Այնճարի Մէջ «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներուն» Խորագիրով Ձեռնարկ
14 Մայիս 2024![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/05/Anjar-2_0524-1024x628.webp)
Լիբանան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան այցելեց Այնճար եւ Հայաստանի ներկայ կացութեան վերաբերող զեկուցական հանդիպում մը ունեցաւ Այնճարի հայութեան հետ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ:
Ան ներկայացուց Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները` լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ հայ ժողովուրդին համբերութիւնը սպառած է, եւ հիմնական փոփոխութիւններ կ՛ակնկալուին: Մինասեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին տարիներուն իշխող ապազգային վարչակազմի ունեցած վնասակար գործունէութեան, որ մեծ կորուստներու պատճառ դարձած է եւ սպառնալիք է հայրենիքի ապագային համար: Պատգամաւորը մանրամասնօրէն պատասխանեց նաեւ ներկաներու բոլոր հարցումներուն` յոյս յայտնելով, որ Տաւուշէն ծնունդ առած ժողովրդային շարժումը յուսադրիչ է, եւ հայ ժողովուրդը իր վճռական որոշումը տուած է:
Յայտնենք, որ հանդիպումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին պատրաստած տեսերիզը` ժողովրդային շարժումին մասին, ինչպէս նաեւ ներկաները առիթ ունեցան լսելու «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարներէն, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի խօսքը:
Ներկաները իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովրդային այս շարժումին` այն յոյսով, որ անիկա կը յաջողի ազգն ու հայրենիքը ձերբազատել Փաշինեանի ազգակործան իշխանութենէն: