ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

ՀՅԴ 133-Ամեակ. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յարգեց Նահատակ Եւ Մահացած Դաշնակցականներու Յիշատակը

29 Հունվար 2024

ՀՅ Դաշնակցութեան 133-ամեակը առիթ էր նաեւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան մեծ ընտանիքը յարգանքի տուրք մատուցէ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման եւ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան գործին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած նահատակ թէ մահացած դաշնակցականներու յիշատակին:

Արդարեւ, շաբաթ, 27 յունուար 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` այդտեղ թաղուած դաշնակցական գործիչներու հոգիներուն համար` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը ներկայացնող կոմիտէութիւններու անդամներու: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ թեմի կղերականաց դասուն պատկանող քահանայ հայրերու: Այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ պատանեկան միութիւններու, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ԼՕԽ-ի անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ:

Հաւաքին պաշտօնական բաժինին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ` նուագակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Այնուհետեւ խօսք առաւ 133-ամեակին առիթով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած արցախցի լրագրող, արցախեան պատերազմներուն ինկած երկու նահատակ զաւակներու հայր Միքայէլ Հաջեան, որ իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Պատիւ ունիմ փոխանցելու ձեզի մայր հայրենիքի մեր կուսակցական ընկերներուն, նոյնպէս եւ, նախնեաց եզերքէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներուս` Արցախի հայութեան գիտակից, ողջախոհ հատուածի ջերմ ողջոյններն ու շնորհաւորանքները Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրման հերթական տարեդարձի` 133-ամեակին առիթով, միեւնոյն ժամանակ մեր համահաւաք որդիական ու եղբայրական խոնարհումը արտայայտելու հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած եւ Աստուծոյ սահմանած ժամկէտին բնական մահով կամ տարբեր հանգամանքներու բերումով վաղաժամ կեանքին հրաժեշտ տուած, այս պանթէոնին մէջ, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքի, աշխարհի այլ երկիրներու գերեզմանատուներուն մէջ յաւերժ ննջող մեր անմահ նուիրեալներու անմոռաց յիշատակին»:

Հաջեան նշեց, որ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան ու գործունէութեան այս նշանակալի տարեթիւը այսօր մենք կը նշենք համայն հայութեան համար ծանր կորուստներու ու ձախողութիւններու ժամանակահատուածին, երբ ստիպուած ենք ցաւով արձանագրելու բոլորիս համար ֆիզիքապէս, թէ հոգեկերտուածքով վաղուց ի վեր հայրենի եզերք դարձած Արցախի թէկուզ եւ ժամանակաւոր, բայց եւ, այնուամենայնիւ, կորուստի եւ հայրենի օճախներէն արցախահայութեան բռնատեղահանման աղէտալի փաստը, չհաշտուելով ու ընդդիմանալով հանդերձ, սակայն ստիպուած ըլլալով ականատես դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններու ազգադաւ, ազգակործան քաղաքականութեան դրսեւորումներուն: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ ազատ, անկախ, պետականօրէն կայացած ու ժողովրդավար Արցախը ոչ թէ պարտուած է 2020-ի 44-օրեայ, ապա եւ 2023-ի միօրեայ պատերազմներուն, հակառակ թշնամիի բազմակի գերակշռութեան` թէ՛ սպառազինութեան եւ թէ՛ կենդանի ուժի առումներով, այլ բառիս բուն իմաստով սկուտեղի վրայ մատուցուած է, յանձնուած է Ազրպէյճանին: Յանձնուած է միջազգային ուժային կեդրոններու` Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի, Մոսկուայի եւ Անգարայի հաւաքական համաձայնութեամբ եւ, ցաւօք, Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն պատրաստակամ օժանդակութեամբ:

