ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով ելոյթներ Աթէնքի մէջ

25 Ապրիլ 2024

Գոհաբանական աղօթք եւ դափ­նեպսակներու զետեղում Նէա Զմիռնիի յուշար­ձանին առջեւ

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ կանգ­նած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նին կող­մէ եւ կը վա­յե­լէր յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան բազ­մա­թիւ հիւ­րե­րու եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու։

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ներ­կա­յա­ցուց ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս։ ­Ներ­կայ ե­ղան խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց կար­գին «Փ­լեւ­սի» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Զոի ­Քոնս­թան­տո­փու­լու, «­Փա­սօք» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, Ատ­տի­կէի փոխ­մարզ­պե­տը, ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ փոխ­քա­ղա­քա­պե­տեր, մարզ­պե­տա­կան քա­ղա­պե­տա­կան խորհր­դա­կան­ներ, ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ քա­ղա­քի հա­սա­րա­կա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ։

­Հայ­կա­կան կող­մէն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, հո­գե­ւոր դա­սը, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Սա­ղեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէն, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ պա­տա­նե­կան սե­րուն­դի ստո­ւար խումբ մը եւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ։ ­Պա­տո­ւոյ դիրք գրա­ւած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խում­բե­րու յատ­կան­շա­կան միա­ւոր մը, Ե­ռա­գոյն եւ յու­նա­կան դրօ­շակ­նե­րով։

Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ 109 տա­րի ան­պատ­ժե­լի մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ա­ռա­ւել՝ ան իր խօս­քը կեդ­րո­նա­ցուց Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թեան վրայ, մատ­նան­շե­լով թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րու շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը պի­տի հրա­տա­րա­կենք մեր կայ­քէ­ջին վրայ։

­Յա­ջոր­դա­բար, ան հրա­ւի­րեց ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քի­սը, որ յու­զու­մով խօ­սե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­Սի­սիան քա­ղա­քաի եղ­բայ­րաց­ման մա­սին, միա­ժա­մա­նակ իր յու­շե­րը պատ­մե­լով Ար­ցախ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն տա­րի­ներ ա­ռաջ։ Ան եւս դա­տա­պար­տեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը եւ կոչ ուղ­ղեց մարդ­կու­թեան՝ ան­հա­տոյց չթո­ղել հայ ազ­գին դէմ կա­տա­րո­ւած մեծ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։

­Հեր­թա­բար, խօսք ա­ռին խորհր­դա­րա­նի եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ պա­հան­ջե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Թուր­քիոյ կող­մէ։ Ա­նոնք եւս, անդ­րա­դար­ձան Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մին, մաս­նա­ւո­րե­լով պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան ան­տար­բե­րու­թեան կե­ցո­ւած­քը հան­դէպ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ող­բեր­գու­թեան։

Յաջորդաբար, յուշակոթողին շուրջ բոլորուեցան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ հոգեւոր դասը, որոնք սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարեցին գոհաբանական եւ բարեխօսական աղօթք Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած անմեղ զոհերու յիշատակին:

Հուսկ՝ առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին ընդգծեց, թէ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վառ կը մնայ, միայն երբ այն կը փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն: Հետեւաբար, բոլորիս գերագոյն պարտքն է պահանջատիրութեան ոգին եւ պայքարի աննկուն կամքը փոխանցել հայ նոր սերունդին, որոնք պիտի դառնան դրօշակակիրը Հայ դատի ու հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու պա­տո­ւոյ ազ­դան­շա­նին տակ, տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպստակ­նե­րու զե­տե­ղում։ ­Խորհր­դա­րա­նի եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ խո­նար­հե­ցու­ցին ե­րես­փո­խան Իոան­նիս ­Լո­վեր­տոս եւ ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Զոի ­Քոնս­թան­տո­փու­լու, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քին ա­նու­նով քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, Ատ­տի­կէի փոխ­մարզ­պե­տը, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Սա­ղեան, Հ.Հ. հիւ­պա­տոս ­Նի­քո­լայ ­Սա­հա­կով, հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ Է­լէ­նի ­Տա­նիի­լի­տու եւ հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով ընկ. ­Կա­րօ ­Կեն­դա­նեան։

­Յու­զու­մի մթնո­լոր­տին մէջ լսո­ւե­ցան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ սկաու­տա­կան փա­ղան­գը պա­տո­ւի կանգ­նած էր։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը մօ­տե­ցաւ յու­շար­ձա­նին եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց յու­շար­ձա­նին շուրջ։

