Ժողովրդային Հաւաք` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով
09 Մայիս 2024Առ ի զօրակցութիւն Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք` «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով:
Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Հաւաքին խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Տեսաուղերձով հանդէս եկան Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Սէյրան Օհանեան:
Հաւաքին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսի յատուկ պատգամը ընթերցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: