ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքը Պահելու Վերջին Առիթն Է

10 Մայիս 2024

Համայն հայութիւնը կ՛ապրի իր պատմութեան վերջին տասնամեակներու ամէնէն դաժան պահերը:

Թաւշեայ կոչուող յեղափոխութենէն ետք միայն 6 տարին բաւարար էր ընդունելու, որ այս շարժումին գործիքը յաջողած է կատարել իրեն վստահուած պարտականութիւնը` քանդել ամէն ինչ:

Գարուն խոստացող յեղափոխութիւն, որ միայն արիւն եւ մահ բերաւ մեր ժողովուրդին:

Դերասանութիւն, սուտ, աժան ամբոխավարութիւն, ժողովրդահաճոյ կեցուածքներ, կեղծիք, խոստումներու դրժում, անձնատուութիւն եւ սեփական կեանքի վաճառք… ասոնք եղան խորագիրները անցնող տարիներուն:

Եւ հասանք հոս, այսօր, որ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձին, փոխանակ տօնախմբութիւն կատարելու, հաւաքուինք, որպէսզի դադրեցնենք անձնատուութիւնը, կասեցնենք հողային զիջումները եւ Հայաստանի թրքացման գործընթացը:

Միասնաբար յիշենք անցնող 6 տարիները ու տեսնենք աւերը, միասնաբար մտածենք, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հոս հասանք:

Նախկինները փտած էին, ճիշդ, փտածութիւնը ամէնուրեք բոյն դրած էր եւ արմատացած, խորհրդային օրերէն մինչեւ 2018: Եւ եկաւ խոստացուած մեսիան: Փտածները մեկնեցան, փտածութիւնը մնաց, անուն փոխեց: Մաֆիաները վերածուեցան գործարար մարդոց, կաշառքին անունը դարձաւ պարգեւավճար կամ կենսաթոշակի յաւելում:

Ահաւոր էր փտածութիւնը մինչեւ 2018, նախկինները փտած էին, երկիրը տնտեսական տագնապի մէջ էր: Նախկինները մեկնեցան, նորերը եկան, վիճակագրութիւններ, թիւեր, լրատուական մեծխօսիկութիւններ աւետեցին փրկութիւնը: Տագնապը խորացաւ, տագնապը կը շարունակուի:

Նախկիններու օրով Արցախը ազատագրուեցաւ եւ անկախութիւն հռչակեց:

Նախկինները հայ-թրքական արձանագրութիւնները չկրցան գործադրել: Եկաւ փրկիչը, յանձնեց Արցախը` յոյս տալով, միակ յոյսը, որ արցախցին, Արցախի պաշտպանութեան եւ անկախութեան համար իր կեանքը զոհած արցախցին, գէթ կրնայ իր տան մէջ ապրիլ հանգիստ, թէկուզ` ազրպէյճանական իշխանութեան ենթակայ:

Ըսաւ, ստեց, ըսաւ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Ու վերջը եկաւ:

Ապա նոյնը, նոյն մարդը, «Արցախը ազրպէյճանական հող է» յայտարարեց:

Ապա ոչինչ ըրաւ շրջափակուած Արցախը փրկելու: Ու առանց բառերը ծամծմելու` յանձնեց Արցախը սառնասրտօրէն եւ գնաց Եռաբլուր` յարգելու իր յանձնած Արցախի նահատակները:

Իսկ խոստացած հանրաքուէ՞ն: Եղա՞ւ, թէ՞ կլիմայական աննպաստ պայմաններու պատճառով կարելի չեղաւ հանրաքուէ «անցկացնել»:

Սուտ «Յաղթելու ենք»-ը վերածեց իրական «Յանձնելու ենք»-ի:

Յոխորտանքով 120.000 գաղթական արցախցիի նիւթական յատկացումներ կատարեց, ու չենք գիտեր, թէ ե՛րբ կը դադրեցնէ այդ յատկացումները: Վերջին հաշուով, գլխացաւ է Արցախը, իսկ արցախցիներու կենցաղային օժանդակութիւնը պետական գանձին սուղ կրնայ արժել, այնքան մը, որ արցախցիները մղուին արտագաղթելու Հայաստանէն:

Նախկինները սեւ էին: Եկաւ սպիտակը, եկան սպիտակները: Տոնքիշոթեան վտանգներ յօրինուեցան: Հայ եկեղեցին` Էջմիածինը, Գարեգին Բ. վեհափառը, վաղը` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, կրօնական դասը դարձան վտանգաւոր անձեր Հայաստանի մէջ: Իսկ ինք եւ սպիտակները` Աստուծոյ կողմէ հայ ժողովուրդին փրկութեան համար ղրկուած առաքեալներ, որոնք իրենց ամբողջ գիտութիւնը ամբարած են աստուածաբանական դպրոցներու մէջ եւ իրենք ու միայն իրենք Հայ եկեղեցւոյ պաշտպաններն են, Աստուծոյ նուիրեալներ, եկեղեցւոյ ծառաներ:

Նախկինները բռնատէր էին: Բանակը, անվտանգութեան ծառայութիւնները, ոստիկանները, պետական պաշտօնէութիւնը կը ծառայեցնէին իրենց նպատակներուն: Փակած էին լրատուամիջոցները, խեղդած` ազատ կարծիքը, մարտ 1-ի մուրը իրենց ճակտին էր: Եկան թաւիշի հաւատացեալ յեղափոխականները: Ու բացուեցան քսակները, առատօրէն բացուեցան քսակները, քսակները բացուեցան, լեզուները բացուեցան, վարձուեցան ընկերային ցանցերու կեդրոնները, եւ ազատութիւն տարածուեցաւ: Սուտ ու կեղծ հասցէներով հանրային կարծիք ձեւաւորուեցաւ: Յանուն ժողովուրդի եւ ժողովրդավարութեան տարածուեցան` սուտը, կեղծիքը, հայհոյանքը, ասֆալթին քսելու յոխորտանքը, եռագոյնը բարձրացնող երիտասարդին ձերբակալութիւնը, իր նահատակներուն ցաւը Եռաբլուրի մէջ ողբացող հայ մօր խոշտանգումը, պետական այրերու պաշտպանական ինքնաշարժներու շարասիւները: Քսակները բացուեցան:

Նախկինները վատ էին շա՜տ, եկան` նորերը, երիտասարդները, մասնագէտները, բանակի ծառայութենէն խուսափողները, եկան լաւերը, օտար լեզուներու, օտար մշակոյթներու, օտար աւանդութիւններու քաջածանօթ, խնկարկող եւ հաւատացող լաւերը: Տարածուեցան այլանդակութիւնները, նորութեան հետ, արդիականութեան հետ քայլ պահելու թելադրանքը վերածուեցաւ հայկակա՛նը, ազգա՛յինը, մե՛րը քանդելու, Հայաստա՛նը օտարացնելու քրտինք պահանջող, սպառիչ ճիգի:

«Ինչո՞ւ պէտք է մեռնինք հայրենիքի համար» հարցումը յանուն գիտական եւ առարկայական բանավէճի քննարկումի վերածուեցաւ: Չէ որ մարդ ենք, եւ իբրեւ մարդ պէտք է հանգիստ ապրինք, բարօր կեանք ունենանք, խաղաղութիւն վայելենք, եւ որպէսզի բարօր կեանք ապրինք իբրեւ մարդ, պէտք է զիջինք մեր սկզբունքներէն, հայը հայ պահելու հաւատքէն, մեր եկեղեցիէն, Արարատէն, զինանշանէն, Անկախութեան հռչակագիրէն, հայոց պատմութենէն, հայոց լեզուէն, հայ եկեղեցւոյ պատմութենէն: Իսկ եթէ չզիջինք, ապա Ալիեւի եւ Էրտողանի խոստացած փայլուն ապագան ինչպէ՛ս պիտի իրականանայ, այսպէս ասած «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետին» որոշումո՞վ:

Պէտք չունինք Արցախին, պէտք չունինք Արարատին, պէտք չունինք զինանշանի առիւծին, առիւծ չէ մնացած արդէն Հայաստանի մէջ, պէտք չունինք Տաւուշին, Սիւնիքին, Գեղարքունիքին, Զանգեզուրին, պատմութիւնը կարեւոր չէ, նահատակութիւնը իմաստ չունի, պէտք ունինք բարօր կեանքի, ժպտերես քաղաքացիի, օտար զբօսաշրջիկներու: Նոյնիսկ վաղը յուշարձանները կամ թանգարաններու մէջ տեղաւորուած փաստերը եւ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան անհանգստացնող պատկերներն ու իրեղէնները անհրաժեշտ պիտի չըլլան ցուցադրուելու, պիտի վերցուին, որովհետեւ անոնք պատճառ կը դառնան, որ թուրք զբօսաշրջիկներուն զգացումները վիրաւորուին:

Վատագոյներն էին նախկինները, զգո՛ւշ` չվերադառնան: Վստահաբար պիտի չվերադառնան իրենք: Մենք` նորերս, պէտք է նոր Հայաստան կերտենք: Եւ եթէ նոր Հայաստան կերտելու թշնամիի պահանջը խոչընդոտի կը հանդիպի, պէտք է քանդել այդ խոչընդոտը եւս: Ականջ տուէք Ալիեւի եւ Էրտողանի փորձառու մարդու խրատներուն: Սփիւռքը կը խանգարէ մեր գործը: Փաշինեանը արդէն հասկցած է: Բայց դեռ ուրիշներ չեն հասկցած: Հետեւաբար հարուածենք սփիւռքը: Դեռ քանի մը օր առաջ Տոհայի մէջ գումարուած տնտեսական խորհրդաժողովի մը ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը իր արաբ գործընկերոջ փոխանցած է, որ Տաւուշը պիտի յանձնուի, իսկ սփիւռքն է դէմ կեցողը, սակայն Հայաստան խնդիր չունի:

Հետեւաբար, հարուածել պէտք է սփիւռքը, պառակտել զայն, որոմ սերմանել մէկ դար եւ աւելի սփիւռքը Հայաստանի համար հայ պահելու ձգտող ուժերուն միջեւ, հայ դատականները, անցեալի նարինջ ուտողները, այլեւս պէտք չեն նոր Հայաստանի համար, թուրքը, ազրպէյճանցին, աչքի փոշի թափող արեւմտեան կարգ մը ուժեր անհրաժեշտը կը կատարեն արդէն, պիտի կատարեն, որպէսզի Հայաստանը դադրի ամբողջ հայութեան հայրենիքը ըլլալէ եւ վերածուի բազմազգեան բնակչութեամբ հողատարածքի, ուր օր մը` ոչ շատ ուշ, հայերը պիտի դառնան ազգային փոքրամասնութիւն…:

Իսկ Ցեղասպանութի՞ւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը: Ինչո՞ւ վերադառնալ պատմական ցաւոտ խնդիրներու: Նախ պէտք է արձանագրել նահատակներուն անունները: Իսկ եթէ պատահի, որ կարենանք միայն 1 միլիոն 488 հազար անուն ունենալ, ապա կը ստեղծուի անվստահելիութիւն` 1,5 միլիոն կ՛ըսէիք, ճշգրտութեան եւ գիտական հիմունքներու խախտում, պատմաբաններու միջամտութեան կարիք: Իսկ ետքը` կեանքը կը շարունակուի բնական կերպով: Business as usual: Ցեղասպանութեան իրականութիւնն ալ կրնանք մոռնալ` ի խնդիր բարօր կեանքի ու խաղաղութեան:

Սահմանադրութի՞ւն, դատական համակա՞րգ, Սահմանադրական խորհո՞ւրդ, ընդդիմութի՞ւն: Ոչինչ են: Կարեւորը այո՛ ըսելն է ամէն ինչի: Բողոքի նուազագոյն ձայնն անգամ կ՛անհանգստացնէ ու համազարկը կը բանի, բանիւ եւ գործով, արժեզրկելու ամէն խօսք, ամէն աքթ, ամէն ցասում, ամէն ցոյց, ամէն ջահերթ, ամէն քայլարշաւ, ամէն նշում: Եւ այս բոլորին պատասխանը` դաւադիր ուժերու կողմէ պետական հարուած կազմակերպելու երեւակայածին ծրագիր: Ու փողոցը կ՛ողողուի հայրենիքի պաշտպանութեան համար արիւն թափած բանակային եւ ապահովական ուժերու զինուորներով, իր եւ իր վարչակարգին պաշտպանութիւնը ժողովուրդին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան գերազանցող ԱԱԾ-ներու խմբակին կողմէ: Բողոքողը, հրահանգին չենթարկուողը, դժգոհը կը վերածուի ժողովուրդի թշնամիի: Զինուորական խունթայի մտածողութիւն, որ ժողովրդավարօրէն ընտրուած ղեկավարը կը վերածէ միայն ուրիշին ծրագիրները գործադրելու համար աթոռը պահող բռնատէրի:

Եւ դեռ չմօտենանք ընտանիքին: Իր եւ իւրայիններունը նամուսի պաշտպան ընտանիքներ են, միւսները, սեւերը, ընդդիմադիրները, եկեղեցականները, Արցախի ազատագրութեան հերոսները, Հայաստանի սահմանապահները, նահատակներու ընտանիքները, ազատ մտածողները, տակաւին ազատ մնացած մտաւորականները, դասախօսները, ազգային մտածողութեան տէր ոեւէ անհատ, անոնց ընտանիքները սեւ են, եւ ենթակայ ամէն սեղմումի, սուտի, բամբասանքի, անուանարկումի թէ վարկաբեկումի:

Միայն մնամ իշխանութեան վրայ:

Գործս, ինծի վստահուած պարտականութիւնը գլուխ հանեմ եւ շնորհաւորանք ստանամ իմ վարպետներէս:

Եւ ինձմէ ետք` ջրհեղեղ:

Որովհետեւ չի մտածեր, որ երբ գործը աւարտէ, նոյն տէրերը պիտի լքեն զինք, Պիղատոսի նման իրենց ձեռքերը լուալէ ետք:

Տաւուշէն սկսած համաժողովրդային երթը վաղը երեկոյեան կը հասնի Երեւան: Անունները կարեւոր չեն: Ղեկավարները` նոյնպէս: Հիմնականը համաժողովրդային ցասումն է եւ այդ ժողովուրդին մէկութիւնը:

Բարբանջանքները պիտի բազմանան, բազմացած են արդէն, խժդժութիւնները պիտի կրկնապատկուին, սեւացրէք վարքագիծը պիտի ուռճանայ, թիւերու եւ սոցցանցերու լեզուն պիտի երկարի:

Եւ դեռ, ահա թուրքը կու գայ, զգո՛ւշ: Պիտի լսենք, շատ պիտի լսենք` զիջինք, որ ապրինք, զիջինք, որ պատերազմ չյայտարարուի մեզի դէմ, պատրաստ չենք պատերազմի: Թէ ինչո՞ւ պատրաստ չենք պատերազմի, այդ ալ` այլ հարց:

Տանք գիւղերը, կատարենք սահմանագծումը, երաշխաւորուած է մնացեալը:

Բայց չէ՞ որ երաշխաւորած էր Արցախը:

Չէ՞ որ Արցախը Հայաստան էր եւ վերջ: Իսկ Հայաստանը Հայաստա՞ն է եւ վերջ:

Չէ՞ որ իւրաքանչիւր քաղաքացի վարչապետ էր:

Չէ՞ որ գաղտնի համաձայնութիւններ չկային:

Սիրելինե՛ր,

Օրհասական է պահը: Շատ օրհասական:

Յաղթանակը կը կերտուի հաւատքով:

Պարտութիւնը կու գայ սուտով:

Մեր պատիւը, հայու արժանապատուութիւնը, ոտնակոխ չի կրնար ըլլալ:

Հաւաքական զարթօնքի պահն է:

Ազգային իտէալին հաւատացող բոլոր ուժերուն համախմբումի պահն է:

Միակամ ՈՉ-ի պահն է:

Եռագոյնը բարձր պահելու պահն է:

Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքը պահելու վերջին առիթն է:

Հողային զիջումները դադրեցնելու պահն է:

Արցախէն ետք Տաւուշի յանձնումը դարպասն է դէպի Երեւան:

Կարելի չէ արտօնել, որ օր մը Եռագոյնին վրայ սեւ երիզ աւելցուի:

Հայաստանն ու հայութիւնը պիտի մնա՛ն:

Իսկ Արցախն ու Հայաստանը յանձնող հողատու վոհմակը առանց ետեւ նայելու պիտի մեկնի Հայաստանէն:

Ողջո՜յն Հայաստանի իրաւ յեղափոխականներուն:

Փա՛ռք ազգային իտէալին համար մեռնող իւրաքանչիւր հայուն:

Ողջո՜յն անոնց, որոնք Արցախը հայո՛ւն է, իսկ Աւարայրը մե՛րն է կ՛ըսեն:

Ողջո՜յն Տաւուշէն ու Հայաստանի բոլոր շրջաններէն եւ սփիւռքէն Երեւան հասնող, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հայութեան ու Հայաստանի կապիտուլացիան մերժող զանգուածներուն:

Յաղթանակը մե՛րն է:

Հայաստանի ու հայութեան յաղթանակը:

Մնացեալը սուտ է:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

8 մայիս 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկր

Միջին Արեւելքի պատերազմի աշխահագրութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը առաջին հեր

06 Մարտ 2026
Գանատայի մէջ 17 նորագիրներ միացան ՀՅԴ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին՝ անցնող շաբթուան ընթացքին Գան

06 Մարտ 2026
Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­

Ան նաեւ ա­ւել­ցուց. «Իսկ ե­թէ խո­րա­նանք, պի­տի տես­նենք աշ­խար­հա­տա­րած, ժրա

06 Մարտ 2026
Դուք շարունակում եք մնալ հայկական իրակ

Նիկոլ Փաշինյան, Հայաստանի, հայ ժողովրդի, ազգային անվտանգության թիվ մեկ սպառնալ

06 Մարտ 2026
Ինչո՞ւ Սփիւռքի Նուիրուած Խորհրդաժողով

Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտ

06 Մարտ 2026
Հայաստանի համար մասնատված Իրանը կարող

Մարտի 5-ին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագ

06 Մարտ 2026
Իրանեան փորձաքարը՝ պո՞ւմ, թէ՞ պումըրան

Յունիս 2025-ին ալ կացութիւնը լարուած էր։ Ա․Մ․Ն․ եւ Իսրայէլ միասնաբար սկսած էին

06 Մարտ 2026
Հ.Յ.Դ . Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռո

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Գանատա կը գտնուի մասնակցելու

05 Մարտ 2026
Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-

«Ազդակ» այսօր թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յառաջիկայ տարի, մարտ 5-ին

05 Մարտ 2026
Կանխել է պետք Հայաստանի՝ կցորդ պետությ

ՀՅԴ 135-ամյակի տոնակատարությունների շրջանակում Կանադայում գտնվող ՀՅԴ Բյուրոյի

04 Մարտ 2026
Լիբանանում անհանգիստ ու անորոշ վիճակ է

«Այս պահի դրությամբ հայկական համայնքային կենտրոնները չեն տուժել, մարդկային կո

04 Մարտ 2026
Դաշնակցութեան մշտնջենաւոր այժմէականութ

Հարիւր երեսունհինգ տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դիմագրաւա

04 Մարտ 2026
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Հայաս

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Արսեն Համբարձումյանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկ

04 Մարտ 2026
Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

Կ՛ըսուէր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները դրական ընթացք

04 Մարտ 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի իրավատերն

Վերջին շրջանում առավել մեծ ծավալ ու ագրեսիվ բնույթ է ստացել իշխանության և նր

04 Մարտ 2026
Միացումից անկախացում

Դրա առաջին դրսևորումը դարձավ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստա-նի հետ վերամիավորելու 1

04 Մարտ 2026
Կոմպրադորական բուրժուազիայի անցյալն ու

Ժամանակակից քաղաքական գործընթացների վերլուծությունը հաճախ սահմանափակվում է առա

04 Մարտ 2026
Ամբիցիաների վտանգները քաղաքական գործըն

Առհասարակ, պարզ մարդկային ցանկությունների և հավակնությունների միջև եղած սահման

04 Մարտ 2026
Անտեսանելի քիլլերը․ Հայաստանը ուռուցք

Օդի որակի խնդիրը հանքարդյունաբերության մեծ ծավալներ ունեցող Հայաստանում, հատկա

04 Մարտ 2026
Լեզվական ինքնություն և թվային իրականու

Փետրվարի 21-ը, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխավոր համաժողովի կողմից, սահմանվել է Մայրենի լեզվի

04 Մարտ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company