Այ­նու­հե­տեւ, բո­լոր ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, մաս կազ­մե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Ժողովրդային բողոքի քայլարշաւ եւ ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն

Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջին շար­քե­րուն վրայ

­

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րուն շար­քը Ա­թէն­քի մէջ հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2024-ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւով եւ ցոյ­ցով դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

­Ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­դ­րա­վայ­րը ե­ղաւ ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը, ո­րուն վրայ օ­րե­րէ ի վեր կը գոր­ծէ Ե­րիտ. ­միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կը։ Ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­ներ, մե­ծով ու փոք­րով, ի­րենց ու­ժեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին ցոյ­ցին, պա­հան­ջե­լու հա­մար թուրք պե­տու­թե­նէն ճանչ­նալ 109 տա­րի ան­հա­տոյց մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ ­Մա­նա­ւանդ, յատ­կան­շա­կան էր հայ նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րուն պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գին ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը դար­ձաւ քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Յատկա­ն­շա­կան էր ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տի­սին եւ այլ յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Ո­րո­շեալ ժա­մուն, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, եր­կու մե­ծա­դիր դրօշ­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, լայ­նօ­րէն պար­զած, ժո­ղովր­դա­յին մե­ծա­թիւ հա­մախմ­բու­մը ճամ­բայ ե­լաւ ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կէն եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեծ պաս­տառ­ներ բռնած, տո­ւին ցոյ­ցին ազ­դան­շա­նը զա­նա­զան լո­զունգ­նե­րով, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տէին թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէին ­Թուր­քիա­յէն ա­ռե­րե­սո­ւիլ իր ա­րիւ­նոտ պատ­մու­թեան հետ ու ճանչ­նալ հա­յու­թեան դէմ գոր­ծած ո­ճի­րը։ ­Ժո­ղո­վուր­դը եւս հե­տե­ւե­լով ար­տա­սա­նո­ւած լո­զունգ­նե­րուն, միա­կամ եւ հա­ւա­քա­կան ուժգ­նու­թեամբ կը կրկնէր զա­նոնք։

Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բա­նե­րէն ան­ցած թա­փո­րին հե­տե­ւե­ցան բազ­մա­թիւ յոյն հայ­րե­նակ­ցի­ներ, ո­րոնք քա­ջա­լե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւննե­րով ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն։

­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րը հա­սաւ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կը, ուր ան­գամ մը եւս, ոս­տի­կա­նու­թեան զրա­հա­պատ մե­քե­նա­նե­րը փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։ ­Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող այ­լեւս ան­հա­ճոյ պատ­կեր մըն է պար­զո­ւած ե­րե­ւոյ­թը, ուր ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ջո­կատ­ներ թոյլ չեն տար խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն մօ­տե­նալ թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը եւ ի­րենց ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տել ընդ­դէմ շա­րու­նա­կո­ւող թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

­Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րու կարճ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն ըն­թաց­քին կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­նու­նով յանձ­նո­ւե­լիք յու­շա­գի­րը, որ­մէ ետք յու­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ա­ռա­ւել հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ե­րի­տա­սա­րա­դա­կան բա­ժին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, մէկ առ մէկ, ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։
­Մինչ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի դես­պա­նա­տուն՝ փոր­ձե­լու հա­մար յանձ­նել յու­շա­գիր, ժո­ղո­վուր­դի զայ­րոյ­թը դրսե­ւո­րո­ւե­ցաւ հա­կա­թուրք լո­զունգ­նե­րու ա­ւե­լի ուժ­գին բա­ցա­գան­չու­թեամբ։

Դժ­բախ­տա­բար, այս ան­գամ եւս պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­խե­ցաւ ոս­տի­կա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու յա­մառ եւ կտրուկ մեր­ժու­մին հաս­նե­լու մին­չեւ դես­պա­նա­տան դու­ռը, պա­տո­ւի­րե­լով հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յու­շա­գի­րը զե­տե­ղել դես­պա­նա­տու­նէն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող ծա­ռի մը վրայ…։

­Բարձ­րա­խօ­սէն տրո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, ժո­ղո­վուր­դի ընդվ­զու­մը ա­ւե­լի ուռ­ճա­ցաւ, իսկ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տե­ցին մեր­ժու­մի ա­րար­քը։
­Զայ­րոյ­թի եւ ցա­սու­մի այդ բուռն պա­հե­րուն, կարգ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ այ­րո­ւե­ցաւ ­Թա­լեա­թի, Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի պատ­կե­րը կրող մար­դան­ման շի­նո­ւածք մը, մինչ բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ի­րենց ընդվ­զու­մը կ­՚ար­տա­յայ­տէին։

­Յան­կարծ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մեծ թա­փո­րը սկսաւ ա­րա­գօ­րէն շար­ժիլ դէ­պի ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու շա­րա­սիւ­նը, մինչ պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­ներ կը փոր­ձէին զսպել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի ոս­տի­կանու­թեան կող­մէ ար­ցուն­քա­բեր կա­զե­րու ար­ձա­կու­մին կամ ո­րե­ւէ բա­խու­մի։ Մթ­նո­լոր­տը շի­կա­ցած էր ու մեր տղա­քը ա­ւե­լի ուժ­գին կը պա­հան­ջէին յա­ռա­ջա­նալ մին­չեւ դես­պա­նա­տուն, միա­ժա­մա­նակ լո­զունգ­նե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր լսո­ւե­ցան հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։

­Հա­կա­ռակ ոս­տի­կա­նու­թեան մեր­ժու­մին, բո­ղո­քի ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը հա­սաւ իր նպա­տա­կին, թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցուցիչ­նե­րուն լսե­լի դարձ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­ղոքն ու ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հան­ջը։
­Ցոյ­ցի ա­ւար­տին, հա­մախմ­բո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան եր­գե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։

Յու­նաս­տա­նի ղե­կավարութիւնը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ա­մեայ տարելիցին

Ա­մէն տա­րո­ւան նման, հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու շար­քին, ­Յու­նաս­տա­նի բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւս հան­դէս ե­կաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­լի­ցին ա­ռի­թով յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ ­տա­րե­լի­ցին առն­չու­թեամբ։

«Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան վեր­ջին շրջա­նին 1,5 մի­լիոն հա­յե­րու ծրագ­րո­ւած բնաջն­ջու­մէն ան­ցած է 109 տա­րի։ Այս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է, որ գրե­թէ բնաջն­ջեց հնա­գոյն ժո­ղո­վուր­դին, ­Կով­կա­սի հա­րա­ւա­յին հա­տո­ւա­ծին մէջ ծաղ­կող քրիս­տո­նէա­կան մի­ջու­կը։

Այս­պի­սի ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ճա­նա­չու­մը, ինչ­պէս նաեւ մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ բռնու­թեան ու ա­տե­լու­թեան դէմ մշտա­կան զգօ­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման են այս­պի­սի յան­ցա­գոր­ծութիւն­ներ չկրկնե­լու եւ ազ­գե­րու ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը եր­բեք պի­տի չմոռ­ցուին»։

­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս «Էքս»-ի հար­թա­կէն հրա­պա­րա­կեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «Այ­սօր յի­շո­ղու­թեան օր է, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեկ­նար­կէն 109 տա­րի ետք։ ­Յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք զո­հե­րուն եւ վառ կը պա­հենք յի­շո­ղու­թիւ­նը։ ­Մեզ եր­կի­րը միշտ դէմ կը կագ­նի ու պի­տի շա­րու­նա­կէ կանգ­նիլ ա­մէն տե­սա­կի ա­րարք­նե­րու դէմ, ո­րոնք բռնու­թեան եւ խտրու­թեան պատ­ճառ պի­տի դառ­նան մարդ­կու­թեան դէմ»։

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան 109-րդ ­տա­րե­լի­ցին, նշած է, որ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ճա­նա­չու­մը անհ­րա­ժեշտ է մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կրկնու­թե­նէն խու­սա­փե­լու հա­մար։ Այս մա­սին յոյն նա­խա­րա­րը գրա­ռում կա­տա­րած է «Էքս»-ի իր է­ջին վրայ։ «Այ­սօր մեր միտ­քե­րը ­Յու­նաս­տա­նի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յե­րուն հետ են՝ յար­գե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը», գրած է նա­խա­րա­րը։

Ն­շենք, որ բազ­մա­թիւ ե­րես­փո­խան­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ հան­դէս ե­կած են հայ ժո­ղո­վուր­դի զօ­րակ­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

www.azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company