Հալէպի մէջ ջահերով ժողովրդային երթ
22 Ապրիլ 2024Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչական ձեռնարկներուն մեկնարկը կատարուեցաւ ժողովրդային ջահերթով։
Արդարեւ, Կիրակի, 21 Ապրիլին, հալէպահայութիւնը միասնական շարքերով, ժողովրդային ջահերթով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը եւ մէկէ աւելի սերունդներ, յատկապէս երիտասարդական միութիւններ ներկայացնող խումբերով քալեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն դէպի Ազգ. Գերեզմանատուն՝ իր յարգանքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ յիշելու, պահանջելու իր ուխտը վերանորոգելով։
Ջահերթը կազմակերպած էր ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը: Անոր կը մասնակցէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի պատասխանատու, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններ, հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, Ազգ. իշխանութեան, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու, ներկայացուցիչներ ու հարիւրաւոր հալէպահայեր։
Ջահերթը Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեանց զոյգ դրօշներով առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի փողերախումբը։
Յաջորդաբար ջահերով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ), Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան (ՔՈՄ), Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ), Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ու Համազգայինի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական առաքելութեան խումբը, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օրուան կարգախօսը պարզող եւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներով ու ցուցատախտակներով:
Ազգ. գերեզմանատան մուտքին փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները:
Գերեզմանատան սեմին զետեղուած էին 1915-ին նահատակուած մտաւորականներու պատկերները, սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։
Ազգ. գերեզմանատան մէջ կազմակերպիչ մարմինին կողմէ խօսք առին՝ Յակոբ Շահինեան (հայերէն) եւ Յարութ Սումպուլեան (արաբերէն)։ Գեղարուեստական կարճ յայտագիրէ մը ետք օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը։
Այնուհետեւ ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար բոցավառեցին յուշաքարին մօտ գտնուող ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը։
Ջահերթին ներկայ էին սուրիական լրատուամիջոցները, իսկ «Ռատիօ Երազ»-ը ջահերթը կը սփռէր ուղիղ եթերով։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»-ի յառաջիկայ համարով։