Հաջեան եզրափակելով իր խօսքը աւելցուց, որ ներկայ աղէտալի իրավիճակէն միակ ելքը առանձնապէս վերջին տարիներուն Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ խորապէս պառակտուած մեր ժողովուրդի ազգային միաբանութեան խնդիրի առաջնահերթ լուծումն է, հայութեան առողջ, գիտակից ու կենսունակ ուժերու համախմբումը համազգային խնդիրներու շուրջ, ինչպէս 80-ականներու վերջերուն էր: «Իբրեւ հայ քրիստոնեայ եւ շարքային դաշնակցական այն համոզումը ունիմ, որ այդ խնդիրի լուծումը առաջին նախ եւ առաջ Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ուժերու ու կարելիութիւններու ծիրին մէջ է, բնականաբար, մեր միւս աւանդական եւ շահագրգիռ այլ կուսակցութիւններուն, բարեգործական, կրթամշակութային կառոյցներուն սերտ համագործակցութեամբ», ընդգծեց Հաջեան (Միքայէլ Հաջեանի խօսքին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ նշեց, որ ՀՅԴ-ի կարեւոր աւանդութիւններէն մէկն է, որ մենք ալ մեր կարգին մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեզմէ բաժնուած բոլոր շարքայիններու, եւ մանաւանդ այսօր, Լիբանանի մէջ, հաւաքուած այս Պանթէոնին շուրջ, մեր այն հոյլ մը ղեկավարներուն, ազգային-ազատագրական պայքար մղած ռահվիրաներուն եւ խոնարհ հերոսներու հոգիներուն, որոնց աճիւնները ամփոփուած են այստեղ: «Իսկապէս դժուար է երեւակայել, թէ այս կազմակերպութիւնը, որ մենք նկատած ենք մեր երկրորդ տունը մեր ընտանիքներէն ետք, կարողացած է հայ ժողովուրդին տալ այնքան մեծ իրագործումներ, ներշնչել շունչ հաւատք ու յոյս, շունչ` տեսիլքին, հաւատք` իր ապագային նկատմամբ, եւ յոյս` իր կարողականութեան հանդէպ: Եւ ատոր համար անհրաժեշտ է անգամ մը եւս շեշտել, որ այսօր մենք ալ մեր կարգին մեր յարգանքի մեծ տուրքը կը մատուցենք այն սերունդին, որուն զաւակներէն հոյլ մը կը գտնուի այստեղ, այլ բաժին մը կը գտնուի Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատան մէջ, ուրիշներ հայրենիքի մէջ թաղուած են կամ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն համահայկական տեսիլք ունեցած է, եւ ատոր համար է, որ երբ իւրաքանչիւր դաշնակցական տուած է իր երդումը, այդ երդումին մէջ յստակօրէն հինէն եկող հասկացողութեամբ մենք պատրաստակամութիւն յայտնած ենք ծառայելու թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ հայութեան:

«Այսօր դժուար օրերու առջեւ ենք եւ իսկապէս տագնապով է, որ կը մօտենանք յարգանքի այս արտայայտութեան, որովհետեւ այստեղ հանգչող սերունդը նաեւ սխրագործութիւններու սերունդ մըն էր, որ կերտած է մեծ յաղթանակներ եւ մեզի պարգեւած է այն մեծ տեսլականը, որով մենք կրցած ենք կազմել մեր հայկական ուղղութիւնը: Այստեղ կան ներկայացուցիչներ այն սերունդէն, որ կերտեց անկախ Հայաստան, այն սերունդէն ներկայացուցիչներ, որոնք աշխարհի քարտէսին վերադարձուցին Հայաստանը, ապա անոնց գործը շարունակող մանկութիւն չունեցող մարդոց խումբ մը նաեւ ղեկավարի հանգամանքով սկիզբը վառ պահեց վերադարձի կարօտը սփիւռքահայութեան եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած հայութեան մէջ, բայց վերջը միջազգային դէպքերու եւ իրադրութիւններու հարկադրութեամբ անդրադարձաւ անհրաժեշտութեան կազմակերպելու սփիւռքը` իբրեւ կարեւոր յենարան հայրենիքի եւ մեր ապագայ ամբողջական Հայաստանի: Եթէ 1920-ական թուականներուն վերադարձն էր մեզ մղողը, 1930-ական թուականներէն արդէն սփիւռքի կազմակերպման շրջան թեւակոխեցինք, եւ այստեղ կան երախտաւորներ, որոնց կը պարտինք այդ սփիւռքի կազմակերպման հիմքերը: 1940-ական թուականներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, թէեւ աքսորեալ հայրենիքէն, սակայն իր դերը ունեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ, փրկելու այն հայերն ու սերունդը, որոնք վերջ ի վերջոյ կրնային նոր ջարդի ու սպանդի ենթարկուիլ, եւ սերունդը յետոյ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ եւ հանդիսացաւ Ամերիկաներու, Արեւմուտքի եւ Միջին Արեւելքի ղեկավարութեան գլխուն յայտնուած սերունդը, որ սկսաւ դաստիարակել նոր սերունդը 40-ական եւ 50-ական թուականներէն ետք: 1960-ականներուն, այստեղ, ինչպէս դուք գիտէք, մենք ունինք անկախ Հայաստանի վարչապետ, խորհրդարանի նախագահ, նախարարներ, քաղաքական գործիչներ, որոնք այստեղ թաղուած են, եւ անոնց շունչով մենք սփիւռքի մէջ մենք վերստին կրցանք հրահրել մեր պահանջատիրութիւնը 1960-ականներէն սկսեալ: Անկէ ետք շարունակուեցաւ, եւ հոս կան ղեկավարներ, ոչ բոլորը, բայց լաւ ներկայացուցիչներ, որոնք նաեւ ծրագրեցին եւ իրականացուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովներու տարբեր բնոյթի որոշումները, որպէսզի աշխարհը չմոռնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, պատռի լռութեան այդ պատը, որ աշխարհը բարձրացուցած էր մեր դէմ եւ Հայ դատը վերադառնայ միջազգային օրակարգ: Իսկ 1980-ականներու վերջաւորութեան արդէն արցախեան շարժումն էր, Հայաստանի անկախութիւնը եւ Արցախի ազատագրումը: Եւ այդտեղ ՀՅԴ-ն ունեցաւ իր էական դերակատարութիւնը` վերադառնալով իր արմատներուն եւ վերադառնալով իր հայրենակերտման գործին, եւ Հայաստանը վերստին անկախացնելու գործին մէջ ունեցաւ իր մեծ բաժինը, իսկ Արցախի ազատագրութեան մէջ առաջնակարգ դերը, որպէսզի այնտեղի ժողովուրդը ապրի ազատ եւ ամրօրէն կառչած մնայ հողին», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` անդրադառնալով ՀՅԴ Պանթէոնին մէջ հանգչող դաշնակցական երախտաւորներու գործունէութեան տարբեր փուլերուն:

Շարունակելով իր պատգամը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ այսօր իսկապէս տագնապալի օրերու մէջ կ՛ապրինք: «Նախորդ ամբողջ ժամանակաշրջանի ընթացքին մենք` իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքային անդամներ աշխատեցանք ամուր համոզումով եւ ամբողջական սիրով ու յարգանքով դէպի մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը: Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ի պատիւ այն սերունդներուն, որոնց ներկայացուցիչները հոս են, մենք սորվեցանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ նուիրում, սորվեցանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեր երդումը իրականացնելու ու գործնականացնելու անհրաժեշտութիւնը», շեշտեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` եզրակացնելով. «Մենք կը խոնարհինք ձեր վաստակին եւ նաեւ ձեր թողած պատգամին առջեւ` այստեղ հանգչող եւ մեզմէ բաժնուած ընկերներ: Մենք ձեր ճամբով է, որ մեր նաեւ կարողացանք մեր ժողովուրդի ծառայութիւնը կատարել միայն հոգեկան գոհունակութեան համար, որովհետեւ դաշնակցականին ուրիշ բան անհրաժեշտ չէ: Մենք կ՛աշխատինք ռոստոմեան պատգամով` խօսքը գործի վերածելու համար, որովհետեւ գործն է էական, մենք կ՛աշխատինք Զաւարեանի սլացքով` իբրեւ ապակեդրոն, համազգային եւ համատարած կազմակերպութիւն, որ կը պահէ իր կենսունակութիւնը, եւ մենք անշուշտ որ յանձնառու ենք Քրիստափորի «Յարատեւ կռիւ»-ի գաղափարին, որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ միայն ու միայն Դաշնակցութեան վախճանական նպատակի իրագործումէն ետք է, որ կրնայ հանգչիլ Դաշնակցութիւնը, այդ ալ կերտելն է մեր ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքը»:

Հաւաքը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company