Խմբագրական. Չարձակուած Նետը (Գերիներու Ազատ Արձակման Յայտարարութեան Մերժումին Առիթով)
13 Նոյեմբեր 2024
ՔՈՓ 29-ի վեհաժողովը ընթացքի մէջ է։ Տակաւին Երեւանը չէ յստակացուցած իր մասնակցութիւնը։ Պաշտօնական դիրքորոշումը կը բացակայէր՝ անորոշ ձգելով իշխանութիւններուն Պաքու մեկնելու որոշումը։ Խորհրդարանի նախագահին վիճակուած էր յայտնաբար պարտականութիւն՝ յայտարարելու, որ եթէ ռազմագերիներու վերադարձ պիտի չըլլայ, ուրեմն Հայաստանի ներկայացուցիչին Պաքու մեկնիլը իմաստ չունի։
Այս յայտարարութիւնը քաղաքականօրէն ընկալելի էր։ Առաջին փուլի գերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի կողմէ ՔՈՓ 29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու համաձայնութիւնն էր։ Երկրորդ փուլը այս յայտարարութեամբ կը պայմանաւորուէր՝ մնացեալ գերիներու ազատ արձակումով։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ազրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ն Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է:
Քաղաքականօրէն անընկալելին սակայն, խորհրդարանական մեծամասնութեան մերժումն էր Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն մասին ընդդիմութեան կողմէ առաջադրուած յայտարարութեան նախագիծին։ Հոն ընդամէնը կ՛ըսուէր, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանին վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ գերիները։
Այս յայտարաութեան ընտրուած պահը պարզ է։ ՔՈՓ 29-ը ընթացքի մէջ է, հարուածուած է Պաքուի հեղինակութիւնը, բազմաթիւ տէրութիւններու առաջին դէմքերը այս կամ այն պատճառով կը բացակային առնուազն բացման հանդիսութենէն։ Աւելի՛ն. մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, բնապահպանութեան կողմնակիցներ, լրագրողական շրջանակներ եւ կենսոլորտի, քարիւղի արտադրութեան եղանակի մասնագէտներ, երկրագունդի կլիմայով մտահոգ քաղաքացիական շարժումներու գործիչներ ողողած են ՔՈՓ 29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու որոշումին դէմ ընդդիմադիր դաշտը, պարզապէս ընդգծելու, որ Պաքուն եւ բնապահպանութիւնը հակացուցուած ուղղութիւններ են։
Ուրեմն քաղաքական պահու ընտրութիւնը ընդդիմութեան կողմէ աւելի քան իմաստալից է եւ թիրախայնութեամբ յատկանշուած։ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու վերականգնման եւ գերիներու ազատ արձակման պահանջը ներկայ պահուն կրնար միջազգային հնչեղութիւն ստանալ։ Քաղաքական իրադրութիւններու մէջ մարտավարական դասագրքային մօտեցում է տարբեր պատճառներով միեւնոյն թիրախին հարուածելու դիրքերու ամրացումը եւ միենոյն պահուն՝ արձակուող նետերու բազմացումը։ Պաշտօնական Երեւանի նետը ցաւօք դուրս չեկաւ կապարճէն։ Աւելի ճիշդ՝ հայրենի իշխանութիւնը չուզեց զայն արձակել Պաքուի ուղղութեամբ եւ համալրել դէպի Պաքու ուղղուող նետերը։ Դառնալ անոնցմէ գուցէ ամէնէն հատուն։
Ոչ համոզիչ պատճառներ կամ պատրուակներ ներկայացուեցան, թէ՝ կառավարութիւնը ամէն օր կ՛աշխատի գերիներու ազատ արձակման համար, թէ՝ ընդդիմութիւնը ոչ թէ գերիներու ազատ արձակումը կ՛առաջադրէ, այլ քաղաքական առաւելներ կ՛ուզէ արձանագրել, թէ՝ յայտարարութեան ընդունումը կը վնասէ տարուող աշխատանքներուն, եւ նման պատրուակային հիմնաւորումներ։
Պէտք է լուսարձակի տակ բերել քանի մը առարկութիւն առաջ քշուող պատրուակներուն առիթով։ Նախ այն, որ յայտարարութեան նախագիծը մշակողները եթէ զուտ քաղաքական առաւելներու համար դիմէին այս քայլին, ապա ինչու նախապէս կամ ամէն առիթի այս օրակարգը չէին շահարկեր։ Խնդիրը ներկա՛յ պահն է․ՔՈՓ-ն է եւ ՔՈՓ-ի առիթով ստեղծուած հակապաքու մթնոլորտը։
Չկար աւելի յարմար ենթահող ձեւաւորող պահ, քան միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն համախմբումը Պաքուի մէջ եւ անոր դիմաց Պաքուի իսկական դիմագիծը բացայայտող միջազգային շարժումը։ Ծաւալուն բողոքի շարժումը ստեղծուած էր միջազգային համախմբումին կամ համաժողովին առիթով։ Հայկական գործօնը, Հայ դատի համակարգը այո՛, դժուարութեան կը հանդիպէր, երբ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն մօտ կ՛արծարծէր Պաքու չմեկնելու պահանջը կամ նման որոշումի պարագային՝ կը պահանջուէր հայ գերիներու ազատ արձակումը։ Այդ ներկայացուցիչները պարզապէս կը յիշեցնէին Երեւանի համաձայնութիւնը՝ այս համաժողովին Պաքուի մէջ կայացման։
Պահ մը ընդունինք, որ կառավարութեան կողմէ կայ լուռ աշխատանք՝ գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ։ Յայտարարութիւնը օրէնսդիր հաստատութեան կողմէ պիտի ըլլար, որ կոչ էր ու պահանջ։ Նուազագոյնը միջազգային ընտանիքին մօտ՝ առեւանգուած գերիներու ազատ արձակման։ Գործադիրէն ակնկալութիւն չկար այս ուղղութեամբ։
Ի վերջոյ խորհրդարանական ինքնահակասութիւնը, անոր նախագահին դրած պայմանը եւ յայտարարութեան մերժումը։ ՔՈՓ-ի Պաքուի մէջ կայացման առումով համաձայնութիւն տալէ ետք, Երեւանի մասնակցիլ կամ չմասնակցիլը այլեւս իր ազդեցութիւնը պիտի չունենար գերիներու ազատ արձակման առաջադրանքի ապահովման աշխատանքներուն վրայ։ Գրաւոր յայտարարութիւնը, սակայն, կրնար յենարան դառնալ տարբեր կազմակերպութիւններու, բնապահպաններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, կլիմայականներու եւ քարիւղի արտադրութեան Ազրպէյճանի կիրարկած մեթոտներուն դէմ բողոքողներու իբրեւ յաւելեալ ճնշամիջոց Պաքուի վրայ։
Իսկ հիմա, յայտարարութեան մերժումը կրնայ խաղաթուղթի գործօն դառնալ հակառակ կողմին՝ անոնց, որոնք պիտի չուզեն տեսնել Պաքու-բնապահպանութիւն հակասութիւնը կամ անոնց, որոնք կ՛աշխատին Պաքուի միջազգային վարկաւորման նպատակներուն համար։ Պարզապէս ըսելով, որ Երեւանը պաշտօնապէս չ՛արծարծեր գերիներու ազատ արձակումը, հետեւաբար այլոց ի՞նչ գործն է միջամտել Ազրպէյճանի ներքին խնդիրներուն…
Պահը բաց ձգուած է։ Պաքու չմեկնիլը, եթէ նոյնիսկ որոշուի, իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած է արդէն։
Ազդակ