն եւ աւելի նուազ առաջընթաց, անորոշ ապագայ, սակայն աւելի մօտ անբարենպաստին, քան ցանկալիին:
Այս ծրագրուած նախագիծին ամենավտանգաւորը այն է, որ կը հետապնդէ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի պարակտումը:
Այսպիսով, եթէ Արցախը կը գտնուի ծանր վտանքի առջեւ՝ յայտնուելով այս շրջափակման մէջ, եթէ Հայաստանը կը պայգարի դուրս գալու համար այս անպարկեշտ սպառնալիքներէն, ուրեմն Սփիւրքը պէտք է ներխուժէ եւ հարուածէ այս իրականութիւնը, որը մեզ դեպի ամենամեծ կորուստին կը տանի:
Կորուստը, ցաւօք, միայն մարդկային կեանքերը չեն, ոչ ալ միայն տարածքային, ան անբարենպաստ իրավիճակները փոխելու ցանկութեան կորուստն է, միշտ զօրաւոր թշնամիներու դէմ ապստամբելու ցանկութեան կորուստը։
Պայքարը հայ ժողովուրդի հատկանիշն է, ան իր հաւաքական էութեան մէջ է։
Պէտք է անգամ մը եւս հաւատանք յաղթանակին եւ անոր հասնելու կարողութեանը, հասկանալով թէ՛ ուժեղ ու իր դերին վրայ կեդրոնացած Սփիւռքը վճռական է:
Հաւատանք ազատ, միացեալ, ինքնիշխան Հայաստանին եւ անկախ, իր թշնամիներու ճիրաններէն պաշտպանուած Արցախի մը:
Ամէն ինչ կախուած է վերջապէս մեր հասկնալու կարողութիւնէն, որ այս մէկը հայութեան
առաջնահերթ հարցն է, եւ որ թշնամին ուր որ ալ ըլլան, պիտի փորձէ իր ստուերը տարածել ողջ հայութեան վրայ:
Յակոբ Թապագեան
Ներկայացուցիչ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի
06 սեպտեմբեր, 2023թ.
