ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցըը». «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան Միակողմանի Կեցուածքներէն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

30 Սեպտեմբեր 2023

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ «Բոլորս Արցախ ենք» պահանջատիրական ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` նկատել տալով, որ ցոյցի հրաւէրը ուղղուած էր լիբանանահայութեան եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն` աւելցնելով սակայն, որ ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերած են բարեկամ լիբանանցիներ, որոնց երախտագէտ են:

Անդրադառնալով այս օրերուն Արցախի մէջ արձանագրուած տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան գծով լիբանանահայութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն ցուցաբերած զօրակցութեան` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ քաղաքական մակարդակի վրայ կուսակցութիւններ, քաղաքական տարբեր ուժեր եւ մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ զօրակցութիւն յայտնեցին` Արցախի մէջ ցեղասպանութեան սկսած օրէն իսկ:

«Նախ եւ առաջ զօրակցական հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ, եւ այդ իմաստով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուալիտ Ժոմպլաթին եւ Թէյմուր Ժոմպլաթին: Համայնքային բառամթերքով արտայայտուիլ չենք փափաքիր, սակայն պէտք է ըսել, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը` բոլորը զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանահայութեան: Ոմանք դատապարտեցին Ազրպէյճանի արարքները, ոմանք մարդասիրական առումով զօրակցութիւն յայտնեցին, որովհետեւ ի վերջոյ կան 120.000 մարդ արարածներ, հայեր, որոնք ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտման ու բռնագաղթի կ՛ենթարկուին: Հակառակ այս իրողութեան, ցաւ է մեզի համար, որ ոմանք լուռ կը մնան: Աւելի ճիշդը, չկայ իսլամ պատասխանատու մը` ո՛չ սիւննի եւ ո՛չ ալ շիի, որ դատապարտեց Ազրպէյճանի արարքը կամ զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան: Կը հասկնանք, որ անոնք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ շահեր կրնան ունենալ, սակայն եթէ ի մտի ունենանք այլ օրինակներ, ինչպէս գիւղի մը մէջ Աստուածաշունչը կամ Քորանը հրկիզելու դէպքերը, կամ Ֆրանսայի մէջ եկեղեցիի մը հրկիզումը, Լիբանանի մէջ կը ստեղծուի տակնուվրայութիւն մը` ամէնէն փոքր քրիստոնեայ հոգեւորականէն ամէնէն բարձրաստիճան իսլամ շէյխը կամ իմամը կը հակազդեն եւ կ՛արտայայտուին: Արցախի մէջ տասնեակներով եկեղեցիներ, սրբավայրեր եւ հայկական խորհրդանիշներ կը քանդուին, իսկ իսլամ եղբայրները այս մասին ոչինչ կ՛ըսեն: Ցաւ է մեզի համար այս իրականութիւնը, սակայն ամէն պարագայի մենք տակաւին կ՛ակնկալենք, որ նոյնիսկ եթէ չդատապարտեն գործադրուած արարքները, նուազագոյնը մարդասիրական իմաստով զօրակցական կեցուածք մը յայտնեն: 120.000 հայ մահուան դատապարտուած է յաչս աշխարհին: 21-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կը նկատուի այս արարքը, եւ մարդիկ լուռ են», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանի իսլամ քաղաքական ուժերուն նկատմամբ դժգոհանք կայ, որովհետեւ անընդունելի է, որ հայ ժողովուրդը նման ճակատագիրի դէմ յանդիման գտնուի, եւ անոնք լուռ մնան:

