Չկորսնցնե՛լ Արցախի Վերատիրացման Գիտակցութիւնը Եւ Վճռականութիւնը
02 Սեպտեմբեր 2024Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Ազգային տօնացոյցին մէջ սեպտեմբեր երկուքը կը նշէ Արցախի անկախութեան տօնը, կամ ինչպէս ատենին Արցախի մէջ կ՛ըսէին` Արցախի Հանրապետութեան օրը:
Հաւանաբար շատերը հարց տան, թէ կ՛արժէ՞ նշել այն տօները, որոնց նուաճումները չկան այսօր: Ի՜նչ անկախութիւն եւ ի՜նչ տօն, երբ Արցախը բռնագրաւուած եւ հայաթափուած է ամբողջութեամբ:
Բայց ինչո՞ւ զարմանալ. 70 տարի մայիս 28 նշեցինք` առանց Հայաստանի անկախութիւն ունենալու: Սեպտեմբեր 2 եւս կրնանք նշել` առանց Արցախի անկախութիւն ունենալու, որովհետեւ վտանգաւորը անկախութիւն կորսնցնելը չէ, որքան` անկախութեան վերատիրանալու գիտակցութիւնը եւ վճռակամութիւնը կորսնցնելը:
Արցախի ազատագրման, անկախացման եւ պաշտպանութեան համար հայութիւնը վճարեց շատ սուղ գին. հազարաւորներ իրենց կեանքը զոհաբերեցին, իսկ բիւրաւորներ իրենց առողջութիւնն ու բարեկեցութիւնը նուիրաբերեցին` Արցախը իր սեփական ժողովուրդին վերադարձնելու համար: Արցախի Հանրապետութիւնը քար առ քար կերտուեցաւ համահայկական ջանքերով, Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեամբ եւ Արցախի հերոս ժողովուրդին անկոտրում կամքով:
Արցախի կայծը վառեց հայութեան նոր ժամանակներու ազատութեան բոցը: 70 տարուան գաղափարական այլասերումէ ետք, շնորհիւ Արցախի, մեր ժողովուրդը աւելի՛ հայացաւ, աւելի՛ պահանջատէր ու մարտունակ դարձաւ: Արցախի «երկաթէ շերեփ»-ով հայութիւնը իր արժանի տեղը գրաւեց ժամանակակից ազգերու ընտանիքին մէջ: Արցախը հայ մարդուն տուաւ յաղթանակի հպարտութիւն եւ սեփական ուժին ապաւինելու իմաստութիւն:
Տասնամեակներու ենթակայութենէ ետք Արցախը վերականգնեց հայ մարդուն ազգային արժանապատուութիւնը եւ վերահաստատեց պայքարի միջոցով ազատ ու ապահով ապրելու անսակարկելի իրաւունքը:
Հրաժարիլ այս բոլորէն` կը նշանակէ հաւաքական ինքնասպանութեան դիմել: Անտեսել այս բոլորը` կը նշանակէ դաւաճանել Արցախի համար զոհուած նահատակներու կտակին: Մոռնալ, որ մենք կոչուած ենք մեր կեանքով պահելու ա՛յն, ինչ որ մեր նահատակները իրենց մահուամբ ու արեամբ պահեցին:
Հետեւաբար, նշել Արցախի անկախութեան տօնը` կը նշանակէ շարունակել պայքարը Արցախի վերատիրացման եւ Արցախի հայութեան տունդարձին ապահովման համար, համոզուած ըլլալով, որ այդ պայքարին մէջ «օտարը մեզ ֆայտա չունի»: Մեր ժողովուրդը միշտ սուղ գին վճարած է աշխարհի անտարբերութեան համար: Հարկ է անցեալի դասերէն օգտուիլ, հասկնալ ու հաւատալ, որ մե՛նք ենք տէրը մեր երկրին եւ մեր սեփական, ու հաւաքական ուժն է միակ դարբինը մեր ճակատագիրին:
Նշել Արցախի անկախութիւնը` կը նշանակէ Արցախի համար կռիւը տարածել հայ կեանքի բոլոր ճակատները` քաղաքականէն դիւանագիտական, կրթականէն մշակութային, տնտեսականէն քարոզչական-տեղեկատուական թէ այլ: Կռիւը պիտի մղուի ամէնուր, ամէն ձեւով, համաժողովրդային լայն տարողութեամբ, ու մանաւանդ` թշնամիին դիմաց տեղի չտալու անդառնալի որոշումով: Նոր պարտութիւններ արտօնելի չեն: Կը պարտուին ի ծնէ պարտուածները միայն, որոնք կը տառապին մարտունակութեան պակասէ, հաւատքի եւ կամքի տկարութենէ, մինչդեռ նիկոլ դումաններ, դրոներ, պետոներ, շահէն մեղրեաններ եւ մհեր ջուլհաճեաններ տուած են հակառակին ապացոյցը` գերագոյն խիզախութեամբ հայրենիք ազատագրելու, պետականութիւն կերտելու անուրանալի փաստը:
Նշել Արցախի անկախութիւնը, վերջապէս, կը նշանակէ կրկնել ու յիշել, որ պատմական փորձառութեամբ հայութեան պատերազմները դադար չունին: Խաղաղութեան իւրաքանչիւր հանգրուան կը ծառայէ նոր պատերազմի պատրաստութեան` յանուն հայրենիքի եւ յանուն գերիշխանութեան:
Յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի, որուն առաջին հանգրուանը նշեց 2 սեպտեմբեր 1991-ը, մեր արդի պատմութեան ամէնէ՛ն պանծալի թուականը:
Ազդակ