«Ազդակ»-ը Օժտուեցաւ Թանգարանային Արժէք Ունեցող Իրերով
03 Հունիս 2024
«Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին նուիրեց երկար տարիներու ընթացքին իր հաւաքած մետաղեայ հնագոյն դրամներու հաւաքածոն։ Հռոմէական, Տիգրան Մեծի, Կիլիկիոյ, ցարական Ռուսիոյ, Սէյմի, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան, համայնավար յեղափոխութեան, յետխորհրդային Ռուսիոյ ժամանակաշրջաններէն հաւաքուած դրամներու եզակի նմոյշները յանձնուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան։
Դրամներու այս թանկարժէք հաւաքածոյին կ՛ընկերանայ նաեւ մոլորակի բոլոր ցամաքամասերու երկիրներէն դրոշմաթուղթերու հարուստ հաւաքածոյ մը։
Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ին յանձնեց նաեւ հայաստանեան հանքային արժէքաւոր քարերու նմոյշներու խմբաքանակ մը։
Այսպիսով հնատիպ մամուլի, կերպարուեստի զանազան ստեծագործութիւններու «Ազդակ»-ի Ֆոնտը կը համալրուի հին մետաղեայ եւ թղթային դրամներու, հայաստանեան քարերու, ինչպէս նաեւ դրոշմաթուղթերու թանկարժէք հաւաքածոյով։
Հաւաքածոներու մասին աւելի ուշ մեր ընթերցողները կ՛իրազեկուին լուսանկարներով` ընկերակցած մասնագիտական համապատասխան բացատրութիւններով։
Ծրագրուած է խմբագրատան մէջ յատուկ ցուցասեղաններով մնայուն կերպով ցուցադրել այս հաւաքածոները։
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրական կազմը շնորհակալութիւն կը յայտնեն «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանին։
