ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման քաղաքական ելոյթը Աթէնքի մէջ

22 Ապրիլ 2024

Հա­յու­թիւ­նը խուռ­նե­րամ շար­քե­րով վե­րա­հաս­տա­տեց իր կամ­քը

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի, 21 Ապ­րիլ 2024-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ժո­ղո­վուր­դի ան­նա­խըն­թաց ներ­կա­յու­թեամբ, նշո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կը, Ա­թէն­քի ե­րաժշ­տա­նո­ցի շքեղ սրա­հին մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կար­գե­րը։

Ս­րա­հի մուտ­քին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու խումբ մը կը դի­մա­ւո­րէր ժա­մա­նող հիւ­րե­րը, մինչ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէին օ­տար եւ հայ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը սրա­հին մէջ։ ­Պատ­րաս­տո­ւած էր նաեւ գե­ղա­տիպ խնա­մո­ւած յայ­տա­գիր մը հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով։

­Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կոչ­ման ե­լոյ­թին, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ վար­չա­պե­տին ա­նու­նով ներ­կայ ե­ղաւ ­Հան­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ընդհ. քար­տու­ղար Իոան­նիս Խ­րի­սու­լա­քիս, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ա­նու­նով ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս, խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ «Փ­լեւ­սի է­լէֆ­թե­րիաս» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Զոի ­Քոնս­թան­թո­փու­լու, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ջերմ պաշտ­պան Ա­փոս­թո­լոս ­Քաք­լա­մա­նիս, ­Յու­նաս­տա­նի ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, մեծ թի­ւով ե­րես­փո­խան­ներ եւ եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ, մարզ­պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, նախ­կին նա­խա­րար­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու ընդհ. հրա­մա­նա­տա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ մեծ թի­ւով բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Կար­միր ­Խա­չի նա­խա­գա­հը, դես­պան­ներ եւ դես­պա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ա­մէն տա­րո­ւան նման, յա­տուկ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցան հա­մա­պոն­տա­կան եւ ա­սո­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, հո­գե­ւոր դա­սը, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան կող­մէ հիւ­պա­տոս­ ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թիւն­նե­րը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Գա­րէա­յի սկաու­տա­կան կազ­մե­րը, ո­րոնք յա­տուկ փայլ եւ գոյն տո­ւին յա­ջոր­դած քայ­լար­շա­ւին։

­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու յո­տըն­կայս ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, վայր­կեա­նի մը լռու­թեամբ յար­գո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կը մի­լիոն ու կէս սրբա­դա­սո­ւած ան­մեղ զո­հե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի մէջ զո­հո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րու յի­շա­տա­կը։

­Քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Վազ­գէն ­Սա­վու­լեան, որ հա­մա­պար­փակ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման։ Ն­շեց, որ քա­ղա­քա­կիրթ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ի­րո­ղու­թեան դի­մաց, ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժու­մի եւ ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին, նշե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ապ­րե­լու ձգտու­մը Ար­ցա­խի հո­ղին վրայ, բայց նաեւ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձան Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման՝ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­տար­բեր կե­ցո­ւած­քին տակ։ Ըն­կե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեայ մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան կո­թող­նե­րու ա­ւե­րու­մը ա­զե­րի ձեռ­քով, որ նպա­տակ ու­նի հիմ­նո­վին վե­րաց­նել հա­յու հետ­քը իր բնօր­րա­նէն։ Ան նաեւ խօ­սե­ցաւ ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պայ­քա­րի միաս­նա­կան կամ­քին մա­սին, կան­խե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ նո­րօ­րեայ ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան ըն­թաց­քը։ Ան յայտ­նեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րը յա­նուն ար­դա­րու­թեան եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­ման իր հայ­րե­նի հո­ղին վրայ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի անն­կուն կամ­քով։

­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իոան­նիս Խ­րի­սու­լա­քիս, որ դա­տա­պար­տեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­պա գո­վա­սան­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի նո­ւա­ճում­նե­րուն, մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լով հայ եւ յոյն միջ­պե­տա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ խօսք ար­տա­սա­նեց ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս, որ նա­խա­պէս վեր­յի­շեց իր պա­տա­նեա­կան տա­րի­նե­րը, իր նախ­նիկ­նե­րուն կող­մէ նկա­րագ­րո­ւած ա­հա­ւոր պատ­մու­թիւն­նե­րուն մա­սին օս­մա­նեան եւ քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ կա­տա­րած սպանդ­նե­րուն առն­չու­թեամբ։ Ան նաեւ յու­զու­մով անդ­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան այ­ցե­լու­թեան մա­սին, մա­տու­ցե­լով իր յար­գան­քի տուր­քը ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։ Եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րը ցե­ղասպա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ատ­տի­կէի մարզ­պետ ­Նի­քոս ­Խար­տա­լիաս կուռ եւ ո­գե­ւո­րիչ ու­ղեր­ձով մը անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ծրագ­րո­ւած ու ի­րա­գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ դու­ռը բա­ցաւ Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման։ ­Շեշ­տեց, թէ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը պէտք է ան­մառ մնայ բո­լո­րին սիր­տին մէջ, իսկ ան եւս խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գու­թեան մա­սին։

Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի խօս­քը ար­տա­սա­նեց հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, որ յա­տուկ նշում ը­րաւ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի վա­րած հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ ­Դես­պա­նին խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ա­նու­նով ու­ղերձ ար­տա­սա­նեց ընկ. Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, որ ներ­կա­յա­ցուց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կամ­քը ու պայ­քա­րի ան­կոտ­րում ո­գին, տէր կանգ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն ու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգն­ման։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի ծա­նօթ դա­սա­խօս, օս­մա­նա­գի­տու­թեան եւ թրքա­գի­տու­թեան ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ, ­Տի­միթ­րիս Ս­թա­թա­քո­փու­լոս։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը նախ անդ­րա­դար­ձաւ թուրք ցե­ղի յատ­կա­նիշ­նե­րուն, օ­տար եւ մա­նա­ւանդ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հան­դէպ վա­րած բազ­մա­դա­րեայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ա­պա ու­րո­ւագ­ծեց 19-րդ­ եւ 20-րդ ­դա­րե­րուն ըն­թաց­քին՝ հա­մի­տեան օ­րե­րէն մշա­կո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու ա­նոր յա­ջոր­դող փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տը։ Ան, անդ­րա­դառ­նա­լով ներ­կայ ­Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ե­րե­սին, դա­տա­պար­տեց ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեան նո­րօս­մա­նա­կան հե­տապն­դում­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ ափ­սո­սանք յայտ­նեց մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար, որ պատ­ճառ կը դառ­նայ ­Թուր­քիոյ լկտիա­ցու­մին ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին նո­ւա­ճո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը զա­նա­զան պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ 20-րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին տաի­նե­րու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն, նշե­լով թէ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ա­նոնց­մէ խու­սա­փիլ ե­թէ մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը տէր կանգ­նած ըլ­լա­յին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին ու քե­մա­լա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան զսպու­մին։

Ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւե­ցան եր­կու տե­սա­նիւ­թեր, մին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ ժո­ղո­վուր­դի սփիռ­քաց­ման մա­սին, իսկ երկ­րոր­դը ընդ­հա­նուր ներ­կա­յա­ցում մըն էր Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին ու ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յա­փաթ­ման հե­տե­ւանք­նե­րուն։ ­Տե­սա­նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեան խնամ­քը կա­տա­րո­ւած էր ընկ. Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեա­նին կող­մէ։

­Հո­գե­կան վե­րել­քի պա­հեր ե­ղան Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած եր­գե­րը։ ­Տաս­նեակ ա­շա­կերտ­ներ բեմ բարձ­րա­ցան բե­մին վրայ եւ ի­րենց ու­սուց­չու­հի Է­մի­լիա ­Ֆո­լիա­յի դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րուկ­ցու­թեան ներ­քոյ, հա­մար­ձակ եւ ինք­նավս­տահ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ներ­կա­յա­ցու­ցին կո­մի­տա­սեան եր­գեր եւ ծա­նօթ յու­նա­կան երգ մը։ Տ­պա­ւո­րիչ ե­ղաւ ա­շա­կերտ­նե­րու ե­լոյ­թը, որ գնա­հա­տո­ւե­ցաւ մա­նա­ւանդ օ­տար հիւ­րե­րուն կող­մէ, մատ­ղաշ դէմ­քե­րուն վրայ տես­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յի ե­րաշ­խա­ւո­րումն ու պայ­քա­րի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։

­Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կոչ­ման վեր­ջին մա­սը հան­դի­սա­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւը դէ­պի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։

Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, աչ­քի զար­նող պատ­կեր մը ներ­կա­յա­ցու­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խիտ շար­քե­րը, ո­րոնց առ­ջե­ւէն կը ծա­ծա­նէր Ե­րա­գոյ­նը, Ար­ցա­խի եւ յու­նա­կան դրօ­շը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօ­շը։ Ա­նոնց հե­տե­ւե­ցան պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու խում­բը եւ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­թիւ թա­փո­րը, ո­րուն կը հսկէին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։ ­Ճամ­բուն ըն­թաց­քին, ան­ցորդ ժո­ղո­վուր­դը հիա­ցու­մով եւ քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէր հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մին։

­Յու­նաս­տա­նի խորհ­րա­դա­նի շէն­քին առ­ջեւ՝ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին շուրջ ար­դէն կանգ­նած կը սպա­սէր ­Յու­նաս­տա­նի օ­դա­յին ու­ժե­րու նո­ւա­գա­խում­բը եւ են­դաս­պա­նե­րու ու զի­նո­ւոր­նե­րու խառն ջո­կատ մը, որ պա­տո­ւի կե­ցաւ ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։

­Հեր­թա­բար դափ­նեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նի, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, մարզ­պե­տա­րա­նի, զի­նեալ ու­ժե­րու, պոն­տա­կան եւ ա­սո­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, իսկ հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով՝ ընկ. ­Գէորգ ­Գո­լա­նեան։

­Յու­զու­մի ցնցիչ պա­հե­րուն մէջ, նո­ւա­գա­խում­բը հնչե­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րը, ո­րոնց­մէ ետք բարդձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րը մօ­տե­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան շար­քե­րուն ու ի­րենց հիա­ցու­մը ար­տա­յայ­տե­ցին պա­տա­նե­կան սե­րուն­դի խում­բե­րուն։

Ա­մէն տա­րո­ւան նման, ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան օ­րէնսդ­րու­թեան մաս կազ­մած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան նշու­մը, այս տա­րի եւս ան­նա­խըն­թաց մաս­նակ­ցու­թեան, յար­գան­քի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նշա­նա­կա­լից ե­լոյթ մը ե­ղաւ։

­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քը, որ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ա­պրի­լի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ կա­տա­րո­ւե­լիք գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ, ա­պա դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նը՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած պա­հան­ջա­տի­րա­կան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցե­րով։ Ապ­րի­լեան ե­լոյթ­նե­րու շար­քը պի­տի ամ­բող­ջա­նայ ­Կի­րա­կի, 28 Ապ­րի­լին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք ո­գե­կո­չա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թով:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company