«Հայ ժողովուրդը իր էութեամբ դիմադրող ժողովուրդ է, իսկ Ազրպէյճանը երկիր մըն է, որուն օգտագործած զինամթերքին 90 առ հարիւրը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ կ՛ապահովուի, իսկ ազրպէյճանական ուժերուն զինուորական փորձագէտներուն 80 տոկոսը իսրայէլեան բանակի զինուորական փորձագէտներ են: Այսինքն, եթէ Ազրպէյճան իսլամական երկիր է, ուրեմն անոնք ոչի՞նչ կ՛ըսեն Լիբանանի մէջ իրենց հայ քաղաքացի եղբայրներուն կամ ընդհանրապէս հայոց, յատկապէս Սուրիոյ, Իրանի եւ արաբական աշխարհի մէջ ապրող հայութեան: Անշուշտ դժգոհանք կայ, անշուշտ սրտնեղութիւն կայ: Յուսախաբ ենք զօրակցութեան միակողմանի կեցուածքներէն», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ 10 օր առաջ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը, որ Նիւ Եորք կը գտնուէր, պատրաստեց հաղորդագրութիւն մը, որ գրեթէ զօրակցական էր: «Շնորհակալ ենք անոր, սակայն այդ կեցուածքը Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը չենք նկատեր», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ կարելի չէ հաղորդակցիլ: «Նախանցեալ օրուան ցոյցին ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը փորձեցի ունենալ Միքաթիի հետ, չպատասխանեց: Ապա ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին հետ, որ դարձեալ չպատասխանեց: Փորձեցի կապուիլ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որ յայտնեց, թէ հրահանգը այդ է: Այս կը նշանակէ, թէ քաղաքական որոշում կայ եւ հրահանգ` ցոյցը ճնշելու: Ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան 30 վիրաւորներ, որոնց տարիքը 14-20 տարեկան են, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան կիներ ու հոգեւորականներ: Ինչի՞ համար, դեսպանատուն մը պաշտպանելո՞ւ», հարց տուաւ ան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ ցուցարարները կը փորձէին դեսպանատուն ներխուժել, Յ. Բագրատունի ժխտեց այդ մէկը` հաստատելով, որ ազրպէյճանական դեսպանատուն ներխուժելու ո՛չ հրահանգ կայ, ո՛չ ալ նպատակ: «Եթէ նման նպատակներ ունենայինք, անցեալ երկուշաբթի օրուընէ ապահովական կառոյցներուն լուր չէինք տար, որ մենք հինգշաբթի օր ցոյց պիտի կազմակերպենք», յայտնեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ երկու շաբաթ առաջ շուրջ երեսուն երիտասարդներ ուղղուեցան ազրպէյճանական դեսպանատուն, ուր անոնք պայթուցիկներ նետեցին եւ ներկեր թափեցին դեսպանատան մուտքին: «Հոն ոչ ոք կար, ո՛չ պահակներ, ո՛չ բանակ: Այսինքն` եթէ պիտի ներխուժէին դեսպանատուն, ապա խուժած կ՛ըլլային: Այս իմաստով միջամտեցին թրքական եւ ազրպէյճանական դեսպանատուները, ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնը, եւրոպական եւ այլ երկիրներու դեսպանատուներ: Երիտասարդները հարցաքննութեան կանչուեցան, Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը Լիբանանի ընդհանուր դատախազութենէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ եւ ձերբակալութիւններ կատարել, իսկ Միքաթիէն եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարէն պահանջեցին ձերբակալել երիտասարդները, որոնք դեսպանատան մուտքին ներկ թափած էին: Այս ի՞նչ մտայնութիւն է, նուազագոյն յարգանքը պէտք է ցուցաբերել: Այո՛, մենք խաղաղասէր ենք եւ այլոց հանդէպ յարգանք ունինք, սակայն երբ դանակը կոկորդին կը հասնի, լուռ չենք մնար: Ցոյցին ընթացքին 30 վիրաւոր արձանագրուեցաւ. անոնցմէ մէկը տակաւին վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ է, իսկ ուրիշ մը վիրահատումի ենթարկուած է: Ցուցարարներուն դէմ անհամաչափ ուժ կիրարկուեցաւ: Ո՞վ պատասխանատուութիւն կը կրէ: Անձամբ կը գտնուէի ցուցարարներուն կողքին, զինեալ ուժերուն դիմաց, կանխարգիլելու համար նման բախում: Այս վարուելակերպը անկարելի է ցուցաբերել այնպիսի քաղաքացիներու նկատմամբ, որոնք իրենց հայրենասիրութիւնը եւ նուիրումը արտայայտած են լիբանանեան դատին, պաղեստինեան դատին եւ ժողովուրդներու իրաւացի դատերուն: Նուազագոյնը թող առիթ ընծայուէր մենք մեզի արտայայտելու: Այս պատահածը ամօթ է», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պատասխանատուութիւնը կը կրեն անոնք, որոնք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ տնտեսական շահեր ունին, գործառնութիւններ ունին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ շիի երկեակին մտերիմ նկատուող ՀՅ Դաշնակցութիւնը արդեօք յուսախա՞բ է անոնց լռութենէն, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ բնականաբար այո՛, յուսախաբ է:

«Տեսէ՛ք, եթէ հիմա իսկ զօրակցական կեցուածք հրապարակեն, արդէն ուշ է եւ անիմաստ, որովհետեւ զօրակցութիւնը կարելի չէ պահանջել: Ինձմէ ոչ ոք կը խնդրէ պաղեստինեան դատին կամ մարդասիրական հարցի մը զօրակցիլ: Մենք մուրացկան չենք, որ նման բան խնդրենք: Մենք մեր ուժը ունինք, կամքը ունինք եւ մեր արեամբ ու կամքով կրնանք մեր իրաւունքին տիրանալ», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան ու խորհրդարանին պիտի դիմուի Արցախի մէջ պատահածին մասին պաշտօնական կեցուածք հրապարակելու:

Արցախի եւ արցախահայութեան ճակատագիրը միայն արցախցիներուն չի վերաբերիր, այլ` ամբողջ հայութեան: «Հայ ժողովուրդը այսօր վտանգի ենթակայ է, եւ այդ իրականութեան պատասխանատու են բոլորը` Արեւելքը, Արեւմուտքն ու հարեւանները: Իսկ պատճա՞ռը. Ազրպէյճանի բնական կազն է ու կազատարերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն գործած սխալները», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ նաեւ, որ տակաւին կը խօսինք քաղաքակիրթ երկիրներուն մասին, ժողովրդավարութեան մասին, մարդկային իրաւունքներու մասին: «Շատ կը ներէք, սակայն այսօր եթէ շուն մը հարուած մը ստանայ, ընկերային ցանցերը կը բռնկին` կեցուածքներով ու հակակեցուածքներով եւ տեսակէտներով ու դատապարտումներով: Սակայն իրականութեան մէջ ո՛չ ժողովրդավարութիւն կայ, ո՛չ մարդկային իրաւունքներ կան: Պարզապէս կան բռնապետութիւններ` տեղեկատուական, քաղաքական եւ տնտեսական, ինչպէս նաեւ կան նաւթի եւ կազի շահեր, որոնք շատ աւելի կարեւոր են, քան` ժողովուրդներու իրաւունքները», եզրափակեց ան:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company